ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Տարագրութեան ճամբուն վրայ ահաւոր վիճակներու մէջ նահատակուած մեծ հօրս հայրը հետեւեալ խօսքերը ըսած եւ պատգամը տուած էր իր զաւակներուն` տեղահանութեան սկիզբն արդէն. «Մենք մեռնելու կ՛երթանք, ատիկա դուք լաւ պէտք է գիտնաք, ձեզմէ ողջ մնացածներ թող ըսեն այս տղոց, թէ ինչե՜ր քաշեցինք, ու թող գրի առնեն, որպէսզի գալիք սերունդները իմանան, թէ ի՛նչ ըրած է այս անիծուած արմատով թուրք վայրենի ցեղը»:
Այս կտակին լաւագոյնս պահպանողը եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած ու անկէ վերապրած մեծ հայրը` Յակոբ Կարապետ Մերտանեանը, որ մահուան դէմ իր ու իր ընտանիքին պայքարը ամենայն մանրամասնութեամբ արձանագրած է շուրջ եօթը տետրակներու մէջ: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Ազդակ»-ի ապրիլեան բացառիկին մէջ լոյս ընծայուած են անոր յուշերուն մէկ բաժինը` ծննդավայր Կեսարիայէն բռնի տեղահանութիւն, աքսոր, ջարդի ու սպանդի ահարկու տեսարաններ, 6 տարեկան մանուկի ցնցիչ ապրումներ:
Հաւատալով, որ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածի մը յուշերը կարեւոր ու պատգամաբեր պիտի ըլլան ո՛չ միայն իբրեւ իսկական վկայութիւններ, այլ` նոր սերունդներուն, որոնք ընթերցելով այս յուշերը` կը գիտակցին վստահաբար, որ նահատակներուն ու անոնց երանի տուող վերապրածներուն կեանքին եւ տառապանքին սուղ գինին գիտակից ու տէր պարտին ըլլան:

Կեսարիա ծնած, 6 տարեկանին արդէն մահուան հետ կողք-կողքի տարագրութեան երկար ու դաժան Գողգոթան քալած, ինկած ու կրկին մէջքը շտկելով համայն ազգի մը գոյատեւման երթը շարունակած Յակոբ Մերտանեան Լիբանանի մէջ ապաստան կը գտնէ «Թռչնոց բոյն»-ի յարկին տակ, ապա կը փոխադրուի ու բնակութիւն կը հաստատէ Ժունիէ, անկէ ետք` Հայաշէն, ուր Էօժենի Տիւրկերեանի հետ իր ընտանեկան բոյնը կը կազմէ` ունենալով երեք զաւակներ` Մարի (մայրս), Կարապետ եւ Արուսեակ:
* * *
Հօրս թաղման ատեն շատ մը կիւրիւնցիներ կային, անոնք իրենց վերջին պարտականութիւնը ընելու եւ շիթ մը արցունք թափելու եկած էին: Այդ խեղճերը Ալ Պուսթանէն մինչեւ Պերեճիք հօրս տուած ալիւրով քալած էին ու անօթի չէին մեռած: Հօրս վերջին խօսքերը եղած էին. «Ձեզի հետ տարէք ձեր զաւակները, ո՛ւր որ ալ երթաք, մի՛ լքէք զանոնք»:
Այլեւս որբացած էինք, մեր գիւղէն տղամարդ մնացած էր կլայագործ Նշան աղան: Հօրս մահէն ետք մեր գիւղացիները խանին դրան առջեւ հաւաքուեցան գրեթէ: Լալը աւելորդ էր: Մեռնողը ազատած կ՛ըլլար, իսկ աղջիկներուն աւելի գէշ մահ կը սպասէր, որովհետեւ անօթի մեռնիլը աւելի տաժանելի էր, քան հիւանդ մեռնիլ: Ես եւ եղբօրս տղան` Թորոսը, ազատ համարձակ միշտ գետեզերք աւազի վրայ էինք, անօթի ծարաւ, ուտելիք չկար, արդէն Եփրատի վերի կողմէն միշտ մեռելները կու գային դէպի վար: Զանոնք ջուրէն դուրս քաշողներն ալ յոգնած էին այլեւս, եղած խոտերն ալ, կանաչեղէններն ալ լրացած էին: «Օ՜ֆ»-եր եւ «ախ»-եր կը լսէինք գիշեր եւ ցերեկ, ամէն մարդ, որ կանաչեղէն մը գտնէր, կը թխմէր իր պարապ ստամոքսին մէջ, ի՞նչ պիտի ըլլար եղածէն աւելի վատ… Թէեւ քիչ թէ շատ դրամ ունեցողը գէշ-աղէկ կ՛ապրէր, բայց եւ այնպէս, այն ատեն դրամը մեր մեծագոյն թշնամին էր: Եթէ զգային, որ դրամ կայ մօտդ, արդէն մեռած կ՛ըլլայիր առաւօտեան: Առաւօտեան քաղաք մտնելը անմտութիւն էր արդէն, փախչիլն ու կորսուիլը նոյնպէս մահ էր, մեր շրջակայքը լեցուն էր թուրքերով, որոնք դարանակալ սոված շուներուն պէս կը սպասէին: Առաւօտուն լսեցինք, թէ մայր մը իր երեք տարեկան որդին մորթած էր` ուտելու: Այս լուրը երբ տարածուեցաւ, բոլորը շշմեցան: Իրարմէ գողնալը սովորական էր, ան, որ դրացիին քով որեւէ ուտելիք կը տեսնէր, կը գողնար, նոյնիսկ` զայն մեռցնելով: Կենդանի ալ չէր մնացած, ոչ ալ կանաչութիւն, աւազապատ անապատ դարձած էր: Գիշերը երբեմն լսելի կ՛ըլլար` «Մայրիկ, հա՜ց, մայրիկ, կերակո՜ւր կ՛ուզեմ» աղաչանքները: Ամէն ինչ անցուկ-մոռցուկ եղած էր այլեւս` ո՛չ ազգական, ո՛չ բարեկամ, ո՛չ ալ հայրենակից մնացած էր: Ամէն ինչ մոռցուած էր: Անօթութիւնը ամէն ինչ ընել կու տար: Այլեւս կեանքը անտանելի բեռ մըն էր մեզի: Խումբ-խումբ դէպի ջուրին ցանցառուտը կ՛երթայինք` անցնելու միւս ափը, ուր պարտէզին մէջ կանաչութիւն կ՛երեւար: Սակայն այս քայլը եւս խոհեմ չէր, գաղթականներս աչքերնիս յառած` կը դիտէինք անոնք, որոնք կը փորձէին անցնիլ թուրքերուն կողմը, եւ որոնք քարով հալածանքի կ՛ենթարկուէին, վերէն վար ահագին քարի կտորներով կը կտրտէին գլուխները ափին միւս կողմ անցնիլ ուզողներուն, ինչ որ արդէն մահ կը պատճառէր: Եփրատի պղտոր ջուրը, որ ներկուած էր մարդոց արեամբ, սոսկալի տեսք մը ունէր եւ պժգալի հոտ մը:
Կէսօրուան մօտ ջորի մը սատկած էր, ամէն մարդ դէպի այդ կողմ վազելով` յափշտակեցին, ինչ որ կրցան փրցնել: Մեր շրջակայքը սով էր տիրած: Սկզբնական շրջանին մեր խրխաները (տոպրակները) լեցուն էին, վերջը այդ ալ լմնցաւ, պարպուեցաւ: Շատեր դէպի հեռուները կ՛երթային կրիայ մը փնտռելու ջուրին մէջ, բայց ուտելիք բան չէր անիկա, նեխած դիակի պէս կը հոտէր: Թուրք գերեզմանոցին մէջ այնքան մարդիկ կը շրջէին, որ զանազանելը դիւրին չէր: Չորս կողմ կը դիտէին բոցազարդ աչքերով: Կը զարմանային, որ արդեօք բնաւ թուրք չէ՞ր մեռած, որ թաղէին գերեզմանոցին մէջ: Արդարեւ, երեք ամսուան մէջ ոչ իսկ մէկ մեռել բերին: Գերեզմանոցը այնքան ընդարձակ էր, երկու հազար կտոր քար կար: Հարաւային կողմը կտրուած խոր ձոր մըն էր, ուր մեր գալէն առաջ սոսկալի ջարդ մը տեղի ունեցած էր:
Բոլորը կիներ եւ մանուկներ էին, բոլորն ալ խոշտանգուած ու մերկ էին, հագուստի կտոր մը իսկ չէին ձգած, արեւին տակ ածուխ էին` սեփ սեւ: Դիտելիք տեսարան մը չէր, այլ դժոխքի վերածուած էր այստեղ ձորը: Երբ սովը մտաւ մեր մէջ, այս վշտալի կացութիւնը օգտագործողները շատցան: Գիւղացի թուրք կիներ գալով քանի մը մանկահասակ հարս թէ աղջիկ կը զատէին, իբր թէ սպասուհի պիտի ընեն, կ՛առնէին ու կը տանէին: Անոնք ալ անօթի էին, խաբուելով` կ՛երթային: Արդէն մեռնելու կ՛երթային, բայց ո՛վ կ՛ըսէր, թէ պիտի մեռնի: Կտոր մը հացի փոխարէն` ամէն բան աչք առած էին ընել: Իրիկուններն ալ թուրքին վաւաշոտ կիրքը յագեցնելով` կը մեռնէին միեւնոյն կնոջ ձեռքով, որ ամուսինին հարճ մը տարած էր: Այնքան անբարոյական են, որ ամուսինին քով կենալով` կը դիտէին զազիր արարքը, թուրք կինը կը մղէր ամուսինը, որ գործէ այդ արարքը իր քովն իսկ: «Կեաւուրի աղջիկը պղծէ», խորհուրդ կու տային իրենց ամուսիններուն: Ահա այսպիսի տեղ մենք կանգ առինք, կը սպասէինք մահուան, բայց անիկա կ՛ուշանար, եւ մենք աւելի կը տանջուէինք սովի ճիրանին մէջ: Եթէ քանի մը ջորի մեռնէր, բարեբախտութիւն էր ատիկա, բայց տակաւին կար բաժին մը ունենալու կարելիութիւնը, ապա թէ ոչ անօթին միշտ անօթի էր: Ոչ մէկ ժանտարմա կամ ոստիկան կու գար, թերեւս դիտմամբ ազատ ձգած էին, որ մեռնինք անօթութենէն ու հիւանդութենէն: Ո՛չ առաջուան աւազակները կային, ո՛չ ալ գող կիներ, որոնք կոճակն իսկ կը կտրէին, եթէ հաւնէին: Այլեւս բոլորն ալ պատռած հագուստներով, ոմանք ալ շապիկ-վարտիկով կը թափառէին վեր վար: Իրիկունը նստածները առաւօտուն մեռեալ էին արդէն, ուրիշներ դէպի Եփրատ վազելով` անձնասպան կ՛ըլլային` միանալով միւս ծփացող անհամար մեռելներուն, որոնք վերէն կու գային անընդհատ: Սոսկալի էր մեր վիճակը ու ահարկու:

Օր մը կէսօրէ ետք երկինքը մառախուղ պատեց այնպէս, որ իրար տեսնել անկարելի եղաւ գրեթէ: Այս այլեւս անձրեւի նշան էր թերեւս: Մեր հայրենակիցները հաւաքուած էին հօրս գերեզմանին քով, ամէնքս 15 հոգի էինք կարծեմ, կարծես մեկնումի պատրաստութեան համար հաւաքուած էինք, մեր գիւղէն երկու թէ երեք, լաւ չեմ յիշեր, տղամարդ էր մնացած: Նշան աղան դէմքը դէպի արեւմուտք դարձուցած` կը դիտէր լեռներու կատարը: Ի՞նչ էր անոր փնտռածը, ինքն ալ թերեւս չէր գիտեր: Արդեօք փախուստի ճամբա՞յ մըն էր: 4 մարդիկ լերան կողմէն դէպի վար իջան մեր նստած տեղը` մէկը ջորիի վրայ, իսկ երեքը` իշու: Նշան աղան յառաջացաւ, չէինք գիտեր` ի՛նչ կը խօսէր, ձեռքերն ալ միատեղ շարժելով: Մէկ ալ տեսաք Նշան աղան վազելով դէպի մեր կողմը եկաւ ու` «Շուտ ելէք» ըսաւ: Այսքան: Առանց խօսք մը իսկ ըսելու` հետեւեցանք անոր: Նշան աղան ուժ կու տար մեզի. «Այս բլուրը անցնինք, ի՛նչ ըլլայ` թող ըլլայ»: Մենք կը յառաջանայինք, բայց ուրիշներ չէին գար մեր ետեւէն, երանի թէ գային: Աղան միշտ բարկացկոտ կը խօսէր, երբ հարցում մը ուղղէինք, կը պատասխանէր` «Միայն թէ այս լեռը անցնինք», այդ էր անոր փափաքը: Չկրցանք հասկնալ: Յիշեալ խոճան ըսած էր, որ բոլորդ ալ դէպի Տէր Զօր պիտի երթաք վաղը` ուրբաթ օր: Մենք ճիշդ ժամանակին ազատած էինք մահէն: Դէպի ետ ակնարկ մը նետելով` «Աստուա՛ծ, Դուն ազատէ մնացեալները», ըսին մայրս եւ միւս կիները: Դէպի Նիզիպ յառաջացանք մենք: Մեր փախուստէն գրեթէ երեք ժամ ետք գաղթականները իրիկունը դէպի Տէր Զօր քշած էին հինգ ժանտարմաներով:
1915, Մըզարի մէջ
Արեւը այնքան տաք էր, որ հարկադրուեցանք աւերակ խանի մը մէջ հանգստանալ, արդէն կէսօր եղած էր: Այդ խանը այն խանն էր, ուրկէ երեք ամիս առաջ մենք անցած էինք` եւ շատ մը ողջ մեռեալներ թողած: Մեր ազատարարները նստան նամազի: Մենք ասդին անդին ցրուելով` կը դիտէինք անթաղ եւ յօշոտուած դիակները, որոնք ամբողջովին մերկացուած էին մօտակայ գիւղի բնակիչներուն կողմէ: Նամազէն ետք սկսանք յառաջ շարժիլ` անօթի ու ծարաւ, աւելորդ էր մտածել, որ մեր առաջնորդները մեզի կերակուր պիտի տան:
Երկրորդ գիւղ հասանք` Նիզիպ: Մեր առջեւն էր՝ իր պարտէզներով շրջապատուած: Ամէնէն բարձր կ՛երեւար հայոց եկեղեցւոյ գմբէթը` իր խաչով, քովը ունենալով բողոքականաց ժողովարանը` նոյնպէս գմբէթաւոր: Առանց քաղաք մտնելու` գացինք դէպի կամուրջ: Մեր առաջնորդ խոճան վախէն քաղաքէն չէր անցուցած մեզ, որովհետեւ կառավարութեան կողմէ հրաման եկած էր, որ ոչ մէկ իսլամ տան մէջ կեաւուր պիտի գտնուի: Առաջին կամուրջէն անցնելէ ետք, երկրորդ կամուրջին մօտ հոր մը կար, ջուր ունէր, բայց այնքան խոր էր, որ հարիւր մեթրէն աւելի չուան կ՛ուզէր ջուր քաշելու համար: (Յիշեալ ջրհորին մէջէն երկու հայու դիակներ հանուեցան, երբ անգլիական բանակը գրաւեց Կիլիկիան):
Նիզիպի թուրք մը Հալէպ տարուեցաւ այն պատճառով, որ երկու հայեր հորը նետած է, ի՜նչ հեգնանք: Բաւական հանգստանալէ ետք ելանք ճամբայ, դեռ երկու ժամ կայ ըսին մեզի: Մըզար կ՛երեւէր արդէն: Անօթութիւնը ուժաթափ ըրած էր մեզ, այնպէս որ նորէն բռնուելու վախէն սարսափած` ստիպուած ուժ կու տայինք արդէն յոգնած մեր սրունքին ու կաղալով կ՛երթայինք: Մայրս միշտ գրկած կամ շալակը առած էր հազար կտորէ վերմակը, վրան ալ` եղբայրս: Նախ հանդիպեցանք 50 տուներէ բաղկացած գիւղի մը` Խիար: Իրիկուան մութին մտանք գիւղ` մեզ առաջնորդող թուրքին ետեւէն, հալ ու մաշ եղած: Ուժաթափ էինք շատ, այլեւս պիտի նստէինք, ուր ա՛լ ըլլար, բայց մեր առջեւ աւելի նեղ փողոցներ ու զառիվեր կային, սկսանք չարչարանքով բարձրանալ: Ասիկա կատարեալ տառապանք եղաւ: Վերջապէս հասանք բլուրի մը վրան, մարդը հրեց դուռ մը, որ ճռնչալով բացուեցաւ: «Ահա ձեր տունը», ըսաւ ու ինք հեռացաւ: Երկու սենեակ եւ մէկ հատ ալ ձմեռանոց օճախ մը: Անօթի ծարաւ երկնցանք, ո՛ւր որ գտանք, այնքան ցուրտ էր, որ մեր ոտքերը չէինք կրնար գետին դնել: Նոյն օրը բոլորս մէկ սենեակի մէջ հաւաքուեցանք, որպէսզի աւելի տաքնանք: Արդէն ունէինք պատառ պատառ վերմակ եւ կարպետի կտորներ: Գիւղին մէջ արդէն տարաձայնած էին, որ իրիկունը հայ գաղթականներ եկած են: Երբ արեւը բարձրացաւ, մեր տանիքին վրայ կին կամ աղջիկ շարուած մեզ կը դիտէին: Տարեց կիներ հաց եւ ոսպի ապուր բերին մեզի` իրիկուընէ աւելցած: Բաժնելով մեր բոլորին` կ՛ըսէին մեզի. «Այլեւս մի՛ վախնաք, հոս ոք ոչ ձեզի բան մը կ՛ընէ, ապահով եղէք, հոգ մի՛ ընէք, անօթի ալ չէք մնար»: Պէտք էր որեւիցէ զբաղում մը գտնել: Իրենք` գիւղացիները, մէկ շաբաթ մեզ կերակրեցին, երբեմն կու գային եւ կը տանէին որեւէ աշխատանք ընելու: Չորս-հինգ հոգի, երբ աշխատանքը աւարտէր, զանոնք տարած գիւղացին կրկին կը վերադարձնէր, որպէսզի չկորսուին գիւղին մէջ: Մեզի յայտնի չէր, թէ ինչո՛ւ մեզ բերած գիւղապետը բացարձակապէս արգիլած էր հայ պահել իրենց մէջ: Մեր հացին կողքին, զոր կ՛ուտէինք առաջին շաբաթներուն, սկսանք ուտել ալիւրի թեփի հետ խաշած խոտ, զոր միասին շաղելով, թիթեղի վրայ եփելով` մեծ ախորժակով կ՛ուտէինք:
Օր ալ կ՛ըլլար, որ դեղին եգիպտացորենի հաց կ՛ունենայինք: Երկու օրուան կամ մէկ օրուան: Եթէ հին ըլլար, փշուր կ՛ըլլար, ամէն պարագայի, թան կամ մածուն պիտի ըլլար անպայման: Մենք չորս պզտիկ` սկսանք մուրալ, որովհետեւ մեր մայրը հիւանդ էր, բռնուած էր բծաւոր թիֆոյիտի: Ես 4-5 տուն հազիւ զարկած, մի քանի կտորներով, վազելով հազիւ թէ տուն կ՛երթայի յոգնած, ուժասպառ` մայրիկիս ըսելով, որ անգամ մըն ալ չեմ երթար: Օրէ օր անոր ալ կերպը սորվեցանք: Առաջին օրը ժամերով դրան առջեւ կը սպասէինք, մինչեւ որ մէկուն նայուածքը հանդիպէր մեզի, ու կտոր մը հաց տար: Ես կ՛ըսէի. «Նէ վար խանում, պիր փարչա էքմէք վեր» (Խնդրեմ, տիկին, կտոր մը հաց տուն): Ասիկա մեր ամէն օրուան դասն էր: «Ալլահ իջուն» (Աստուծոյ սիրոյն): Հացը առնելէ ետք կը խնդայինք մեր կէս կատար թրքերէնով բառերուն վրայ: Երբեմն ալ կը մոռնայինք եւ` «Նա վար ապլա պաճը» կ՛ըսէինք: Մեր ապրած գիւղը շատ լաւ էր, ամէն առաւօտուն նոր հաց կ՛եփէր, մուրացկանը ո՛վ որ ալ ըլլար` հայ թէ թուրք կամ քիւրտ, կու տային անոր: Մինչեւ կէսօր նոյնն էր մեր գործը: Նախ ես լաւ մը կշտանալէ ետք, մայրս եւ եղբայրս պէտք էր կերակրէի հացով, երբեմն ալ` ոսպով փիլաւով: Հարցը այն էր, որ ամէն օր միեւնոյն տուներուն դռները կը բախէինք: Բաւական յառաջացած էինք, թաղերը չէինք փոխեր: Ուրբաթ օր մըն էր, մայրս գէշ-աղէկ ոտքի ելած` ապուր ըրեր էր, չեմ գիտեր` ուրկէ՛: Այն օրը մեր տօնական օրը եղաւ: Ապուրը ուտելէ ետք, սակայն, մէկ ժամ ետք ես սկսայ գալարիլ փորի սաստիկ ցաւէ մը: Այնպէս որ, գիշերը բոլոր քնացողները արթնցան: Մայրս ստիպուած` զիս դուրս տարաւ, արտաքնոց չկար, աւելի հին փլած տուներն էին մեր պէտքարանը: Մէկ շաբաթ անցաւ, արդէն ես չէի կրնար տեղէս ելլել: Խեղճ մայրս քովս նստած` կ՛արտասուէր: Նշան աղան ու հօրեղբօրս կինը անջատուեցան մեզմէ, գացին աւերակ մզկիթին քով: Այս բաժանումին վրայ մայրս աւելի ազդուեցաւ, չէր գիտեր` ի՛նչ ընէր: Շատ մը դեղեր ըրին, բայց` անօգուտ: Ես մնացած էի կատարեալ կմախք: Մայրս` այլեւս յուսահատ, սկսած էր դիմել տարեց թուրք կիներուն օգնութեան: Ճիշդ 7 շաբաթ անցած էր, ու ես կը տանջուէի, ոչինչ կ՛ուտէի այն վախով, որ փորի ցաւ կ՛ունենամ նորէն:
Օր մըն ալ արշալոյսը նոր էր բացուեր, մայրս բակին մէջ նստած` սեւ բան մը կը շաղէր: Վերջն ալ պզտիկ գնդիկներու վերածեց զայն: Արեւի առաջին ճառագայթները երբ բակը մտան, ես ալ նստած էի պատին տակ` կռնակս տուած: Մայրս երեք հատ սեւ գնդիկներէն տուաւ, որպէսզի իրարու ետեւէ կուլ տամ: Առի` թաս մը ջուր խմելով: Դրացի տարեց թուրք կին մը մօրս տուած էր զայն: Ոչ մէկ համ ունէր, սեւ ձիւթ էր, թրքերէն քառասաքըզ կ՛ըսէր: Առաւօտէն մինչեւ իրիկուն սպասեցի, թէ ի՛նչ պիտի ընէին ձիւթերը: Մինչեւ իրիկուն լաւ եղաւ, մայրս շատ ուրախացաւ, ես ալ ինքզինքս շատ լաւ զգացի: Թուրք կինը եկած էր տանիքէն, մօրս ձայն կու տար, թէ ի՞նչ եղաւ տղուդ վիճակը: Երբ զիս տեսաւ` «Է՛, ազատեր ես, տղաս», ըսաւ:
* * *
Հայոց ցեղասպանութեան մասին քիչ պատմութիւններ ու վկայութիւններ չեմ կարդացած, քիչ թիւով վերապրողներու հետ տեսակցութիւններ չեմ ունեցած, քիչ արցունք չեմ թափած ու ընդվզումի, ցասումի ու յուզումի քիչ թիւով մութ գիշերներ չեմ լուսցուցած: Սակայն որքա՜ն տարբեր, խորունկ, ազդեցիկ են մեծ հօրս տողերէն ինծի փոխանցուող ուժգին զգացումներն ու սրտիս հասնող հարուածները: Արդարեւ, երբ մեծ հօրս աշխարհին մէջ մտնելով` ապրեցայ անոր հետ, իբրեւ հայ ու իբրեւ թոռնուհի` առաւել եւս մորթիս վրայ զգացի ոճիրին ահաւորութիւնը, իւրաքանչիւր էջի մէջ տարբեր զգացումներ ու ապրումներ ունեցայ, երբ մեծ հայրս մահը փափաքելով հանդերձ, կը պայքարէր անոր դէմ, ցաւեցայ մեծ հօրս տանջանքներուն ի լուր, գիշերները շա՜տ երկարեցան` զիս տանելով Տէր Զօր, ուր մօրս ընտանիքին անդամները մահը ցանկալով հանդերձ, կառչած էին կեանքին…
Ներէ՛ ինծի, Յակո՛բ տէտէ, որ տետրակներուդ մէջ սուզուելէ առաջ քեզ այդքան լաւ չէի ճանչնար, ներէ՛ ինծի, եթէ փոքրուց նուազագոյնը մէկուկէս միլիոն անգամ ճակատդ ու ձեռքերդ չեմ համբուրած…
Մի՛ ներեր մարդկութեան, որ 6 տարեկան մանուկին մէկ տարուան մէջ արդէն ծերունիի վերածուելուն համար տակաւին հաշիւ չէ պահանջած ոճրագործէն, մի՛ ներեր ոեւէ հայու, որ կրնայ պահ մը իսկ, կամայ ակամայ, մտածել Հայոց ցեղասպանութիւնը մոռնալու կամ անցեալ նկատելու մասին, մի՛ ներեր տառապանքով լի քու երթդ ու հայապահպանութեան պայքարդ անտեսող եւ առանց տառապանքի իսկ օտարամոլութեան գիրկը նետուողներուն:
Շա՜տ սիրելի էիր ինծի համար, յուշագրութեանդ ընդմէջէն դարձար վերապրող հերոս, հպարտութիւն ներշնչող փարոս, խիզախ հայորդի, որ այս բոլորը ապրելէ ետք յանդգնութիւնը ունեցար հօրդ կոչին անսալով` վերստին ապրելու եւ թուղթին յանձնելու մարդկային միտքին ու հոգիին համար մերժելի ու վանողական պատկերները, որոնք քու եւ քեզի նմաններուն կեանքն իսկ էին:
Կը խոնարհիմ յիշատակիդ, տառապալից մանկութեանդ եւ մարտնչողի, պայքարողի ու հայութեան լինելիութեան հաւատացողի կեանքիդ առջեւ: