Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Օրակարգին Գլխաւոր Առաջնահերթութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումն Ու Հատուցումը

Ապրիլ 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

110 տարիներ անցած են արդէն: Բայց տակաւին կայ հսկայական աշխատանք` միջազգային մակարդակով Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ հանրային իրազեկում իրականացնելու, անոր յաւելեալ ճանաչում ապահովելու, անցումը կատարելու` դէպի հատուցման թղթածրարի բացում եւ մեր ճակատագրակից ժողովուրդներուն հետ համագործակցաբար ճիգեր ի գործ դնելու, որպէսզի ցեղասպանութիւնները չկրկնուին, եւ տիրական ըլլան մարդկայնականութեան սկզբունքները համաշխարհային մակարդակով:

110 տարի առաջ իթթիհատական համաթուրանականութիւնն էր, որ իր նպատակակէտը դարձուցած էր Օսմանեան կայսրութիւնը միայն թուրքերուն սեփականութիւնը դարձնել, իսկ կայսրութեան բաղկացուցիչ միւս մասերը կա՛մ ոչնչացնել զանազան ձեւերով` զէնքով կամ սովամահութեամբ, ինչպէս եղաւ հայոց, յոյներուն, ասորիներուն եւ Լեռնալիբանանի քրիստոնեաներուն պարագային, կա՛մ ալ թրքացման քաղաքականութիւնը վարելով` ձուլել զանոնք, ինչպէս փորձուեցաւ կատարել արաբներուն պարագային: Եւ բնականաբար, պատմութիւնը կը վկայէ, որ համաթուրանական ցեղապաշտական այս քաղաքականութիւններէն ամէնէն շատ տուժողը եղաւ հայ տարրը` արմատախիլ ըլլալով իր հայրենի ոստաններէն, որոնք կը գտնուէին Արեւմտահայաստանի, Կիլիկիոյ, Միջագետքի, Փոքր Ասիոյ եւ հայաշատ նահանգներուն ու քաղաքներուն մէջ:

Հայոց ցեղասպանութենէն մէկ դար ետք, այս անգամ կրօնական հաւատադրժողական գաղափարախօսութիւնը բնաջնջումի նմանօրինակ գործելաձեւերուն դիմեց` մահ ու աւեր սփռելով Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ: Օրին շատ յստակ կապեր տեսնուեցան կրօնական հաւատադրժողական յետամնաց գաղափարախօսութեան եւ էրտողանեան Թուրքիոյ նոր-օսմանական նկրտումներուն միջեւ:

Էրտողանեան Թուրքիան ամէն առումով` քաղաքականապէս, զինուորապէս եւ տնտեսապէս, զօրավիգ կանգնեցաւ նաեւ իր կրտսեր եղբայր պետութեան` Ազրպէյճանին: Թուրքիա-Ազրպէյճան տանթեմի` սերտ դաշինքի հետեւանքներէն մէկը 2020-ի 44-օրեայ պատերազմն էր, որ Պաքուի բռնատէր Իլհամ Ալիեւը շղթայազերծեց Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն դէմ: Այս երկեակին սերտ դաշինքին հետեւանքներէն մէկն ալ Ազրպէյճանի անյագ ախորժակն էր Արցախի եւ Հայաստանի նկատմամբ, որ ի վերջոյ յանգեցուց Արցախի ամբողջական հայաթափման եւ Հայաստանի գերիշխան կարգ մը տարածքներու բռնագրաւման: Արցախի հայաթափումով կատարուեցաւ ցեղային զտում, որ ըստ միջազգային օրէնքի որոշ մասնագէտներու,  ցեղասպանութեան յատկանիշներէն է: Ամբողջ ժողովուրդ մը արմատախիլ ընել իր հազարամեակներու բնօրրանէն…

Հայոց ցեղասպանութենէն 110 տարի ետք այս անգամ շրջանային ուրիշ երկիր մը` Իսրայէլը, զինուած` նոյնքան մահացու ցեղապաշտական գաղափարախօսութեամբ, սիոնականութեամբ, անապատի եւ աւերակոյտերու վերածեց երբեմնի խիտ բնակեցուած Կազան` խլելով տասնեակ հազարաւորներու կեանք եւ մարմնական լուրջ վնասուածքներ պատճառելով հարիւր հազարաւոր ուրիշներու: Էրտողանեան Թուրքիան առիթը յարմար նկատեց ցուցադրական ձեւերով դատապարտելու Իսրայէլի ցեղային զտման այդ գործելաոճը եւ դիմելու միջազգային դատական ատեաններուն` Իսրայէլը եւ անոր վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն ամբաստանելով ցեղասպանութիւն կատարելու յանցանքով: Բայց մինչ այդ թրքական ծովեզերեայ քաղաքներէն Իսրայէլի հետ առեւտուրը, վառելանիւթի մատակարարումները բարձր նշաձողեր կ՛արձանագրէին` հակառակ ցուցադրական պոյքոթի երեւոյթներուն: Նաեւ, միեւնոյն ժամանակ եւ մինչեւ այս պահս ալ, 2020-էն ի վեր իսրայէլեան գոյացութիւնը երբեք չդադրեցաւ մեծաքանակ զէնք մատակարարել Ազրպէյճանին` իբրեւ երկու երկիրներուն միջեւ սերտ դաշինքի ապացոյց:

Ահա թէ ինչո՛ւ մենք կ՛ըսենք, որ համաթուրանականութիւնը եւ սիոնականութիւնը մէկ մետալին երկու երեսներն են, երկու մահացու ցեղապաշտական գաղափարախօսութիւններ, որոնք Երիտասարդ թուրքերու ժամանակաշրջանէն ի վեր անքակտելի դաշինքի մէջ են: Մէկ գաղափարախօսութիւնը կը նպատակադրէ միջինարեւելեան արաբական շրջանի սրտին մէջ գերակշիռ դեր տալ շրջանին համար օտար տարրի մը եւ արաբական երկիրները դարձնել հլու-հնազանդ, տկար գոյացութիւններ, իսկ երկրորդ գաղափարախօսութիւնը կը նպատակադրէ վերականգնել Օսմանեան կայսրութեան փառքի օրերը` եւ իր ճամբուն վրայ Հայաստանն ալ դարձնելով հլու-հնազանդ արբանեակ, վերցնելով Սիւնիքի արգելքը, իրականացնել Մեծն Թուրանը, կրտսեր եղբայր Ազրպէյճանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ թրքացեղ ժողովուրդներուն հետ ձեռք-ձեռքի տուած:

Ուրեմն, ի տես այս բոլորին, մենք` իբրեւ հայութիւն, լուրջ կացութեան առջեւ կանգնած ենք: Հայաստանի իշխանութիւններէն ձայներ կան, որոնք կը բարբանջեն` ըսելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն չէ: Սակայն մենք սփիւռքի մէջ` իբրեւ 110 տարի առաջ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութեան անմիջական հետեւանքները կրած հաւաքականութիւն, պարտինք մեր օրակարգին թիւ մէկ առաջնահերթութիւնը դարձնել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման հարցը: Եւ` ոչ միայն այդ: Մենք պարտինք միջինարեւելեան շրջանային մակարդակով քողազերծել Թուրքիա-Իսրայէլ-Ազրպէյճան յանցաւոր դաշինքը, բացայայտել այս դաշինքին վտանգը` ամբողջ շրջանի երկիրներուն ու ժողովուրդներուն մակարդակով եւ միջոցներ փնտռել վնասազերծելու մեր` հայութեան դէմ ուղղուած թրքական-ազրպէյճանական վտանգները: Մանաւանդ սփիւռքը եւ ի մասնաւորի միջինարեւելեան հայագաղութները այս իմաստով հսկայական ընելիք ունին: Մասնաւորաբար կարեւոր է համագործակցութիւնը հայերուն եւ ճակատագրակից ժողովուրդներուն միջեւ: Մենք, շրջանի բոլոր պատուախնդիրներուն հետ ձեռք-ձեռքի տուած, պէտք չէ թոյլ տանք ցեղասպանական քաղաքականութիւններուն շարունակութիւնը:

 

 

Նախորդը

«Մեղաւոր» Ես, Սիրելի՛ Արարատ (Ապրիլեան Խոհեր)

Յաջորդը

«Կեանքը Այլեւս Անտանելի Բեռ Մը Դարձած Էր Վերապրողներուս Համար» (Յակոբ Մերտանեանի Տարագրութեան Յուշերէն-2)

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?