Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բա՛ւ Է Խօսինք. Աշխատանքը Կը Սպասէ Բոլորիս

April 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Թեւակոխեցինք ապրիլ ամիսը:

Աշխարհասփիւռ հայութիւնը, հայրենիքէն սփիւռք, պիտի ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը:

Հայոց ցեղասպանութիւնը սկսաւ վեց հարիւր տարի առաջ, երբ օսմանեան թուրքերը նուաճեցին Փոքր Ասիան ու Հայաստանը եւ հիմք դրին Օսմանեան կայսրութեան: Թուրքերը նախ ձեռնամուխ եղան «սպիտակ» ցեղասպանութեան` ձուլում, իսլամացում, բռնագաղթ եւ մասնակի ջարդեր: Վեց հարիւր տարի պայքարեցան հայոց հայրենիքը յափշտակելու եւ սեփական հայրենիք դարձնելու համար: Սակայն համոզուելով, որ ազդու չեն հայաթափման միջոցները, Օսմանեան կայսրութեան ղեկավարութիւնը 19-րդ դարուն որդեգրեց հայ ժողովուրդը ֆիզիքական ոչնչացումի ենթարկելու քաղաքականութիւնը:

Հայ ժողովուրդը կա՛մ պէտք էր պայքարէր իր հայրենիքին համար, կա՛մ հեռանար օտար երկիրներ: Ան հարկադրաբար ընտրեց պայքարի ուղին:

Պաշտօնական Թուրքիան ոչ միայն կը փորձէ հերքել Ցեղասպանութեան փաստը, այլեւ պատասխան արշաւ նախաձեռնած է տարբեր մակարդակներու վրայ` ծածկելու սուտի եւ կեղծիքի վրայ յենած իր պատմութիւնը: Յանցագործը խտրութիւն չի դներ միջոցներու մէջ, կը կաշառէ` պատմաբաններ, գիտնականներ, քարոզչական եւ հասարակական զանազան կազմակերպութիւններ:

Իսկ մենք ինչպէ՞ս կը հակադարձենք թրքական հակաքարոզչութեան: Պէտք է ընդունիլ, որ նորանկախ հանրապետութեան բոլոր իշխանութիւնները կրաւորական կեցուածք ցուցաբերած են թրքական «պատմաշինութիւններուն» հանդէպ:

Ամբողջ Արեւմտահայաստանը ասպատակող, հայ ժողովուրդը տեղահանութեան ենթարկող Թուրքիան բռնագրաւիչ կը յայտարարէ Հայաստանը: Երեւան չի յանդգնիր պատասխանելու: Մինչդեռ Անգարան եւ Պաքուն են բուն բռնագրաւողները: Թուրքիա երեսուն եւ աւելի տարիներէ ի վեր տնտեսական շրջափակումի ենթարկած է Հայաստանը: Հայաստանի քաղաքական այրերը զարմանալիօրէն «գործընկեր» կը կոչեն մեր տնտեսութիւնը կաթիլ առ կաթիլ քայքայող թշնամին: Այս «գործընկեր»-ը Ազրպէյճանին հետ Հայաստանը մեկուսացուցած է տարածաշրջանային տնտեսական համաձայնագիրներէն, կազամուղներու ճանապարհներէն:

Խուլ ականջ կը ձեւանանք Ազրպէյճանին զէնք մատակարարող պետութեան առջեւ: Մեր իշխանութիւնները «իրատեսական» գնահատական կու տան Թուրքիոյ հանդէպ անբացատրելի զիջողական քաղաքականութեան:

Աշխարհաքաղաքական վտանգաւոր զարգացումներ տեղի կ՛ունենան Հարաւային Կովկասի մէջ: Ռազմական նոր դաշինքներ կը կնքուին… Մենք պարտաւոր ենք ճիշդ գնահատելու պատմութիւնը, միաժամանակ` ապագայի մեր քայլերը:

Դժբախտաբար Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան անհետեւողական ընթացքը կերպով մը անտեսած է Հայկական հարցին գոյութիւնը, երբ Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութիւնը 1997 թուականին ընդունեց բանաձեւ մը, ուր կը հաստատէր, որ 1915 թուականին աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայերու զանգուածային սպանութիւնը, տեղահանութիւնը ցեղասպանութիւն է: Իսկ 2005 թուականին, պատասխանելով Էրտողանի այն նամակին, առ այն, որ` «պատմաբանները անկողմնակալ ուսումնասիրեն հայ ժողովուրդի ճակատագիրին վերաբերեալ հարցերը», Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութիւնը վերահաստատեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նախապէս ընդունած որոշումը` աւելցնելով. «Մենք կը հաւատանք, որ ակնյայտօրէն ի շահ թուրք ժողովուրդին եւ անոր ապագային է` ճանչնալ նախորդ կառավարութեան պատասխանատուութիւնը հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան համար, ինչպէս կատարեցին գերմանական կառավարութիւնը եւ ժողովուրդը` Ողջակիզման պարագային»:

Հայաստանի մէջ ոմանք չեն փափաքիր ըմբռնել այն ահաւոր գինը, որ հայ ժողովուրդը վճարեց անցեալին: Մենք այսօր եւս կը շարունակենք կրել մեր պատմութեան ամենաողբերգական էջին հետեւանքները:

Այստեղ կարելի է բարձրաձայնել մէկ այլ կարեւոր հարց:

Սփիւռքահայութիւնը ընդհանրապէս պէ՞տք է վստահի Հայաստանի Հանրապետութեան` Հայոց ցեղասպանութիւնը ներկայացնելու հարցով, թէ՞ փոխարէնը ընտրէ պատմական արդարութիւնը վերականգնելու այլընտրանքային ճանապարհ, իրաւական հայցի վրայ հիմնուած, ոչ` Ցեղասպանութեան ճանաչման քաղաքական առեւտուրի շուրջ:

Պահանջատիրութեան երթը թուլութեան նշաններ ցոյց կու տայ այսօր: Կարծէք ինքնանպատակ ըլլային Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Համահայկական հռչակագիրին պատգամները:

Թուրքը` օսմանական կամ քեմալական, չէ հրաժարած Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը ոչնչացնելու ծրագիրէն:

Ցեղասպանութեան ճանաչումը արդէն հատած է որոշակի ճանապարհ: Սակայն ճանաչումը չի բերեր հատուցում: Ցեղասպանութեան ճանաչումը չի կրնար դառնալ  պահանջատիրական պայքարի լուծում:

Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերուն մէջ հատուցման վերաբերեալ ակնարկի բացակայութիւնը այն տպաւորութիւնը ստեղծած է, թէ Թուրքիոյ կողմէ ճանաչումէն բացի` չունինք այլ պահանջ:

Ժամանակն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը հետապնդելով հանդերձ, մեր գլխաւոր թիրախը դարձնենք հատուցումները, Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումը: Այս բնականաբար կը նշանակէ պահանջատէր դառնալ մեր իրաւունքներուն, նիւթական, հոգեւոր, մշակութային, մտաւոր եւ բարոյական կորուստներուն: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը վերջնանպատակ չէ մեզի համար:

Հայ ժողովուրդը պահանջատէր է: Ժամանակն է, որ միջազգային հանրութիւնը եւ յատկապէս Թուրքիան լսէ այս բառը: Անհրաժեշտ է նաեւ արթնցնել Թուրքիոյ հանրային գիտակցութիւնը:

Այստեղ կը ծագի հարցերու հարցը. ի՞նչ կը պահանջենք ցեղասպանէն: Դժբախտաբար մինչեւ օրս չունինք յստակ եւ ամբողջական պատկերացում: Ո՞վ պիտի քննարկէ, հետապնդէ այս հարցը, եթէ ոչ` մենք: 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրը կրնար կարեւոր հիմք ծառայել այս աշխատանքներուն:

Հայկական հարցը միայն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը չէ: Հայկական հարցը հողի, հայրենիքի հարց է:

Թուրքը շատ լաւ գիտէ, որ անցեալը մոռացութեան տալը ինքնախաբէութիւն մըն է պարզապէս: Ցաւալիօրէն հայ-թուրք յարաբերութիւններուն մէջ ներկայիս տիրող կարծեցեալ լաւատեսութիւնը երբեք ալ հիմնուած չէ իրաւական հիմքերու վրայ: Հայ-թուրք յարաբերութիւններուն մէջ իրաւազրկուած կողմն է, որ պայմաններ պիտի ներկայացնէ, ոչ` յանցագործը:

Ուշացած ենք դժբախտաբար:

Այո՛, շա՜տ ուշացած: Ճառախօսութիւններու ժամանակը` սպառած: Բա՛ւ է խօսինք: Ծանր աշխատանք կը սպասէ բոլորիս: Այս բոլորին համար անհրաժեշտ են` քաղաքական կամք, մասնագիտական, հետեւողական աշխատանք, փաստաթուղթերու հաւաք, հատուցումներու համապարփակ թղթածրարի պատրաստութիւն: Աշխատա՛նք…

Եթէ մենք հրաժարած չենք Արեւմտահայաստանէն եւ հրաժարած չենք մեր բռնագրաւուած հայրենիքը ազատագրելու արդար մղումէն: Եթէ մենք պիտի հետապնդենք մեր արդար դատը, հայու արժանապատուութիւնն ու հպարտութիւնը, պարտինք անյապաղ ազատագրուիլ հատուածամոլութենէն եւ ինքնասիրահարուածութենէն եւ ձեռնարկել վերածնունդի նուիրական աշխատանքի:

Պայքարի միասնութիւնը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն մըն է այսօրուան աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն մէջ: Գործենք խելամտօրէն եւ իրաւաքաղաքական մտածողութեամբ` կառչելով մեր իրաւական պահանջներուն:

Անհրաժեշտ է արեւմտահայութեան բոլոր կենսունակ ուժերուն մասնակցութեամբ անյապաղ մշակել համասփիւռքեան աշխատանքի ծրագիր: Որդեգրել մեզ լիակատար ներկայացնող մարմին մը (յատկապէ՛ս քաղաքական փորձ ունեցող իրաւաբաններէ), որ պիտի գլխաւորէ մեր պահանջատիրական պայքարը, մեր իրաւունքները, նաեւ վերջ դնէ մեր ապակեդրոն եւ անգլուխ վիճակին:

Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումները մեր գիտակցութեան մէջ անգամ մը եւս պիտի հաստատեն, որ գերագոյն նպատակ մը ունինք` մեր բռնագրաւուած հայրենիքին ազատագրութիւնը: Մեր նահատակները զոհուեցան, որպէսզի մենք ապրիլ սորվինք:

Այսպիսի հրամայականի առջեւ ոչ մէկ խտրականութիւն` սփիւռք եւ հայրենիք, կուսակցական կամ որեւէ այլ հաշուով: Մենք մէ՛կ ենք, մէ՛կ կամքով եւ հաւատով: Մենք պիտի գօտեպնդուինք մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի արդար դատով եւ ապագայով: Բայց այս բոլորին զուգահեռ` միաժամանակ սփիւռքահայը Հայաստան վերադարձնելու մասին պէտք է մտածել: Այս մասին մտածող չկայ:

Պատմական Հայաստանի երազը փայփայելու համար իւրաքանչիւր հայ պարտաւոր է ամբողջ հոգիով կառչիլ անկախ Հայաստանին, անոր բանակին, պետականութեան, որովհետեւ միա՛յն հզօր Հայաստանը եւ հզօր սփիւռքը կրնան ըլլալ մեր երազին միակ բանալին:

Ա՛յս պարտի դառնալ մեր նահատակներուն պատգամը Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին:

 

 

Նախորդը

Յիշելով Դառնալ Վահան, Պատնէշ Եւ Խրամատ

Յաջորդը

Այնթապէն Զահլէ` Թեւածող Հոգիներ

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.