Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գորշ Գայլեր»-ը, Էրտողան Եւ Թրքական Պետութեան Խորքային Համակարգը

Սեպտեմբեր 10, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Թուրքիոյ մէջ ոչ ոք կրնայ նախագահ Էրտողանը հրապարակաւ քննադատել` առանց դատուելու եւ բանտարկուելու: Միայն մէկ բացառութեամբ` Ալաէտտին Չեքիճին:

Մտաւորականներ, լրագրողներ, գրողներ, նոյնիսկ դերասանուհի մը դատուած են եւ բանտարկութեան դատապարտուած` Էրտողանը քննադատելու յանցանքով: Բայց Ալաէտտին Չեքիճին մնաց անպատիժ, եւ ոչ ոք համարձակեցաւ զայն պատասխանատուութեան կանչել, կամ նոյնիսկ` անդրադառնալ անոր ֆէյսպուքեան գրառման, որովհետեւ կան կարմիր գիծեր, զորս նոյնիսկ Էրտողանը չի կրնար շրջանցել:

«Գորշ գայլեր» կազմակերպութիւնը այդ կարմիր գիծերուն մէջ իսկ ունի իր առաջին դիրքը, եւ ոչինչ կրնայ այս իրողութիւնը փոխել: Չեքիճին, որ իբրեւ մաֆիա-աւազակախումբի մը հիմնադիրը եւ գլխաւորը քանի մը ամբաստանութիւններու հիմամբ բանտարկուած է, Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ սուր կերպով քննադատեց Էրտողանը, որովհետեւ ան յաղթանակի իր ճառին մէջ ամբողջութեամբ անտեսեց ծայրայեղ ազգայնական Ազգային շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելին` անգիտանալով ծայրայեղ ազգայնականներուն բերած օժանդակութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ անկէ առաջ սահմանադրական փոփոխութեան հանրաքուէին:

Էրտողանը անցորդ մը, իսկ ազգայնականները տանտէր համարելով` Չեքիճին հարցականի տակ առաւ Էրտողանին հայրենասիրութիւնը, որ բնաւ Պահչելիի հայրենասիրութեան հետ կարելի չէր բաղդատել: «Պէտք է գիտնաս, որ Իւլքիւճիները Թուրքիոյ հիմնաքարն են», կը գրէր Չեքիճին իր գրառման մէջ:

Իւլքիւճի բառացիօրէն կը նշանակէ գաղափարապաշտ: Ազգային շարժում կուսակցութեան փողոցային շարժման անունն ալ` Իւլքիւ օճաքլարի, այսինքն` գաղափարապաշտներու տուն: Սակայն այս շարժումը Եւրոպայի մէջ առաւել ծանօթ է «Գորշ գայլեր»-ու կազմակերպութիւն անունով: Կառոյց մը, որ թրքական պետութեան խորքային համակարգին հիմնաքարերէն մին է, եւ ոչինչ կրնայ զայն արմատախիլ ընել: Ոչ ոք կը համարձակի այս կազմակերպութեան ծալքերը թափանցել: Նոյնիսկ` Էրտողանը:

Բայց կ՛արժէ ակնարկ մը նետել Ալաէտտին Չեքիճիի անցեալին վրայ, որպէսզի առաւել յստականայ «Գորշ գայլեր»-ու դերակատարութիւնը Թուրքիոյ պետական համակարգին մութ քուլիսներուն մէջ:

Չեքիճին առաջին անգամ ձերբակալուեցաւ 1980-ի պետական հարուածէն ետք, եւ սարքուեցաւ անոր դատավարութիւնը` աւելի քան քառասուն անձերու սպանութեան յանցանքով: Սպանեալները ձախակողմեան շարժումներու անդամներ էին: Չեքիճին, սակայն, յանկարծ յայտնուեցաւ Թուրքիայէն դուրս, կեղծ անցագրով մը Ֆրանսա խոյս տալով: Ապա 1999-ին դարձեալ վերադարձուեցաւ Թուրքիա, ուր բանտարկուեցաւ: 2002-ին ազատ արձակուելէն ետք, ան դարձեալ յաջողեցաւ խոյս տալ Թուրքիայէն` անգամ մը եւս կեղծ անցագիր մը գործածելով: Երկու տարի ետք, 2004-ին Չեքիճին յայտնաբերուեցաւ Աւստրիոյ մէջ, ուր այս անգամ կը կրէր յատուկ ծառայութեան անցագիր մը: Եւ ահա մամուլին մէջ սկսաւ սպրդիլ ցնցիչ տեղեկութիւններ` Չեքիճիին ծաւալած գործունէութեան մասին:

Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնները Չեքիճին օգտագործած էին բազմաթիւ սպանութիւններու համար` մաքրագործելով այսպէս կոչուած ահաբեկիչներ: Քիւրտեր էին անոր զոհերը: Ան նաեւ կատարած էր գործեր, որոնք կարելի չէր գլուխ հանել` պետական սպասարկութիւններու միջոցով: 1990-ական թուականներուն Չեքիճին սպանութիւններ գործած էր Եւրոպայի տարածքին եւ Լիբանանի մէջ: Բոլոր գործողութիւններն ալ յանձնարարուած էին Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան կողմէ:

Չեքիճին ապա սկսած էր անհակակշռելի տարր մը դառնալ` «Գորշ գայլեր»-ու կազմակերպութեան ղեկավար դիրքերու հասնելով եւ վերածուելով պետութեան մէջ խորքային կառոյցի մը միահեծան ղեկավարը: Այս կացութիւնը գլխացաւ կը պատճառէր գաղտնի սպասարկութեան, եւ ահա ան դարձեալ բանտ առաջնորդուեցաւ, այս անգամ` իբրեւ աւազակախումբի մը ղեկավարը:

Ուրեմն տեսականօրէն Չեքիճին ոչ մէկ սպառնալիք էր: Բայց ահա 12 մայիսին Տեւլեթ Պահչելին, որուն կուսակցութեան անդամ քառասուն ինը երեսփոխանները Էրտողանի 290 երեսփոխաններուն հետ կազմեցին խորհրդարանին մեծամասնութիւնը, Թուիթըրի իր էջին վրայ գրառում կատարելով` պահանջեց Չեքիճիին եւ Քուրսատ Եըլմազին ազատ արձակումը: Եըլմազը եւս Իւլքիւ օճաքի ղեկավարներէն է, որ նաեւ բանտարկուած է: Պահչելին նոյնիսկ բանտին մէջ այցելեց Չեքիճիին եւ զայն ու Եըլմազը «Թուրքիան պաշտող եղբայրներս» կոչեց:

Տրամաբանականօրէն Չեքիճին եւ Եըլմազը սովորական աւազակներ եւ յանցագործներ են: Երեւոյթը ատիկա ցոյց կու տայ, որովհետեւ երկուքն ալ բանտարկուած են:

Բայց Էրտողանին թիկունք կանգնող եւ խորհրդարանին մէջ ալ անոր կուսակցութեան երեսփոխաններուն հետ մեծամասնութիւն կազմող Ազգային շարժում կուսակցութեան ղեկավարին` Չեքիճիին եւ Եըլմազին նկատմամբ զօրակցական հրապարակային կեցուածքները այլ իրողութիւն մը կը պարզեն, մանաւանդ` երբ Էրտողանը բացարձակ լռութիւն կը պահէ Չեքիճիին կողմէ իր հասցէին կատարուած սուր քննադատութեան դիմաց:

 

 

 

Նախորդը

Կ՛ուզուի.- «Հայֆիլմ»-ի Ծռեր

Յաջորդը

Տեսակէտ. Շնորհակալութի՛ւն, Բայց…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?