Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

110-Ամեակի Դժուար Խաչմերուկին Վրայ

Ապրիլ 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համազգային պանծալի բռնցքաւորումէն ետք, անցնող տասնամեակի հայ կեանքը վերածուեցաւ նախ խռովալի, ապա նաեւ` պատերազմի, ողբերգական պարտութեանց, հողային կորուստներու, ներազգային պառակտուածութեան եւ եկեղեցի-կառավարութիւն անհաշտ վիճակի ստեղծման տխուր բեմի, որ կը շարունակուի տակաւին իբրեւ այդպիսին…

Տասնամեակ մը առաջ` ապրիլ 24-ի այս օրը` հպարտ էինք, ուրախ եւ յուսավառ:  Համընդհանուր կանչն էր` «կը յիշեմ ու կը պահանջեմ»-ը… Մեր մեծ վէրքը նոր երգի վերածուած` նոր օրերու խոստումով կը գօտեպնդէր հայ մարդը` աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուած ըլլար ան:

Իսկ այսօր, տասնամեակ մը վերջ` համատարած հիասթափութիւն, յուսահատութիւն եւ անորոշ ապագայի մղձաւանջ:  Յանձնառութիւնը փոխակերպուած է անտարբերութեան, ինչ որ մեծագոյն թշնամին է ազգային իղձերու եւ անոր թօթափումը այնքան անհրաժեշտ`  հոգեբարոյական վերականգնումի ճիգերուն:

Այս տխուր հաստատումէն ետք հարցումը` ի՞նչ ընել, որպէսզի անկումէն ետք մէջքը շտկէ ու վերականգնի հայ մարդը:

Դիմել սեփական պատմութեան` պեղելու եւ վերագտնելու համար մեր էութիւնը, ազգի հոգեյատակը, ուր անսպառ ուժականութիւն ամբարուած է, եւ որ մեզ ոտքի հանած է ամենադժուար պահերուն իսկ:

Այս ըսուածին ցցուն ապացոյցն է նոյնինքն հայոց վրայ գործադրուած ահաւոր ցեղասպանութիւնը, որմէ երեք տարի վերջ հայրենական շերտ մը հողին վրայ կրցանք պետականութիւն կերտել, համայնավար բիրտ վարչակարգին տակ 70 տարի տառապելէ ետք վերակերտեցինք մեր անկախութիւնը, Արցախն ու հայկական հողեր ազատագրեցինք, իսկ տարբեր երկիրներու մէջ տարտղնուած, օրուան հացի կարօտ եւ ազգային  ու քաղաքական կողմնացոյցէ զուրկ գաղթական հայու բեկորներէն կրցանք կազմակերպ սփիւռք ստեղծել:

Ամէնէն յանդուգն երեւակայողն անգամ պիտի ահաբեկուէր` ի տես ազգային  պետականութեան հովանիին տակ համահայկական մեր խրոխտ երթին` Ցեղասպանութենէն ու գաղթականի թշուառութիւններէն միայն 100 տարի ետք…

Հարկ չկայ հազարամեակներու մեր պատմութիւնը սերտելու` համոզուելու համար, որ մեր ակունքներէն բխող բնութագիծ է պարտութիւններուն մէջն իսկ յաղթանակներ գտնելու ազգային յատկութիւնը, որուն շնորհիւ ամէն անկումէ ետք կրցած ենք վերյառնել: Աւարայրի պարտութիւնը ոգեշնչող յաղթականի հպարտութեամբ վարակած է յաջորդական սերունդներ: Անի մայրաքաղաքի անկումը ծնունդ տուած է Կիլիկիոյ թագաւորութեան եւ այսպէս` շարունակ… Թրքական տիրապետութեան դէմ մղուած ազատամարտին` հերոսական նահատակութենէն ետք ջան ֆետայիներուն նուիրուած յեղափոխաչունչ իւրաքանչիւր  երգ կը բխի անոնց մահն իսկ յաղթանակի վերածելու եւ յաղթականի զգացումով սերունդ վարակելու ազգի բնութագծէն, որուն խորթ ու անհաղորդ սմսեղուկներ չեն ամչնար եւ  այդ երգերէն տողեր առանձնացնելով` ծաղրանքի առարկայ կը դարձնեն համացանցի հարթակէն, նոյնիսկ` ՀՀ-ի ազգային ժողովի ամպիոնէն… Այո՛, դժբախտաբար կան այդպիսի սմսեղուկներ  ալ, բայց անցնինք ու աւելցնենք, որ հիմա, «թաւշեայ յեղափոխութեան» խեղափոխուած առաջնորդները կը բարձրաձայնեն, թէ Ցեղասպանութեան խնդիրը առաջնահերթ չէ, եւ ատիկա նոյնիսկ կը կարօտի  վերագնահատման, թէ` մոռցէ՛ք Կարսն ու Արտահանը, Մուշն ու Վանը, նոյնիսկ` հայ ազգի յաւերժութեան խորհրդանիշ Արարատը… Այսինքն ընդմիշտ թաղեցէք ազգի պատմական յիշողութիւնը եւ այդ վայրերուն նուիրուած ու անմահներու կողմէ յօրինուած երգ-երաժշտութեան ու բանաստեղծութեանց մշակոյթի հարստութիւնը… Անոնք չեն գիտցած, ոչ ալ կ՛ուզեն  գիտնալ, որ ֆիզիքական պարտութիւնը կը յաղթահարուի միա՛յն ազգային արժէքներուն ու յիշողութեան կառչած մնալով եւ գաղափարական վեհագոյն սկզբունքներ իրացնելու անտեղիտալի ձգտումով:

Սակայն սմսեղուկ ըսուածները կը գտնուին ՀՀ-ի կառավարութեան ղեկին եւ ընդունուած են Հայաստանի քուէարկող զանգուածներու կարեւոր հատուածի մը կողմէ, որով եւ կը կրեն «օրինական» հանգամանք: Անոնք թշնամիին կողմէ նոր պատերազմի սպառնալիքն ու նոր պարտութեան մը սարսափը քարոզչական դրօշակի վերածած` կը բարոյազրկեն հանրութիւնը` փոխանակ ճիշդ հակառակ ընթացքը բռնելու…

Աւելցնենք, որ կան նաեւ սփիւռքի սերունդը ուծացումէ փրկելու հրամայականը, հայ կեանքի ղեկավար տարրին յոգնածութիւնը, հետզհետէ քայքայուող վիճակը միջինարեւելեան հայագաղութներու, որոնցմէ կը հասնէին հայ դատի նուիրեալ ջերմեռանդ սերունդներ: Ի վերայ ամենայնի նոյնպէս արձանագրենք Հայ մարդը վարակած անտարբերութեան ախտը, ինչպէս նաեւ անփառունակ պարտութենէն ետք` հոգեպէ՛ս ալ պարտուած ՀՀ-ի  իշխանաւորներու… մեղմ ըսած կամակորութիւնը, որպէսզի լրիւ  պատկերենք այն դժուար ու շուարեցնող խաչմերուկը, որ կը բանայ մեր առջեւ Ցեղասպանութեան 110-ամեակը…

Հարցումը կը յամենայ. ի՞նչ ընել…

Պատասխանը չփնտռենք յօդուածի մը մէջ,  գրիչէ մը: Բայց ընդգծենք անվարան, որ կործանիչ է դժուար խաչմերուկի առջեւ շուար ու անճրկած կենալը, անելի մատնուիլը կամ ծունկ ծեծելը: Հրամայական է ընտրել ճամբայ մը ու ընթանալ անկէ` գտնելու համար ազգի պատմական հունը: Ընտրել պատմութեան տրամաբանութեան ուղին, որ պայքարի տրամաբանութիւնն է, եւ որ կը կազմէ կեանք ըսուածին էութիւնն իսկ` ծնունդէն մինչեւ վերջ: Յարատեւ պայքար:

Այո՛, պայքար եւ ցնցիչ տեսակէն, որպէսզի թմրած ջիղերը արթննան, աշխուժանան: Առ այս, յանձնառու ղեկավարներուն կը մնայ որոշել պայքարի ձեւը, թափն ու տարողունակութիւնը:  Ի զուր չէ գրած Ցեղասպանութեան նահատակ անկրկնելի Վարուժանը . ու պայքա՛ր, պայքա՛ր, պայքա՛ր երգեցի…

Աթէնք, 18 ապրիլ 2025

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Այժմէական Մտորումներ

Յաջորդը

Հայ Դատի Նշաձողը Պիտի Պահենք Բարձր

RelatedPosts

Շուշիով Կրնա՛նք Վերապրիլ  (9 Մայիս)
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

Մայիս 17, 2025
Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ
Անդրադարձ

Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ

Մայիս 17, 2025
Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»
Անդրադարձ

Հայերը Կը Կարծեն, Թէ Միայն Իրենք Անմիաբան Են, Սակայն Իրականութիւնը Այդպէս Չէ

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?