Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծ Եղեռնը Եւ Մեծ Հայրերս

Ապրիլ 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քեսապահայութեան տեղահանութեան պատմութիւնը սպառիչ կերպով պատմած է դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանը` իր «Քեսապը» ծաւալուն գիրքերէն Ա. հատորին մէջ. տեղագրութիւն, բնակավայր-բնակչութիւն, պատմութիւն ու տնտեսութիւն (հրատարակութիւն Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, Հալէպ, 1995):

Սակայն սոյն գրութեանս ճամբով կը փափաքիմ պատմել մեծ հայրերուս եւ հօրենական մեծ մօրս տարագրութեան պատմութիւնը:

Կարապէտ Մանճիկեան եւ Վիքթորիա Տէր Սահակեան-Մանճիկեան

Կը սկսիմ մեծ մօրս` Վիքթորիա Տէր Սահակեանի պատմութենէն:

Ան պատմած է ինծի, որ իրենց բազմանդամ ընտանիքը մաս կը կազմէր Քեսապէն մեկնած երրորդ մեծ կարաւանին:

Այդ կարաւանը մեծ մասամբ բաղկացած էր հայ աւետարանական համայնքի զաւակներէն ու միւս համայնքներու այն զաւակներէն, որոնք նախորդ կարաւաններուն մաս չէին կազմած:

«Բաժնէ, որ տիրես» քաղաքական սկզբունքին կիրարկումով, քեսապահայութեան առաքելական եւ կաթողիկէ համայնքներուն զաւակներէն կազմուած կարաւանները, որոնք նախապէս քշուած էին, իբրեւ ուղղութիւնը ունեցան հարաւը, նախ` Քեսապի մերձակայ Օրտու (այժմ Եայլա-Տաղ), ապա Ճըսըր Էլ Շուղուր, Համա, Հոմս, Տէր Աթիէ, Նապըք, Դամասկոս, Տարաա, ապա Յորդանան` Ամման, Սալթ ու Յորդանան գետի անկողինը: Անոնցմէ շատեր յաջողած էին փախչիլ ու ապաստանիլ արաբ գիւղացիներուն մօտ (մանաւանդ` Ըսքելպիէ ու Մըհարտէ քրիստոնեայ գիւղացիներուն մօտ, ու անոնցմէ շատեր ողջ մնալով` յառաջիկային վերադարձած էին Քեսապ (1919-1920-էն ետք):

Սակայն հայ աւետարանական համայնքի զաւակներուն կը սպասէր շատ աւելի դառն ճակատագիր, որովհետեւ անոնց կարաւանին ուղղութիւնը եղած էր Հալէպ, Մընպեճ, Պապ, Ռաքքա, Մասքանէ ու Տէր Զօրի անապատը:

Պատմուած է, որ Քեսապ գոյութիւն ունեցող որբանոցին պատասխանատուն եղած է գերմանացի մը` Հըրթըր անունով, որպէս քարոզիչ-միսիոնար, որ խորքին մէջ գերմանական բանակի սպայ մը եղած է, եւ տեղահանութեան նախօրէին Քեսապի երեւելիներով գումարուած ժողովին ընթացքին ան հաւաստիացուցած է, որ աւետարանական համայնքին պատկանողները տեղահան պիտի չըլլան: Իսկ յառաջիկային պատահածը այդ հաւաստացիութեանց հակառակը եղած է ու Տէր Զօրի կառափնատէն քիչերը ողջ վերադարձած են:

(Այս դրուագը ինծի պատմած է հանգուցեալ Յովսէփ Աբոյեանը` ուսուցիչ, եւ հայրը հանրածանօթ Սերոբ եւ Ժան Աբոյեաններուն):

Մեծ մօրս հօրեղբայրը` Ճորճը, շրջուն փերեզակ եղած էր ու յաճախ իր աւանակով կը հասնէր Սուրիոյ հեռաւոր ծայրամասերը, մինչեւ ՏԷր Զօր ու աւելի անդին: Ան կը ծախէր Հալէպի օճառ, վերմակներու ասեղ ու դերձան, քերոսինով լուսաւորող լամբեր, անոնց ապակին ու պատրոյգը եւ Ճըսըր Էլ Շուղուրի մէջ պատրաստուած «Գերմոշ»` գոյնզգոյն շաքարներ, շաքարաւազ, թէյ… եւ այլն: Իր առեւտուրը կը կատարուէր փոխանակութեամբ, գիւղական այլ տեսակի մթերքներով` հաւկիթ, չորթան… եւ այլն:

Երբ Հալէպի արեւելքը գտնուող եւ Եփրատի ափին տեղակայուած Մեսքենէ քաղաքը կը հասնէր, ան կ՛իջեւանէր Մեսքենէի մեծամեծերէն շէյխ Ապտալլա Ֆարաճին մօտ. ան ճանչցուած էր որպէս «Ճըրճի Սըմաան»` Ճորճ Տէր Սահակեանի արաբերէն հնչիւնափոխութիւնը:

Մեծանուն շէյխը երբ կ՛իմանայ, որ քեսապցիներու տեղահանութեան կարաւանը Մեսքենէ հասած է, կ՛երթայ անոնց մօտ, Տէր Սահակեաններու գերդաստանը իր մօտ կ՛առնէ: Ան կ՛անտեսէ ամէն վտանգ, օսմանական իշխանութեանց սպառնալիքները, թէ հայերուն ապաստան տուողները խստօրէն պիտի պատժուէին:

Մեծ մօրս հետ կը փրկուին իր եղբայրը` Յակոբը, քոյրը` Եսթերը ու հօրեղբօր որդիները (անոնցմէ Սիմոնը` Հալէպ ծառայող պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեանի մեծ հայրը), եւ անշուշտ «Ճըրճի Սըմաանը» եւ ուրիշներ):

Ու երբ օսմանեան իշխանութիւնները քանի մը տարիներ ետք կը քաշուին Սուրիայէն, ան` շէյխը, իր ապաստանեալները կը տանի Հալէպի որբանոցը, անոնք աւելի ուշ կը վերադառնան Քեսապ:

Յովսէփ Պասմաճեան

Մօրենական մեծ հայրս` Յովսէփ Պասմաճեանը (մենք զայն գիտէինք որպէս Ժոզեֆ պապուկ կամ «քառունց» (քեռիենց) պապուկը) իր մատղաշ տարիքին, հազիւ 8-9 տարեկան, աւետարանականներու կարաւանին մաս կազմելով, Սուրիոյ անապատին մէջ կը խլուի իր մօրմէն (հայրը` Նշանը, օսմանեան բանակին մէջ կը ծառայէր) եւ խաբեբայութեամբ «հարազատի» մը կողմէ կը խլուի ու կը ծախուի արաբ պետեւիի մը: Ան կը յաջողի փախչիլ իր տիրոջ քովէն ու բազմաթիւ արկածներէ ետք կ՛որդեգրուի այլ բարեսիրտ արաբ պետեւիի մը կողմէ, որուն փոքր տղան երբ Եփրատի մէջ լողացած պահուն խեղդամահ կ՛ըլլար, եւ մեծ հայրս` փոքրիկ Յովսէփը կ՛ազատէ զայն ու կը դառնայ արաբին սիրելի որդեգիրը:

Այս «բարի սամարացի» արաբը աւելի ուշ, երբ օսմանցիները կը լքեն Սուրիան, մեծ հայրս կը տանի Ուրֆա ու կը յանձնէ զայն այնտեղի որբանոցին:

Մեծ հայրս կը վայելէ այդ որբանոցին խնամքն ու յառաջիկային կը տարուի Լիբանան` «Թռչնոց բոյն», ապա` Անթիլիասի որբանոցը, ուր զայն կը վերագտնէ Եղեռնէն փրկուած հայրը:

Ժոզեֆ մեծ հօրս մասին մայրս գրած է փոքր գրքոյկ մը` «Հօրս ոդիսականը» խորագիրով, որ որպէս թերթօն լոյս տեսաւ «Ազդակ» օրաթերթին մէջ ու ունեցաւ իր արաբերէն տարբերակը, «Ազդակ»-ի արաբերէն յաւելուածին մէջ:

Ժոզեֆ մեծ հայրս մօտ 40 տարիներ գործեց Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց միացեալ վարժարանին մէջ` իբրեւ ուսուցիչ ու տնօրէն:

Հօրենական մեծ հայրս` Կարապետը (հպարտութեամբ կը կրեմ անոր փոքրացուած անունը), տարագրութեան` Մեծ եղեռնի օրերուն արդէն հասունութեան տարիքը հասած երիտասարդ էր. ան աւարտած էր Այնթապի քոլեճը ու լաւապէս կը տիրապետէր հայերէնին, անգլերէնին ու օսմաներէնին:

Յետեղեռնին ան կարճ ատեն մը զբաղած է ուսուցչութեամբ ու վաստկած` «Կէրպօ խոճա» մակդիրը («Կէրպօ»-ն քեսապերէն Կարապետին կրճատումն է):

Ան մաս կը կազմէ Քեսապէն տարագրուածներուն կարաւանին` փոխան ծնողքին ու գարատուրանցիներուն կարաւանին, որովհետեւ այդ օրերուն եւ այդ սեւ օրուան նախորդ գիշերը Գարատուրանէն Քեսապ եկած էր իմանալու համար «սովգիաթի»` տեղահանութեան մասին լուրերը: Ան դէպի Քեսապ ճամբուն վրայ իր ֆրանսական կարճ «մարթինը» (հրացանը) կը տեղաւորէ ձթենիի սնամէջ կոճղի մը մէջ, որովհետեւ ճամբան կ՛անցնէր թրքական զօրանոցին քովէն: Եւ որովհետեւ գիշերած էր մօրաքրոջ տան մէջ, ուստի ան անոնց հետ կը տարագրուի:

Այսօր կ՛անգիտանամ, թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ ան Ճըսըր Էլ Շուղուրի մէջ ապաստան կը գտնէ Պաքիր ընտանիքին մօտ, ուր կը դառնայ անոնց վստահելին, գրագիը, ջրտուքի բանուորներուն գլխաւորը…

Իր ճիգերով ան կը յաջողի փրկել բազմաթիւ մանուկներ:

Ի դէպ, յիշեցնեմ, որ անոնց կարաւանը կը հասնի Յորդանան:

10 տարեկան էի (1969-ին), երբ ան մահամերձ էր, մահէն քանի մը ամիսներ առաջ ընդունեց այցելութիւնը իր որդեգրութեան «եղբօրը», ու անոր մեկնումէն ետք յուզումէն, անոր լեզուն կապուած ու պապանձուած մնաց մօտ 2-3 օրեր:

Իր ունեցած ազգային-կուսակցական գործունէութեան մասին իմացած եմ փոքր դրուագ մը:

Ան իր ընկերոջ` Փոլ (Պօղոս) Չիւրիքեանին հետ կը մեկնի Հաճըն, ու այնտեղէն կ՛ապահովեն հրացաններ (մօտ երկու տասնեակ) ու ջորիներով կը փոխադրեն Մերսին` ծովափնեայ քաղաքը, ու այնտեղէն նաւակով մը կը հասցնեն Գարատուրան: Արուատցի (Սուրիոյ միակ կղզին` Թարթուսի դիմաց) նաւավարները երբ իրազեկ կ՛ըլլան փոխադրուած բեռին մասին, ու որպէսզի գաղտնիքը դուրս չտան, մեծ հայրս զանոնք կրկնակի փոխադրավարձքով կը վարձատրէ:

Մեծ հօրս գերդաստանը երկրորդ կարաւանին հետ կը հասնի Յորդանան: Տէր Աթիէի մէջ (Դամասկոսէն 50-60 քմ հիւսիս) կարաւանը կը վարակուի քոլերայով, եւ շատեր կը մահանան այնտեղ:

Յորդանան հասնողներէն էր իմ Յովսէփ հօրեղբայրս, որ կ՛ապաստանի Սալթ գիւղաքաղաքին մէջ: Ան յառաջիկային երբ կը վերադառնայ Քեսապ, այնտեղէն իրեն հետ, Քեսապ կը հասցնէ դեղին ու հիւթալի խաղողի տեսակ մը, որ ցայսօր Լաթաքիոյ մէջ կը կոչուի «Սալթի» ոմանց կողմէ, մինչ զանգուածը զայն կը ճանչնայ «Շամի»:

* * *

Ամիսներ առաջ, երբ «կը թերթատէի» Դիմատետրի էջերը, առաջս եկաւ սիրելի ընկերոջս` ազգային-կուսակցական գործիչ, հրապարակախօս` Վաչէ Բրուտեանին էջը:

Ան 27 յունուար 2025-ին իր էջին վրայ տեղադրած էր հետեւեալը. «Որովհետեւ գերագոյն գլխաւոր պատուհասը շատ լաւ գիտէ «թէ ի՛նչ պատահեց եւ ինչո՞ւ պատահեց» 1915-ը: Այսինքն հայրենի պետական այրերէն գլխաւորները հարցման տակ կը դնէին Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

Հատորներ կան գրուած այդ սեւ թուականին մասին, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս եղաւ. հայ թէ օտար հեղինակներ փաստարկած ու պատմած են այդ մասին, որ ամենաանմիտն իսկ կը հաւատայ ու կը հաստատէ ատիկա:

Այժմ ես ալ, իմ կարգիս, որպէս միջին հայ, հարցադրումը կը կատարեմ վերի տողերուն մէջ կատարած պատմածիս լոյսին տակ. արդեօք պատմածս Հայոց ցեղասպանութեան մէկ փոքրագոյն պատմումն ու փաստը չէ՞, թէ՞ վերոյիշեալը Հայոց ցեղասպանութեան փաստերէն մէկը չէ, Քեսապէն եկած:

Քեսապցիներուն նահատակները Սուրիոյ անապատներուն վրայ, ազգի մը ցեղասպանութեան, կանխամտածուած ու ծրագրուած, անառարկելի փաստերը չե՞ն:

Իւրաքանչիւր օր իրազեկ կը դառնանք Հայաստանի «շեֆերուն» փաղանգին ուղեղի նորանոր փայլատակումներու. Ցեղասպանութեան ուրացում, մինչ աւելի քան 3 տասնեակ պետութիւններ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ շատեր զայն ուրացողները քրէական պատասխանատուութեան կանչելու օրէնքներ մշակած են. բռնատարագրուած արցախահայ ամէն իրաւունքներու ուրացում… զորն ասեմ ու զորն խոստովանիմ… Կը դժուարանամ ըմբռնել հայուն այս ուրացումը:

Չեմ յաւակնիր քաղաքական վերլուծում կատարել, այն, ինչ որ կը պատահի մեր հայրենիքին մէջ (իմ մասնագիտութիւնս չէ այդ մէկը). սակայն որպէս հայ, քաջածանօթ մեր պատմութեան, ու մեր ազգին անժամանցելի իրաւունքներուն, արիւնս կ՛եռայ երակներուս մէջ, ու գլուխս կը խուժէ…

Սասունցի Դաւիթ ըսած է. «Ո՛վ ականջ ունի, թող լսէ». ես ալ հարց կու տամ «Ո՞վ որ հայկական արիւն ունի իր երակներուն մէջ, եթէ կրնայ, թող հերքէ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը…»:

Գրագէտը ըսած է.

«Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախատինք»:

8 ապրիլ 2025

Նախորդը

Խնամակալ Եւ Աղօթող Մեծ Մայրս

Յաջորդը

Յիշելով Դառնալ Վահան, Պատնէշ Եւ Խրամատ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?