Ա. Ա.
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Էրտողան կը հետապնդէ անիրագործելի ծրագիր մը: Միացեալ Նահանգներու հետ քաղաքական սուր տագնապին պատճառով ստեղծուած անել վիճակէն դուրս գալու եւ թրքական տագնապահար տնտեսութեան առաւել վատթարացման առաջքը առնելու անիրապաշտ ծրագիրը կը վերաբերի արտաքին առեւտուրը թրքական լիրայով կատարելու նպատակի մը, որուն մասին քարոզչութիւնը արդէն իսկ սկսած է:
Թէ ի՛նչ դրոյթներու վրայ հիմնուելով նման ծրագիր մը կարելի է իրագործել, տնտեսագէտներու եւ ելեւմտագէտներու մասնագիտական վերլուծման կը կարօտի, որովհետեւ համաշխարհային առեւտուրի բաղկացուցիչները նման բան չեն արտօներ, ոչ ալ կ՛ընձեռեն այն բարենպաստ պայմանները, որոնցմով կարելի ըլլայ ազգային դրամանիշը միջազգային շուկային մէջ վերածել առեւտուրի ազդու գործօնի մը: Ի վերջոյ, գնողական արժէքը պիտի հաշուարկուի եւ որոշուի ցուցանիշի մը հիմամբ, եւ ատիկա այսօրուան դրութեամբ ամերիկեան տոլարն է, կամ եւրոն` առեւտրատնտեսական որոշ գօտիներու մէջ:
Փոխանակ Կեդրոնական դրամատան արտօնելու, որ տոկոսները բարձրացնէ, Էրտողան դիմեց զուտ ամբոխավարական մեթոտաբանութեան մը, որպէսզի Թուրքիան եւ թուրքերը առաջնորդէ հոն, ուր կը փափաքի տեսնել երկիրը: Այսինքն ելեւմտական արկածախնդրութիւն մըն է կատարուածը` ներկայացնելով թրքական լիրայով առեւտուր ընելու տարբերակը:
Նախ թուրք զանգուածներու, ապա իր կուսակցութեան վերնախաւին դիմաց արտասանած խօսքերուն մէջ, Էրտողան սկսաւ յառաջ քշել ազգային դրամանիշով ներածում եւ արտածում կատարելու ընտրանքը, որ իբր թէ պիտի յաջողէր Թուրքիան եւ թուրքերը ձերբազատել ամերիկեան տոլարէն կախեալ ըլլալու կացութենէն:
Սակայն կ՛արժէ ակնարկ մը նետել Թուրքիոյ ներածումներուն եւ արտածումներու պատկերներու վրայ, որպէսզի առաւել յստակ դառնայ Էրտողանի այս ծրագրին սնանկութիւնը:
Տուեալները կը վերաբերին 2016-ի ներածումներու եւ արտածումներու գումարներուն: Արտածումը կը կազմէ 142,5 միլիառ տոլար, իսկ ներածումը` աւելի քան 198,5 միլիառ տոլար: Արտածումներու պարագային, նոյն տարուան ընթացքին Գերմանիա կը գրաւէ առաջին դիրքը` շուրջ 14 միլիառ տոլարով, իսկ հինգերորդ դիրքի վրայ կը գտնուին Միացեալ Նահանգները` աւելի քան վեցուկէս միլիառ տոլարով:
Ներածումներուն պատկերը աւելի խօսուն է: Առաջին դիրքի վրայ է Չինաստանը, ուրկէ Թուրքիա 2016 տարուան ընթացքին 25,5 միլիառ տոլարի արժողութեամբ ներածում կատարած է: Երրորդ դիրքի վրայ կը գտնուի Ռուսիան` 15 միլիառ տոլարով, իսկ Միացեալ Նահանգներ կը գրաւեն չորրորդ դիրքը` շուրջ 11 միլիառ տոլարով:
Այս թիւերը բաւական են եզրակացնելու, որ Էրտողանի` ազգային դրամանիշով արտաքին առեւտուր կատարելու ծրագիրը կատարելապէս անիրապաշտ մօտեցում մըն է, որովհետեւ նման վիթխարի գումարներ թրքական լիրայով վճարելու ընտրանքը իրագործելի չէ: Նախ` առեւտուրի գործընկերներ գտնելու, ապա վճարուած գումարները արդիւնաւէտօրէն գործածելու, ինչպէս նաեւ` համապատասխան վճարումներ կատարելու իրարմէ կախեալ համակարգի մը մէջ, ուր ամերիկեան տոլարն է գերիշխողը:
Ամենայնդէպս Էրտողան ազգային դրամանիշով արտաքին առեւտուր կատարելու ընտրանքին մասին խօսեցաւ Խըրխըզիստանի մայրաքաղաք Պիշքեքի մէջ, ուր կայացաւ թրքախօս երկիրներու համագործակցութեան վեհաժողովը: «Մենք պէտք է ձերբազատինք ամերիկեան տոլարէն եւ առեւտուր ընենք մեր ազգային դրամանիշներով` այլընտրանքներ գտնելով», յայտարարեց էրտողան, որուն կոչը այդպէս ալ մնաց անարձագանգ` Ազրպէյճանի, Ղազախստանի եւ Խըրխըզիստանի կողմէ:
Թուրքիոյ տնտեսական տագնապին առաւել վատթարանալու բոլոր ցուցանիշները գոյութիւն ունին: Թրքական լիրան սրընթաց թափով մը կը շարունակէ արժեզրկուիլ, իսկ սղաճն ալ հասած է տասնութ առ հարիւրի, ինչ որ ելեւմտագէտները մղած է ասպարէզ կարդալու Էրտողանի ամբոխավարական դասական լուծումներուն, թէ՛ փոխանակ զանգուածները մղելու, որ ամերիկեան տոլարէն հրաժարին եւ զայն թրքական լիրայով փոխանակեն, կարեւոր եւ անյետաձգելի է նախ պետական ծախսերուն սեղմումը, ապա տոկոսներու բարձրացումը եւ ամէնէն կարեւորը` Միացեալ Նահանգներու հետ քաղաքական տարակարծութիւններուն հարթումը, որպէսզի նոր պատժամիջոցներու ենթակայ չըլլայ Թուրքիան, ուր ձմրան նախօրեակին արդէն իսկ տիրական է խոր մտահոգութիւնը, թէ սղաճը իր գլաններուն տակ պիտի տրորէ պաշտօնեաներուն ամսականները եւ բանուորներուն աշխատավարձերը:
էրտողան տակաւին կը մերժէ Կեդրոնական դրամատան տալ բաւականաչափ ազատութիւն` ելեւմտական շուկային մէջ անհրաժեշտ քայլերուն դիմելու, որպէսզի դիմակալուի տնտեսական տագնապը: Այս իմաստով, Էրտողանի կեցուածքը բառին ամբողջական իմաստով բռնատիրական է, եւ որ ցուցանիշ է նաեւ գահավիժման հոլովոյթին, որ ընթացք առած է Էրտողանի քաղաքական ասպարէզին մէջ: