Յօդուածներ

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Անդրէաս Արծրունի (1847-1898) Հայ Մեծ Գիտնականը. Երկրաբան, Հանքագէտ Եւ Մետաղագէտ

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ 10 սեպտեմբերին, 120 տարի առաջ, 51 տարեկանին Գերմանիոյ Հոհենհոնոֆ քաղաքին մէջ մահացաւ հայոց հինաւուրց Արծրունի տոհմին վերջին շառաւիղներէն Անդրէաս Երեմիայի Արծրունին: Համաշխարհային հռչակով մեծ գիտնական է Ա. Արծրունի` երկրաբան, հանքագէտ եւ մետաղագէտ, որուն անունով կը ճանչցուին հրաբխային կազմաւորումներու վերաբերեալ շարք մը տեսութիւններ, ինչպէս նաեւ` ոսկեայ եւ թանկագին քարերու տեսակներ: Ծնած է 15 նոյեմբեր 1847-ին: Թէեւ Հայկական Սովետական Հանրագիտարանը...

Ռուզաննա Առաքելեան. «Հայաստանը Հզօր Է Սփիւռքով. Սփիւռքը Իմաստաւորւում Է Հայաստանով»

Ռուզաննա Առաքելեան. «Հայաստանը Հզօր Է Սփիւռքով. Սփիւռքը Իմաստաւորւում Է Հայաստանով»

Սեպտեմբեր 12-ի Ազգային ժողովի նիստին կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուզաննա Առաքէլեանը ըսած է. «Տարբեր առիթներով համապատասխան ատեանները շատ են խօսում Հայաստան-սփիւռք կապի կարեւորութեան մասին: Ես ուզում եմ արձանագրել, որ Գ. հանրապետութեան բոլոր ժամանակներում բոլոր ղեկավարները նոյնպէս կարեւորել են Հայաստան-սփիւռք կապը` այն գիտակցամբ, որ սփիւռքը իմաստաւորւում է Հայաստանով, Հայաստանը հզօր է սփիւռքով»: Հարցումը ուղղելով սփիւռքի նախարարին`...

Հայաստանէն Մշակոյթի Եւ Արուեստի Մասնագէտներ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հայաստանէն Մշակոյթի Եւ Արուեստի Մասնագէտներ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

10-12 սեպտեմբեր 2018-ին Արամ Ա. կաթողիկոս Հայաստանէն ժամանած արուեստի ու մշակոյթի հետեւեալ մասնագէտները ընդունեց. ա) Շուրջ երեք օր մայրավանքի հիւրերը դարձան` դոկտ. Աշոտ Գրիգորեանը, փրոֆ. Արամ Իսաբեկեանը եւ փրոֆ. Կետիկ Բաղդասարեանը: Անոնք եկած էին վեհափառ հայրապետին հրաւէրին ընդառաջելով, որպէսզի ուսումնասիրեն Ս. Աստուածածին վանքին մէջ հայոց պատմութեան կարեւոր շրջանները ու խորհրդանշանները ներկայացնող դէպքերու ու դէմքերու քանդակներուն տարածքը, որ պիտի երկարի դէպի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Վաւերացուց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդի Ընտրութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Վաւերացուց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդի Ընտրութիւնը

Շաբաթ, 8 սեպտեմբեր 2018-ին, Ազգային երեսփոխանական ժողովի յատուկ նիստի ընթացքին տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի նոր առաջնորդի ընտրութիւն, որուն ընթացքին առաջնորդ ընտրուեցաւ Անուշաւան եպս. Դանիէլեանը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Ազգային երեսփոխանական ժողովին ուղղած իր հայրապետական գիրով վաւերացուց առաջնորդի ընտրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր առաջնորդ սրբազան հօր` իրեն վստահուած առաքելութեան մէջ: Միաժամանակ վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը...

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի Գանձատունը Կը Հարստանայ Եկեղեցական Նոր Սպասներով

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի Գանձատունը Կը Հարստանայ Եկեղեցական Նոր Սպասներով

Անցնող շաբաթներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին շուրջ համախմբուած կամաւորներ, մէկ շաբթուան վրայ երկարող աշխատանքէ մը ետք, իրականացուցին բիւրեղեայ քարերով զարդարուած ս. խորանի ձեռագործ վարագոյրներ, ինչպէս նաեւ` ս. սեղանի եւ այլ ծածկոցներ: Այս աշխատանքներուն միացան նաեւ, երիտասարդական պատարագէն եւ ուրբաթօրեայ գիշերային «Նարեկեան աղօթասացութենէն» ետք, Ս. Գրոց ճամբարի տղաքը եւ իրենց մասնակցութիւնը բերին աղօթասացութեամբ եւ շարականներու երգեցողութեամբ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Հայ Մշակոյթին Նուիրուած Ցուցահանդէսին` Նիւ Եորքի Մէջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Հայ Մշակոյթին Նուիրուած Ցուցահանդէսին` Նիւ Եորքի Մէջ

