Համազգայինի 90-ամեակի Երեւանի տօնակատարութեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանի խօսքը կը ներկայացնենք ստորեւ:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյին անունով կը շնորհաւորեմ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 90-ամեակը:
Համազգայինի հիմնադրութիւնը սերտօրէն կապուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հետ` ո՛չ միայն որովհետեւ ան հիմնադրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան տասնամեակի օրը` 1928-ի մայիս 28-ին, այլ նաեւ անոր համար, որ անոր հիմնադիրներուն մէջ էին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական դէմքերէն ոմանք` Նիկոլ Աղբալեանը, Լեւոն Շանթը, Համօ Օհանջանեանը:
Համազգայինի նման կազմակերպութեան մը հիմնադրութիւնը անհրաժեշտութիւն նկատուած էր աւելի քան երեք տարի առաջ, 1924-ի նոյեմբերէն 1925-ի յունուարին, Փարիզի մէջ գումարուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 10-րդ Ընդհանուր ժողովին կողմէ: Այդ ժողովը որոշեց, որ «ՀՅ Դաշնակցութեան գերագոյն մտահոգութիւն(ներէն մէկ)ը պիտի ըլլայ [հայութեան] ազգային նկարագրի անվթար զարգացումը:
«Այս առաջադրութեամբ, կուսակցութեան անմիջական քաղաքական խնդիրներէն (մէկը) պիտի ըլլա(յ`)
«Պաշտպանել եւ զարգացնել ազգային մշակոյթի արժէքները եւ պայքարիլ այլասերման վտանգներուն դէմ, թէ՛ երկրի եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ»:
Իսկ «ՀՅԴ դերը գաղութներու մէջ» գլուխին տակ, 10-րդ Ընդհանուր ժողովը կ’որոշէր. «Ուժ տալ դպրոցական ցանցը զօրացնելու գաղութներուն մէջ: Այս նպատակով թելադրել հիմնելու կեդրոնական կազմակերպութիւն մը, իբրեւ գործնական ազդակ մայրենի դաստիարակութեան տարածման»:
1929-ին Փարիզի մէջ գումարուած ՀՅԴ 11-րդ Ընդհանուր ժողովը կը հաստատէ, որ` «Համազգային կրթական եւ հրատարակչական ընկերութեան» նպատակները «ամէն տեսակէտով կը համապատասխանեն կուսակցական նոր մտաւորականութիւն հասցնելու պահանջին, (առ այդ) Ընդհ. ժողովը կ՛որոշէ.֊
«2. Կազմել կազմակերպական շրջաններու մէջ կուսակցական եւ առաւելապէս չէզոք անհատներէ մարմիններ «ՀԿ եւ Հ» Ընկերութեան նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակելու համար»:
Իսկ 1933-ին գումարուած ՀՅԴ 12-րդ Ընդհանուր ժողովը (Փարիզ) կ՛որոշէ զարկ տալ Համազգայինի կառոյցներու տարածման եւ ընդլայնումին:
Եւ այսպէս շարունակ, Համազգայինը Դաշնակցութեան համար եղած է ո՛չ միայն ուղեկից, այլ նաեւ` լծակից կազմակերպութիւն: Դաշնակցութեան պատասխանատուներէն շատեր, ինչպէս անցեալին, նաեւ` ներկայիս, առանցքային դերակատարութիւն ունեցած են եւ ունին Համազգայինի գործունէութեան մէջ:
Ամբողջ իննսուն տարի, ինչպէս կը հաստատէ 2015-ին Դիլիջանի մէջ գումարուած ՀՅԴ 32-րդ Ընդհանուր ժողովը, «Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը ստանձնած է Սփիւռքի հայութեան ազգային դիմագիծի պահպանման եւ այդ ճանապարհով նոյնպէս Հայ դատի հետապնդման յանձնառութիւնը նոր սերունդներու մէջ վառ պահելու առաքելութիւնը»:
Ընդհանուր ժողովը կ’արձանագրէ նաեւ, որ «Համազգայինը կը գտնուի մեծ մարտահրաւէրներու առջեւ` արդիականացնելու իր կազմակերպական կառոյցը եւ հաղորդակցական միջոցները, ամրակայելու եւ զարգացնելու իր կրթական հաստատութիւններու ցանցը, որակական նոր մակարդակի բարձրացնելու իր մշակութային գործունէութիւնն ու հրատարակչական աշխատանքը, վերջապէս մշակոյթի ճանապարհով մղելու նոր սերունդին հաղորդակցելու հայութեան ու հայ կեանքին հետ»:
Առ այդ, Ընդհանուր ժողովը պարտականութիւնը կը դնէ կուսակցութեան բոլոր մակարդակներու պատասխանատու մարմիններուն վրայ` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու Համազգայինի գործունէութիւնը առաւել արդիւնաւորելու նպատակով:
Վերջին տասնամեակներուն, Համազգայինի գործունէութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, իսկ վերջին տարիներուն` այդ գործունէութիւնը Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ եւս ծաւալելու նախաձեռնութիւնները Համազգայինի կառոյցը եւ առաքելութիւնը դարձուցած են իսկապէս համազգային, համահայկական:
Համազգայինի 90-ամեակը մարտահրաւէր է մեր երիտասարդութեան համար` հայրենիքէն մինչեւ սփիւռքի ամենահեռաւոր անկիւնները: Հայութեան այսօրուան պայմանները, համեմատած 90 տարի առաջուան պայմաններուն հետ, շատ աւելի բարենպաստ են. այդ պայմաններուն առանցքը վերանկախացած 100-ամեայ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է: Սակայն, այսօր, նոյնքան եւ աւելի ժամանակակից կը հնչեն Համազգայինին ծնունդ տուած մարտահրաւէրները. «Պաշտպանել եւ զարգացնել ազգային մշակոյթի արժէքները եւ պայքարիլ այլասերման վտանգներուն դէմ, թէ՛ երկրի եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ»: Համազգայինի մեծ ընտանիքին համար, այս մարտահրաւէրները յաղթահարելու մօտեցումը երբեք չէ եղած ինքնապահպանումը, ինքնամեկուսացումը, ինքնամփոփումը, լճացումը: Այսօր, առաւել եւս կենսական է այդ մօտեցումին տալ նոր մղում, հայապահպանման գործը վերածելով հայակերտման գործի: Թէ ինչպէ՞ս` ատոր պատասխանը պիտի տայ մեր երիտասարդութիւնը:
Շնորհակալութիւն:



