Տէր, դո՛ւն պահէ հօտն այս ցրուած, այս տկար
Իմ հալածուած իմ տանջուած վեհ ցեղին.
Շատ եղաւ ալ, բաւական է այս երկար Գողգոթային ծանր խաչը, զոր դրին
Անօրէններ անոր ուսին այնքան դար:
Ես կ՛աղօթեմ անոր համար, կ՛աղօթեմ
Որ այցելես դուն, խնայես ալ անոր.
Չենք ուզեր մենք ո՛չ քու դրախտն, ո՛չ եդեմ, Վերցուր չարին տանջանքը` որ ամէն օր
Մեր վրան է անարգանքի որպէս վէմ:
Դո՛ւն ըրէ մեզ իմաստուն, դո՛ւն, ով մեր Տէ՛ր,
Տո՛ւր մեզի ուժ, համբերութիւն ու կորով,
Որ չմեռնինք, չվերջանանք, քանի դեռ
Հայրենիքը չտեսանք մենք, մեր օրով
Վտարանդի կը մնայ հայ ցեղը մեր:
***
Ու դեռ կ՛ուզեմ ես աղօթել բոլորին,
Համայն մարդոց, բարիներուն, չարերուն
Համար խնդրել որ հսկես դուն, որ ապրին,
Բարի դառնան, ու երջանիկ, իմաստուն,
Ա՛լ չկռուին, չվնասեն տկարին:
Տէ՛ր, դուն դարձիր, ու այցելէ մարդկութեան
Սա դեռ թշուառ, իրար ջարդող ազգերուն,
Բա՛րձ անոնցմէ հեռն ու քէնը` խոր այնքան,
Զի թշուառ են մարդիկ, տգէտ ու գիտուն, Քաղաքակիրթն ու վայրենին յար նման:
Վերջացո՛ւր այս չվերջացող վէճն ու ցաւ,
Ըլլան մի հօտ ու մի հովիւ, միասին
Թող արածին գայլն ու ոչխար, քու անցաւ Ողորմութիւնդ իջնէ անոնց բոլորին:
Չմոռնաս հօտս ալ` երբ ան քեզ չմոռցաւ:
1951 – Հալէպ