Նիւ Եորքի միջազգային հռչակ ունեցող «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին մէջ 22 սեպտեմբեր 2018-ին բացումը տեղի պիտի ունենայ հայ մշակոյթին նուիրուած մեծ ցուցահանդէսին: Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին մշակութային իւրայատուկ արժէք ունեցող իրեր` Հայաստանի Պետական թանգարանէն, Մատենադարանէն, Ս. Էջմիածինէն, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութենէն, Ս. Ղազարու վանքէն (Վենետիկ), «Գալուստ Կիւլպէնկեան» թանգարանէն (Լիզպոն), Ամերիկեան հայկական թանգարանէն (Պոսթըն), Ալեքս եւ Մարի Մանուկեան թանգարանէն (Միշիկըն), ինչպէս նաեւ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ...

Տեղի Ունեցան Սուրիոյ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւնները

Տեղի Ունեցան Սուրիոյ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւնները

Կիրակի, 16 սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտեան ժամը 7:00-ին, Սուրիոյ 14 նահանգներուն մէջ ընթացք առին Սուրիոյ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները: Ընտրութիւններուն մասնակցեցան 40 հազար  թեկնածուներ, որոնք պիտի զբաղեցնեն տեղական ինքնակառավարման մարմիններու 18 հազար աթոռներ: Հալէպի մէջ քաղաքացիները առաւօտեան կանուխ ժամերէն ուղղուեցան ընտրութեան կեդրոններ եւ իրենց սահմանադրական իրաւունքը կիրարկելով քուէարկութեան մասնակցեցան: Տեղական ինքնակառավարման մարմինի Հալէպի Նահանգային խորհուրդի Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի երկու...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Քաղաքական Անդրադարձ. Եւրասիական Դաշինք` Ընդդէմ Արեւմուտքի՞

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ 16 յուլիս 2018-ին Հելսինքիի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփն ու Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը գումարեցին ժողով մը, որուն հիման վրայ Ամերիկայի նախկին արտաքին գործոց նախագահ Հենրի Քիսինճըրը յօդուած մը գրեց («Ֆայնենշըլ Թայմզ», 20 յուլիս 2018): Այդ վեհաժողովներու ղեկավարները քննարկեցին միջազգային տագնապալի խնդիրներ, որոնց շարքին` Ուքրանիոյ, Սուրիոյ եւ առեւտրական հարցեր: Քիսինճըր կարեւոր նկատելով այս վեհաժողովը` կոչ ուղղեց...

Հրաշալի Հրատարակութիւն Մը.  Հայոց Պետականութեան Վերածնունդի 100 Էջերը

Հրաշալի Հրատարակութիւն Մը. Հայոց Պետականութեան Վերածնունդի 100 Էջերը

Կազմողներ` Պատմաբան Սեդա Գալստեան Լուսանկարիչ` Գաբրիէլ Փանոսեան ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Ամէն անգամ, երբ կը մտածեմ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման մասին, չորս  հիմնական անուններ կը յստականան  մտքիս  մէջ: Արամ Մանուկեան` որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր, Ալեքսանդր Խատիսեան եւ Սիմոն Վրացեան` որպէս Հայաստանի անկախ հանրապետութեան  վարչապետներ, որոնք  գրի առած են հանրապետութեան պատմութիւնը, եւ  փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան` որպէս պատմաբան, որ իր հինգ հատոր ծաւալուն ուսումնասիրութիւններով լոյսին...

Սիրոյ Բացակայութեան

Սիրոյ Բացակայութեան

ԿԱՐՕ ԹԱՇՃԵԱՆ  Թող անիրապաշտ, ժամակավրէպ ու անգործնական համարուին այս տողերը, բայց կ՛ուզեմ նշել, որ այսպէս սնանած ենք մենք` առասպելներու եւ հեքիաթներու հաւատացողներս, մենք կ՛ապրինք մեր հեքիաթները, մեր սիրով ու յոյսով շաղախուած հեքիաթները` իրականութիւն դարձնելու անկոտրում վճռակամութեամբ: Կար ու չկար` բարոյականութիւն հասկացողութիւնը կար, որ չէր սահմանափակուեր լոկ կուսաթաղանթով, ունէր աւելի ծաւալուն հասկացողութիւն եւ ներկայ էր մեր ազգային կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ:...

Վերամուտի Առիթով Պայուսակներ Եւ Գրենական Պիտոյքի Տրամադրում

Վերամուտի Առիթով Պայուսակներ Եւ Գրենական Պիտոյքի Տրամադրում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին եւ գործադրութեամբ կոմիտէի քարոզչական - դաստիարակչական յանձնախումբին, սեպտեմբեր ամսուան առաջին շաբաթը,  Ռաուտայի, նիու Ռաուտայի, Սապթիէի, Տքուէնիի, Մար Ռուքոզի եւ Մանսուրիէի շրջաններու մէջ բնակող հայ աշակերտներուն բաժնուեցան` պայուսակներ, գրչատուփեր, գրենական պիտոյքներ եւ հայերէն պատմութեան գիրքեր: Նախաձեռնութեան տէրերը բարի վերամուտ մաղթեցին փոքրիկներուն, պատանիներուն եւ բոլոր աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ` ուսումնական, կրթական եւ դաստիարակչական բարի, եռանդով եւ յաջողութեամբ լեցուն տարի...

«Մեզ Ապրեցնողը Եւ Հզօրացնողը Այն Գիտակցութիւնն Է, Որ Մենք Ուրիշներէ Տարբեր Ենք»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

«Մեզ Ապրեցնողը Եւ Հզօրացնողը Այն Գիտակցութիւնն Է, Որ Մենք Ուրիշներէ Տարբեր Ենք» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Հայաստան գաղթող լիբանանահայերու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ատիկա ճիշդ է, սակայն դարձեալ չափազանցուած կերպով կը ներկայացուի: «Օրինակ, Երեւանի մէջ հանդիպեցայ ընտանիքի մը, որ թէեւ երեսփոխանական գրասենեակէն օժանդակութիւն կը ստանայ, ընտանեօք Երեւան կը գտնուի, սակայն հաճելի էր զիրենք տեսնել: Այո՛, եթէ պիտի գաղթեն, թո՛ղ գաղթեն Հայաստան, բայց այս ալ խնդիր է: Տարբեր բաներ են հայրենասիրութիւնը եւ գործարարութիւնը:...

Արսէն Համբարձումեան. «Դաշնակցութիւնը  Տակաւին Յստակ Որոշում Չունի  Վարչապետի Թեկնածուի Վերաբերեալ»

«Սխալ Քայլերը Շեղելու Են Ճիշդ Ճանապարհից» Արսէն Համբարձումեան

Զրոյցը վարեց ԱՐԱԶ ԳԱՅՄԱԳԱՄԵԱՆը «Երկիր»-ը հետեւեալ զրոյցը ունեցած է ՀՅ Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանին հետ: «ԵՐԿԻՐ».- Սեպտեմբերի 23-ին տեղի են ունենալու Երեւանի աւագանու արտահերթ ընտրութիւնները, որին այս անգամ մասնակցում է նաեւ Դաշնակցութիւնը: Ի՞նչ փոփոխութիւնների, բարելաւման ակնկալիքով է կուսակցութիւնը մասնակցում ընտրութիւններին: Ըստ ձեզ, մեր երկրին ի՞նչ զարգացումներ են սպասում: ԱՐՍԷՆ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆ.- Մեր երկիրը վճռորոշ, բեկումնային փոփոխութիւնների փուլ է թեւակոխել:...

«Արամ Մանուկեան. Նամականի» Գիրքին Շնորհահանդէսը Շուշիի Մէջ

«Արամ Մանուկեան. Նամականի» Գիրքին Շնորհահանդէսը Շուշիի Մէջ

Սեպտեմբեր 11-ին Շուշիի մէջ` Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան շէնքին մէջ, կայացած  է Երուանդ Փամպուքեանի «Արամ Մանուկեան. նամականի» գիրքին շնորհահանդէսը: Անիկա Արամ Մանուկեանի տասնամեայ (1904-1915) նամակագրութիւնն է`  ամբողջական բովանդակութեամբ ու ժամանակագրական հերթականութեամբ: Հայոց պետականութեան հիմնադիրի կեանքին ու գործունէութեան մէկ ժամանակաշրջանը ներկայացնող գիրքի շնորհահանդէսին ներկայ էին` Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, Արցախի Հանրապետութեան...

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը

Հայ Բեմում Յաւերժող Շէյքսփիրը

ԹԱՄԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ Արուեստագիտութեան դոկտոր Հայ թատրոնի արդի բեղուն ընթացքին նուիրուած թատերագիտական գրականութիւնը հարստացաւ Հայաստանում վերջերս լոյս տեսած «Արմէն Խանդիկեանի շէյքսփիրականը» ժողովածուով («Վան Արեան» հրատարակչութիւն): Արմէն Խանդիկեանի (ծնողական արմատներով պէյրութցի է) անունը քաջածանօթ է ե՛ւ հայրենիքի, ե՛ւ արտերկրի, ե՛ւ սփիւռքի թատերասէրներին: Նաեւ լիբանանահայ մտաւորականութիւնը ցայսօր հաճելիօրէն, բարձր գնահատութեամբ յիշում է 1992թ.ին Երեւանի Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան տրամաթիքական թատրոնի այն հիւրախաղերը, երբ Պէյրութում...

«Մեզ Ապրեցնողը Եւ Հզօրացնողը  Այն Գիտակցութիւնն Է,  Որ Մենք Ուրիշներէ Տարբեր Ենք»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

«Մեզ Ապրեցնողը Եւ Հզօրացնողը Այն Գիտակցութիւնն Է, Որ Մենք Ուրիշներէ Տարբեր Ենք» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Վանայ Ձայն»-ին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հանդիպումին, լիբանանահայութեան ներկայ իրավիճակին եւ գաղութը յուզող հարցերու: Երեւանի մէջ վարչապետ Փաշինեանի հետ կատարուած հանդիպումին անդրադառնալով` երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Ճիշդ է, որ հանդիպումը անակնկալ էր լիբանանահայութեան համար, սակայն Փաշինեանի թաւշեայ յեղափոխութենէն քանի մը շաբաթ ետք Կեդրոնական...

Հանդիսատեսի Դիրքէն Դուրս Գալու Հրամայականը

Հիւսիսային Օսեթիոյ «Ուրուականի Վերածուող» Գաղութը

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ Հիւսիսային Օսեթիոյ հայութեան պատմութիւնը կը սկսի ԺԸ. դարուն: Վաւերական փաստաթուղթերը կը վկայեն, որ առաջին հայերը բնակութիւն հաստատեցին Մոզտոքի մէջ, 1763 թուականին: Ծերակոյտի հրահանգով անոնք  առանձնաշնորհումներ ստացան` առանց մաքսատուրքերու լեռնականներուն հետ առեւտուրի իրաւունք, գիւղատնտեսական աշխատանքներու համար սեփական հող ունենալու արտօնութիւն` առանց որեւէ սահմանափակումներու եւ տուրքերէ ազատ մնալու իրաւունքով: Հայութեան մեծամասնութիւնը Մոզտոք փոխադրուեցաւ դրացի շրջաններէն` Քապարտինօ Պալքարէն, Աստրախանէն, Ղզլարէն: Քաղաքին...

Մինչեւ Ե՞րբ

Տեսակէտ. Ընդունելի Չէ

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Այս ամառ ուրախանալի երեւոյթ էր, որ շաբաթը եօթը օր Հայաստան թռիչք ունէինք: Նոյնիսկ շաբաթներ եղան, որ թիւը իննի հասաւ: Հետաքրքրական եւ քաջալերական երեւոյթ էր նաեւ, որ ոչ հայերու մեծ թիւ մը Հայաստան երթալու բնական փափաք մը կը դրսեւորէր: Աւելի ուրախալի էր անոնց վերադարձէն ետք դրական արտայայտութիւնները մեր հայրենիքի մասին: Պէտք է ըսել, որ վերջին տարիներուն դէպի Հայաստան զբօսաշրջութեան...

Կենսական Ձեռնարկ Մը Եւ Փոքր Ճշդում Մը

Կենսական Ձեռնարկ Մը Եւ Փոքր Ճշդում Մը

Անցնող մայիսին Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանէն ներս բացումը կատարուած է «Արեւմտահայերէնի հայագիտական գիտահետազօտական կեդրոն»-ի մը, որ յոյժ կարեւոր նշանակութիւն ունի, յատկապէս մեզ` արեւմտահայերուս համար: «Գրական Թերթ»-էն քաղուած եւ ստորեւ տրուած թղթակցութիւնը ընդհանուր գաղափար մը կու տայ մեզի բացման հանդիսութեան եւ կեդրոնի բնոյթի մասին: Ընթերցելէ առաջ կ՛ուզենք ճշդում մը կատարել: Թղթակցութեան մէջ կ՛ըսուի. «Որ հէնց արեւմտահայերէնն ու Արցախի բարբառն են հարազատ...

Գիտական Եզակի Կեդրոն

Գիտական Եզակի Կեդրոն

ՔՆԱՐ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ Լուտովիկա եւ Յակբ Այնթապլեան Կեդրոնի գլխաւոր մասնագէտ Մայիսի 11-ին Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանում տեղի ունեցաւ «Արեւմտահայերէնի, հայագիտութեան գիտահետազօտական Լուտովիկա եւ Յակոբ Այնթապլեան կեդրոն»-ի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որին ներկայ էին` ԱՀ ԿԳՍ նախարար Նարինէ Աղաբալեանը, ՀԳՄ նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը, ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ Ալեքսանտր Մանասեանը, բանաստեղծ, թարգմանիչ, գրականագէտ Հենրիկ Էդոյեանը, բանաստեղծ, թարգմանիչ Յակոբ Մովսէսը, բանաստեղծ Մովսէս Մանուկեանը, ճանաչուած գրողներ,...

Page 658 of 1111 1 … 657 658 659 … 1,111

Արխիւներ