Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Կեդրոնանալ Երկու Փուլերու Վրայ

Սեպտեմբեր 13, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնին եւ Յատուկ քննչական ծառայութեան պետին միջեւ կայացած հեռախօսազրոյցներու հրապարակումը աւելիով թէժացուց ներհասարակական մթնոլորտը: Կը թուի, որ շղթայական հակազդեցութիւններու շարքի դրսեւորումն է, որ տեղի կ՛ունենայ այս օրերուն մեր երկրին մէջ:

Բնականաբար նախ եւ առաջ խիստ մտահոգիչ է, որ անվտանգութեան հետ կապուած հարցերու ծառայութիւններու գլխաւորները կը գաղտնալսուին. եթէ չհրապարակուէր նման ձայնագրութիւն, տրամաբանօրէն կրնանք ենթադրել, որ գաղտնալսումներն ու գաղտնաձայնագրումները շարունակուէին: Պատահարը մտածել կու տայ նաեւ մինչ այդ նման վերահսկողութիւն իրականացուած ըլլալու ենթադրութեան մասին:

Իրավիճակը յաւելեալ չթէժացնելու եւ ներհասարակական նոր լարուածութիւններու չառաջնորդելու համար նախ եւ առաջ կը մտածուի, թէ ո՛ր կեդրոնն է, որ նման գործողութիւն կը կազմակերպէ եւ ի՛նչ նպատակ հետապնդելու համար:

Օրէնքի գերակայութիւն դաւանած եւ իրաւական պետութիւն հիմնելու առաջադրանքով հանդէս եկող նորահաստատ իշխանութիւնները հարցը իրաւական հարթութեան վրայ շարունակել լուծելու վարքագիծը անշեղ պահելու խնդիր կրնան դիմակայել: Բնականաբար խորապէս մտահոգիչ կը նկատուի երկրորդ պետութեան ուրուականին գոյութեան համոզումը փոխանցող նման երեւոյթ մը:

Սառնասրտութիւն պահելու հրամայականը գերակշիռ է այստեղ` պետութեան շահի գերակայութիւնը ամէն առնուած քայլին հաշուարկելով: Մեր երկիրն ու պետութիւնը Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ստացած են դրական գնահատական. զուգահեռ` ամէնէն խիստ շեշտադրումներով քննադատուած է պաշտօնական Պաքուն եւրոպական հակաարժէքային քաղաքականութիւն կիրարկելու պատճառով:

Մեր առաւելը մեր հակառակորդին եւ գնահատականը` Եւրոպայի կողմէ ըստ էութեան հիմնուած էր անարիւն յեղափոխութեան, ժողովրդավարական կանոններու յարգումին, փտածութեան դէմ պայքարի դրսեւորումներուն վրայ. ինչ որ կ՛ենթադրուէր, որ պիտի արագացնէ Երեւան – Եւրոպական Միութիւն խորը եւ ընդլայնուած համաձայնագիրի վաւերացման գործընթացը: Այս մէկը ամէնէն հիմնական ուղղութիւնն է նաեւ մեր երկրի փոխլրացուցիչ արտաքին քաղաքականութեան եւ բազմակողմ դիւանագիտութեան: Տարածաշրջանին նկատմամբ ամերիկեան թափանցման քաղաքականութեան եւ միւս կողմէ Ռուսիայէն կախեալութեան միջեւ եւրոպական ուղղութիւնը իրօք հաւասարակշիռ հանգամանք կրնայ ապահովել:

Այդ հանգամանքի իրացման համար անհրաժեշտ է շարունակել եւրոպական արժեհամակարգին ընդառաջ քաղաքական, իրաւական գործողութիւններով: Իսկ այստեղ ահա առաջին հորիզոնականը ժողովրդավար կարգերն են, մարդու իրաւունքներու յարգումը, արդարադատութեան ապաքաղաքականացումը, փտածութեան վերացումը, արդար, ազատ, թափանցիկ ընտրութիւններու կազմակերպումը:

Իշխանութիւններն ու իրաւապահ մարմինները պատահած զգայացունց իրականութեան դիմաց, հարցերու լուծման զուտ իրաւականութեան գիծերուն մէջ ինքնասահմանափակման հրամայականին առջեւ են, մեկնած` պետութեան գերակայ շահերէն: Պետական մտածողութիւնը չ՛արտօներ խնդիրները քաղաքականացնել եւ որեւէ կերպ խնդրոյ առարկայ դարձնել արդարադատութեան անկախութիւնը:

Այս պատճառներով ալ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընդառաջ մեկնարկած նախընտրական արշաւի նիւթերը կեդրոնացնել Երեւանի խնդիրներուն, քաղաքացիներուն հարցերուն, քաղաքային եւ թաղային անլոյծ եւ առկախ մնացած հարցերու լուծման եւ ընդհանրապէս քաղաքաշինութեան հետ կապուած երեւոյթներուն վրայ: Հիմա է, որ առաւելաբար քաղաքացիական շարժումներու առաջ մղած խնդիրները պէտք է վերստին արծարծուին, քննարկուին, բանավէճերու ենթարկուին, քաղաքական բաղադրիչները ձգելով խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Արդար, ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւններու քաղաքակիրթ բառապաշարով ընթացող նախընտրական արշաւները մեծապէս դրական դեր կ՛ունենան մեր երկրի ո՛չ միայն միջազգային հեղինակութեան բարձրացման, այլ նաեւ արտաքին փոխլրացուցիչ քաղաքականութեան իրացման համար կարեւոր ուղի հարթելով:

Յեղափոխութիւնը համակարգային փոփոխութիւն կ՛իրականացնէ: Փուլ առ փուլ: Հիմա ընտրական համակարգը բիւրեղացնելու եւ արդարադատութեան անկախութիւնը ամրագրելու փուլերն են: Իսկ այս առաջադրանքները կը բխին ինչպէս պետութեան, այնպէս նաեւ հասարակութեան շահերէն: Երկու ուղղութիւններու ճիշդ հունաւորումը մեր երկրի վարկին, տրուելիք հնարաւորութիւններուն եւ արտաքին քաղաքականութեան համար եւս կրնան լրջագոյն առաւելներ ապահովել:

«Ա.»

Նախորդը

Արմէն Ռուստամեան. «Կասկածը Լաւ Վահան Է, Բայց Վատ Սուր, Անով Կարելի Է Պաշտպանուիլ, Բայց Կարելի Չէ Յարձակիլ»

Յաջորդը

Հայաստանի Լրագրողներու Ֆութպոլի Հաւաքականը Մեկնեցաւ Լիթուանիա

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?