Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Այժմէական Մտորումներ

Ապրիլ 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Երկար ատենէ ի վեր որոշած էի այս նիւթին մասին որեւէ բան չգրել, որովհետեւ զայն կը գտնէի սաստիկ վիրաւորական: Ինքզինքս խորապէս նուաստացած կը զգամ, երս այս հարցին մասին կը մտածեմ: Բազմիցս փորձեցի «իմաստուն»-ի դերը խաղալ` ինքզինքս հանդարտեցնելով եւ համոզելով, թէ ժամանակի հարց է եւ կրնամ վարժուիլ, բայց չյաջողեցայ:

Ահա ձեզի հետ կը բաժնեմ մտահոգութիւնս, որ ապրիլ 24-ի ոգկոչման կը վերաբերի:

Քանի մը տարիէ ի վեր ականատես եւ ականջալուր կը դառնամ անտեղի արտայայտութիւններու, որոնք իրապէս սահմռկեցուցիչ են ամէն իմաստով: Ըստ այդ արտայայտութիւններուն, ապրիլ 24-ի ոգեկոչումը «այլեւս անիմաստ է», «շատ կարեւոր չէ», «անցեալին կը պատկանի» եւ այլն:

Ես ինծի հարց կու տամ, թէ արդեօք այս արտայայտութիւնները կամ մտածելակերպը «արդիականացման» հետեւա՞նք է, թէ՞ հետեւանք է դասալքումի: Պատասխան չունիմ, բայց երկու պարագաներուն ալ անոնք դուռ կը բանան այլախոհութեան:

Անկասկած Ցեղասպանութեան հարցին գծով հայրենիքի ներկայ իշխանութիւններուն անտեղի արտայայտութիւնները եւ կեցուածքները իրենց խիստ ժխտական անդրադարձը ունեցած են մեր շրջաններուն վրայ, բայց հարցը միայն այդ չէ՛: Հարցը բառին բուն իմաստով անտարբերութի՛ւն է, ախտ մը, որ սկսած է ներթափանցել եւ աւերներ գործել մեր գաղութներուն մէջ: Անտարբերութիւն մեր ազգային արժէքներուն նկատմամբ, եւ նաեւ մեր լեզուին ու մշակոյթին նկատմամբ, եւ նաեւ մեր անպատիժ մնացած Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ իրաւունքներու հատուցման նկատմամբ: Ափսո՜ս:

Այժմ միտքս կու գայ Էլի Ուայզըլի շատ կարեւոր եւ իմաստալից խօսքերէն, որուն մէջ ան կը նշէ, թէ «զոհին աւելի ցաւ կը պատճառէ, ոչ թէ դաժանութիւնը ոճրագործին, այլ անցորդին լռութիւնը»:

Ի՞նչպէս ընդունիլ այսպիսի տկար եւ թուլամորթ կեցուածք, երբ տակաւին մեր պայքարը իր աւարտին չէ հասած, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնը համաշխարհային ընդհանուր ճանաչում չէ ստացած, մասնաւորապէս երբ թշնամին տակաւին չէ ընդունած իր ոճիրը:

Այսօր, Հայոց ցեղասպանութենէն 110 տարի ետք պէտք է ըլլանք զգօ՛ն: Պայքարը չէ աւարտած,: Մեզմէ կը պահանջուի անյապաղ տէր դառնալ մեր ազգային իրաւունքներուն եւ վանել ամէն տեսակի դասալքութիւն:

Զինուինք մեր ազգային ընտիր դաստիարակութեամբ, ինչպէս որ ըրին մեր նախորդ պանծալի սերունդները` մէկդի դնելով ստրկամտութեան եւ տկարութեան հոգեվիճակները: Զինուինք յաղթական փառապանծ տեսլականով` յիշելով միշտ մեր նահատակներն ու մեր անմահ հերոսները, յամառօրէ՛ն, բայց հաստատապէս շարունակենք մեր երթը` դէպի մեր արդար իրաւունքներու ճանաչումը:

Այո՛, պայքարը երկար է, ճամբան` քարքարուտ եւ դժուար: Բայց երբեք չմոռնանք, որ յաղթանակի առաջնորդող այդ ճամբան ինչքան ալ դժուար եւ անտանելի թուի ըլլալ, չի կրնար ըլլալ աւելի դժուար եւ դաժան, քան մեր անմեղ մէկուկէս միլիոն նահատակներու Գողգոթա առաջնորդող ճամբաները:

Գրութիւնս կ՛ուզեմ աւարտել պատշաճ մէջբերում մը կատարելով Մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի «Ազգ, եկեղեցի, հայրենիք» գիրքէն, ուր վեհափառ հայրապետը կ՛ըսէ. «Մեր թշնամիին ու մեզի բարեկամ կարծուած թշնամիներուն ամէնօրեայ ուրացումներուն դիմաց, մեր ժողովուրդը կոչուած է կրկնապատկելու իր հաւաքական աշխատանքը` ի խնդիր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու մեր ազգային արդար իրաւունքներու տիրացման…»:

Ա՛յս է օրուան պատգամը, ա՛յս պէտք է ըլլայ օրուան հրամայակա՜նը:

Միշտ յիշելով եւ յարգելով յիշատակը մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն` ապրինք եւ յաւերժ ապրի հայ ազգը:

Ապրիլ, 2025

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակի Ոգեկոչման Խօսք

Յաջորդը

110-Ամեակի Դժուար Խաչմերուկին Վրայ

RelatedPosts

Շուշիով Կրնա՛նք Վերապրիլ  (9 Մայիս)
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

Մայիս 17, 2025
Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ
Անդրադարձ

Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ

Մայիս 17, 2025
Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»
Անդրադարձ

Հայերը Կը Կարծեն, Թէ Միայն Իրենք Անմիաբան Են, Սակայն Իրականութիւնը Այդպէս Չէ

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?