Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անցեալի Անվերապահօրէն Համընդհանուր Ճանաչումը Կ՛ամրապնդէ Հայութեան Ներքին Հաշտութիւնն Ու Համերաշխութիւնը

Սեպտեմբեր 11, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Համազգային»-ի 90-ամեակի Երեւանի տօնակատարութեան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի խօսքը

Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակը կը նշենք: Յոբելենական հանդիսութիւնները ընդհանրապէս անցեալին հետ յարգանքով վարուելու եւ հպարտանալու առիթներ են`  ինքնագովութեան պահեր. բայց այսօր կրկնելու գնով կ’ուզենք խօսիլ հարցի մը մասին, որ առաւելաբար քաղաքական բնոյթ ունենալու երեւոյթը ունի, սակայն հիմնական ձեւով կը ղեկավարէ հաւաքականութեան մը մշակութային զարգացման ուղին` ստանալով գոյութենական իմաստ: Վերջ ի վերջոյ, երբ այսօր մարդուն շնչած օդն ու խմած ջուրը քաղաքական մարզի առարկաներ են, դժուար է գտնել որեւէ նիւթ, որ հեռու ըլլայ քաղաքականութենէն. մանաւանդ` կրթութեան եւ մշակոյթի նման կենսական ոլորտները: Խօսքը կը վերաբերի հայութեան մասնիկներու հասարակաց անցեալին` պատմութեան:

Հայութեան բոլոր հատուածներուն համար Հայոց պատմութեան հիմնական վերնագիրները միեւնոյնն են մինչեւ Ա. Համաշխարհային պատերազմի կէսերը, բայց իրարմէ լուրջ չափերով կը տարբերին նոյն աշխարհամարտի աւարտէն սկսեալ: Այդ տարբերութիւնները հոգիներուն մէջ խարսխուած են եւ կը յամենան ցայսօր իրենց թողած հետքերով: Այդ տարբերութիւններու հարթումը անհրաժեշտ է կարենալու համար ստեղծել համահայկական նոր տիպարը` իրեն համապատասխանող արդի մշակոյթով:

Համազգայինի հիմնադիրներէն շատերը, ինչպէս` Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանն ու Համօ Օհանջանեանը, հայ քաղաքական տարագիրներ էին: Ֆիզիքապէս կտրուած ըլլալով իրենց հողէն` անոնք հայրենիքը շարունակեցին ապրիլ արտասահմանի՛ մէջ, այնտեղ ցկեանս գործելով հայրենիքին համար: Անոնք փորձեցին Հայաստան կերտել նաեւ արտասահմանի՛ մէջ: Յաջողեցա՞ն անոնք իրենց այդ ծրագրին մէջ: Դժուար է, անշուշտ, դրական պատասխան տալը. նոյնքան սխալ է սակայն ժխտական եզրակացութեան յանգիլը. անբնական պիտի ըլլար կատարեալ յաջողութիւնը: Փաստը այն է, որ շնորհիւ Համազգայինի եւ անոր նման մէկէ աւելի այլ կառոյցներու եւ միութիւններու, այսօր, տեղահանութիւններէն չորս թէ հինգ սերունդ ետք, հայկական սփիւռքի մէկ կարեւոր մասը կը շարունակէ մնալ հայկականօրէն գործօն:

Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումէն ետք Հայաստանի յարաբերութիւնները սփիւռքին հետ արգելակուեցան: Խորհրդային կեդրոնը բնականաբար հայապահպանման գործով չէր կրնար շահագրգռուած ըլլալ: Իսկ Հայաստանի անկախացումով այդ յարաբերութիւնները դարձան բոլորովին ազատ:Սակայն յարաբերութիւնները հեզասահ չընթացան զանազան պատճառներով, որոնցմէ մէկուն միայն կ’ուզենք անդրադառնալ այստեղ: Այն է, որ արտասահմանեան իւրաքանչիւր համայնք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու անբաւարարութեան պատճառով, առաւել կամ նուազ չափով, օտարացաւ ատկէ: Նաեւ` իւրաքանչիւր համայնք ապրելով տարբեր միջավայրերու մէջ` ենթարկուեցաւ մշակութային եւ ընդհանրապէս քաղաքակրթական տարբեր ազդեցութիւններու: Հետեւաբար մշակութային կազմաւորման իմաստով չկայ մէկ ու միակ սփիւռքեան հայկական նկարագիր, ինչպէս երբեմն չափազանցեալ պարզամտութեամբ կը կարծուի: Կան սփիւռքեան բազմաթիւ ու իրարմէ տարբեր արժեհամակարգեր` համեմուած որոշ հայկական յատկանիշներով: Զանոնք կարելի եղածին չափ իրարու սերտօրէն կապուած պահելը պէտք է ըլլայ բոլորիս մտահոգութիւնը:

Կայ նաեւ երկրորդ հանգամանք մը, որ իրարմէ կը բաժնէ համահայկական հասարակութեան տարբեր բաղադրիչները, եւ որուն մասին այլեւս չի խօսուիր, ինչ որ արգելք կը հանդիսանայ հարցի յստակացման եւ, հետեւաբար, ընդհանուր համախոհութեան մը հաստատման: Այդ խնդիրը յառաջացած է 1915-էն ասդին հայոց ընկերային եւ քաղաքական կեանքին, ազատագրական պայքարին, ներքին պառակտումներուն, ընդհանրապէս ներքին լարուածութեան եւ հաշտութեան իրերայաջորդ փուլերու պատմութենէն: Հարցը կը կայանայ անոր մէջ, որ հայկական հասարակութեան լայն շերտեր այդ շրջանին համար լսած են որոշ բաներ, իսկ այդ նոյն ժամանակաշրջանին համար ուրիշներ լսած են առաջիններուն բոլորովին հակոտնեայ խօսքեր: Մէկուն բացասականը միւսին համար դրական է եւ` փոխադարձաբար: Հայկական ներքին անդորրութիւնը որոշ չափով կայացած է այլեւս, բայց մենք յաճախ ականատես ենք երեւոյթներու, որոնք բաժանման որոշ գիծերու միջեւ յամեցող խորունկ վիհերու ցուցանիշ են:

Այսպէս, գաղտնիք չէ, որ ատենին հայութեան կեանքէն ներս քաղաքական ամէնէն տիրական ներկայութիւն եղողը Դաշնակցութիւնը եղած է: Բնականաբար իրե՛ն պիտի վերագրուին այդ ժամանակաշրջանի ձախողութիւններն ու յաջողութիւնները: Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումով անխնայ պայքար սկսաւ այդ կազմակերպութեան դէմ, որ բազմաթիւ ելեւէջներով տեւեց փաստօրէն մինչեւ խորհրդային վարչակարգի փլուզումը: Տասնամեակներու ընթացքին պատմութեան խեղաթիւրումը, նոյնիսկ կեղծումը հետքեր ձգած են յատկապէս հայրենաբնակ զանգուածներուն վրայ:

Մէկ խօսքով, համահայկական հասարակութեան մէկ կարեւոր մասը չէ կրցած որեւէ մէկ ձեւով ճիշդ կերպով իւրացնել իր մօտաւոր անցեալը, իսկ անոր գիտակներն ալ անոր մասին յաճախ ունին տարբեր պատկերացումներ: Այս պարագան յստակ երեւան եկաւ, իր բոլոր ժխտական երեսներով, հայկական պետական վերածնունդի 100-ամեակին առիթով, յատկապէս, երբ Երեւանի քաղաքապետութիւնը որոշեց հայկական նորագոյն պետականութեան հիմնական կերտիչներէն Արամ Մանուկեանը պատուող յուշարձան մը բարձրացնել Հանրապետութեան հրապարակին մօտ: Այս առիթով ծայր առած վիճաբանութիւնը ցոյց կու տայ, որ ակնբախօրէն սխալ բան մը կայ հայկական հասարակութենէն ներս: Որեւէ հասարակութենէ ներս հիմնական հարցի մը շուրջ կարծիքի լուրջ տարբերութիւնը առկայ վտանգի ցուցիչ է: Հայաստանի Հանրապետութեան իրական պատմութեան քաջածանօթ պէտք է ըլլայ հասարակութեան իւրաքանչիւր անդամ: Համբերութեամբ, հարկ եղած ժամանակը տրամադրելով, կրթական մարզէն ներս, ժողովրդային դաստիարակութեան միջոցով բոլորին հասանելի պէտք է դարձնել տասնամեակներ շարունակ խափանուած ճշմարտութիւնները: Վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին ասիկա հարկ եղած բծախնդրութեամբ կատարած չըլլալը բոլորիս թերացումն է:

Դժբախտաբար միայն Արամ Մանուկեանի անունը չէ, որ երկար ատեն մնացած է մոռացութեան շուքին մէջ: Նոյնն է պարագան տասնեակաւոր, չըսելու համար հարիւրաւոր մարդոց. բոլոր անոնց, որոնք իրենց աշխատանքով ու կեանքի գնով ամրապնդեցին հայկական ազգային վերածնունդը երկու վերջին դարերու ընթացքին: Ո՞ւր են Մկրտիչ Փորթուգալեանի, Համբարձում Պոյաճեանի, Քրիստափոր Միքայէլեանի, Սիմոն Զաւարեանի, Ռոստոմ Զօրեանի, Արմէն Գարոյի, Դրոյի, Սիմոն Վրացեանի, Ռուբէն Տէր Մինասեանի եւ դեռ շա՜տ շատերու անունները. անոնք գոյութիւն չունին մարդոց գիտակցութեան մէջ: Երիտասարդութիւնը խանդավառող, զայն ներշնչող տիպարներ պէ՛տք են այսօր. այդպիսի անուններ կա՛ն, բայց անոնք ամուր պահուած են պատմութեան գանձարանին մէջ, չես գիտեր` ո՛ր օրուան համար:

Ինչպէ՞ս չյիշել թուրք պաշտօնատարի մը վիրաւորող արտայայտութիւնը, որ լսելէ ետք Արամ Մանուկեանի մէկ ճառը, ըսած էր` «Հայութիւնը արժանի չէ այսպիսի մարդու»: Արամ Մանուկեանի անունը միայն վերջե՛րս բաւական լայն ձեւով ներկայացուեցաւ հանրութեան` Յովհաննէս Քաջազնունիի, Անդրանիկի ու բաւական երկար ուշացումով` Գարեգին Նժդեհի անուններէն ետք: Այդպէս եղաւ, որովհետեւ, աւելի քան թափանցիկ է, այս վերջինները կա՛մ հրաժարած էին իրենց կուսակցութենէն, կամ ալ պատժուելով` հեռացուած անկէ: Ճշմարտութենէն բան չի պակսիր անշուշտ, որովհետեւ անոնց ամէնէն սեղմ կենսագրութեան ընթերցումն իսկ կ’ապացուցէ, որ անոնք իրենց ամբողջ ազգային գործունէութիւնը ծաւալած են, երբ կ’անդամակցէին Դաշնակցութեան. ատկէ հեռանալէ ետք ապրած են ատենին վաստակած իրենց համբաւով: Ուրախալի է յամենայն դէպս, որ այս ձեւով գոնէ երեք անուններ կը շարունակեն իրենց ազգային առաքելութիւնը` նաեւ յետմահու: Լուսահոգի Վահան Յովհաննիսեանը, եթէ ողջ ըլլար, ներկայացուած հարցին անպայման լուծում կը գտնէր, առ նուազն զինք յատկանշող սրամտութեամբ առաջարկելով` «Դիմենք Դաշնակցութեան, որպէսզի իր անցեալի բոլոր հերոսներն ու արժանաւոր անդամները կուսակցութենէն հեռացնէ, քանի անոնք չեն կրնար այլեւս ինքնակամ հրաժարիլ», եւ շարունակելով` «Եթէ կարելի է յետմահու մարդոց շքանշան տալ, կարելի է նաեւ զանոնք պատժել»:

Այո՛, ժպտիլը ճիշդ է, մասնաւորաբար երբ ան կը փոխարինէ տխրութիւնը:

Կարելի չէ ուրիշներէ պահանջել առերեսուիլ իրենց պատմութեան հետ եւ անտարբեր մնալ իր հաւաքականութեան նոյնանման խնդիրներուն դիմաց: Ներկայ ժամանակաշրջանին, լուսարձակները պէտք է ուղղել մութին մէջ պահուող հայերու ճառագայթելու պէս ցոլացնող դէմքերուն վրայ` հայկական մէկ ու միացեալ մշակոյթ ստեղծելու առաջադրանքով: Հաւաքականութիւնը պինդ է, երբ կը ստեղծէ իր ապագան` առանց ետ նայելու, սակայն` անպայմանօրէն ամուր թելերով կապուած ըլլալով իր անցեալին, ճշմարի՛տ անցեալին: Այդ անցեալի անվերապահօրէն համընդհանուր ճանաչումը կ’ամրապնդէ հայութեան ներքին հաշտութիւնն ու համերաշխութիւնը, որ այնքան անհրաժեշտ է դիմագրաւելու համար հայութեան սպառնացող ներկայի բոլոր վտանգները:

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Երեւան, 9 սեպտեմբեր 2018

 

Նախորդը

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Յաջորդը

Անդրադարձ. Վերյիշեցում Եւ Ստորնացում

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Անդրադարձ

Հայոց Նոր Սուրբի Յիշատակին` Գոհաբանական Պատարագ Հարիսայի «Լիբանանի Տիրամայր» Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Նոյեմբեր 14, 2025
Թաքեր Քարլսըն Միլիոնաւոր Ամերիկացիներուն Դիմաց Կը Բացայայտէ Փաշինեանի Յարձակումը Հայոց Եկեղեցւոյ Վրայ
Անդրադարձ

Թաքեր Քարլսըն Միլիոնաւոր Ամերիկացիներուն Դիմաց Կը Բացայայտէ Փաշինեանի Յարձակումը Հայոց Եկեղեցւոյ Վրայ

Նոյեմբեր 14, 2025
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Անդրադարձ

Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի

Նոյեմբեր 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?