Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Շնորհակալութի՛ւն, Բայց…

Սեպտեմբեր 10, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ե. Թ.

Մարդ անհատի մը արժէքը ի՞նչ է: Վայրկեան մը, հարուած մը, ոսկոր, արիւն կամ հոգի: Թերեւս` այս բոլորը: Իբրեւ երիտասարդներ` միշտ ալ կը սիրենք վայելել եւ օգտուիլ աշխարհի բարիքներէն, սակայն երբեմն կեանքին մէջ կը պատահին միջադէպեր, որոնք կը կասեցնեն մեր կեանքի ընթացքը, ուղիներ կը փոխեն եւ մեզ կ՛ուղղեն այլ ճամբաներ: Այս ճամբաները փշոտ կ՛ըլլան, ցաւալի եւ տանջանքով լեցուն… Բնական է, այս է կեանքի օրէնքը, բոլորս ալ պիտի անցնինք այս փշոտ ուղիէն:

Պայքարը ամէն ինչի հայրն է, մարդ արարածը պիտի եւ պէ՛տք է պայքարի, ա՛յս է կեանքին օրէնքը:

Անցեալ շաբաթ հայրս կոնքը կոտրեց եւ գործողութեան ենթարկուեցաւ. դժուար էր մեզի համար, այսպիսի բան մը չէի լսած, բայց տեսայ եւ սպասեցի գործողութեան սենեակին առջեւ` մինակ, վախով. վայրկեանը ժամեր կ՛ըլլար, մինչեւ որ բժիշկը դուրս ելաւ, եւ «շնորհաւորութիւն» բառը լսեցի: Հոն ուրախութեան արցունք էր… Փա՛ռք Աստուծոյ, յաղթահարեցինք այդ պահը:

Սակայն արիւն գտնելը դիւրին չեղաւ, հակառակ բոլոր օժանդակութիւններուն` հայկական եւ տեղական կազմակերպութիւններէ, թերթերէ եւ ռատիոկայաններէ ու կամաւորներէ, որnնց համար նոյնիսկ «շնորհակալութիւն» բառը շատ քիչ է… Սակայն դարձեալ դժուարութիւններու մատնուեցանք: Ճիշդ էր` հօրս արեան տեսակը շատ հազուագիւտ է:

Բայց…

Շատերու հեռաձայնեցի, երբեմն` ամչնալով, բայց այլ ելք չունէի, եւ այսպէս` «Օ՜հ, ընկե՛ր, հրամէ, ինչ որ կ՛ուզես», բայց հազիւ արիւն բառը լսեցին` «Ապաո՜ւ, ընկե՛րս, ես երբ արիւն տեսնեմ, կը մարիմ», «Ապաո՜ւ, մոռցայ, ես արեան ճնշումի դեղ կ՛առնեմ» (հազիւ 20 տարեկան է), իսկ ուրիշ մը` «է, անթիպայոթիք կ՛առնեմ եւ 2 օրէ անկողինն եմ» (Դիմատետրի վրայ նոյն օրը ուիսքիի շիշով նկարուած էր ծովեզերքը): Ազատ ես, սիրելի՛ երիտասարդ, մուրացկանութիւն մը չէ ասիկա, ազատ ես արիւն չտալու, բայց օրը պիտի գայ (յուսամ` ոչ), որ դուն կամ քու հարազատդ կրնաք մատնուիլ իմ վիճակիս: Բայց ազատ չես կենաց մահու խնդիրի մը առջեւ քու ազգային երդումդ անարգելով` անտեսելու անձի մը կեանքը եւ թերեւս պատճառ դառնալու անոր մահուան:

Կաթիլ մը արիւնը կեանք կը փրկէ կամ կը խլէ… որքա՛ն հեռու է արիւն տալու մշակոյթը մեր կեանքէն, «Թուրքին արիւնը պիտի խմեմ» երգողը արիւն տալէ կը վախնայ եղեր: Անշուշտ պիտի չուզեմ ընդհանրացնել այս երեւոյթը, կային կամաւորներ, որոնք արդէն իսկ առանց իմ ըսելուս` գացած եւ արիւն տուած էին, սակայն պէտք է այս կէտին դպչիլ:

Հոս էր, որ մտածեցի, արդեօք կարելի՞ բան է, որ գաղութ մը, ուր շատերը հետաքրքրուած են եւ կը ջանան շքեղ ու հսկայ վարժարաններ եւ եկեղեցիներ կառուցել, մինչեւ օրս չկրցա՞ւ արեան պահեստի կեդրոն մը հիմնել: Հոս` տակաւին հիւանդանոցի մը մասին չեմ խօսիր, որուն գծով պէտք է խորհրդածել:

Նկատի առնելով մեր գաղութին այսօրուան իրավիճակը, տնտեսական, ընկերային եւ առողջապահական դժուարութիւնները, զորս կը դիմագրաւենք ամէն օր, եւ` քաղաքական պայմանները, որոնք օրէ օր աւելի կը վատթարանան, իսկ պատերազմի վտանգը մեզի կը սպառնայ, այս բոլորը պէտք չէ՞ մեզի մտածել տան այս ուղղութեամբ:

Իբրեւ հայ երիտասարդներ, որոնք շահագրգռուած են գաղութի պահպանումի հարցով, սկսինք մտածել, թէ ինչպէ՞ս կրնանք արեան պահեստի կեդրոն մը հիմնել: Հոս է մեր միութիւններուն, եկեղեցիներուն եւ ընկերային ծառայութիւններուն դերը: Հոս է, որ պէտք է միասնաբար գործակցինք եւ, երիտասարդին մտահոգութիւնները բարձրացնելով, գործնականի անցնինք` յանուն մեր գաղութին:

Դարձեալ շնորհակալութիւն` մեր կամաւոր բանակին… Բայց բոլորս ալ մտածենք այս հարցին մասին…

 

Նախորդը

«Գորշ Գայլեր»-ը, Էրտողան Եւ Թրքական Պետութեան Խորքային Համակարգը

Յաջորդը

Ինչպէ՞ս Լուսաբանել Հայերը` Զանոնք Հասցնելու Համար Ազգային Իրա՛ւ Յանձնառութեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?