Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը եզակի առիթ է` անդրադառնալու համազգային մակարդակով մեր դիմագրաւած բազմատեսակ հարցերուն, ինչպէս նաեւ` լուծումներ գտնելու կարելիութիւններուն:
Երիտասարդ թուրքերու կազմակերպութեան ազգայնամոլ-թուրանական թեւն էր, որ 1911-էն արդէն իսկ վճռած էր իրագործել Հայոց ցեղասպանութիւնը, այսպէս կոչուած, թրքացնելու եւ «բիւրեղացնելու» Անատոլուն կամ Փոքր Ասիան: Թալէաթի, Էնվերի, Ճեմալի, Պեհաէտտին Շաքիրի եւ բազմաթիւ այլ դէմքերու կողմէ ղեկավարուած Ցեղասպանութիւնը ունէր հիմնական ոճրային գաղափարական հիմունքներ: «Թեշքիլաթը մահսուսէ»-ն կամ Յատուկ կազմակերպութիւնը եղաւ աւազակներէ եւ ոճրագործներէ կազմուած զինեալ այն խմբաւորումը, որ պարտականութիւն վերցուց իրականացնելու թուրանականութեան ծրագիրի յաջողութեան նախապայման նկատուող հայերու տեղահանութիւնը: Շնորհիւ «Նեմեսիս» գործողութեան` գլխաւոր ջարդարարներուն մեծ մասը ահաբեկուեցաւ` ստանալով իր արդար պատիժը:
Ճանչնալու համար մեր թշնամին, պէտք է ճանչնալ այդ թշնամիին` պատմութիւնը, աւանդութիւնները, գործելաոճը, մտածելակերպը եւ մշակոյթը: Այսօր իւրաքանչիւր երիտասարդ, աւելի քան երբեք, կոչուած է ճանչնալու թուրքը: Թուրքը պատկերասփիւռէն մեր տեսածը չէ, արտադրութիւնները չեն, քաղաքական դարձուածքներով լեցուն յայտարարութիւնները չեն, ո՛չ ալ` հրապարակային հանդիպումներու ընթացքին արտասանուած «յառաջադէմ» կամ «ժողովրդավար» կեցուածքները: Թուրքը 11-րդ դարուն Կեդրոնական Ասիոյ տափաստաններէն Միջին Արեւելք եկած նոյն վայրագ, ոճրագործ եւ անգութ ժողովուրդն է: Թուրքը փոխուած չէ, այլ «քաղաքակրթուած» է: Հետեւաբար դարձած է շատ աւելի վտանգաւոր:
Եթէ 1915-ին թուրքի ներկայացուցիչը Թալէաթն էր, այսօր Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կոչեցեալն է: Եթէ 1915-ին թաթարին (ներկայիս ազրպէյճանցիին) ներկայացուցիչը Պեհպութ Խան Ճիւանշիրն էր, այսօր` Իլհամ Ալիեւ կոչեցեալ նաւթային եկամուտներով բարեկամ գնած ու վաճառած անսկզբունք «մարդ»-ն է:
Արցախի կորուստը ապացոյց է, որ թուրքը կը մնայ նոյն թուրքը: Դժբախտաբար այսօրուան մեր անէծքը թրքանման հայերն են: Այս հայերն են, որոնք տարիներ շարունակ երկխօսութիւն քարոզելով` մեր հայրենիքը մղեցին դէպի անդունդ: Այս նոյն հայերն են, որոնք այսօր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգը կը նկատեն երկրորդական, կամ նոյնիսկ` անիմաստ: Նոյն այս անհատներն են, որոնք ապագայ խոստանալով` մեր նահատակներու արեամբ կերտուած սահմանները կը փոխեն, մեր նախահայրերու աճիւններուն հանգստեան վայրը կը վերածեն նոր պանդոկներ եւ թուրքի բնակարաններ կառուցելու տարածքներու: Այս է անոնց տիպարը, նկարագիրը եւ ինքնութիւնը: Իբրեւ հայ երիտասարդութիւն` մենք կը մերժենք այս տեսակի անհատները հայ նկատել:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ը Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին կու գայ բոլորը զգաստութեան հրաւիրելու` շեշտելով, որ ներկայ իրավիճակը պէտք է յեղաշրջուի: Ասիկա իրականացնելու համար բոլորս պատասխանատու ենք: Պատասխանատու են` դաստիարակները, բժիշկները, գիտնականները, քաղաքագէտները, մշակները, բանուորները, երիտասարդները, ուսանողները, աշակերտները, պատանիները: Բոլորս, այսինքն` բոլորս: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը այս յեղաշրջումը սկսելու շտեմարանն է եւ պիտի մնայ այդպիսին: Մենք հոսանքներով տարուող երիտասարդութիւն պիտի չըլլանք եւ կը հաւատանք, որ բոլոր հայ երիտասարդները եւս այս սկզբունքին համաձայն են:
Եզրափակենք` յիշելով արցախեան առաջին պատերազմի նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի հետեւեալ միտքը. «Կորսուած է նախաձեռնելու, գործելու ամէն ձեռնհասութիւն, եւ դարձած ենք դիտող, պարզ ամբոխ. երիտասարդութիւնը դարձած է պատեհապաշտ` այս կամ այն առիթներու եւ շահերու զոհ ըլլալով: Անհատականութիւններ գրեթէ գոյութիւն չունին, իսկ շատ մը անհատականութիւններ, հակադրուելով ուրիշներու, կը ճզմուին եւ կը կորսուին խօսքերու ու բամբասանքներու ծովուն մէջ»: