Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Տակաւին Չեն Ճանչնար Թուրք Ժողովուրդը»

September 13, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ

Ժողովուրդներէ բռնի խլուած տարածքներու եւ հայրենիքներու վրայ հիմնուած Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է հետեւեալ ճշմարտութիւնը` «Միացեալ Նահանգները տակաւին չեն ճանչնար թուրք ժողովուրդը»: Ան իր այս անկեղծ յայտարարութեան կողքին, դարձեալ խօսքը ուղղելով իր երկիրը պատժող ու սպառնացող Միացեալ Նահանգներուն, կատարած է ճշմարիտ այլ վկայութիւն մը` «Մենք ունինք այնպիսի պատմութիւն մը, որ այդպիսի սպառնալիքներով մեզ չեն կրնար վհատեցնել»:

Էրտողան հազուադէպօրէն կ՛արտասանէ ճշմարիտ խօսքեր: Անոր յայտարարութիւնները ընդհանրապէս հիմնուած կ՛ըլլան սուտերու եւ երեւակայութիւններու վրայ: Անոր ամէնէն նշանաւոր սուտասանութիւններէն են հետեւեալները. «Առաջին անգամ լուսին հասնողները օսմանցիներն էին», «Լուսնի վրայ առաջին անգամ քալողը Նիլ Արմսթրոնկը չէր, այլ` օսմանցիները», «Իսլամ նաւաստիներ, Քրիստափոր Քոլումպոսէն 314 տարիներ առաջ հասած ու գտած են Ամերիկան»…

Սակայն, ի տարբերութիւն վերոյիշեալ խաբեբայութիւններուն, Էրտողան Միացեալ Նահանգներուն ուղղած խօսքերը արտասանած է ամենայն անկեղծութեամբ: Ես ալ` իբրեւ հայ, կը հաստատեմ էրտողանին այն յայտարարութիւնը, որ Միացեալ Նահանգները չեն ճանչնար թուրք ժողովուրդը: Ինչո՞ւ… շա՛տ պարզ է, որովհետեւ եթէ ճանչնային զանոնք, մինչեւ այսօր ճանչցած կ՛ըլլային Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Միացեալ Հայաստանի անկախութիւնը:

Էրտողան իր այս խօսքը կը շարունակէ` ըսելով. «Փաստօրէն անոնք այս ժողովուրդը տակաւին չեն ճանչնար, պիտի ճանչնան»: Հետաքրքրական եւ ամպագորգոռ սպառնալիք մըն է այս. արդեօք քանի մը ամերիկացի՞ պիտի ջարդէ, թէ՞ ոչ ամերիկացի հոգեւորական պատանդը կախաղան պիտի բարձրացնէ դիւրացնելու համար Միացեալ Նահանգներու կողմէ թուրք ժողովուրդը ճանչնալու գործողութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի միւս յայտարարութեան, որ կ՛անդրադառնայ թուրք ժողովուրդի պատմութեան, անժխտելիօրէն իրական եւ վաւերական է: Ինչո՞ւ… որովհետեւ պատմութեան ընթացքին, անոնք փաստած են իրենց որքա՛ն բարբարոս եւ ոճրագործ ըլլալը եւ կը կարծեն, որ վախնալով այդ փաստէն` ո՛չ ոք պիտի համարձակի սպառնալ, պատժել կամ նոյնիսկ վնաս հասցնել իրենց:

Յոյսով մնանք, որ պրն. նախագահը շարունակէ իր այս ճշմարտախօսութիւնները` աջակցելով Թուրքիոյ իսկական դիմագիծը բացայայտելու մեր աշխատանքին:

Կեցցէ՛ ճշմարտախօսութիւնը,

Կեցցէ՛ ինքնաճանաչումը:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

«Ով Մարդկային Արդարութիւն…» Թուրքիան «Մտահո՜գ» Է Կոտորածներով

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.