ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Թուրքիոյ պատմութեան մէջ «6-7 սեպտեմբերի դէպքեր» անունով յիշուածը իրականութեան մէջ միայն մօտ անցեալին պատահած աղէտ մը չէ՛: Իր ազդեցութիւնները շատ խոր եղած են քաղաքի (Պոլիս, խմբ.) եւ հետզհետէ երկրի պատմութեան մէջ:
Ներկայիս աւելի քան 15 միլիոն ենթադրուած քաղաքի բնակչութիւնը 6-7 սեպտեմբերի դէպքերուն ժամանակ, պատահած` 1955-ին, հազիւ կը մօտենար մէկ միլիոնի, որուն 200 հազարը, կամ համեմատելով` ըսենք մէկ հինգերորդը, կը կազմէին հայ եւ յոյն քրիստոնեաներ եւ հրեաներ: Ներկայ թուականներուն այդ համեմատութիւնը հազարէն մէկ իսկ չէ:
Եթէ փորձենք պատմական յետադարձ ակնարկ մը ընել, ապա քաղաքի պատմութեան մէջ կը հանդիպինք երեք կարեւոր եւ խորհրդանշական իմաստ ունեցող թուականներու: Առաջինը` 29 մայիս 1453-ը® Աւելի ուշ «նուաճող» տիտղոսով յիշուող օսմանեան սուլթան Մեհմետ Բ. երկարատեւ պաշարումէ ետք տիրացած էր քաղաքին: Երկրորդ կարեւոր թուականն է 6 հոկտեմբեր 1923-ը, երբ Ա. Աշխարհամարտէն ետք քաղաքը գրաւած անգլիացիները, կնքուած համաձայնութիւններով կը յօժարին Պոլիսը յանձնել Անգարայի նորակազմ կառավարութեան: Եթէ առաջինը կ՛ընդունուէր իբրեւ Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումը, ապա այս երկրորդը կը դիտուի իբրեւ գերավարուած քաղաքի փրկութեան օր:
Այս երկու օրերուն առթած տօնական յիշատակման փոխարէն` 6-7 սեպտեմբեր 1955 թուականը կ՛անտեսուի, մոռացութեան կը մատնուի երկրի իշխանութիւններուն կողմէ: Միայն որոշ ձախակողմեան խմբակներ կը յիշատակեն այդ թուականը` իբրեւ ամօթի օր:
Թուրք պատմութեան համաձայն, Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումը բացառիկ երեւոյթ է` իբրեւ Բիւզանդական կայսրութեան կործանումը: Բայց թագաւորը բոլորովին ուրիշ կարծիքի էր: Մեհմետ Բ. քաղաքը գրաւելէ ետք ինքզինք հռչակեց Բիւզանդիոնի նոր կայսրը: Այդ իմաստով մետաղադրամներ ձուլեց, մօրը յիշատակին եկեղեցի կառուցեց: Սակայն պետութեան իմաստունները յաջողեցան այդ երիտասարդ ու խիզախ թագաւորը կարգի բերել, որպէսզի ամէն ինչ ընթանայ բնականոն հունի մէջ:
Սկսելով Ս. Սոֆիայի տաճարէն` կարգ մը յոյն ուղղափառ եկեղեցիներ մզկիթի վերածուեցան: Ապա սկսաւ շատ աւելի կարեւոր գործողութիւնը` բնակչութեան ճարտարագիտութիւնը® Քաղաքի բնակչութիւնը զոհեր տուած էր` թշնամիին դիմադրելով: Զոհեր տուաւ նաեւ գրաւումին յաջորդող երեք օրերուն, երբ սովորութեան համաձայն, ենիչերիները ազատ էին ամէն տեսակ անօրինութեան, կողոպուտի, մարդասպանութեան, բռնաբարման ու առեւանգման դէպքերու համար: Բայց այդ զոհերէն ետք քաղաքի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը բաղկանար յոյներէ:
Կոստանդնուպոլիսը թուրք ցեղին` դէպի արեւմուտք գաղթի ճանապարհին գրաւուած, նուաճուած սովորական քաղաք մը չէր: Եթէ այդպէս ըլլար, պիտի յափշտակուէր քաղաքի հարստութիւնը, զինուորը պիտի հանգստանար որոշ ժամանակ, ապա պիտի նշանակուէր տեղացի կառավարիչ մը, որ պարտական ըլլար տարեկան հարկ վճարելու, իսկ բանակը պիտի շարունակէր իր երթը դէպի արեւմուտք: Սակայն այս վերջինը ունէր խորհրդանշական մեծ արժէք, որուն իբրեւ արդիւնք` դարձաւ կայսրութեան նոր մայրաքաղաքը: Մայրաքաղաք, որուն բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը կազմէին տեղացիները, կամ եթէ թրքական աչքով դիտենք` օտարազգիները:
Այդ հակասութեան իբրեւ լուծում` կայսերական քաղաքական միտքը որոշեց, յոյներու կողքին, հայեր բերել Պոլիս, քաղաքի բնակչութեան մէջ որոշ հաւասարակշռութիւն մը ապահովելու համար: Հայերու գաղթով ապահովուած եղաւ երկրորդ կարեւոր բացթողում մը` քաղաքի վերաշինութեան համար մասնագէտ մարդուժի կարիքը: Թուրքերը նախապէս չեն մտահոգուած իրենց գրաւած քաղաքներու վերաշինութեամբ: Բայց Պոլիսը` իբրեւ նոր մայրաքաղաք, պէտք էր օժտուէր ճիշդ մայրաքաղաքի կոչումին պատշաճող կոթողային շինութիւններով: Այս բոլորին համար անհրաժեշտ էին վարպետ ճարտարապետներ եւ անոնց պահանջը գոհացնելու ատակ մասնագէտ քարտաշներ, ատաղձագործներ, դարբիններ, նաղաշներ եւ դեռ` բազմաթիւ վարպետներ:
Հայոց այս նոր քաղաք ներխուժումը խրախուսելու համար Օսմանեան կայսրութիւնը հիմնեց Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանը 1461-ին` առաջին պատրիարք նշանակելով Պրուսայի հայոց հոգեւոր առաջնորդ Յովակիմը: Այսպիսով, իրողութիւն կը դառնայ կարգ մը անձերու` լոկ թրքահայութեան դէմ դիրք բռնելու համար արտասանած «Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանը ո՛չ թէ հայկական, այլ թրքակա՛ն հաստատութիւն մըն է» խօսքը:
Դարձեալ հայերու բնակութիւնը խրախուսելու միտումով, կարգ մը յունապատկան եկեղեցիներ կայսերական կառավարութեան որոշումով յափշտակուեցան իրենց ժողովուրդին ձեռքէն եւ փոխանցուեցան եկուոր հայերուն:
Որքա՛ն տարօրինակ է, որ ուղղափառ քրիստոնեայ երկու ժողովուրդներուն միջեւ ատելութիւնը շարունակուած է մինչեւ մօտ անցեալ: Հայերը շատ աւելի հեշտութեամբ համակերպած են իշխող տարրին եւ մրցակցութեան մէջ մտած` քաղաքի բուն տեղացի ժողովուրդին հետ: Բայց նոյնքա՛ն տարօրինակ է, որ այս` իրարու դէմ հակադրուած ժողովուրդները նոյն ճակատագիրը կը բաժնեն, երբ մահմետականներ գրգռուին ու բորբոքին քրիստոնեաներու դէմ:
Այդ տեսակի պետական կարգադրութեամբ ապահովուած գրգռութիւն մըն են 6-7 սեպտեմբեր 1955-ի վայրագ դէպքերը: Գրգռութիւնը սկսաւ յետմիջօրէին լոյս տեսնող «Էքսփրես» օրաթերթի զգայացունց լրատուութեամբ: Այդ լրատուութեան համաձայն, Յունաստանի Թեսաղոնիկէ քաղաքին մէջ ռումբ արձակուած էր Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալի ծնած տան վրայ: Տարիներ անց յայտնի դարձաւ, որ այդ ռումբը արձակողը Թուրքիոյ գաղտնի գործակալութեան պաշտօնեայ մըն է: Այդ լուրը կայծակնային արագութեամբ լսուեցաւ ամբողջ երկրին մէջ, եւ իսկոյն շարժման անցաւ նախապէս պատրաստուած խուժանը: Իբր թէ հասարակութիւնը կատարուածէն գրգռուած էր եւ իր բարկութիւնը կը հանէր տեղացի յոյներէն: Սակայն, ինչ որ վերեւ ալ նշած ենք, այս տեսակ դէպքերու պարագային, շուտով կը շփոթուին հայն ու յոյնը, եւ ատելութիւնը կը տարածուի բոլոր քրիստոնեաներուն վրայ: Այս անգամ ալ այսպէս եղաւ, եւ քանի մը ժամուան ընթացքին երկիրը ապրեցաւ ամենասարսափելի օրերէն մէկը: Ցուցարարներ կազմակերպուած ձեւով կը խուժէին նախապէս նշանակուած շէնքերը, ջարդուփշուր կ՛ընէին այն, ինչ որ ձեռքերնին կ՛անցնէր: Յարձակումներու առաջնակարգ թիրախներն էին յունաց եկեղեցիները, ապա` փոքրամասնութիւններու պատկանող խանութներ, գործարաններ եւ բնակարաններ: Այդ բոլորին ընթացքին տեղի ունեցան նաեւ ոճիրներ: Բոլոր այս զարգացումներուն ընթացքին ոստիկանները երբեք չմիջամտեցին` կատարուած անկարգութեան եւ գոհացան կատարուածը հեռուէն դիտելով: Կառավարութիւնը յաջորդ օր հռչակեց արտակարգ իրավիճակի դրութիւն եւ արգիլեց փողոց ելլելը:
Դարձեալ տարիներ անց, Թուրքիոյ բանակի զօրավարներէն մին համարձակեցաւ կատարուածը փառաբանել` ըսելով, որ «6-7 սեպտեմբերին տեղի ունեցածը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ` Յատուկ ծառայութեան շատ յաջող մէկ գործողութիւնը»: Այսօր շատեր դէպքը կը դիտեն իբրեւ անցեալին կատարուած եւ այսօր մոռնալու արժանի նիւթ մը: Բայց իրողութիւնը բոլորովին տարբե՛ր է: Նախ եւ առաջ, երկիրը նման դէպքերու կրկնութեան ներուժը, ինչպէս որ ունէր անցեալին, նոյնպէս ունի նաեւ այսօր: Այսօր ալ պետութիւնը որեւէ պահու կրնայ պաշտօնի կոչել այդ վայրագութիւնները իրականացնող խուժանը: Այս կարողութեան գլխաւոր ազդակը պետութեան հաշուոյն գործուած յանցանքներու անպատժելիութիւնն է: Պետութիւնը անպատժելիութեան վահան մը կը շնորհէ բոլոր անոնց, որոնք իր անունով պիտի դիմեն յանցագործութեան:
1955-ին Պոլսոյ բնակչութիւնը տակաւին չէր հասած մէկ միլիոնի սահմանը: Իսկ քաղաքի բնակչութեան մէջ 20 տոկոս կը կազմէին յոյները, հայերը եւ հրեաները: Այսօր քաղաքի բնակչութիւնը ենթադրաբար աւելի քան 15 միլիոն է, որուն մէջ վերոնշեալ փոքրամասնութիւնները միասնաբար չեն հասնիր 100 հազարի: Այսինքն մէկ տոկոսէն անգամ քիչ են: Բնակչութեան այս նուազումին մէջ շատ կարեւոր դեռ ունեցաւ 6-7 սեպտեմբերի զանգուածային յանցագործութիւնը: Նոյն թուականներուն կը զուգադիպի նաեւ բազմակուսակցական ընտրութիւններու գործադրութիւնը, որ իրեն հետ բերաւ ամբոխավարական ռազմավարութիւն: Այս նոր գործընթացին մէջ կարելի էր ամէն ինչ, բոլոր արժանիքները զոհել` քանի մը յաւելեալ ձայներու տիրանալու համար: Այդ թուականէն ետք է, որ ծայր առաւ դէպի Պոլիս գաղթի հոսք մը: Մարդիկ կը գաղթէին Պոլիս` նոր կեանքի մը ձեռնարկելու համար: Այս կեանքը կը խոստանար աւելի բարձր կենսամակարդակ ու նաեւ` աւելի ընդարձակ ազատութիւններ: Այս բոլորին յարմար ենթահող պատրաստուեցաւ` շնորհիւ 6-7 սեպտեմբերի անցուդարձերուն: Ճիշդ է, սուլթան Մեհմետ Բ., որ քաղաքը գրաւած էր 1453-ին, բայց այդ մէկը չէր կրցած ամբողջութեամբ փոխել Պոլսոյ ուրոյն դիմագիծը: Նախքան 1955` դէպի այս քաղաք եկողները կը փորձէին համակերպիլ քաղաքի կենցաղին, իսկ աւելի ուշ եկողները համարձակեցան իրենց կենցաղը պարտադրել քաղաքի բնիկներուն: Այս յատկութիւնները նկատի առնելով` նոյնիսկ կարելի է պնդել, որ թուրք ազգայնականութիւնը պարտի աւելի մեծ պատիւներ ցուցաբերել այս թուականին, քանի որ անիկա պիտի խորհրդանշէ քաղաքին թրքացո՛ւմը: Առաւել կամ նուազ իր բոլոր յատկութիւններով, քաղաքը հազիւ այդ դէպքէն ետք է որ թրքացաւ եւ ունեցաւ իր այսօրուան դիմագիծը: 1453-ի արշաւանքով քաղաքին միա՛յն տէրն էր, որ փոխուեցաւ, իսկ այս ընթացքով Պոլիսը արդէն իր պատմութեան մէջ կտրուկ կերպով թրքացաւ: Երեւոյթ մը, որ կորուստ է համաշխարհային մշակոյթի առումով եւ ձեռքբերում մը` թուրք ազգայնականութեան հաշուոյն:
(Արտատպուած`
«generalnews.am» կայքէջէն)