ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թուրքիոյ պետութիւնը առկախած է Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցելուն դէմ իր հաստատած 3-ամեայ արգելքը եւ «վեհանձնաբար» արտօնած, որ հայերը 9 սեպտեմբերին այդտեղ պատարագ մատուցեն Խաչվերացի տօնին առիթով: Եւ որպէսզի պատարագի մասնակիցներուն կամ այլոց մտքերուն մէջ յանկարծ անտեղի շփոթ մը չստեղծուի, Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարն ու թուրք պաշտօնատարներ` իբրեւ «հիւրընկալ տանտէրեր», ներկայ գտնուած են «թրքական թանգարանին» մէջ մատուցուող արարողութեան:
Ըստ Անգարայի, հայկական հնադարեան այդ եկեղեցին թրքական պետական թանգարան մըն է, ուր առանց արտօնութեան պատարագ մատուցելը կամ աղօթելը արգիլուած է: Այդտեղ մատուցուող պատարագները Թուրքիոյ պետութեան համար ընդամէնը զբօսաշրջական ձեռնարկներ են, իսկ անոնց մասնակիցները` զբօսաշրջիկներ, որոնք, «Անատոլու»-ի վկայութեամբ, եկեղեցւոյ տարածքին փոքրութեան պատճառով խումբ առ խումբ մտած են ներս` ըստ երեւոյթին վայելելու համար եկեղեցւոյ ճարտարապետական գեղեցկութիւնը` շարականներու կենդանի մատուցման ընկերակցութեամբ: Անհեթեթ կացութիւն մը, ուր խումբ մը կրնայ խոստովանանքին ներկայ ըլլալ, իսկ ուրիշ խումբ մը` հաղորդութեան, երրորդ խումբ մը` քարոզի սկիզբին, իսկ չորրորդ մը` աւարտին: Թրքական պետութեան նախախնամութեամբ ուխտագնացութիւնը վերածուած է զբօսաշրջութեան, եւ ուխտագնացը` կամայ թէ ակամայ, զբօսաշրջիկի:
Ս. պատարագէն օրեր առաջ Արամ արք. Աթեշեան յայտնած էր, որ 2011-ին անոր մասնակցած էին 7000 անձեր, սակայն այս տարի հաւանաբար 2000-3000 անձեր պիտի մասնակցին: 100-ամեայ ակամայ դադարէ ետք մատուցուած առաջին պատարագէն ետք ոգեւորութիւնը բնականաբար պիտի նուազէր: Նուազած է նաեւ թրքական պետութեան` իր հանդուրժողականութիւնը շեփորող քարոզչութիւնը, որուն համար պատարագին կայացումը ինքնին բաւարար վերյիշեցում մըն է:
Թրքական արտօնութեամբ մատուցուած նշեալ պատարագին մասնակցութիւնը իրողութեան մէջ ուխտագնացութիւն չէ, ոչ իսկ զբօսաշրջութիւն, այլ` պարզ ու յստակ ստորնացում: Այդտեղ պատարագ մատուցելը մեր իրաւունքն է, սակայն թրքական իշխանութիւնները զայն վերածած են շնորհի: Մեր սեփական տան մէջ, տարին անգամ մը ուրիշին արտօնութեամբ հաց ուտելը վերյիշեցում մըն է այն դառն իրողութեան, թէ բռնագրաւուած է ո՛չ միայն այդ տունը, այլ նաեւ այն սրբազան հողը, որուն վրայ կառուցուած է այդ պատմական կոթողը: