ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Պատմական.- «Հայֆիլմ»-ը (1) հիմնուած էր 1923-ին, երբ Հայաստան աւելի բարենպաստ իրավիճակի մէջ չէր, քան այսօր: Երկու տարի անց պատրաստ էր առաջին ժապաւէնը` «Հայֆիլմ»-ի երախտաշատ հիմնադիր Համօ Բեկնազարեանի «Նամուսը»:
Սկզբնական շրջանին կ՛արտադրուէր տարեկան շուրջ 3 ժապաւէն: Աշխարհամարտի պատճառով արտադրութիւնը նահանջեց մինչեւ նուազ քան մէկ(2): Կողքի գծապատկերը պատրաստած եմ` հիմնուելով «Հայֆիլմ»-ի ցուցակներուն վրայ: Կը տեսնենք, որ յետպատերազմեան շրջանին արագացող աճ արձանագրուած է` 1975-90 տարիներուն հասնելով տարեկան 8-9 ժապաւէններ: Հարկ է նշել, որ «Հայֆիլմ»-ի աշխատանոցները նոյն շրջանին կ՛արտադրէին նաեւ 2 կամ 3 մանկական գծագրային շարժանկարներ (cartoons) ինչպէս եւ կը կրկնօրինակէին տարեկան 42-45 օտարալեզու ժապաւէններ: Աշխատակազմը կը հաշուէր մօտ 1200 մասնագէտ(3):
Գեղարուեստական առումով «Հայֆիլմ»-ը իր ոսկեդարը ապրեցաւ 60-ական թուականներու երկրորդ կէսին, երբ նկարահանուեցան «Եռանկիւնի»-ն, «Նռան գոյնը», «Բարեւ, ես եմ», եւ շարք մը այլ տպաւորիչ ժապաւէններ:
1990-էն ետք, հակառակ «ցուրտ ու մութ» պայմաններուն, արտադրութիւնը անմիջապէս չէր դադրած, հաւանաբար, որովհետեւ որոշ ժապաւէններ տակաւին կը գտնուէին իրենց յետարտադրական փուլին մէջ: Նկատել, որ «Հայֆիլմ»-ի սեփականաշնորհման նախօրէին (2005) արտադրութիւնը գահավիժած էր մինջեւ 0,4 ժապաւէնի…
Հակոտնեայ պատկերներ.- Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք պետական հիմնարկները ամէնուր կանգնեցան կործանումի հեռանկարին առաջ: Շարժապատկերը ամէնէն վտանգուած մարզերէն մէկն է, որովհետեւ կը պահանջէ մեծ ներդրում եւ մարդուժ: Բայց պատկերը միեւնոյնը չեղա՛ւ ամէնուր: Սկսած ամէնէն մօտիկ եւ ցաւոտ օրինակէն … «Ազեր-կինօ»-ն կը շարունակէ արտադրել խորհրդային տարիներու թափով (10-12 ժապաւէն) եւ … կը մասնակցի միջազգային փառատօներու: Ցաւոտ այլ օրինակ մը եւս. մեր ոխերիմ բարեկամ Վրաստանը ոչ միայն վերանորոգած է հրոյ ճարակ դարձած սթիւտիոները, այլեւ կառուցած` նոր մը: Պետութիւնը գայթակղեցնող պայմաններ կ՛ապահովէ տեղական ե՛ւ օտար ժապաւէններու արտադրութեան(4): Յաջող օրինակներ են «Ղազախֆիլմ»-ը եւ մեծ շուկայ ունեցող «Մոսֆիլմ»-ը: Ձախողած ենք մենք եւ, օրինակ… «Թուրքմենֆիլմ»-ը…
Գործարքը.- 2005 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը որոշեց (բազմաթիւ այլ պետական հիմնարկներու շարքին) սեփականաշնորհել «Հայֆիլմ» սթիւտիոն: Յայտարարուեցաւ աճուրդ: Շահագրգռուած էին երեք կողմեր:
Ա.- Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեանը, որ կ՛առաջարկէր մէկ միլիոն տոլար եւ կը խոստանար հետագային 6 միլիոն տոլարի ներդրում կատարել:
Բ.- Ոմն Խաչիկ Խաչիկեան, որ Քալիֆորնիոյ Չինօ քաղաքին մէջ դատապարտուած է ապահովագրական ընկերութենէն դրամ կորզելու նպատակով ինքն իր կալուածը հրդեհելու յանցանքով: Առաջարկի պայմաններուն ծանօթ չեմ: Ի դէպ, Չինոյի մէջ նման յանցանքներով բանտարկուած են շուրջ 7 հազար հայեր:
Գ.- «Սի. Էս. Մետիա սիթիհոլտինկ», որ կ՛առաջարկէր 600 հազար տոլար եւ հետագային` 5 միլիոն տոլարի ներդրում: «Սի. Էս. Մետիա սիթի» կամ (Արմենիա սթուտիոս) կը նշանակեն Գաֆէսճեան հոլտինկ(5): Գ. հայցի առաջադրուելէ ետք առաջին երկուքը չքացան: Աճուրդ տեղի չունեցաւ: Գաֆէսճեանը իր հարստութեան լուրջ մէկ մասը գոյացուցած է վաճառելով «Legal Information» (օրինական տեղեկութիւն): Լսած եմ չարամիտ տարաձայնութիւն, որ կարելի չէ հիմնաւորել:
Այստեղ հարկ է նշել, որ «Հայֆիլմ»-ի վաւերագրական միաւորը, որ հիմնուած էր 1982-ին, 2006-ի կառավարական հրամանագրով կցուեցաւ Ազգային կինօ-կեդրոնին, եւ շարունակեց գործել որպէս «Փաստավաւերագրական ֆիլմերու Հայկական կինոսթուտիա»: Անձնակազմը կը հնշուէ քանի մը տասնեակ: Մասնակցած է փառատօներու եւ շահած` մրցանակներ: Այս ուսանելի կէտը կը յանձնեմ բոլորին ուշադրութեան: Այսուհանդերձ, Հայաստանի Հանրապետութեան կինօ-կեդրոնի ապագան նոյնպէս հարցականներու տակ է: Այդ ընդարձակ նիւթ է, որուն հարկ է առանձին անդրադառնալ:
Տնտեսական.- Յստակ չէ, թէ այդ 600 հազար տոլարը ի՞նչ բանի փոխարժէքն էր: Գաֆէսճեանը կը ստանար ոչ միայն հոյածաւալ 3,7 քառակուսի քիլոմեթր տարածք, այլեւ` «Հայֆիլմ»-ի ամբողջ գոյքը, ներառեալ` հարիւրաւոր ժապաւէններ եւ անոնց հեղինակային իրաւունքը: Ի դէպ, Գաֆէսճեանը իրաւատէր դարձած է նաեւ շարժապատկերի գրեթէ բոլոր սրահներուն:
Եթէ մէկ քառակուսի մեթր հողի գինը սեպէինք լոկ տասը տոլար, ապա դատարկ տարածքը ինքնին պիտի արժէր 37 միլիոն: Այսինքն` վճարուած գումարին աւելի քան 60-ապատիկը: Նման սեփականաշնորհումներ պարզապէս գայթակղութիւններ են:
Աւելի՛ն. յստակ չէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ինչո՞ւ հրատապ կարիք ունէր այդ փոքր գումարին: Սրտցաւ դերասան Աշոտ Ադամեանի բառերով, «Հայֆիլմ»-ն աղքատ ընտանիքի վերջին ոսկեղէնը չէ, որ պարտքերից ազատուելու համար վաճառես»: Ի դէպ, այդ տարի Հայաստանի տնտեսութիւնը արձանագրած էր գրեթէ 14% աճ եւ գրեթէ զերօ սղաճ(6):
Դրժուած խոստումներ.– Ըստ կնքուած սեփականաշնորհման պայմանագրին, Գաֆէսճեան հիմնադրամը պէտք է նոր կեանք տար «Հայֆիլմ» շարժապատկերի սթիւտիոներուն` զանոնք հասցնելով հոլիվուտեան մակարդակի: «Սի. Էս. Մետիա Սիթի» նաեւ պարտաւորուած էր թուայնացնել «Հայֆիլմ» արխիւի ժապաւէններէն 410-ը: Այո՛, ճիշդ գուշակեցիք, այս պարտաւորութիւններու իրագործումը ապահովելու համար չէր նախատեսուած որեւէ յստակ մեքանիզմ, եւ խախտումի պարագային չէր նշուած որեւէ պատժամիջոց: Ներդրումի 2/3 մասը եւ գործընթացը ձգուած էր տեղեկավաճառի … ներողութիւն, Գաֆէսճեան հիմնարկի հայեցողութեան եւ բարի կամեցողութեան:
Ամբողջ 10 տարիներու ընթացքին պատահեցաւ հետեւեալը: Գաֆէսճեան հիմնարկը կարգաւորեց փոքր տարածք (թերեւս` մէկ սրահ) եւ այդտեղ նկարահանեց գովազդներ եւ «սերիալ»-ներ: Հայաստանի մէջ այսօր արտադրուած «սերիալ»-ներու որակին մասին նախընտրելի է չխօսիլ: Թուայնացուց շուրջ 300 ժապաւէններ, բայց աշխատանքի որակը պարզապէս «խոտան» էր: Այս մասին արտայայտուած են շարժապատկերի սրտցաւ մասնագէտներ(7): Նախապէս 1200 հոգի իբրեւ անձնակազմ ունեցող հիմնարկը այդ շրջանին ունէր միայն 7 շարժապատկերի աշխատող եւ 5 ապահովութեան պաշտօնեայ:
«Հայֆիլմ»-ի գոյքը թալանուած է: Հիմնարկը կը պատճառաբանէ, թէ իրերն ու սարքերը «մաշուած, քրքրուած, կոտրուած, մասնատուած, օգտագործման ոչ պիտանի» էին: Թերեւս այդպէս էր, ապացոյցներ չկան: Փաստն այն է, որ «կինոբեմադրական միջոցներից առկայ չեն 165-ը» (8): Տնօրէնի պաշտօնակատար Դ. Կարապետեանը կը չքմեղանայ, որ` «շատ միջոցներ են անհրաժեշտ գոյքի պահպանման համար»: Բայց ինչո՞ւ պիտի անհետանային միայն կարգ մը իրեր: Ինչո՞ւ այդ «ոչ պիտանի» իրերը չէին կրնար շարունակել մնալ այնտեղ, ուր կային, երբ ամբողջ տարածքը կը գտնուէր անմխիթար վիճակի մէջ: Ներքեւ նշուած տեսերիզը յստակօրէն ցոյց կու տայ տխուր պատկերը(9): «Սի. Էս. Մետիա Սիթի» հիմնարկի տնօրէն յարգելի տիար Խաչատուր Ցոկոլոկեանը չէ ցանկացած այս մասին խօսիլ լրագողներուն հետ:
Դժուար վերադարձ.– Կը թուի, թէ Ժերար Գաֆէսճեանի մահէն ետք «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնարկը կորսնցուցած է իր հետաքրքրութիւնը ««Հայֆիլմ»»-ի հանդէպ: Շարժապատկերի արտադրութեան պայմանները իսկապէս որ անբարենպաստ են Հայաստանի մէջ(10): Այս մասին բազմիցս անդրադարձած եմ: Այստեղ հաւանաբար դեր ունեցած է նաեւ շարժապատկերի շրջանակներուն մէջ (եւ ոչ միայն) բարձրացող դժգոհութեան եւ բողոքի ձայները: Այսուհանդերձ, հիմնարկը չէր կրնար այս ձեռնարկէն դուրս գալ առանց որեւէ շահոյթի: Այդ խոտոր է պիզնեսի տրամաբանութեան: 31 օգ. 2015-ին «Գաֆէսճեան ընտանիք»-ը որոշեց ««Հայֆիլմ»»-ը վերադարձնել Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան` 1,5 միլիոն տոլարի դիմաց: Այսպիսով, հիմնարկը իր խոտան եւ կիսատ թուայնացման եւ ակնյայտ թալանին որպէս գնահատանք կը վարձատրուէր 900 հազար տոլարով: Այդ գումարը արհամարհելի չէ, նկատի առած, որ ներդրումը միայն 600 հազար տոլար էր: Քաղաքական դաշինքի առկայութեան պայմաններու մէջ նման վարմունք խստօրէն պիտի պատժուէր` առանց ամբողջ տասնամեակ մը սպասելու:
«Հայֆիլմ»»-ը այժմ պետութեան կողմէ «հիմնուած» փակ բաժնետիրական ընկերութիւն է (ՓԲԸ), որ կը տնօրինէ Պետական գոյքի կառավարման վարչութիւնը: Հայկական շարժապատկերի ժառանգութեան հեղինակային իրաւունքները փոխանցուած են Հայկական ազգային կինօ-կեդրոնին (ՀԱԿ): Բայց ինչպէս վերը յիշած էի, ՀԱԿ իր կարգին սեփականաշնորհուելու վտանգին առջեւ կը գտնուի: Այդտեղ այսօր կը կատարուին վարչական, ինչպէս եւ անձնակազմի փոփոխութիւններ:
Շարժապատկերներու թուայնացումը այժմ կը կատարուի Հայաստանի Հանրապետութեան պետութեան կողմէ` օգտուելով «Ռուսֆիլմ»-ի ճարտարագիտական միջոցներէն: Բանակցութիւններ կը վարուին նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու, ի մասնաւորի Չինաստանի դեսպանատան հետ: 2015-էն ի վեր թուայնացուած են տասնեակ մը ժապաւէններ(7): Կը նախատեսուի թուայնացնել տարեկան 7 ժապաւէն: Այս ընթացքով 410 պատմական ժապաւէններու որակաւոր թուայնացումը կ՛աւարտի… շուրջ 55 տարի ետք: Աչքալոյս` փոքրահասակ ընթերցողներուն:
Վերածնունդի նախաձեռնութիւն.- Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը այսօր ալ հաստատ է ««Հայֆիլմ»»-ը սեփականաշնորհելու իր որոշումին մէջ: Կան երկու պատճառաբանութիւններ: Նախ ա՛յն, որ պետութիւնը անհրաժեշտ ներդրումներ կատարելու նիւթական կարողութիւն չունի: Ապա այն, որ ներկայ թուային ճարտարագիտութեան (CGI են) շնորհիւ` այլեւս կարիք չկայ 3,7 քառակուսի քմ տարածք ունեցող սթիւտիոյի:
Երկրորդ պատճառաբանութիւնը վստահաբար իրաւացի է: Սակայն … այդ տարածքը կը պատկանի Հայաստանի ժողովուրդին: Հարկ է, որ օգտագործուի մշակութային նկարագիր ունեցող ծրագիրներուն համար: «Հայֆիլմ»-ի պատմութեան վկայ շէնքերուն մէջ կարելի է … ո՛չ, հա՛րկ է հիմնել հայկական շարժապատկերի թանգարան, աւանդատուն: Այս ուղղութեամբ մշակոյթի նախկին նախարար Ա. Ամիրեանը արդէն իսկ հաւանութիւն յայտնած էր:
Առաջին պատճառաբանութիւնը միայն մասամբ հիմնաւորուած է: Թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ պետութեան մը առաջնահերթութիւններու դասաւորումը, անոր մշակութային ծրագիրը, քաղաքական հարց մըն է, որ չունի միանշանակ պատասխան: Ատիկա կախեալ է անհատի եւ վարչակարգի քաղաքական ուղղութենէն: Այստեղ կրնան ըլլալ անհատական փափաքներ եւ … հաւաքական պահանջներ:
Քանի մը տասնեակ երիտասարդ բեմադրիչներ, շարժապատկերի աշխատողներ եւ այլ մտաւորականներ խմբուած են ««Հայֆիլմ»-ի վերածնունդի նախաձեռնութեան» շուրջ: Այս երիտասարդները սեփական օրինակով կ՛ապացուցեն, որ «ոչ միայն փողիւ» կարելի է վերականգնել «Հայֆիլմ»-ը, կայ նաեւ մարդկային գործօնը: Մեր օրուան բարբառով` «դուխ»-ի գործօնը: Անոնք սկսան կամաւոր դրութեամբ կարգաւորել սթիւտիոյի պահեստները (եւ ոչ միայն), դատարկ տարածքներուն մէջ կատարեցին ծառատունկ:
Այս «վերածնունդի» գլխաւոր գործունէութիւնը հարցի անդուլ հետապնդումն է պետական պատասխանատու անձերու եւ մարմիններու մօտ: Այդ աշխատանքները իրենց արձագանգը կը գտնեն լրատուական միջոցներու մէջ եւ մանաւանդ` համացանցի վրայ: Այդպիսով կը կազմուի հանրային կարծիք եւ ճնշում: Այսպիսի միջոցներով կարելի եղաւ, օրինակ, փրկել եւ բարեկարգել «Կինօ Մոսկուա»-ի վտանգուած բացօթեայ սրահը: Ի դէպ, համացանցի վրայ կայ բողոքագիր մը, որ ընթերցողը կրնայ ստորագրել: Կրնայ նաեւ միանալ եւ կամ լոկ զօրակցիլ «Հայֆիլմ»-ի վերածնունդի նախաձեռնութիւն» շարժումին:
Կը թուի, թէ Հայաստանի մէջ տիրող մտայնութեամբ անհաւանական է «Հայֆիլմ»-ը (եւ ոչ միայն) ֆինանսաւորել պետական յատկացումներով: Այս ուղղութեամբ կան պաշտօնական յայտարարութիւններ:
Կարելի չէ վստահիլ սեփականաշնորհուած «Հայֆիլմ»-ի: Դրամագլուխը` պիզնեսը ունի ի՛ր տրամաբանութիւնը: Շարժապատկերի աշխատողներու միութիւնը այն կողմն է, որ ոչ միայն շահագրգռուած է շարժապատկերի արտադրութեամբ, այլեւ մասնագիտական առումով կարող` հսկելու: Չարեաց փոքրագոյնը կրնայ ըլլալ հետեւեալը. Շարժապատկերի աշխատողներու միութիւնը կրնայ գոյացնել ընտրովի եւ միութեան ընդհանուր ժողովին հաշուետու մարմին մը, որ`
Ա.- Անհրաժեշտաբար իր համաձայնութիւնը տայ ոեւէ սեփականաշնորհման պայմանագրութեան:
Բ.- Կանոնաւոր հերթականութեամբ տեղեկագիրներ ստանայ եւ հետեւի գնորդի աշխատանքներուն:
Հարկ է նաեւ գոյացնել հաշուետու ֆոնտ մը, որ հսկէ շարժապատկերի ժառանգութեան պահպանման եւ ջանայ հայթայթել նիւթական միջոցներ:
Մեր հոգեւոր մշակոյթին յենած` կ՛եզրակացնեմ, որ սատանան կարելի չէ ոչնչացնել: Կարելի է դիմել աղօթքի հմայեկներու (իմա` դուխ եւ օրէնսդրութին), որոնք որոշ չափով կը խափանեն սատանայի չարիքը: Շուկայական յարաբերութիւններու գերիշխանութեան պայմաններու տակ շարժապատկերի արտադրութեան հսկող նման մարմին մը թերեւս կարենայ այդ հմայեկը դառնալ:
«Հայֆիլմ»-ը շարժապատկերի (եւ ոչ միայն) միակ ժառանգութիւնը չէ՛, որ վտանգուած է շուկայական յարաբերութիւններու կողմէ: Ինչպէս վերը յիշեցի, վտանգուած է, օրինակ, «Կինօ Մոսկուա»-ն: Այժմ իսկական վտանգ կը սպառնայ «Ռասիա» շարժապատկերի համալիրին: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ երբեմնի արդիապաշտ ճարտարապետութեան արտադրած այդ համալիրի սկզբնական պատկերը: Մեզմէ շատեր հաւանաբար գտնուած են այդտեղ, որովհետեւ կը գտնուի «Զօրավար Անդրանիկ» կայանին վերեւ: Շատեր, ուրեմն, տեսած են, թէ ինչպիսի՛ խայտառակ վիճակի մէջ կը գտնուի ներկայիս: Լուրջ վտանգ կայ, որ մշակութային այս յուշակոթողը եւս վերածուի աննկարագիր շարքային մոլի մը:
Աւելի քան հազար քմ հեռաւորութեան վրայ այս ուղղութեամբ տեղեակ էի, բայց «կարծրատիպեր կոտրող» (11) մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը յայտարարած էր, թէ տեղեակ չէ, ինչպէս եւ տեղեակ չէր «Հայֆիլմ»-ի թղթածրարէն: Հարց չէ, «Վերածնունդի» անդամներ համբերատար կը տեղեկացնեն: Նախարարին ելոյթները առ հասարակ խրախուսիչ չեն, ան «Վերածնունդի» շարժումը կը յորդորէ ըլլալ իրապաշտ, այլ ոչ` վիպապաշտ: Ասիկա զարմանալի է, քանզի իր ներկայացուցած 100 օրուան իրագործումներու տեղեկագիրը վիպերգութիւն մըն էր:
Պէտք է յուսալ, որ հայ շարժապատկերի ապագան կը տեղադրուի աւելի վաւերական թաւիշի վրայ:
21 օգ. 2018
—————————————————-
- Որպէս «Հայպետկինօ»: Ապա ստացած է զանազան անուանումներ մինչեւ 1966, երբ ստացաւ ներկայ անունը:
- Նկարահանուած սակաւաթիւ ժապաւէններէն մէկն էր Բեկնազարեանի «Դաւիթ Բեկ»-ը (1944):
- Փայտեան Նայիրա, «Հայաստանի ազգային կինոկեդրոն, երէկ եւ այսօր», Կինոաշխարհ, 12 յունուար, 2015:
- Գասպարեան Անի, «Ո՞ւմ է ձեռնտու թաղել «Հայֆիլմ»»-ը, «Անկախ», 21 յունուար 2016:
- «Հոլտինկ» այն ընկերութիւնն է, որ իրաւատէրն է բազմաթիւ տնտեսական հաստատութիւններու:
- «Հայաստանի տնտեսական աճը 2004-2008» http://www.armstat.am/file/article/poverty_2009_2.pdf
- Տե՛ս Panorama.am «Մշակոյթ», 4 նոյ. 2016:
- «Կառավարութիւնը հաստատեց «Հայֆիլմ»-ը պետութեան վերադարձնելու…», «Արմէնփրես» 31 օգ. 2015:
- https://www.facebook.com/100013842969752/videos/vb.100013842969752/487074038430691/?type=2&video_source=user_video_tab.
- Տե՛ս Panorama.am «Մշակոյթ» «Գէորգ Գէորգեան. Հայաստանում այսօր` կոմերցիա չէ», 24 հոկ. 2016:
- Ամալեա Յովհաննիսեան, «Լիլիթ Մակունց` կարծրատիպեր կոտրող մշակոյթի նախարարը», Մետիամաքս, (https://mediamax.am), Հասարակութիւն, 30 մայիս, 2018:
Լուսանկարը ցոյց կու տայ Կինօ Րասիայի ներկայ պատկերը: Սկզբնականը բոլորովին այլ էր: