Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առիթով

April 26, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդ թուրքերու կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը մեր ազգը կը նշէ հայութեան համար ոչ բարենպաստ պայմաններու մէջ: Արցախը ներքին եւ արտաքին գործօններու պատճառով հայաթափուած է իր բնիկ ժողովուրդէն, Հայաստանի մէջ կ՛արձանագրուին հայութեան պատմաքաղաքական շահերուն անյարիր զարգացումներ, սփիւռքի տարածքին հայութիւնը կը դիմագրաւէ բազում հարցեր եւ խնդիրներ:

Նման իրավիճակի մը մէջ Հայ օգնութեան միութիւնը իր ձայնը կը միացնէ հայութեան գիտակից եւ յանձնառու մեծ զանգուածի կոչերուն եւ կը պահանջէ, որ յանուն «խաղաղութեան»` Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման որեւէ փորձ խստօրէն դատապարտուի եւ կանխարգիլուի,  հաստատելով, որ հայ ժողովուրդին հողային, մարդկային եւ ունեցուածքի հատուցումը արդար եւ անվիճելի իրաւունք է, որ ժամանակին թաւալման հետ իր ուժն ու օրինականութիւնը չի կորսնցներ:

Հայ օգնութեան միութիւնը` իբրեւ հայութեան ծոցէն ծնած մեծ կազմակերպութիւն մը, խորապէս կը գիտակցի, որ աշխարհաքաղաքական իրավիճակն ու զարգացումները չեն կրնար ստուեր ձգել եւ մոռացութեան տալ հայութեան պահանջատիրութիւնը, որ կը նպատակադրէ արդարութիւնը հաստատել` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչմամբ եւ հայ ժողովուրդին բոլոր իրաւունքներուն հատուցմամբ:

Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը սոսկ թուական չէ, անիկա առիթ է` դրսեւորելու քաղաքական յանձնառութիւն, թէ հայութիւնը ոչ մէկ պարագայի պիտի հրաժարի իր իրաւունքներէն եւ պիտի շարունակէ պահանջատիրական իր պայքարը` յանուն արդարութեան: Հայ օգնութեան միութիւնը այս յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը` ծառայելով հայ ժողովուրդին, թարգմանը հանդիսանալով անոր արդար իրաւունքներու ձեռքբերման եւ իր ձայնը լսելի պիտի դարձնէ միջազգային հարթակներու վրայ` շեշտելով արդարութեան եւ հաւասարութեան համամարդկային իրաւունքներու ամրագրման կարեւորութիւնը:

Հայութիւնը այսօր աւելի քան կարիքը ունի միասնականութեան: Հայ օգնութեան միութիւնը կը հաւատայ, որ միասնականութեամբ եւ հայութեան քաղաքական, տնտեսական, գիտական, կրթական, մշակութային եւ այլ մարզերու մէջ ներուժի ճիշդ օգտագործմամբ կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները եւ ամբողջական Հայաստանի տեսլականով առաջնորդուելով` հասնիլ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդար հատուցման:

Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով ՀՕՄ-ը կը վերանորոգէ հայութեան ծառայելու իր ուխտը եւ նոր թափով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:

ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Շարունակական Պայքարի Կոչ Կ՛ուղղէ` Թէ՛ Հայաստանի Եւ Թէ՛ Սփիւռքի Հայութեան

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Մըրենթ Վիրաւորուեցաւ, Օքլահոմա Յաղթեց

RelatedPosts

Սուրիա` Նոր Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման
Անդրադարձ

Տեսակէտ. Իրան` Կործանման Եզրի՞ն

January 20, 2026
Ա՛յս Է Միակ Լուծումը
Անդրադարձ

Ա՛յս Է Միակ Լուծումը

January 20, 2026
Պաշտօնական Կողոպուտը Որքա՞ն Կրնայ Շարունակուիլ
Անդրադարձ

Պաշտօնական Կողոպուտը Որքա՞ն Կրնայ Շարունակուիլ

January 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.