Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այլազան Լուրեր

Սեպտեմբեր 11, 2018
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ

Հայկական Շարժանկարի Ժառանգութեան Իրաւունքները Փոխանցուած Են Ազգային Շարժանկարի Կեդրոնին

Հայկական շարժանկարի ժառանգութեան իրաւունքները փոխանցուած են «Հայֆիլմ» շարժանկարի արուեստանոցի իրաւայաջորդ հանդիսացող Հայկական ազգային շարժանկարի կեդրոնին:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի, լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին տեղեկացուցած է Հայկական ազգային շարժանկարի կեդրոնի տնօրէն Շուշանիկ Միրզախանեանը:

Ան ընդգծած է, որ վերջերս պարզուած է, որ որոշ պայմանագիրներ կան` կնքուած ընկերութիւններու հետ, ժապաւէններու ցուցադրութեան իրաւունքին համար, եւ պէտք է տակաւին այս ու այլ իրաւական հարցեր լուծեն: Միրզախանեանը նշած է, որ կազմակերպութիւն մը կայ, որուն հետ 50 տարուան պայմանագիր կնքուած է, «Եութիուպ»-ի վրայ ալ կան շատ ժապաւէններ, որոնք անորակ են` եւ այստեղ արդէն հեղինակային իրաւունքներու խնդիր կը յառաջանայ:

«Ահռելի աշխատանք ունինք ընելու` եղած ժապաւէնները վերականգնելու եւ հանրայնացնելու առումով: Մենք բրիտանացի արտադրող Տենիըլ Պըրտի ու Հայկական ազգային շարժանկարի կեդրոնի նախաձեռնութեամբ մշակած ենք ծրագիր մը, որուն համաձայն, մինչեւ 2024 հայկական շարժանկարի ամբողջ ժառանգութեան պահպանութեան, վերականգնման, հանրայնացման հարցերը պիտի լուծուին», ըսած է շարժանկարի կեդրոնին տնօրէնը:

Ըստ անոր, կը նախատեսուի Սերգէյ Փարաջանովի «Յակոբ Յովնաթանեան» ժապաւէնի թուայնացման աշխատանքներուն սկսիլ:

«Լեհական «Ֆիլմաֆիքս» ընկերութիւնը պիտի հոգայ թուայնացման եւ վերականգման բոլոր ծախսերը: Փարաջանովի ժապաւէնէն ետք մենք պիտի սկսինք թուայնացնել Համօ Բեկնազարեանի 10 ժապաւէն, ապա 10 ժապաւէն եւս` հայկական դասականներէն», նշած է Միրզախանեանը եւ աւելցուցած է, որ ժապաւէններու ընտրութիւնը պիտի կատարէ յատուկ խորհուրդը:

Ազգային շարժանկարի տնօրէնը նաեւ տեղեկացուց, որ յառաջիկային կը նախատեսուի վաւերագրական ժապաւէն մը նկարել Փարանջանովի «Նռան գոյնը» ժապաւէնին մէջ չընդգրկուած մասերով:

«Կայ 103 տուփ ժապաւէն, որ չէ օգտագործուած ժապաւէնին մէջ, իւրաքանչիւր ժապաւէնի տեւողութիւնը 10 վայրկեան է: Կան ժապաւէններ, որոնք ամբողջութեամբ չեն օգտագործուած, սակայն բաւական մեծ ծաւալով բաժիններ ունինք մեր ձեռքին տակ: Կը նախատեսենք նաեւ հարցազրոյց ընել «Նռան գոյնը» ժապաւէնի ողջ դերասաններուն հետ», ըսած է Միրզախանեանը:

Ան աւելցուցած է, որ նկարահանման մանրամասնութիւնները որոշելու համար Տենիըլ Պըրտ Հայաստան պիտի գայ: «Նռան գոյնը»-ի երաժշտութիւնը պիտի գրէ Տիգրան Մանսուրեանը, իսկ ժապաւէնին չօգտագործուած բաժինները կը պահուին Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ:

 Համացանցի Վրայ Յայտնուած Են «Այֆոն»-ի Նոր Օրինակի Լուսանկարը

Լաթվիացի ձեւագծող Վենիամին Կեսքինը «Թուիթըր»-ի վրայ ցուցադրած է լուսանկարներ, որոնց մէջ ենթադրաբար պատկերուած է «ԱյՖոն»-ի նոր օրինակը: Լուսանկարներուն մէջ ցուցադրուած է «ԱյՖոն էքս փլաս»-ի մանրակերտերը` 6,5 տիոյմ պաստառով եւ «ԱյՖոն»` 6,1 տիոյմ պաստառով: Հնարողին ցուցադրած նախատիպերը կը նմանին նախորդ տարբերակներուն, որոնք, ինչպէս կը պնդեն, պատրաստուած են նորոյթի գծագիրներու «վերջնական տարբերակ»-ի հիման վրայ:

Ըստ լուսանկարներուն, հեռաձայնի «փլաս» տարբերակին մէջ պիտի ըլլայ կրկնակի խցիկ, մինչդեռ հին օրինակին մէջ կայ մէկ խցիկ: Բացի անկէ, նախատիպերուն մէջ կը բացակային մատնահետքերու քննիչը: Վենիամին Կեսքինը նոր սարքեր կը նկարէ համակարգչային շուկայի ապագայ նորութիւններու վերաբերեալ զանազան տեղեկութիւններով:

Այսպիսով, ձեւագծողները առաջին անգամ ցուցադրած են «ԱյՖոն էքս»-ի բնօրինակին առաւելագոյնս մօտ նախատիպը: Կը սպասուի, որ «Ափըլ» ընկերութիւնը իր սմարթֆոնի նոր օրինակը ներկայացնէ սեպտեմբերին, հաղորդած է ՌԻԱ Նովոսթի:

Անձրեւէն Պաշտպանուելու Նոր Միջոց Գտնուած Է

Մեծն Բրիտանիոյ «Պլու քրէյթ» առցանց փոքրաքանակ վաճառքի կայքին վրայ անձրեւէն պաշտպանուելու արտասովոր միջոց յայտնուած է: Այս մասին հաղորդած է «Միրըր»-ը: Նոր հովանոց-բաճկոնը ունի լայն կոնաձեւ օձիք` գլխանոցով, որ լիովին կը փակէ գլուխն ու ուսերը:

Ջրանթափանց կտորը եւ ձեւը թոյլ կու տան, որ ջուրը հոսի երեսէն` պաշտպանելով հագուստը: Ըստ կայքի տեղեկատուութեան, այս հովանոց-բաճկոնին  առաւելութիւններէն մէկը այն է, որ ի տարբերութիւն սովորական հովանոցին` անիկա երկու ձեռքերը ազատ կը ձգէ: «Պլու քրէյթ»-ի կայքին մէջ հովանոց-բաճկոնը մատչելի է վարդագոյն եւ կապոյտ գոյներով եւ երեք չափերով:

  «Կուկըլ» Իր Աղբիւրներուն Մէջ Քաղաքական Ծանուցումի Վերաբերող Տուեալներու Պահեստանոց Ստեղծած Է

«Կուկըլ» ընկերութիւնը յատուկ ծառայութիւն ստեղծած է իր աղբիւրներուն մէջ զետեղուած քաղաքական ծանուցումի վերաբերեալ տեղեկատուութեան հետեւելու համար: Նոր տեղեկատուութիւնը կը վերաբերի ծանուցումը տուողներուն, որոնք մայիս 31-էն սկսեալ «Կուկըլ»-ի վրայ քաղաքական ծանուցումի համար աւելի քան 500 տոլար ծախսած են:

«Տուեալներու այդ պահեստանոցին մէջ դուք տեղեկութիւններ պիտի գտնէք քաղաքական յայտարարութիւններու մասին, որոնք ցուցադրուած են «Կուկըլ»-ի վրայ եւ մեր գործընկերներու աղբիւրներուն մէջ` թեկնածուներու իշխանութեան պետական մարմիններու պաշտօններու առաջադրուելու համար», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: Կը նշուի, որ տեղեկատուութիւնը ամիսը անգամ մը պիտի նորոգուի: Յունիսին քաղաքական ծանուցումի տեղադրումը կանոնաւորող համանման միջոցներու ձեռնարկած են «Ֆէյսպուք»-ն ու «Թուիթըր»-ը, հաղորդած է «Ռիա Նովոսթի»-ն:

 Չինուհին 40 Տարի Ապրած Է Թոքին Մէջ Գրիչի Գլխիկով

Չինաստանի Շանտուն նահանգի բնակիչի մը թոքին մէջ գտած են գրիչի գլխիկ, որ ան կուլ տուած էր 40 տարի առաջ: Այս մասին յայտնած է «Տէյլի Մէյլ» հրատարակութիւնը: 49-ամեայ կինը բժիշկի դիմած է որովայնին մէջ ցաւերու գանգատով:

Սկիզբը կասկածած են կոնքի օրկաններու բորբոքում, սակայն Ք. շողանկարը խաւարատեղ ցոյց տուած է կրծքավանդակին մէջ: Համակարգչային նկարը հաստատած է օտար մարմինի մը առկայութիւնը աջ թոքի վարի մասին մէջ: Ներադիտակի գործողութեան ընթացքին հոնկէ դուրս եկած է գրիչի գլխիկ մը:

Կինը կը պնդէ, որ պատահաբար զայն կլլած է ինը տարեկան հասակին, երբ դասընկերոջ հետ կը խաղար: Ազգականները զայն փոխադրած են հիւանդանոց, ուր բժիշկները տեսանելի ախտանիշներ չյայտնաբերելով` եզրակացուցած են, որ գրիչի գլխիկը բնական ճամբով մարմինէն դուրս եկած է: Իրականութեան մէջ անիկա մնացած էր թոքին մէջ եւ ամենայն հաւանականութեամբ անիկա դարձած էր այն հազին պատճառը, որմէ կինը կը տառապի 30 տարեկանէն:

«Ուացսափ Պիզնես»-ը Գործարկած Է Ընկերութիւններու Համար Վճարովի Հաղորդագրութիւններու Գործառոյթը

«Ուացսափ»-ի պիզնես գործարար տարբերակը կիրարկութեան մէջ դրած է ընկերութիւններու համար վճարովի հաղորդագրութիւններու գործառոյթը: Այս մասին ըսուած է յաւելուածի պաշտօնական կայքի 1 օգոստոսի հրապարակուած մամուլի տեղեկագիրին մէջ:

«Ընկերութիւններու համար որոշ հաղորդագրութիւններու առաքման ծառայութիւնները պիտի ըլլան վճարովի. այսպիսով, ընկերութիւնները ընտրողական պիտի ըլլան այն հարցին մէջ, թէ ի՛նչ հաղորդագրութիւն ուղարկեն, իսկ ձեր խօսակցութիւններուն մէջ անկանոնութիւն չ՛ըլլար», ըսուած է հատուածին մէջ: Ինչպէս հաղորդուած է, այդ գործառոյթին կիրարկումը պիտի օգնէ խուսափելու սփամի զանգուածային տարածումէն:

Ինչպէս նշած է Ռոյթըրզ, խօսքը ամենայն հաւանականութեամբ կը վերաբերի ծանուցումի եւ ծառայական հաղորդագրութիւններու առաքման: Ըստ գործակալութեան, այդ ծանուցումներուն արժէքը պիտի տատանի 0,5-էն մինչեւ 9 սենթ` ըստ վայրի:

Ըստ ԹԱՍՍ-ի, «Ուացսափ» նաեւ ծանուցած է ընկերութիւններու եւ անոնց սպասարկեալներուն միջեւ կապի քանի մը նոր միջոցներու մասին:

Երկարատեւ Քունը Կը Վնասէ Մարդու Առողջութեան. Գիտնականներ

Երկարատեւ քունը բացասական ազդեցութիւն կը գործէ մարդու առողջութեան վրայ: Այս եզրակացութեան յանգած են խումբ մը բրիտանացի գիտնականներ` մարդու օրկանիզմին վրայ քունին ազդեցութեան վերաբերեալ իրենց կատարած հետազօտութենէն ետք: Այդ մասին յայտնած է « Տը տէյլի թելեկրաֆ» թերթը:

Անցեալին կը նկատուէր, որ մնայուն քնատութիւնը կը բարձրացնէ սիրտ-անօթային հիւանդութիւններու եւ շաքարախտի վտանգի տոկոսը, պատճառ կը դառնայ զարկերակային ճնշման բարձրացման եւ աւելորդ  կշիռքին:

Սակայն վերջին հետազօտութիւնը, զոր կատարած են բրիտանացի մասնագէտները Սթաֆորտշիրի` կոմսութեան Քիլի համալսարանէն, կը հերքէ այդ պնդումը:

Գիտական փորձին մասնակցած է 3 միլիոն մարդ, իսկ արդիւնքները ցոյց տուած են, որ անոնք, որոնք օրական քնացած են միջին հաշիւով 10-ական ժամ, 30 առ հարիւր աւելի յաճախ մահացած են կանուխ տարիքի, քան անոնք, որոնք միայն քնացած են 7-ական ժամ: Բացի ատկէ, 10 ժամ տեւողութեամբ քունը 56 առ հարիւրով կը բարձրացնէ կաթուածի հաւանականութիւնը, 49 առ հարիւրով` սիրտ-անօթային հիւանդութիւններէ, իսկ 44 առ հարիւրով սրտի տարբեր հիւանդութենէ վաղաժամ մահուան վտանգը, հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը:

Միացեալ Էմիրութիւններու Մէջ Ստեղծած Են Աշխարհի Մեծագոյն Փազըլը

Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ յաջողած են գերազանցել Կինեսի մրցանիշը եւ ստեղծել աշխարհի մեծագոյն` 12 հազար կտոր ունեցող փազըլը: Ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի, փազըլին վրայ պատկերուած է Միացեալ Էմիրութիւններու հիմնադիր շէյխ Զայիտ իպն Սուլթան Նահեանը, իսկ ընդհանուր փազըլին մակերեսը կը կազմէ 6000 քառ. մեթր:

Նախորդ մրցանիշը արձանագրուած է 2002-ին, Հոլանտայի մէջ, ուր մակերեսը եղած է 5260 քառ. մեթր:

Նախորդը

Զանգուածային Յանցագործութիւն Մը Ու Անոր Հետեւանքները

Յաջորդը

Յորդանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Մարզիչը Պաշտօնանկ Եղաւ

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?