ՄԱՐՏԻԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
Այո՛, հայ ժողովուրդը ունի տեսլական, որ կը խտանայ իր հիմնական նպատակներու աստիճանական իրագործման մէջ. այս` որպէս հիմնական վերնագիր, իսկ հայ մարդուն համար հիմնական այդ նպատակը կը կայանայ Հայաստանի ու Արցախի ուժեղացմամբ ու ժամանակակից, արդի պետութեան կայացումով:
Պետութիւն մը, որ յուսալի եւ խանդավառող ընթացք որդեգրած է դէպի արդար հասարակակարգ եւ ընկերա-տնտեսական համակարգ, որ կը յատկանշուի ժամանակակից եւ արդի պետութեան յատկանիշներով:
Այս նպատակի իրագործումը իրաւունքն ու պարտականութիւնն է ամէն մէկ հայու` ըլլայ Հայաստանի քաղաքացի թէ սփիւռքահայ:
Այս նպատակներու իրագործումը ոչ մէկ հայու համար վիճելի է, եւ աւելի՛ն, ամէն մէկ հայ պատրաստ է իր առաւելագոյնը զոհաբերելու անոնց իրագործման համար:
Հակառակ վերջին տասնամեակներուն հայաստանեան բեմի պարզած քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային դժուարութիւններուն` բարեբախտաբար հայ մարդը իր մէջ բաւական ներուժ ու կարողականութիւն կը գտնէ զանոնք չէզոքացնելու ու պայքարելու անոնց լուծման ի խնդիր:
Հայ սփիւռքը, ներառեալ` նաեւ նոր կազմուած սփիւռքը, հակառակ իր բնոյթին իսկ բերումով դրսեւորուող դժուարութիւններուն ու պարզած վիճակին, կարելիութիւն ունի հիմնական նպատակներու շուրջ բոլորուելու: Ժխտական երեւոյթ նկատուող սփիւռքը իր բազում խնդիրներով (լեզու, մշակոյթ, համախումբ ապրելաձեւ, կենցաղային հարցեր) կարիքը ունի բացասական գոյառումէն դրական գործօնի վերածուելու:
Նոր չէ այն մտածումը, որ սփիւռքը, իր բնոյթով ժխտական ըլլալով հանդերձ, իր մէջ կը պարունակէ բոլոր այն տուեալները, որոնք զայն կը վերածեն ուժեղ եւ ազդեցիկ գործօնի:
Հայաստանը տնտեսական լայն կարելիութիւններով օժտուած երկիր չէ. այս ճշմարտութեան ծանօթ ենք բոլորս. ուժանիւթ, ճարտարարուեստ, բաց ծով եւ այլն, որոնք երկրի մը տնտեսական լայն կարելիութիւններ կու տան, հաւանաբար լա՛ւ որ չունինք (այրած սրտի մխիթարանք), այլապէս անվերջանալի պատերազմներու թատերաբեմ կ՛ըլլար:
Բայց Հայաստանն ու հայութիւնը իրենց մարդկային պաշարը ունին (խօսքը անշուշտ չի վերաբերիր քանակին), եւ մանաւանդ` մարդկային որակեալ պաշարը, պայմանաւ որ այդ «ուժանիւթը» լաւապէս օգտագործուի, ճիշդ ձեւով կազմակերպուի ու համադրուի մեր ժողովուրդը ղեկավարող կառոյցներուն կողմէ:
Մեր ժողովուրդը ընտիր ժողովուրդ է եւ, առանց գերակայութեան բարդոյթի. մեր երիտասարդութիւնը` ընտիր երիտասարդութիւն, որ բոլոր տուեալները ունի գօտեպնդուելու եւ ուժական դառնալու: Շատ դժուար ու անիրագործելի աշխատանքներ են, տեսականօրէն դիւրին թուացող, բայց գործնապէս` դժուար ու անիրագործելի:
Երբեմն, զրոյցներու ընթացքին, ինքնարդարացումներ կը փոխանցուին մեր ժողովուրդին, ու երիտասարդութեան կը թելադրուի «իրապաշտութիւն», «գործնապաշտութիւն», «համակերպուածութիւն». ոչ ոք կը յաւակնի ըսել, թէ կազմակերպման աշխատանքները այլապէս դիւրին իրագործելի են, ոչ ոք միամիտ է կարծելու, որ ձեռնածալ նստելով` կարելի է իրագործումներ կատարել: Եթէ հետեւինք ժողովուրդներու պատմութեան ու նաեւ` ներկայ ընթացքի յաջողութիւններուն եւ իրագործումներուն, անոնց ետին պիտի տեսնենք յարատեւ եւ անդուլ ճիգ, հետեւողական, ծրագրուած աշխատանք, ուսումնասիրութեան ճիգ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ` զոհողութիւններ:
Մենք պարտաւոր ենք քայլ պահել ժամանակի պահանջներուն եւ ընթացքին հետ, կարելի չէ հնամաշ աշխատելաձեւով նոր ժամանակներուն հետ քայլ պահել, մեր ժողովուրդը ունի հաւատք, ունի կամք, ունի գիտակցութիւն եւ մանաւանդ` ազգային գիտակցութիւն. կը մնայ, որ հունաւորենք ճիշդ ձեւերով, ժամանակակից ձեւերով: Պէտք է բացուիլ մեր հաւաքականութիւններուն, մասնակից դարձնել ամէն մէկ հայ անհատ հայ կեանքին, հայ մարդուն հետ վարուիլ վստահութեամբ, բաց միտքով. ամէն հայ անհատ մեր հաւաքական կեանքին պէտք է մասնակցի գործընկերոջ կարգավիճակով։
Մեզ շրջապատող պայմանները ծայրայեղօրէն խիստ ու դժուար են, արդիականութիւն, արհեստագիտութիւն, ընկերային նոր ըմբռնողութիւններ, մշակութային լայնատարած թափանցումներ մեզի կը պարտադրեն մրցունակ եւ ժամանակակից նոյն զէնքերով կռուելու:
Մենք պարտաւոր ենք խաղին կանոնները լաւ սորվիլ. այն զէնքերը, որոնք ի գործ կը դրուին այս նպատակով, նոյն զէնքերով զինուիլ, կռուիլ` տեղ-տեղ խուսանաւելով:
Այլապէս, մեզի կը վիճակուին լճացումը եւ անխուսափելի պարտութիւնը:
Անցեալին ու նաեւ այսօր կռուի կանոնները կը պարտադրեն գոյատեւելու համար առնուազն ունենալ հաւասար զէնքեր, իսկ յաղթելու համար առաւելութիւններ` հակառակորդ կողմին վրայ:
Այլընտրա՞նք: