Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խնամակալ Եւ Աղօթող Մեծ Մայրս

Ապրիլ 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Երիցուհի Եղիսաբէթ Տէր Խաչատուրեան՝ մեծ մայրս

1915-ի ցեղասպանութենէն ճողոպրած բազմաթիւ գաղթականներ տարագրուեցան զանազան երկիրներ, մաս մըն ալ հասան Լիբանանի տարբեր քաղաքներ: Մեծ մայրս Մուշի Տէր Խաչատուր քահանային երիցուհին էր: Տէր Հայրը 1915-ին Վարդան վարդապետին հետ Մուշ կ՛երթան ժողովի եւ չեն վերադառնար, անոնց ընտանիքը` 30 հոգի, ամբողջութեամբ կը ջարդուի: Մեծ մայրս իր երկու զաւակներուն հետ` Համազասպին եւ Արշաւիրին, բազմաթիւ չարչարանքներէ եւ զրկանքներէ կ՛ազատին եւ 1925-ին ի վերջոյ կը հասնին Պէյրութ: Ճամբուն ընթացքին, Արշաւիրը կը կորսուի Պէյրութ հասնելէ ետք հայրս կը սկսի փնտռել եղբայրը, 1931-ին կը գտնեն զայն Թրիփոլիի Գուրա գաւառէն: Ան ամուսնացած էր տեղացի աղջկայ մը հետ` Սայտա Ժապուր եւ արդէն մանչ մը ունէր: Հօրս ուրախութիւնը անսահման էր, զանոնք Պէյրութ կը փոխադրէ մօրը ու ըտանիքին մօտ եւ կը խնդրէ, որ հոն մնան, բայց հօրեղբայրս` ընտելացած ըլլալով գիւղի միջավայրին, կը վերադառնայ գիւղ: Ընտանիքը կը բազմանայ մինչեւ 1937, անոնք կ՛ունենան չորս մանչ եւ մէկ աղջիկ, սակայն արկածի մը իբրեւ հետեւանք հօրեղբայրս կը մահանայ` որբ ձգելով զաւակները եւ այրի կինը: Հայրս շուտով Պէյրութ կը փոխադրէ 4 մանչերը եւ զանոնք կ՛առնէ իր հոգատարութեան տակ, իսկ աղջիկը կը ձգէ մօրը մօտ, որովհետեւ ան տակաւին նորածին էր, իսկ երբ 4 տարեկան եղաւ, անոնք եւս կու գան եւ կը միանան ընտանիքին:

Շրջան մը այս տղաքը դպրոց յաճախեցին, ապա նետուեցան կեանքի ասպարէզ` սորվելով զանազան արհեստներու դառնալով կիրթ, մաքուր նկարագիրով պարկեշտ քրիստոնեայ երիտասարդներ շնորհիւ իրեն հոգածուներուն: Իւրաքանչիւրը դարձաւ ազգային գործիչ մը: Անոնք կազմեցին մաքուր հայկական ընտանիքներ:

Շնորհիւ մեծ մօրս խնամքին:

Աղօթող Մեծ Մայրս

Մեծ մայրս շատ հաւատացեալ էր, միշտ կ՛աղօթէր իր շուրջիններուն վրայ: Երբ թոռները ընտանիք կազմեցին, ան եկաւ եւ մեզի հետ ապրեցաւ, եւ մենք մեծապէս վայելեցինք իր օրհնութիւնները: Հայաշէնի թաղեցիները մեծ հաւատքով կը փնտռէին զինք, մանաւանդ` տեղացիները:

Ես երկու յատկանշական դէպքերու ներկայ եղած եմ, կ՛ուզեմ պատմել այդ մասին:

Արձակուրդի օր մը տունն էի, դուռը զառնուեցաւ, բացի եւ ի՞նչ տեսնեմ` մեր կաթնավաճառին աղջիկն էր Մարթան` ձեռքին ափսէ մը բռնած, մէջը կաղամբ, հաց եւ աղ, ան լալագին խնդրեց, որ խուրիէն (երէցկինը) ասոնց վրայ աղօթէ, որովհետեւ իրենց կովերը հիւանդ են եւ կը վախնայ, որ կը մեռնին: Ես շուտով մեծ մօրս ձայն տուի, բայց ան ըսաւ որ չի կրնար ելլել, բայց երբ իմացաւ, որ Մարթան է շուտով ելաւ, առաւ ափսէն եւ սկսաւ աղօթել` բերանը լայն լայն բանալով եւ արցունք թափելով: Մարթան ափսէն առաւ եւ հեռացաւ: Մեծ մայրս ի՞նչ աղօթեց` ես բան չհասկցայ:

Մարթան շուտով հեռացաւ` ափսէն ձեռքին: Յաջորդ օրը ան դարձեալ եկաւ ուրախ, զուարթ, փարչ մը կաթով եւ մէկ լիբանանեան ոսկի երկարեց ինծի: Կաթը առի, բայց դրամը մերժեցի` ըսելով, որ մեծ մայրս դրամով չ՛աղօթեր: «Հարց չէ,- ըսաւ,- եկեղեցիին տուր»: Այդպէս ալ ըրի:

Ուրիշ դէպք մը եւս:

Հայաշէնի մէջ կար բարեկամուհի մը, որ 7 տարի զաւակ չէր ունեցած, հրաշքով մանչ մը ունեցաւ եւ Մուշեղ կոչեց զայն: Բարեկենդանի տօնին բարեկամներով Մարիամ անունով մէկու մը տունը կը հաւաքուին թապպուլէ ուտելու, նախքան սեղան նստիլը, մայրը կ՛ուզէ զաւակը դիեցնել, հազիւ մանուկը մօրը կուրծքը բերանը առած, կաթը շնչափողին կ՛անցնի: Մայրը շնչահեղձ վիճակի մէջ մանուկը շուտով մեզի բերաւ, մայրս դարձեալ անկարող էր, բայց երբ իմացաւ, որ Մուշելն էր (ինք այդպէս կը կոչէր) շուտով ելաւ. մայրը, երեխան եւ զիս սաւանի մը տակ առաւ եւ սկսաւ աղօթել` դարձեալ յօրանջելով, արցունք թափելով: Յանկարծ երեխան վերականդանացաւ եւ ժպտելու սկսաւ, երբ սաւանը բացի սքանչացայ այս հրաշքին, այս մէկը առողջութեան վերջին աղօթքն էր, որ հրաշագործ էր: Այդ օր Մարիամը ուխտեց, որ երբ երիցուհին մահանայ, ինք պիտի տրամադրէ անոր պատանքը:

Վերջին օրհնութիւն

Հօրեղբօրս տղաքը, հայրս եւ եղբայրս

1960-ին հասանք Զատկուան Աւագ շաբաթը, երբ մեծ մայրս շատ տկար վիճակի մէջ էր: Եղբայրս, որ գործով Հալէպ կը գտնուէր, արձակուրդի առիթով Պէյրութ եկաւ իրենց նորածին զաւակին հետ: 1960 ապրիլ 12-ին` Աւագ երեքշաբթի, անմիջապէս մտան մեծ մօրս սենեակը: Երբ ըսինք, որ թոռդ` Արտաշէսը եւ ծոռդ եկած են, անմիջապէս անկողնին մէջ նստեցաւ, երեխան գրկեց, վեր բարձրացուց, աղօթեց, մեզի ալ օրհնեց ուրախութեամբ: Այս օրհնութիւնը մեծ մօրս վերջին եղաւ` կարծես, եկողներուն կը սպասէր. յաջորդ օրը, երբ արթնցանք մեծ մայրս հոգին աւանդած էր: Ես շուտով Մարիամը կանչեցի, որ փափաքը կատարէ, եւ մենք թէեւ տխուր, բայց գոհունակ, Աւագ չորեքշաբթի յուղարկաւորեցինք սրբակեաց մեծ մայրս:

Թող լոյս իջնէ գերեզմանիդ սիրելի՛ մեծ մայր:

 

 

 

Նախորդը

Տէր, Դո՛ւն Պահէ

Յաջորդը

Մեծ Եղեռնը Եւ Մեծ Հայրերս

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?