Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Քանատա
ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Նուիրուած Քանատայի Շրջանի 48-րդ Մարզախաղերը
31 օգոստոսին Լաւալի մէջ տեղի ունեցաւ բացումը ՀՄԸՄ Քանատայի շրջանի 48-րդ մարզախաղերուն, որոնք նուիրուած էին ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին:
Թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի օրհնութեամբ, մարզախաղերուն մեկնարկը կատարուեցաւ ջահավառութեամբ` Լաւալի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ, որմէ ետք ներկաները քայլարշաւով մը ուղղուեցան Լաւալի Հայ կեդրոն, ուր գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Յաջորդաբար խօսք առին Լաւալի քաղաքապետարանի անդամ Արամ էլակոզը ՀՄԸՄ-ի Լաւալի վարչութեան ատենապետ Սոնա Լախոյեանը, Քանատայի ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լիոնի Սարմազեանը եւ Քանատայի խորհրդարանի անդամ Ֆայսալ Խուրին, որ մեծ հպարտութիւն համարեց ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութիւնը թէ՛ հայերուն եւ թէ՛ համայն մարդկութեան համար եւ կոչ ուղղեց հայ երիտասարդներուն, որ շարունակեն սիրել Հայաստանը, իրենց արմատները, իրենց արժանիքներն ու Քանատան եւ շարունակեն իրարու օգնել:
Աւարտին սրբազան հայրը շնորհաւորեց ներկաները` նշելով, որ այս խաղերը պարզապէս մարզախաղեր չեն, այլ` փառատօն եւ համախումբ աշխատանքի արդիւնք:
Մրցումները շարունակուեցան երեք օրերու վրայ, որոնց աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն:
Փակման հանդիսութեան եւս յաջորդաբար խօսք առին` ՀՄԸՄ-ի վարչութեան ատենապետ Սոնա Լախոյեանը, Քանատայի ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Լիոնի Սարմազեանը, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մոսիկ Թոփուզեանը եւ Քանատայի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Արա Մկրտիչեանը:
Նոյն օրը, երեկոյեան Լաւալի «Շերաթոն» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փակման խրախճանքը:
ՀՅԴ ՔԵՄ-ի 46-րդ Պատգամաւորական Ժողովը
25-26 օգոստոսին Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան 46-րդ Պատգամաւորական ժողովը, որուն ներկայ էին Քանատայի տարբեր շրջաններէ եկած 32 պատգամաւորներ, ներկայացնելով իրենց մասնաճիւղերը` «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ»` Մոնրէալ ու Լաւալ, «Արամ Մանուկեան»` Քեմպրիճ, «Արշաւիր Շիրակեան»` Վանքուվըր եւ «Սիմոն Զաւարեան»` Թորոնթօ:
Ժողովին ընթացքին պատգամաւորները զանազան քննարկումներ կատարեցին եւ արժեւորեցին միութեան անցնող տարեշրջանի աշխատանքները: Ժողովի օրակարգի քննարկուող կարեւոր նիւթերէն էին` ՔԵՄ-ի կազմակերպական առաւել աշխուժացումը, ՀՅԴ ՔԵՄ-ի Վանաձորի ամառնային ճամբարը եւ այս տարի իրականացած Սպիտակի ճամբարը, «Արծիւ» պաշտօնաթերթի հրատարակութեան շարունակականութիւնն ու տարածումը, Հայ դատի գծով ՔԵՄ-ի քաղաքական գործունէութիւնն ու դաստիարակչական այլ ծրագիրներ:
Ժողովը յատուկ կերպով շեշտեց կարեւորութիւնը ՀՅԴ ՔԵՄ-ի հայաստանեան ամառնային ճամբարներու ծրագիրի ընդլայնումին: Հիմնուելով անցնող 8 տարիներու փորձառութեան վրայ` որոշուեցաւ աւելի մեծ թափով շարունակել գործը ու Սպիտակի ճամբարն ալ դարձնել տարեկան ճամբարային ծրագիր:
Երկօրեայ նիստերու աւարտին ժողովը ընտրեց 2018-2019 տարեշրջանի ՀՅԴ ՔԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նոր կազմը:
Նոր Ջուղա
Մանկապատանեկան Ժապաւէններու 31-րդ Միջազգային Փառատօն
– Սպահանի մէջ տեղի ունեցած Մանկապատանեկան ժապաւէններու 31-րդ միջազգային փառատօնի շրջագիծին մէջ, կազմակերպութեամբ Սպահանի 5-րդ շրջանի քաղաքապետարանի Քաղաքի բարեզարդման կազմակերպութեան 3 սեպտեմբերին, Նոր Ջուղայի «Ջուլֆա» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Սպահանի մէջ ծնած եւ գործունէութիւն ծաւալած, հայ շարժապատկերի քննադատ եւ բեմադրիչ, հանգուցեալ Զաւէն Ղուկասեանի կիսանդրիի բացումը:
Սպահանի քաղաքապետ դոկտ. Նոռուզի իր ելոյթին մէջ հաստատեց, որ Զաւէն Ղուկասեանը Սպահանի շարժապատկերի ինքնութիւնն էր, աւելցնելով, որ ան երբեք չէ լքած իր քաղաքը, եւ իր յիշատակը յաւերժացած է Սպահանի մէջ, եւ ան միշտ պիտի մնայ սիրուած անձնաւորութիւն մը: Շարունակելով իր խօսքը` քաղաքապետը Սպահանը համարելով քաղաքակրթութեան, մշակոյթի եւ արուեստի կեդրոն հաստատեց, որ քաղաքը մեծ կարելիութիւններ ունի բոլոր բնագաւառներէն ներս, եւ փոքրամասնութիւնները կը համարուին քաղաքի հարստութիւններէն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ Զաւէն Ղուկասեանի կիսանդրիին բացումը:
Յայտնենք, որ արձանին հեղինակն է Ճաֆար Նաժիպին:
– Նոյն ծիրին մէջ, 3 սեպտեմբերին «Սիթի սենթր» առեւտրական համալիրի շարժապատկերի սրահին մէջ մէջ ցուցադրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով «Կանչ» ժապաւէնը: ժապաւէնի հեղինակ Սամուէլ Թադէոսեանը ելոյթ ունենալով անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ «Կանչ» ժապաւէնին:
– 4 սեպտեմբերին ՀՄՄ «Արարատ» միութեան սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Սամուէլ Թադէոսեանին հեղինակած եւ բեմադրած մէկ այլ ստեղծագործութիւնը` «Միացում» վաւերագրական ժապաւէնը, որ նուիրուած էր արցախեան շարժումին:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մեղրի Ղուկասեան, որ անդրադարձաւ Թադէոսեանի կենսագրական գիծերուն եւ «Միացում» ժապաւէնին:
Աւարտին, Թադէոսեանը ելոյթ ունենալով, նկատել տուաւ, որ իր առաջին այցելութիւնն է Նոր Ջուղա եւ մեծապէս ազդուած է տեղի մշակոյթէն ու տեղացիներու պապերուն ձգած աւանդով եւ գնահատեց, որ նման մշակոյթ մը կերտած են:
Յունաստան
Արցախեան Շարժումի 30-ամեակի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հռչակման 27-ամեակի Նշում
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին, 3 սեպտեմբերին Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան շարժումի 30-ամեակի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 27-ամեակի նշում:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Սերգօ Գույումճեանը հայերէն եւ յունարէն լեզուներով ներկայացուց օրուան խորհուրդը` ամփոփ գիծերու մէջ տալով արցախեան շարժումի շղթայազերծման եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման պատմական քայլերն ու համազգային տարողութեամբ ձեռք բերուած նուաճումները, շեշտելով արցախեան հերոսամարտի ոգիով Հայ դատի պայքարը շարունակելու, Արցախի անկախութեան ամբողջական, միջազգային եւ իրաւական ճանաչումը նուաճելու անհրաժեշտութիւնը:
Ձեռնարկին ներկայ էին հիւրաբար Արցախէն ժամանած 23 պատանիներ եւ պարմանուհիներ, որոնք այս տարի եւս հիւրընկալուեցան «Խածիքիրիաքիօ» հաստատութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ քանի մը օր անցուցին ՀՅԴ Յունաստանի պատանեկան միութեան բանակավայրին մէջ, որուն նիւթական հոգատարութիւնը ստանձնեց Յունաստանի Հայ կապոյտ խաչի Շրջանային վարչութիւնը: Նշենք, որ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը 22 տարիներէ ի վեր, ամէն ամառ, Աթէնքի եւ Սիրոս կղզիին մէջ կը հիւրընկալէ արցախեան ազատամարտին զոհուած հերոսներու որբացած երեխաներու խումբեր:
Օրուան պատգամը յղեց Միհրան Քիւրտօղլեանը, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց պատմականը Արցախի ազատագրութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ստեղծումին` գաղափարական շեշտադրումի արժանացնելով գլխաւոր դասերը արցախեան հերոսամարտին:
Այնուհետեւ Արցախի պատանիներու խումբին ընկերակցող պատասխանատու, Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթանքի բաժնի վարիչ Աննա Այվազեանը, ելոյթ ունենալով, ընդհանուր արժեւորումը կատարեց սփիւռքի զօրակցութեան` Արցախի հերոսական մաքառումին մէջ:
Ապա Արցախի փոքրիկները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր, որ կը բովանդակէր խմբերգներ, երգեր, ասմունքներ եւ պարեր:
Հանդիսութեան փակման խօսքը արտասանեց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանը, որ Արցախի ազատագրութեան եւ սփիւռքի հայապահպանման պայքարները միեւնոյն մեծ պայքարին էական տարրերը հռչակելով` շեշտեց արցախեան պայքարին պատմակշիռ դասերը սերունդէ սերունդ փոխանցելու եւ ոգեւորելու հրամայականը: Սրբազանը իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց յունահայութեան, որ սերունդէ սերունդ բոլորանուէր պայքարը կը շարունակէ յանուն հայապահպանման եւ Հայ դատի հետապնդման` յատկապէս գնահատելով ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին տարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ` Խաչիկ Խաչատուրեանին եւ բոլոր նուիրեալ անձերուն երկար տարիներու ճիգը, որ 20 տարիներէ աւելի կ՛ապահովեն Արցախի փոքրերուն այցելութիւնը Յունաստան եւ Սիրոս:
Սրբազան հայրը նաեւ յունարէնով իր շնորհակալութիւնը յայտնեց «Խածիքիրիաքիօ» հաստատութեան, ինչպէս նաեւ` Սիրոսի քաղաքապետութեան, որոնք տարիներ շարունակ կը հիւրընկալեն Արցախի պատանիները: Ան նաեւ ընդգծեց, որ հայ եւ յոյն ազգը միակամ է եւ տարիներու բարեկամութիւնը, որ մշակուած է, պիտի ըլլայ տեւական, ուր որ ալ գտնուին` Յունաստանի, Հայաստանի, թէ Արցախի մէջ:
Ատրպատական
Այցելութիւն` Առաջնորդ Սրբազան Հօր
21 օգոստոսին Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ուրմիոյ հովիւ Ներսէս քհնյ. Պասիլեանի եւ Գործակալութեան ատենապետի պաշտօնակատար Գասպար Տիգրանեանի, որոնք ուրմիահայութեան անունով բարի գալուստ մաղթեցին սրբազան հօր` Միացեալ Նահանգներ իր առաքելութենէն վերադարձին առիթով:
Սրբազան հայրը մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ արտասահման իր կատարած այցելութեան մասին` շեշտելով այն հետաքրքրութիւնը, որ ունին յատկապէս նախկին իրանահայեր ու մասնաւորաբար նախկին ատրպատականցիներ, սալմաստեցիներ, թաւրիզեցիներ, ուրմեցիներ, ղարադաղցիներ եւ այլ շրջաններէ գաղթած հայորդիներ` իրենց ծննդավայր քաղաքներու եւ գաւառներու մասին, որոնց հետազօտական աշխատանքը կը տանի սրբազանը:
Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի հայոց թեմին մէջ» գիրքի երկու շնորհահանդէսներուն եւ ժողովուրդին կողմէ անոր գտած ընդունելութեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ազգային եւ հասարակական կեանքի վերաբերող նոր ծրագիրներ, ներկայ տնտեսական ճգնաժամի ենթահողի վրայ համայնքային կեանքի գործունէութիւնը աշխուժ պահելու հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ` ժողովական կեանքի հետ առնչուած հարցեր:
Հիւրերը բացատրութիւններ տուին Ուրմիոյ հայոց եկեղեցւոյ եւ համայնքի ազգային առօրեայ կեանքի մասին` անդրադառնալով անոր հոգեւոր, կրօնական, երիտասարդական, ընտանեկան եւ ընդհանրապէս համայնքային կեանքի զանազան երեսներուն:
Թեհրան
Ֆրանսահայ Զբօսաշրջիկներու Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան
25 օգոստոս 2018-ի կէսօրին Ազգային առաջնորդարան այցելեցին խումբ մը Ֆրանսահայ զբօսաշրջիկներ, որոնց մէկ մասը անդամ էր «Երկիր եւ մշակոյթ» կազմակերպութեան:
Սրբազան հայրը ողջունելէ ետք զիրենք, բացատրութիւն տուաւ իրանահայ համայնքի մշակութային, քաղաքական, կրօնական, հասարակական կեանքին մասին եւ ամփոփ կէտերու մէջ պատմեց իրանահայութեան կեանքը` շեշտը դնելով գլխաւորաբար Թեհրանի հայոց թեմի պատմութեան եւ կեանքին վրայ:
Խումբին ղեկավարը իր կարգին բացատրեց իրենց այցելութեան նպատակը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին եւ ազգային իշխանութեան` իրենց անկեղծ եւ հարազատ ընդունելութեան համար:
Աւարտին սրբազան հայրը իւրաքանչիւրին նուիրեց «Իմ աղօթագիրքը» եւ «Թեհրանի հայոց թեմը» հրատարակութիւններէն մէկական օրինակ:
Այնուհետեւ հիւրերը այցելեցին Ս. Սարգիս եւ Ս. Թադէոս-Բարթողիմէոս եկեղեցիներ, իսկ 26 օգոստոսին` Ս. Աստուածածին եկեղեցի եւ «Արտակ արք. Մանուկեան» թանգարան:
Ռուսիա
ԼՂՀ Անկախութեան 27-րդ Տարեդարձի Նշում
2 սեպտեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ նշուեցաւ Արցախի անկախութեան 27-րդ տարեդարձը:
Առաւօտեան, Ս. Փեթերզպուրկի Ս. Կատարինէ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հանրապետական մաղթանք` նուիրուած Ղարաբաղի անկախութեան 27-րդ տարեդարձին:
Այնուհետեւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեանը ելոյթ ունենալով, շնորհաւորեց ներկաները նշելով, որ այս տօնը միայն արցախահայութեան տօնը չէ, այլ համայն հայութեան տօնն է, որովհետեւ այս անկախութեան 27 տարուան նուաճումը ձեռք բերուած է համայն հայութեան միասնականութեան շնորհիւ: Կարապետեանը անդրադարձաւ նաեւ արցախեան ազատամարտի փուլերուն եւ ներկայացուց հիմնահարցի լուծման վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշումներն ու մօտեցումները:
Այնուհետեւ հայ համայնքի «Վերնատուն» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ եւ ժապաւէնի ցուցադրութիւն: