Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրապայքարի Թելադրանքով

September 11, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Այն օրէն, երբ ընտրապայքարի ազդանշան տրուեցաւ, այս պարագային` Երեւանի աւագանիի եւ քաղաքապետի պաշտօններուն համար, երկրին մէջ տիրապետողը դարձաւ ընտրապայքարին թելադրած մթնոլորտը, որուն ընթացքին դժուար թէ կարելի ըլլայ ակնկալել, որ պայքարող կողմերը իրարու սիրոյ պատգամներ պիտի փոխանցեն:

Այդպէս չի՛ կրնար ըլլալ հիմա, եւ այդպէս պիտի չըլլայ նաեւ այն օրէն, երբ պիտի յայտարարուի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն թուականը:

Այս փուլին մամուլն ու թեկնածուներու քարոզչական պատասխանատուները իւրաքանչիւր թեկնածուի պիտի հետեւին խոշորացոյցով, եւ որքա՛ն ալ անընդունելի ու մերժելի ըլլայ, պիտի դիմուի զրպարտանքի, ինչպէս է պարագան ՀՅԴ-ի թեկնածուին` Միքայէլ Մանուկեանի մասին հրապարակումներուն, պիտի ընդգծուին մրցակից թեկնածուներուն ձախաւեր յայտարարութիւնները, ինչպէս է պարագան «Քաղաքացիական պայմանագիր» դաշինքի թեկնածու Հայկ Մարութեանի` «սեւ ու սպիտակ»-ի ու «մեր դէմ խաղ չկայի» խօսքերուն:

Քաղաքական ուժերը, որոնք որոշած են մտնել այս ընտրապայքարին մէջ, անշուշտ որ իրենց քարոզչութիւնը պէտք է տանին որոշ բարոյական չափանիշներով եւ խուսափին զրպարտանքներ ուղղելէ իրենց մրցակիցներուն:

Ընտրապայքարին բարոյականութիւնը, սակայն, չի կրնար ծածկել թեկնածուներուն թերութիւնները, եւ անոնց հանդէպ սուր քննադատութիւնները պէտք է դիտել այդ պայքարի տրամաբանութեան ծիրին մէջ: Այդ տրամաբանութեամբ կարելի է սուր հարուածներ ուղղել թաւշեայ յեղափոխութեան ղեկավար, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարած` Երեւանի քաղաքապետի թեկնածուին դէմ: Այդ սլաքները, անշո՛ւշտ, կրնան ուղղակիօրէն հարուածել վարչապետին կուսակցութիւնը, որուն թեկնածուն եւս մտած է պայքարի, եւ նոյնիսկ անուղղակիօրէն` վարչապետի՛ն, որ ի վերջոյ իր օրհնութիւնը տուած է այդ թեկնածութեան նշանակման գործին:

Եւ ասիկա բնակա՛ն է:

 

 

Նախորդը

Հաւաքական Նպատակասլաց Կեանքի Տեսլականի Ի Խնդիր

Յաջորդը

Զանգուածային Յանցագործութիւն Մը Ու Անոր Հետեւանքները

RelatedPosts

Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պարտաւորեցնէ Պահպանել Մեր Ինքնութիւնն Ու Այնճարի Հայեցի Դիմագիծը, Զօրացնել Հայաստանը Եւ Պահպանել Լիբանանի Հայկական Ներկայութիւնը*
Անդրադարձ

Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պարտաւորեցնէ Պահպանել Մեր Ինքնութիւնն Ու Այնճարի Հայեցի Դիմագիծը, Զօրացնել Հայաստանը Եւ Պահպանել Լիբանանի Հայկական Ներկայութիւնը*

September 24, 2026
Ուսանողութիւնը Եւ Մենք
Անդրադարձ

Կայունութիւնը Երաշխիք Է Հեղինակութեան

September 24, 2026
Գաղափարը
Անդրադարձ

Գաղափարը

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.