Քոնկրեսը Պէտք Է Հետապնդէ Ազրպէյճանական «Սիլք Ուէյ» Օդանաւային Ընկերութեան Յատկացուած Ամերիկեան Գաղտնի Վարկերը
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Անցեալ տարի գրած յօդուածներէս մէկուն մէջ տեղեկացուցած էի, որ Ազրպէյճանի «Սիլք Ուէյ» օդանաւային ընկերութիւնը 350 գաղտնի թռիչք իրականացուցած է` Պուլկարիայէն հարիւրաւոր թոն զէնք տեղափոխելով Սուրիա` ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներուն, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի այլ երկիրներ` 2014-2017 թուականներու ընթացքին: Այժմ ունինք հետեւեալ նոր բացայայտումը. Միացեալ Նահանգներու Արտածման-ներածման (EXIM) դրամատունէն «Սիլք Ուէյ» ստացած է 419,5 միլիոն...




















