Յօդուածներ

Ակնարկ. Կեդրոնանալ Երկու Փուլերու Վրայ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնին եւ Յատուկ քննչական ծառայութեան պետին միջեւ կայացած հեռախօսազրոյցներու հրապարակումը աւելիով թէժացուց ներհասարակական մթնոլորտը: Կը թուի, որ շղթայական հակազդեցութիւններու շարքի դրսեւորումն է, որ տեղի կ՛ունենայ այս օրերուն մեր երկրին մէջ: Բնականաբար նախ եւ առաջ խիստ մտահոգիչ է, որ անվտանգութեան հետ կապուած հարցերու ծառայութիւններու գլխաւորները կը գաղտնալսուին. եթէ չհրապարակուէր նման ձայնագրութիւն, տրամաբանօրէն կրնանք ենթադրել, որ գաղտնալսումներն...

Ուսանելի Օրինակներ

Ուսանելի Օրինակներ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Դեմոկրատական Ֆրանքլին Տ. Ռուզվելթ 1932-ին ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ` ապահովելով քուէներուն 57 առ հարիւրը: 1933-ին անոր երդման արարողութեան ժամանակ աշխատաւորներուն մէկ չորրորդը անգործ էր եւ երկրին արտադրութիւնը 1929-ի Տնտեսական մեծ ճգնաժամին պատճառով նուազած էր կէսի: Ռուզվելթ ուզեց կացութիւնը դարմանել`  առաջարկելով «Նիւ տիլ»ևը, սակայն 27 մայիս 1935-ին Գերագոյն դատարանը վճռեց, որ ատոր գլխաւոր կէտերէն մէկը` Ազգային ճարտարագիտութեան վերականգնման հրամանագիրը,...

Թրքական Լիրան` Ամերիկեան Տոլարին Դէմ Յանդիման

Թրքական Լիրան` Ամերիկեան Տոլարին Դէմ Յանդիման

Ա. Ա. Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Էրտողան կը հետապնդէ անիրագործելի ծրագիր մը: Միացեալ Նահանգներու հետ քաղաքական սուր տագնապին պատճառով ստեղծուած անել վիճակէն դուրս գալու եւ թրքական տագնապահար տնտեսութեան առաւել վատթարացման առաջքը առնելու անիրապաշտ ծրագիրը կը վերաբերի արտաքին առեւտուրը թրքական լիրայով կատարելու նպատակի մը, որուն մասին քարոզչութիւնը արդէն իսկ սկսած է: Թէ ի՛նչ դրոյթներու վրայ հիմնուելով նման ծրագիր մը կարելի է իրագործել,...

Իրանի Հայ Համայնքը Քաղաքական Իրավիճակի Կայունացման Կողմնակից Է

«Ով Մարդկային Արդարութիւն…» Թուրքիան «Մտահո՜գ» Է Կոտորածներով

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ «Ալիք» Օրաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր Սիրիայի հարցով թեհրանեան գագաթնաժողովում Թուրքիան, ի դէմս Էրտողանի, քաղաքական պարտութիւն կրեց լոկ անազնիւ կեցուածքի ու դիրքորոշումների պատճառով... Միաժամանակ թէ՛ մեխին եւ թէ՛ նալին խփելով ու դիւանագիտական լարախաղացութեամբ Թուրքիայի հնարքները յօդս ցնդեցին` Սիրիայի ու մասնաւորապէս Իտլիպի հարցում Իրանի եւ Ռուսաստանի սկզբունքային դիրքորոշման առկայութեամբ: Եւ սա` այն դէպքում, երբ դեռ սեպտեմբեր 7-ին, եռակողմ նիստի նախօրեակին, Թուրքիայի...

«Միացեալ Նահանգները Տակաւին Չեն  Ճանչնար Թուրք Ժողովուրդը»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Միացեալ Նահանգներ Տակաւին Չեն Ճանչնար Թուրք Ժողովուրդը»

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ Ժողովուրդներէ բռնի խլուած տարածքներու եւ հայրենիքներու վրայ հիմնուած Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է հետեւեալ ճշմարտութիւնը` «Միացեալ Նահանգները տակաւին չեն ճանչնար թուրք ժողովուրդը»: Ան իր այս անկեղծ յայտարարութեան կողքին, դարձեալ խօսքը ուղղելով իր երկիրը պատժող ու սպառնացող Միացեալ Նահանգներուն, կատարած է ճշմարիտ այլ վկայութիւն մը` «Մենք ունինք այնպիսի պատմութիւն մը, որ այդպիսի սպառնալիքներով մեզ չեն կրնար վհատեցնել»:...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Քանատա ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Նուիրուած Քանատայի Շրջանի 48-րդ Մարզախաղերը 31 օգոստոսին Լաւալի մէջ տեղի ունեցաւ բացումը ՀՄԸՄ Քանատայի շրջանի 48-րդ մարզախաղերուն, որոնք նուիրուած էին ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին: Թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի օրհնութեամբ, մարզախաղերուն մեկնարկը կատարուեցաւ ջահավառութեամբ` Լաւալի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ, որմէ ետք ներկաները քայլարշաւով մը ուղղուեցան Լաւալի Հայ կեդրոն, ուր գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Յաջորդաբար խօսք առին...

Երեք Տարուան Ընդմիջումէ Ետք Երէկ  Ս. Պատարագ Մատուցուեցաւ Աղթամարի  Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Անդրադարձ. Վերյիշեցում Եւ Ստորնացում

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թուրքիոյ պետութիւնը առկախած է Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցելուն դէմ իր հաստատած 3-ամեայ արգելքը եւ «վեհանձնաբար» արտօնած, որ հայերը 9 սեպտեմբերին այդտեղ պատարագ մատուցեն Խաչվերացի տօնին առիթով: Եւ որպէսզի պատարագի մասնակիցներուն կամ այլոց մտքերուն մէջ յանկարծ անտեղի շփոթ մը չստեղծուի, Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարն ու թուրք պաշտօնատարներ` իբրեւ «հիւրընկալ տանտէրեր», ներկայ գտնուած...

Անցեալի Անվերապահօրէն Համընդհանուր Ճանաչումը Կ՛ամրապնդէ Հայութեան Ներքին Հաշտութիւնն Ու Համերաշխութիւնը

Անցեալի Անվերապահօրէն Համընդհանուր Ճանաչումը Կ՛ամրապնդէ Հայութեան Ներքին Հաշտութիւնն Ու Համերաշխութիւնը

«Համազգային»-ի 90-ամեակի Երեւանի տօնակատարութեան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի խօսքը Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակը կը նշենք: Յոբելենական հանդիսութիւնները ընդհանրապէս անցեալին հետ յարգանքով վարուելու եւ հպարտանալու առիթներ են`  ինքնագովութեան պահեր. բայց այսօր կրկնելու գնով կ’ուզենք խօսիլ հարցի մը մասին, որ առաւելաբար քաղաքական բնոյթ ունենալու երեւոյթը ունի, սակայն հիմնական ձեւով կը ղեկավարէ հաւաքականութեան մը մշակութային զարգացման ուղին` ստանալով գոյութենական իմաստ: Վերջ ի...

«Համազգային»ի 90-ամեակը Մարտահրաւէր Է Մեր Երիտասարդութեան Համար՝ Հայրենիքէն Մինչեւ Սփիւռքի Ամենահեռաւոր Անկիւնները

«Համազգային»ի 90-ամեակը Մարտահրաւէր Է Մեր Երիտասարդութեան Համար՝ Հայրենիքէն Մինչեւ Սփիւռքի Ամենահեռաւոր Անկիւնները

Համազգայինի 90-ամեակի Երեւանի տօնակատարութեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանի խօսքը կը ներկայացնենք ստորեւ: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյին անունով կը շնորհաւորեմ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 90-ամեակը: Համազգայինի հիմնադրութիւնը սերտօրէն կապուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հետ` ո՛չ միայն որովհետեւ ան հիմնադրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան տասնամեակի օրը` 1928-ի մայիս 28-ին, այլ նաեւ անոր համար, որ անոր հիմնադիրներուն մէջ էին Հայաստանի Հանրապետութեան...

Այլազան Լուրեր

Այլազան Լուրեր

Պատրաստեց՝ ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ Հայկական Շարժանկարի Ժառանգութեան Իրաւունքները Փոխանցուած Են Ազգային Շարժանկարի Կեդրոնին Հայկական շարժանկարի ժառանգութեան իրաւունքները փոխանցուած են «Հայֆիլմ» շարժանկարի արուեստանոցի իրաւայաջորդ հանդիսացող Հայկական ազգային շարժանկարի կեդրոնին: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին տեղեկացուցած է Հայկական ազգային շարժանկարի կեդրոնի տնօրէն Շուշանիկ Միրզախանեանը: Ան ընդգծած է, որ վերջերս պարզուած է, որ որոշ պայմանագիրներ կան` կնքուած ընկերութիւններու հետ, ժապաւէններու ցուցադրութեան իրաւունքին...

Թուրքիոյ Յեղաշրջման  Փորձին Ընթացքին Հայեր Չեն Տուժած

Զանգուածային Յանցագործութիւն Մը Ու Անոր Հետեւանքները

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ «6-7 սեպտեմբերի դէպքեր» անունով յիշուածը իրականութեան մէջ միայն մօտ անցեալին պատահած աղէտ մը չէ՛: Իր ազդեցութիւնները շատ խոր եղած են քաղաքի (Պոլիս, խմբ.) եւ հետզհետէ երկրի պատմութեան մէջ: Ներկայիս աւելի քան 15 միլիոն ենթադրուած քաղաքի բնակչութիւնը 6-7 սեպտեմբերի դէպքերուն ժամանակ, պատահած` 1955-ին, հազիւ կը մօտենար մէկ միլիոնի, որուն 200 հազարը, կամ համեմատելով` ըսենք մէկ հինգերորդը,...

Ընտրապայքարի Թելադրանքով

Ընտրապայքարի Թելադրանքով

«ԱՍՊԱՐԷԶ» Այն օրէն, երբ ընտրապայքարի ազդանշան տրուեցաւ, այս պարագային` Երեւանի աւագանիի եւ քաղաքապետի պաշտօններուն համար, երկրին մէջ տիրապետողը դարձաւ ընտրապայքարին թելադրած մթնոլորտը, որուն ընթացքին դժուար թէ կարելի ըլլայ ակնկալել, որ պայքարող կողմերը իրարու սիրոյ պատգամներ պիտի փոխանցեն: Այդպէս չի՛ կրնար ըլլալ հիմա, եւ այդպէս պիտի չըլլայ նաեւ այն օրէն, երբ պիտի յայտարարուի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն թուականը: Այս փուլին մամուլն ու...

Մեր Հաւաքական Շահերը` Ամէն Բանէ Վեր

Հաւաքական Նպատակասլաց Կեանքի Տեսլականի Ի Խնդիր

ՄԱՐՏԻԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ Այո՛, հայ ժողովուրդը ունի տեսլական, որ կը խտանայ իր հիմնական նպատակներու աստիճանական իրագործման մէջ. այս` որպէս հիմնական վերնագիր, իսկ հայ մարդուն համար հիմնական այդ նպատակը կը կայանայ Հայաստանի ու Արցախի  ուժեղացմամբ ու ժամանակակից, արդի պետութեան կայացումով: Պետութիւն մը, որ յուսալի եւ խանդավառող ընթացք որդեգրած է դէպի արդար հասարակակարգ եւ ընկերա-տնտեսական համակարգ, որ կը յատկանշուի ժամանակակից եւ արդի պետութեան...

Արեթա Ֆրանքլինին Մահը. Յաւերժութեան Ճամբան

Արեթա Ֆրանքլինին Մահը. Յաւերժութեան Ճամբան

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ Մամուլը գուժեց Արեթա Ֆրանքլինին մահը: Լէյտի Սոուլը մահացաւ Տիթրոյթի մէջ` շրջապատուած հարազատներով: Աշխարհի բոլոր ծայրերէն մարդիկ սգացին աստղին մահը` մինչ այդ աղօթքներ մրմնջելով մահամերձ վիճակին մէջ գտնուող երգչուհիին համար: Ժամանակաշրջանի ամէնէն յայտնի սեւամորթ երգչուհին մահացաւ 76 տարեկանին, երկարատեւ հիւանդութեան դէմ պայքարելով: Տարի մը առաջ յայտարարած էր հանգստեան կոչուելու մասին: Բժիշկները արգիլած էին բեմ ելլել: Հինգուկէս տասնամեակ բեմին վրայ...

Ակնարկ.  Թրքական Տրովադայի Ձին`  Ռազմավարական Առանցքին Մէջ

Ակնարկ. Թրքական Տրովադայի Ձին` Ռազմավարական Առանցքին Մէջ

Թեհրանի միջնախագահական եռակողմ ժողովը, ըստ էութեան միացեալ զինուորաքաղաքական որեւէ նախաձեռնութիւն առնելու որոշումին չէ յանգած: Կարգախօսաբանութիւնը գերակշիռ է ժողովէն բխած յայտարարութիւններուն, ու տակաւին` անոր մասնակից իւրաքանչիւր նախագահի կողմէ կատարուած հրապարակումներուն մէջ: Նախ նկատելի է, որ սուրիական հիմնահարցին հանգուցալուծման յատկացուած ժողովին բացակայ է ի՛նքը` Սուրիան: Մինչ պաշտօնական Անգարան կը շարունակէ Դամասկոսի կամ սուրիական վարչակարգի հովանաւոր ուժեր եզրաբանութիւնը օգտագործել առանցքի իր միւս երկու...

Դիմաւորել 100-Ամեակը – 20.  100-ամեակին Կ՛ունենա՞նք Հայրենադարձութեան  Ծրագիր Եւ Գործադիր Մարմին

Ինչպէ՞ս Լուսաբանել Հայերը` Զանոնք Հասցնելու Համար Ազգային Իրա՛ւ Յանձնառութեան

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Երբ հայրենիքի հայը կ՛արտագաղթէ, երբ սփիւռքի հայը հայրենատէրի գիտակցութեամբ չի վերադառնար հայրենիք, պարզապէս կարելի է եզրակացնել, որ ազգային իրա՛ւ յանձնառութեան պակաս կայ: Միշտ եղած են եւ կան բացառութիւններ, որոնց համար հայրենիքը եւ հայրենատիրութիւնը գերադաս են` քաղքենիացած եւ քաղքենիացող մեծամասնութենէն տարբերող: Վասն լաւ ապրելու եւ յաջողելու արտագաղթող եւ արտագաղթած հայը, յիշատակներուն տուրք տուող եւ «տուրիզմ»-ով բաւարարուող սփիւռքահայը, ազգին յարաբերաբար...

Տեսակէտ.  Շնորհակալութի՛ւն, Բայց…

Տեսակէտ. Շնորհակալութի՛ւն, Բայց…

Ե. Թ. Մարդ անհատի մը արժէքը ի՞նչ է: Վայրկեան մը, հարուած մը, ոսկոր, արիւն կամ հոգի: Թերեւս` այս բոլորը: Իբրեւ երիտասարդներ` միշտ ալ կը սիրենք վայելել եւ օգտուիլ աշխարհի բարիքներէն, սակայն երբեմն կեանքին մէջ կը պատահին միջադէպեր, որոնք կը կասեցնեն մեր կեանքի ընթացքը, ուղիներ կը փոխեն եւ մեզ կ՛ուղղեն այլ ճամբաներ: Այս ճամբաները փշոտ կ՛ըլլան, ցաւալի եւ տանջանքով լեցուն... Բնական...

«Գորշ Գայլեր»-ը, Էրտողան Եւ Թրքական Պետութեան Խորքային Համակարգը

«Գորշ Գայլեր»-ը, Էրտողան Եւ Թրքական Պետութեան Խորքային Համակարգը

Ա. Ա. Թուրքիոյ մէջ ոչ ոք կրնայ նախագահ Էրտողանը հրապարակաւ քննադատել` առանց դատուելու եւ բանտարկուելու: Միայն մէկ բացառութեամբ` Ալաէտտին Չեքիճին: Մտաւորականներ, լրագրողներ, գրողներ, նոյնիսկ դերասանուհի մը դատուած են եւ բանտարկութեան դատապարտուած` Էրտողանը քննադատելու յանցանքով: Բայց Ալաէտտին Չեքիճին մնաց անպատիժ, եւ ոչ ոք համարձակեցաւ զայն պատասխանատուութեան կանչել, կամ նոյնիսկ` անդրադառնալ անոր ֆէյսպուքեան գրառման, որովհետեւ կան կարմիր գիծեր, զորս նոյնիսկ Էրտողանը չի...

Սպասում

Կ՛ուզուի.- «Հայֆիլմ»-ի Ծռեր

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Պատմական.- «Հայֆիլմ»-ը (1) հիմնուած էր 1923-ին, երբ Հայաստան աւելի բարենպաստ իրավիճակի մէջ չէր, քան այսօր: Երկու տարի անց պատրաստ էր առաջին ժապաւէնը` «Հայֆիլմ»-ի երախտաշատ հիմնադիր Համօ Բեկնազարեանի «Նամուսը»: Սկզբնական շրջանին կ՛արտադրուէր տարեկան շուրջ 3 ժապաւէն:  Աշխարհամարտի պատճառով արտադրութիւնը նահանջեց մինչեւ նուազ քան մէկ(2): Կողքի գծապատկերը պատրաստած եմ` հիմնուելով «Հայֆիլմ»-ի ցուցակներուն վրայ: Կը տեսնենք, որ յետպատերազմեան շրջանին արագացող աճ...

Ուշագրաւ Հանդէս Եւ Յուշարձաններու Հարցը

Ուշագրաւ Հանդէս Եւ Յուշարձաններու Հարցը

2006 թուականի փետրուարէն ի վեր Հայաստանի մէջ կը հրատարակուի տնտեսական, հասարակական եւ կրթամշակութային վերլուծական հանդէսը «Էգոնոմիկա» ընդհանուր խորագիրին տակ: Այս հրատարակութիւնը կարելի է դասել բարձրորակ քանի մը հայ պարբերականներու շարքին: Թէեւ ունի սահմանափակ տպաքանակ, սակայն ան կը բաժնուի (յաճախ անվճար) հայրենի կրթական գրեթէ բոլոր օճախներուն, հասարակական ուշագրաւ հիմնարկներուն, ինչպէս նաեւ` տնտեսական կարեւոր ձեռնարկներու: Կը նպատակադրէ սատարել Հայաստանի եւ Արցախի բարգաւաճման...

Page 659 of 1111 1 … 658 659 660 … 1,111

Արխիւներ