ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Թիւրիմացութենէ զերծ մնալու համար յայտնենք, որ խօսքը սրբազան լեռ Արարատին մասին է, որ այս օրերուն, թէեւ գերեվարուած, տակաւին կը շարունակէ իր սպիտակ հայեացքը ուղղել իր ժողովուրդին` հայութեան, որ կ՛ապրի իր ամէնէն դժուար ու տագնապալի ժամանակները:
Կը թուի, թէ մենք` հայերս, կորսնցնելու վտանգին դէմ յանդիման կը գտնուինք երազի մը, որ ժառանգեր ենք հինաւուրց դարերէն, զայն խմորեր ու շաղախեր մեր արեան, ինքնութեան ու տեսակին հետ` պարզապէս հաւատալով, որ տուեալ երազը, որ նախախնամութեան ու տիեզերքին պարգեւն է եղած, մեզ հաւաքաբար պիտի փրկէ, պաշտպանէ, ուժ եւ կորով, միտք ու ոգի յանձանձէ բոլոր ժամանակներուն, որպէսզի կարենանք դէմ դնել դժուարութիւններու, մարտահրաւէրներու եւ օրհասական վտանգներու:
Ի դէպ, այդ երազը ունեցեր է խորհրդանիշ, պատկեր եւ վեհութիւն: Եղեր է ուժի, կամքի եւ հզօր հաւատամքի յարացոյց, բնութենական հրաշալիք եւ կարեւորագոյնը` օժտուեր է յաւիտենականութեան, այսինքն` անմահութեան գաղտնիքով եւ սրբազան ընկալումով:
Ու այդ երազը ունեցեր է անուն ու պատկանելիութիւն, իսկ անոր տիրութիւն ընելու փառքն ու պատիւը յանձնուեր է հաւաքականութեան մը, որ, ճեղքելով դարերու խորութիւնը, մարտնչելով թշնամիներու թէ արհաւիրքներու դէմ, կարողացեր է հասնիլ ազգի մակարդակին ու կոչուեր հայ, հայութիւն:
Իսկ հայութեան բնակութեան վայրն ու աշխարհագրական դիրքը եղեր է լերան մը գագաթին, ապա` լանջին ու ժամանակ առ ժամանակ` անոր ստորոտին:
Ու տուեալ ազգին հոգեմտաւոր հայեացքը, ազգային ըմբռնումն ու գոյատեւելու տարերքը ագուցուեր է այդ սրբազան լեռ Արարատին, որ հանդիսացեր է թէ՛ հայուն, եւ թէ մարդկութեան ապրելու, արարելու եւ դէպի ապագայ սլանալու օրրանը:
Ճիշդ է, որ հայութիւնը իր ազգային ու հոգեբանական առանձնայատկութեամբ հասեր է մեր օրերը` անցնելով բազմապիսի փորձութիւններէ, դժոխային վիճակէ ու անասելի արհաւիրքէ, այդուհանդերձ, իբրեւ հաւաքականութիւն, չէ կրցած ըմբռնել ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ առանց պետական կառոյցներու, քաղաքական մտքի հասունութեան, սեփական ուժի եւ իշխանութեան ամրակայումին, ապերախտ եւ համայնակուլ մարդկային թատերաբեմին վրայ կարելի չէ ինքնուրոյն տեղ ու դիրք գրաւել, պարզապէս որովհետեւ գազանաբարոյ պետութիւններու վարքագիծը հինէն ի վեր եղեր է դիմացինի սպանդը, յօշոտումն ու վայրագ տիրակալութիւնը:
Արդ, հարցադրում մը ինքզինք կը պարտադրէ. միթէ հայութիւնը պէտք էր ազգովին ցեղասպանութեա՞ն ենթարկուէր, որ գէթ հասկնար վերեւի ամէնէն պարզ ընդգծումը, որ ազգեր կրնան գոյատեւել այնքան ատեն որ ժամանակակից կեանքին ու պարտադրանքներուն համահունչ հաւաքական վարքագիծ, գործելաոճ ու ազգային ըմբռնումներ կ՛որդեգրեն ու սեփական պաշտպանութեան կառչած կը մնան:
Ապրիլի 24, Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակ:
Գեհենէն վերապրած ժողովուրդի մը մնացորդացը` մենք, այս օրերուն դժուար թէ ըմբռնենք հայ կեանքէն ու պետականութենէն ներս պատահած քաղաքական թէ բարոյահոգեբանական վարքագիծ(եր)-ը, որ խորքին մէջ ապշեցուցիչ վիճակ մըն է, անարգանք, առաջին հերթին` 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներու հաշուոյն, ապա` արդի հայ մարդուն, որ տեղահանուած ու տարագիր է դարձեր, հայրենի հող ու մշակոյթ կորսնցուցեր, որովհետեւ ապրեր է թուրքի ու թրքութեան դրացնութեամբ:
Աւելի՛ն. մեր օրերու հայն ու հայութիւնը, իր սեփական աչքերով ու մորթին վրայ զգալէ ետք Արցախի կորուստը, ինչպէ՛ս պիտի կարենայ հանդուրժել, այսպէս ըսած, պետական մակարդակի թշուառութիւնը, աւելի՛ն. քաղաքական այրերու խաղքութիւնը, այլապէս թուրքին ու ազերիին հաճելի թուելու տրամադրութիւնը, բարի դրացնութեան եւ եղբայրութեան կոչերուն յագուրդ տալը:
Երանի թէ տուեալ քաղաքական գործընթացն ու պահուածքը ունենար սապէս աշխարհաքաղաքական հիմք ու ազգային պարունակ, տրամաբանական խորք եւ հայու վայել կողմնորոշում, որով պիտի կարենար պաշտպանել մնացորդացը:
Փաստօրէն, տարի մը առաջ էր լսեցինք` «Խոր Վիրապէն անդին Հայաստան չէ», իսկ այսօրուան յանկերգը` «Քանի որ այնտեղ (Արցախում) այլեւս մարդ չի ապրում, հայութիւն չկայ, որի իրաւունքների մասին խօսենք» եւ այլն, եւ այլն:
Թող ներուի ըսել, որ ա՛լ «անհեթեթ» ու «ժամանակավրէպ» մօտեցում է հայու տեսակի մասին խօսիլը, ցեղասպան թուրքին եւ ազերիին էութիւնը բացայայտելը, միջազգային արդարադատական ատեաններէն հայու իրաւունքը բարձրաձայնելը, դէպի Ծիծեռնակաբերդ քայլարշաւ կազմակերպելը, Եռաբլուրի շիրիմներ այցելելը, նորահաս սերունդին հայկական շունչով դաստիարակելը, Տէր Զօրի անապատի մէջ անթաղ բիւրաւոր հայերու «հեքիաթ»-ը ամէն տարի հոլովելը, հակաթուրք ցոյցերու եւ տողանցքներու նախաձեռնելը եւ մասամբ նորին:
Այո՛, վերեւի մատնանշումը կատարեցինք, որովհետեւ հայրենի պետական այրեր, իշխանաւորներ, «նոր Հայաստան»-ի ծնունդը կ՛աւետեն ամէն քայլափոխի, իսկ համայն հայութիւնը կը հրաւիրեն քաղաքական «իրապաշտութիւն» որդեգրելու եւ սա պէս շրջադարձ մը ապրելով` հոգեփոխուելու, ձերբազատելու հնամաշ միտքերէ ու կեցուածքներէ:
Այլ խօսքով` քաղաքական գործնապաշտութիւն քողին տակ, «սրտբաց» կոչեր կը բաշխուին ամբողջ հայութեան` հրաժարելու ազգային գաղափարախօսի կերպերէն, արժանապատուութենէն եւ վեհ սկզբունքներէն:
Որովհետեւ հայոց գոյութենական պայքարի ու տեսակի պահպանման վեհ խորհրդանիշ լեռ Արարատը տուեալ այրերու համար դադրած է արժէք ունենալէ եւ դարձած սովորական մի սար, որ մէկ կողմէ զբօսաշրջիկներ կը հրապուրէ, եւ միւս կողմէ` հայոց դարաւոր երազին «խեղճութիւն»-ը կը յիշեցնէ:
Ճիշդ չէ, մանաւանդ ապրիլի այս օրին, Սրբադասուած նահատակներու դիմաց խոնարհելու առընթեր, լուտանք եւ մեղադրանքներու հանդէս սարքել, պարզապէս յայտնելու հաւաքական մեր ցաւն ու պոռթկումը, ի տես ազգային ողբերգութեան մը, որ տեղի կ՛ունենայ հայոց սրբազան հողին վրայ, այսպէս ըսած, քաղաքական թրքավարի կողմնորոշումներու պիտակին տակ:
Արդ, ողբալու տեղ, քեզ «մեղաւոր» կը նկատենք, սրբազա՛ն լեռ, որովհետեւ մեզ դարեր շարունակ ոգեւորած ու դաստիարակած ես ազգային շունչով, կամքով եւ քեզի հասնելու երազով, նոյն ատեն` ծնունդ տուած ես ուրացողներու, ազգադաւ մարդոց եւ մարդկային թշուառութեամբ «յագեցած» պետական այրերու: