Եթէ շփոթի մատնուած էք «Զանգեզուրի միջանցք»-ին վերաբերեալ հայ, թուրք եւ ամերիկացի պաշտօնատարներուն հակասական յայտարարութիւններէն, ուրեմն դուք առանձին չէք:
Պատմութիւնը սկսաւ 9 նոյեմբեր 2020-ին` Արցախի պատերազմին Հայաստանի ջախջախիչ պարտութենէն ետք Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ կողմէ զինադադարի համաձայնագիրի ստորագրութեամբ:
Այդ համաձայնագիրի 9-րդ յօդուածին մէջ նշուած էր. «Կ՛ապաշրջափակուին տարածաշրջանի տնտեսական եւ երթեւեկային հաղորդակցութեան բոլոր կապերը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛երաշխաւորէ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ երթեւեկային հաղորդակցութեան ապահովութիւնը` քաղաքացիներու, երթեւեկային միջոցներու եւ բեռներու` երկու ուղղութիւններով անխոչընդոտ տեղաշարժը կազմակերպելու նպատակով: Երթեւեկային հաղորդակցութեան նկատմամբ վերահսկողութիւնը կը կատարեն Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային սահմանապահ ծառայութեան մարմինները: Կողմերուն միջեւ համաձայնեցումով պիտի ապահովուի Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն կապող նոր երթեւեկային հաղորդակցութեան ուղիներու շինարարութիւնը»:
Ամիսներ առաջ, երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կրկնեց իր սխալ պնդումը, թէ 2020 թուականի համաձայնագիրին մէջ Ռուսիան չի յիշատակուիր, լրագրողներէն մէկը հարցուց` արդեօք ան պիտի ընդունի՞ միջազգային վերահսկողութեան գործադրութիւնը Ազրպէյճանը Նախիջեւանին կապող ճամբուն վրայ` Հայաստանի տարածքով: Փաշինեան մերժեց այդ գաղափարը:
Յուլիս 1-ին վերլուծաբան Օլեսեա Վարդանեան յօդուած հրապարակեց «Carnegie Russia-Eurasia Center»-ին համար` հաղորդելով, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛առաջարկեն «Զանգեզուրի միջանցք»-ի միջազգային կառավարում, գաղափար մը, զոր նախապէս ներկայացուցած էր Եւրոպական Միութիւնը: Վարդանեան 2 յուլիսին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հայկական ծառայութեան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալ Ճոշ Հաքը այս առաջարկը հայ եւ ազրպէյճանցի պաշտօնատարներուն ներկայացուցած է մայիսեան իր այցելութեան ընթացքին: Անանուն աղբիւրը 14 յուլիսին «Միտըլ Իսթ Այ»-ին յայտնած է, որ սկիզբը Թուրքիան առաջարկած է այս ծրագիրը` հակառակ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հերքումներուն: «Միտըլ Իսթ Այ»-ը աւելցուցած է. «Հայկական կողմը պահանջած է, որ (ամերիկեան) ընկերութիւնը աշխատի նաեւ միջանցքի Նախիջեւանի կողմը, ինչ որ անընդունելի եղած է Պաքուի համար»:
Յատկանշական է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժած է հաստատել Քառնեկիի զեկոյցը:
Այնուհետեւ` 11 յուլիսին, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թոմ Պարրաքը անսպասելի եւ վիճայարոյց յայտարարութիւն կատարեց: Ան միացաւ բանավէճին` ըսելով. «Թուրքիան եւ Հայաստանը տակաւին կը տառապին հին տպաւորութենէն` կապուած Ցեղասպանութեան հետ, զոր Թուրքիան կատարած է Հայաստանի նկատմամբ… Անոնք (Հայաստանն ու Ազրպէյճանը) կը վիճին 32 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող ճամբու (իրականութան մէջ` 43 քմ) շուրջ, բայց ասիկա կատակ չէ: Ասիկա արդէն տասնամեակէ մը ի վեր առկայ է` 32 քիլոմեթր ուղի: Առ այդ, Ամերիկան եկաւ ու ըսաւ. «Շա՛տ լաւ, մենք կը ստանձնենք զայն: Մեզի 100 տարուան համար վարձու տուէք այդ 32 քիլոմեթր երկարութեամբ ուղին, եւ դուք բոլորդ կրնաք օգտուիլ անկէ: Սակայն այս ցեղային տեսակէտները չեն մարիր: Մենք մտանք «e pluribus unum»-ի մը մէջ (շատերէն մէկը): Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ: Այս կը նշանակէ հրաժարիլ զանգուածներէն մէկուն համար: Անիկա գոյութիւն ունի Ամերիկայի մէջ: Այնտեղ գոյութիւն չունի: Անհատը, ընտանիքը, ցեղը եւ յետոյ ազգը…»:
Արտասովոր է, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանն է, որ արտաքին քաղաքականութեան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մասին յայտարարութիւն կը կատարէ, եւ ոչ թէ` արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Այս բացայայտ կերպով դուրս է անոր իրաւասութենէն: Նոյն ատեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանները կը լռեն: Նախագահ Տանըլտ Թրամփ ընտրեց անշարժ գոյքի անփորձ ներդրող մը` դիւանագիտական խիստ կարեւոր պաշտօնի համար: Պարրաք նախապէս ներգրաւուած էր քանի մը խայտառակութիւններու մէջ: Ան անգամ մը կանչուած է Քոնկրեսի յանձնաժողով` վկայութիւն տալու այն ժամանակուան գլխաւոր դատախազ Էտուին Միզի տան գնման կապուած կասկածելի նուէրին վերաբերեալ: 2021 թուականին Պարրաք մեղադրուեցաւ օտարերկրեայ պետութեան գործակալ ըլլալու, արդարադատութիւնը խոչընդոտելու եւ իրաւապահ մարմիններուն կեղծ յայտարարութիւններ կատարելու համար: Հետագային ան արդարացուեցաւ դատավարութենէն ետք:
Աւելի անհանգստացնող է այն, որ 11 յուլիսի իր հարցազրոյցին ընթացքին Պարրաք հայերը նկարագրած է իբրեւ «ցեղային տեսակէտ» ունեցողներ, ինչ որ շատ վիրաւորական դիտողութիւն էր լիբանանեան ծագում ունեցող եւ Լոս Անճելըսի, ուր կը գտնուի աշխարհի հայկական մեծագոյն գաղութներէն մէկը, բնակիչի մը կողմէ:
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեանը «Ազատութեան» ըսաւ, որ Երեւան դէմ չէ «արտապատուիրակել»-ու որոշ գործառոյթներ որեւէ արտօնագրուած միջազգային ընկերութեան: Ան նշեց, որ շարք մը երկիրներ ներկայացուցած են առաջարկներ, որոնք ներկայիս կը սերտուին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Անի Բադալեանը հաստատեց, որ` «Տարբեր միջազգային գործընկերներ պարբերաբար կը ներկայացնեն իրենց գաղափարները Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ, որոնց կարգին` երկու երկիրներու միջեւ երթեւեկային հաղորդակցութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերեալ»:
Սակայն 14 յուլիսին Փաշինեանի մամլոյ խօսնակ Նազելի Բաղդասարեան հակասեց թէ՛ Սաֆարեանին եւ թէ՛ Բադալեանին. «Այդ առաջարկը անընդունելի է Հայաստանի Հանրապետութեան համար… (որ) չէ քննարկած եւ չի քննարկեր որեւէ երրորդ կողմի իր սեփական ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ վերահսկողութիւնն արտապատուիրակելը»: Ան աւելցուց. «Հայաստանի օրէնսդրութիւնը թոյլ կու տայ միայն գիւղատնտեսական հողերու վարձակալութիւն` հողագործութեան նպատակով, այդ պատճառով ալ դեսպանին (Պարրաք) առաջարկը oրինականօրէն իրագործելի չէ»:
Նախագահ Էրտողան Ստեփանակերտի մէջ կայացած վեհաժողովին ընթացքին այլ շեշտադրում մըն ալ կատարեց. «Թէեւ Հայաստան ի սկզբանէ դէմ էր «Զանգեզուրի միջանցք»-ին, սակայն այժմ աւելի ճկուն մօտեցում կը ցուցաբերէ»: Ասիկա կը համընկնի Փաշինեանի այն յայտարարութեան, որուն մէջ ան պատրաստակամութիւն յայտնած է դիւրացնել ազրպէյճանական տարանցումը Հայաստանի տարածքով:
Իրավիճակը աւելի խառնակ դարձաւ, երբ նախագահ Թրամփ յուլիս 14-ին յայտարարեց. «Եւ մենք լուծած ենք այլ խնդիր մըն ալ` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի: Ըստ երեւոյթին, անիկա մօտ է լուծման, յաջող լուծման»: Բազմաթիւ վերլուծաբաններ ասիկա կը կապեն անոր` Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի ձգտման հետ:
Փաշինեանը հակասեց իր խօսնակին յուլիս 16-ի մամլոյ ասուլիսին` պնդելով, որ Միացեալ Նահանգներու առաջարկը ընդունելի է Հայաստանի համար: Ան սխալմամբ նոյնացուց ճամբու վարձակալութիւնը Հայաստանի օդակայանին, ջրային համակարգին, երկաթուղիին եւ թղթատարական ծառայութիւններու արտաքին կառավարման հետ:
Երբ լրագրողները փորձեցին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պարզաբանում ստանալ, անիկա կրկին հրաժարեցաւ մեկնաբանել` առաջարկելով կապ հաստատել Սպիտակ տան հետ:
Յուլիս 19-ին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անգամ մը եւս միջանցք պահանջեց Հայաստանի տարածքով. «Մեր քաղաքացիներն ու բեռները ամէն անգամ պէտք չէ տեսնեն հայ սահմանապահին դէմքը: Ասիկա մեր պահանջն է: Ասիկա օրինական պահանջ է, արդար պահանջ: Հակառակ պարագային` մեր քաղաքացիները վտանգի մէջ կը յայտնուին»:
Համատարած ապաշնորհութիւնն ու անհետեւողականութիւնը խառնաշփոթ յառաջացուցած են հասարակութեան մէջ, քանի որ բոլոր կողմերէն հակասական ազդանշաններ կու գան, իսկ վստահութիւնն ու յստակութիւնը կը բացակային: