Յօդուածներ

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առիթով

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առիթով

Երիտասարդ թուրքերու կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը մեր ազգը կը նշէ հայութեան համար ոչ բարենպաստ պայմաններու մէջ: Արցախը ներքին եւ արտաքին գործօններու պատճառով հայաթափուած է իր բնիկ ժողովուրդէն, Հայաստանի մէջ կ՛արձանագրուին հայութեան պատմաքաղաքական շահերուն անյարիր զարգացումներ, սփիւռքի տարածքին հայութիւնը կը դիմագրաւէ բազում հարցեր եւ խնդիրներ: Նման իրավիճակի մը մէջ Հայ օգնութեան միութիւնը իր ձայնը կը միացնէ հայութեան գիտակից...

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ողջունէ Սուրիոյ Խորհրդարանին`  Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրումը

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Շարունակական Պայքարի Կոչ Կ՛ուղղէ` Թէ՛ Հայաստանի Եւ Թէ՛ Սփիւռքի Հայութեան

Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին առիթով ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը հետեւեալ յայտարարութիւնը հրապարակեց. «Հայոց ցեղասպանութեան փաստը` որպէս մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ իրագործուած ոճիր, ճանաչուած է տասնեակ պետութիւնների եւ միջազգային կազմակերպութիւնների կողմից: Մինչդեռ Թուրքիան շարունակում է Հայոց ցեղասպանութեան մերժման փաստը, ինչն այդ յանցագործութեան ուղղակի շարունակականութեան դրսեւորում է: Աւելի՛ն. Թուրքիայի Հանրապետութեան կողմից Ազրպէյճանին տրամադրուող անվերապահ ռազմաքաղաքական զօրակցութիւնը յանգեցրեց Արցախում ցեղային զտման ցեղասպանական...

Արդարատենչ (Ջահ)երթը Պիտի Շարունակուի

Արդարատենչ (Ջահ)երթը Պիտի Շարունակուի

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ «Ազդակ»ի 1971ի ամանորի թիւը. 1971.                                                                         Պիքֆայայէն մեկնարկ.... «Չենք մոռնար, չենք ուրանար, պիտի մնանք պահանջատէր, եւ եթէ պէտք ըլլայ, պիտի զարնենք մեզ հալածողներուն, բոլո՛ր հալածողներուն», յայտարարեցին Ցեղասպանութեան...

Հայ Դատի Նշաձողը Պիտի Պահենք Բարձր

Հայ Դատի Նշաձողը Պիտի Պահենք Բարձր

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ապրիլ 24-ը հայուն համար բազմախորհուրդ եւ բազմերես իմաստ ունի: Եթէ փորձենք այդ բոլորը խտացնել քանի մը կարճ նախադասութեան մէջ, կը ստանանք` - Ցեղասպանութեան(ց) յիշատակում, - Մարդկային եւ նիւթական կորուստներու դիմաց արդար հատուցման պահանջ, այդ նպատակով պայքար, բազմաճիւղ ԳՈՐԾ: Այս երկու հաստատումները կը խտացնեն շատ բան: Երբ կ՛ըսենք` Ցեղասպանութեան յիշատակում եւ արդար հատուցում, մեր հորիզոնը չի սահմանափակուիր միայն 1915-23...

110-Ամեակի Դժուար Խաչմերուկին Վրայ

110-Ամեակի Դժուար Խաչմերուկին Վրայ

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համազգային պանծալի բռնցքաւորումէն ետք, անցնող տասնամեակի հայ կեանքը վերածուեցաւ նախ խռովալի, ապա նաեւ` պատերազմի, ողբերգական պարտութեանց, հողային կորուստներու, ներազգային պառակտուածութեան եւ եկեղեցի-կառավարութիւն անհաշտ վիճակի ստեղծման տխուր բեմի, որ կը շարունակուի տակաւին իբրեւ այդպիսին... Տասնամեակ մը առաջ` ապրիլ 24-ի այս օրը` հպարտ էինք, ուրախ եւ յուսավառ:  Համընդհանուր կանչն էր` «կը յիշեմ ու կը պահանջեմ»-ը... Մեր մեծ...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Այժմէական Մտորումներ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Այժմէական Մտորումներ

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ Երկար ատենէ ի վեր որոշած էի այս նիւթին մասին որեւէ բան չգրել, որովհետեւ զայն կը գտնէի սաստիկ վիրաւորական: Ինքզինքս խորապէս նուաստացած կը զգամ, երս այս հարցին մասին կը մտածեմ: Բազմիցս փորձեցի «իմաստուն»-ի դերը խաղալ` ինքզինքս հանդարտեցնելով եւ համոզելով, թէ ժամանակի հարց է եւ կրնամ վարժուիլ, բայց չյաջողեցայ: Ահա ձեզի հետ կը բաժնեմ մտահոգութիւնս, որ ապրիլ 24-ի ոգկոչման...

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակի Ոգեկոչման Խօսք

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակի Ոգեկոչման Խօսք

Այս հանդիսաւոր առիթով Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդը կ՛ոգեկոչէ օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան  110-ամեակը: Մենք կը խոնարհինք մեր նահատակներուն յիշատակին առջեւ եւ մեր խորին յարգանքի տուրքը կը մատուցենք անոնց` տղամարդոց, կիներուն եւ երեխաներուն, որոնց կեանքը բռնի խլուած է, տուներն ու համայնքները` աւերուած, եկեղեցիները, դպրոցները, ուսումնական եւ առողջապահական հաստատութիւնները` քանդուած, մշակութային ժառանգութիւնը` թալանուած ու հայրենիքը` պղծուած: Մենք կը յիշենք մեր...

«Կեանքը Այլեւս Անտանելի Բեռ Մը Դարձած Էր Վերապրողներուս Համար»  (Յակոբ Մերտանեանի Տարագրութեան Յուշերէն-2)

«Կեանքը Այլեւս Անտանելի Բեռ Մը Դարձած Էր Վերապրողներուս Համար» (Յակոբ Մերտանեանի Տարագրութեան Յուշերէն-2)

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Տարագրութեան ճամբուն վրայ ահաւոր վիճակներու մէջ նահատակուած մեծ հօրս հայրը հետեւեալ խօսքերը ըսած եւ պատգամը տուած էր իր զաւակներուն` տեղահանութեան սկիզբն արդէն. «Մենք մեռնելու կ՛երթանք, ատիկա դուք լաւ պէտք է գիտնաք, ձեզմէ ողջ մնացածներ թող ըսեն այս տղոց, թէ ինչե՜ր քաշեցինք, ու թող գրի առնեն, որպէսզի գալիք սերունդները իմանան, թէ ի՛նչ ըրած է այս անիծուած արմատով թուրք վայրենի...

Մեր Օրակարգին Գլխաւոր Առաջնահերթութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումն Ու Հատուցումը

Մեր Օրակարգին Գլխաւոր Առաջնահերթութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումն Ու Հատուցումը

 ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ 110 տարիներ անցած են արդէն: Բայց տակաւին կայ հսկայական աշխատանք` միջազգային մակարդակով Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ հանրային իրազեկում իրականացնելու, անոր յաւելեալ ճանաչում ապահովելու, անցումը կատարելու` դէպի հատուցման թղթածրարի բացում եւ մեր ճակատագրակից ժողովուրդներուն հետ համագործակցաբար ճիգեր ի գործ դնելու, որպէսզի ցեղասպանութիւնները չկրկնուին, եւ տիրական ըլլան մարդկայնականութեան սկզբունքները համաշխարհային մակարդակով: 110 տարի առաջ իթթիհատական համաթուրանականութիւնն էր, որ իր նպատակակէտը դարձուցած...

«Մեղաւոր» Ես, Սիրելի՛ Արարատ (Ապրիլեան Խոհեր)

«Մեղաւոր» Ես, Սիրելի՛ Արարատ (Ապրիլեան Խոհեր)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Թիւրիմացութենէ զերծ մնալու համար յայտնենք, որ խօսքը սրբազան լեռ Արարատին մասին է, որ այս օրերուն, թէեւ գերեվարուած, տակաւին կը շարունակէ իր սպիտակ հայեացքը ուղղել իր ժողովուրդին` հայութեան, որ կ՛ապրի իր ամէնէն դժուար ու տագնապալի ժամանակները: Կը թուի, թէ մենք` հայերս, կորսնցնելու վտանգին դէմ յանդիման կը գտնուինք երազի մը, որ ժառանգեր ենք հինաւուրց դարերէն, զայն խմորեր ու շաղախեր մեր...

Երանելի Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասմամբ…

Երանելի Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասմամբ…

ՄԱՇՏՈՑ Թ.Ծ.Վ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ Պատրիարքական Փոխանորդ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան եւ Մեծաւոր Զմմառու Վանքի Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը  յուսադրիչ նախաքայլով սկիզբ առաւ` Հայ դատի միջազգային ճանաչման գործընթացը ճիշդ ուղիով ընթանալու առումով: Արդ, առաջին ամէնէն ազդու արձագանգը հնչեց Հռոմի սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոսին կողմէ, եւ 28 մարտ 2025-ին ստորագրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան դաժան օրերուն նահատակուած, Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբան երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման հրամանագիրը: Կաթողիկէ...

Այնթապէն Զահլէ` Թեւածող Հոգիներ

Այնթապէն Զահլէ` Թեւածող Հոգիներ

ՍԻԼՎԱ ԻՍԿԻԿԵԱՆ-ՄԱՀՍԵՐԵՃԵԱՆ - Խանը՛մ, աղջի՛կս, կ՛աղաչեմ, թաղէ զիս: Երդուէ՛, որ աւազին վրայ պիտի չձգես մարմինս: - Մա՛յրս, կը խնդրեմ, ուժերդ հաւաքէ՛, քիչ մըն ալ համբերէ, վստահ եմ, որ տեղ մը պիտի հասնինք, ուր ջուր կայ... - Խանը՛մ, քեզի կ՛ըսեմ` թաղէ զիս: Խանըմին մայրը` Մարին, հարուստ ու հանրածանօթ գորգավաճառ Նալպանտեանին կինն էր: Ան ցերեկը տնարար ու հոգատար կին էր, մայր էր,...

Բա՛ւ Է Խօսինք. Աշխատանքը Կը Սպասէ Բոլորիս

Բա՛ւ Է Խօսինք. Աշխատանքը Կը Սպասէ Բոլորիս

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Թեւակոխեցինք ապրիլ ամիսը: Աշխարհասփիւռ հայութիւնը, հայրենիքէն սփիւռք, պիտի ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը: Հայոց ցեղասպանութիւնը սկսաւ վեց հարիւր տարի առաջ, երբ օսմանեան թուրքերը նուաճեցին Փոքր Ասիան ու Հայաստանը եւ հիմք դրին Օսմանեան կայսրութեան: Թուրքերը նախ ձեռնամուխ եղան «սպիտակ» ցեղասպանութեան` ձուլում, իսլամացում, բռնագաղթ եւ մասնակի ջարդեր: Վեց հարիւր տարի պայքարեցան հայոց հայրենիքը յափշտակելու եւ սեփական հայրենիք դարձնելու համար: Սակայն...

Պատերազմէն Ետք Անտարբերութիւնն Ու Սուգը` Կողք Կողքի

Յիշելով Դառնալ Վահան, Պատնէշ Եւ Խրամատ

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ Քանի մը օր է  կը հետեւիմ Ամերիկայի Արեւմտեան ափի բնութենէն արծիւներու ընտանիքի մը  առօրեային. 24-ժամեայ ուղիղ հեռարձակում է  բարձունքի մը գագաթին  50 մեթր բարձրութեամբ  ծառի վրայ իրենց  բոյնէն: Առօրեան իր հմայքը ունի, վուայէօրիզմի պահ  մը կայ նաեւ. կերակրել, մաքրել, ձագերը տաք պահել եւ այլն: Այս բոլորին կողքին, գիտելիքի փոխանցում` մայր կամ հայր արծիւներուն կողմէ յաջորդ սերունդին: Ձագերը ընդմիշտ...

Մեծ Եղեռնը Եւ Մեծ Հայրերս

Մեծ Եղեռնը Եւ Մեծ Հայրերս

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Քեսապահայութեան տեղահանութեան պատմութիւնը սպառիչ կերպով պատմած է դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանը` իր «Քեսապը» ծաւալուն գիրքերէն Ա. հատորին մէջ. տեղագրութիւն, բնակավայր-բնակչութիւն, պատմութիւն ու տնտեսութիւն (հրատարակութիւն Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, Հալէպ, 1995): Սակայն սոյն գրութեանս ճամբով կը փափաքիմ պատմել մեծ հայրերուս եւ հօրենական մեծ մօրս տարագրութեան պատմութիւնը: Կարապէտ Մանճիկեան եւ Վիքթորիա Տէր Սահակեան-Մանճիկեան Կը սկսիմ մեծ մօրս` Վիքթորիա Տէր Սահակեանի...

Խնամակալ Եւ Աղօթող Մեծ Մայրս

Խնամակալ Եւ Աղօթող Մեծ Մայրս

ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ Երիցուհի Եղիսաբէթ Տէր Խաչատուրեան՝ մեծ մայրս 1915-ի ցեղասպանութենէն ճողոպրած բազմաթիւ գաղթականներ տարագրուեցան զանազան երկիրներ, մաս մըն ալ հասան Լիբանանի տարբեր քաղաքներ: Մեծ մայրս Մուշի Տէր Խաչատուր քահանային երիցուհին էր: Տէր Հայրը 1915-ին Վարդան վարդապետին հետ Մուշ կ՛երթան ժողովի եւ չեն վերադառնար, անոնց ընտանիքը` 30 հոգի, ամբողջութեամբ կը ջարդուի: Մեծ մայրս իր երկու զաւակներուն հետ` Համազասպին եւ Արշաւիրին,...

Տէր, Դո՛ւն Պահէ

Տէր, Դո՛ւն Պահէ

ՄԻՍԱՔ ՍԻՍԵՌԵԱՆ (Ս. Ուլնեցի) Տէր, դո՛ւն պահէ հօտն այս ցրուած, այս տկար Իմ հալածուած իմ տանջուած վեհ ցեղին. Շատ եղաւ ալ, բաւական է այս երկար Գողգոթային ծանր խաչը, զոր դրին Անօրէններ անոր ուսին այնքան դար: Ես կ՛աղօթեմ անոր համար, կ՛աղօթեմ Որ այցելես դուն, խնայես ալ անոր. Չենք ուզեր մենք ո՛չ քու դրախտն, ո՛չ եդեմ, Վերցուր չարին տանջանքը` որ ամէն օր...

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

ՀՅԴ ԼԵՄ . Մեր Խօսքը

Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը եզակի առիթ է` անդրադառնալու համազգային մակարդակով մեր դիմագրաւած բազմատեսակ հարցերուն, ինչպէս նաեւ` լուծումներ գտնելու կարելիութիւններուն: Երիտասարդ թուրքերու կազմակերպութեան ազգայնամոլ-թուրանական թեւն էր, որ 1911-էն արդէն իսկ վճռած էր իրագործել Հայոց ցեղասպանութիւնը, այսպէս կոչուած, թրքացնելու եւ «բիւրեղացնելու» Անատոլուն կամ Փոքր Ասիան: Թալէաթի, Էնվերի, Ճեմալի, Պեհաէտտին Շաքիրի եւ բազմաթիւ այլ դէմքերու կողմէ ղեկավարուած Ցեղասպանութիւնը ունէր հիմնական ոճրային գաղափարական հիմունքներ: «Թեշքիլաթը...

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

Անմոռանալի Սարսափներ, Անկոտրում Ոգի. Հայոց Ցեղասպանութեան Վկայութիւնը

ՅԱԿՈԲ ԳԻԶԻՐԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղ 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան սկսած արհաւիրքը` Հայոց ցեղասպանութիւնը, մարդկութեան պատմութեան ամէնէն մութ էջերէն մէկն է, որ արիւնոտ հետք ձգած է մեր ազգին վրայ: Այսօր, կանգնած` իբրեւ այս Ցեղասպանութենէն վերապրողի ժառանգ, ես կը փորձեմ վերակենդանացնել մեր ընտանիքի ցաւոտ պատմութիւնը: Իմ մեծ հայրս սեփական աչքերով տեսաւ 1915-ի սարսափները` կոտորածներ, տեղահանութիւններ եւ անասելի տառապանք, որոնք մեր ժողովուրդին ստիպեցին...

Հայ Երիտասարդութեան Դերը Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Եւ Արդարութեան Պայքարին Մէջ

Հայ Երիտասարդութեան Դերը Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Եւ Արդարութեան Պայքարին Մէջ

ԳԷՈՐԳ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ Հայոց ցեղասպանութիւնը մեր պատմութեան անմոռանալի, բայց միեւնոյն ժամանակ շատ ցաւալի էջերէն մէկն է: 1915-ի այդ սարսափելի տարիներուն մեր ժողովուրդը ենթարկուեցաւ անսահման տառապանքներու: Քաղաքացիական եւ մշակութային հսկայ կորուստներ կրեցինք: Միլիոնաւոր հայեր տեղահանուեցան, սպաննուեցան եւ արմատախիլ եղան իրենց հայրենիքէն: Այդ իրադարձութիւնները մերթ ընդ մերթ փորձուած է լռութեան մատնել, բայց հայ ժողովուրդը երբեք չմոռցաւ զանոնք: Մենք`...

Page 111 of 1110 1 … 110 111 112 … 1,110

Արխիւներ