ՍԻԼՎԱ ԻՍԿԻԿԵԱՆ-ՄԱՀՍԵՐԵՃԵԱՆ
– Խանը՛մ, աղջի՛կս, կ՛աղաչեմ, թաղէ զիս: Երդուէ՛, որ աւազին վրայ պիտի չձգես մարմինս:
– Մա՛յրս, կը խնդրեմ, ուժերդ հաւաքէ՛, քիչ մըն ալ համբերէ, վստահ եմ, որ տեղ մը պիտի հասնինք, ուր ջուր կայ…
– Խանը՛մ, քեզի կ՛ըսեմ` թաղէ զիս:
Խանըմին մայրը` Մարին, հարուստ ու հանրածանօթ գորգավաճառ Նալպանտեանին կինն էր: Ան ցերեկը տնարար ու հոգատար կին էր, մայր էր, բայց հազիւ մութը կ՛իյնար, քաջարի առիւծի նման դանակն ու փամփուշտները շալկած` կը միանար ֆետայիներու խումբին: Թուրքին հասցուցած շարունակական չարիքները պատճառ դարձած էին, որ Մարին փափկակեցիկ կեանք մը ապրելու փոխարէն` ընտրէր վրիժառուի կենցաղը…
Թուրքը ոչ մէկ օր հրաժարած էր ջարդեր կազմակերպելու մարմաջէն: Ան ոչինչէն պատրուակներ կը ստեղծէր, զրպարտութիւններ կը նիւթէր իր թունաւոր նախանձը եւ անյագ ախորժակները գոհացնելու համար: Ան բոլոր ժամանակներուն ալ աննկարագրելի վայրագութիւն ի գործ կը դնէր` տեղահանելու ու բնաջնջելու հայութիւնը:
1917-ի կոտորածներէն, սպանդէն ու տեղահանութենէն անմասն չմնաց նաեւ Մարին: Անողոք թուրքին եաթաղանը հնձեց իր շատ սիրելի ամուսինը: Կորսնցուց իր երկու դուստրերուն հետքը եւ պարտադրաբար լքեց իր շքեղ տունն ու ծննդավայրը` Այնթապը: Մեծ ընտանիքէն մնաց միայն կրտսեր դուստրը` Խանըմը:
Վիշտն ու ահաւոր կորուստները ջլատեցին քաջարի Մարիին կորովն ու առողջութիւնը, իսկ անապատի արիւնաթաթախ աւազներուն վրայ կատարուող քստմնելի ոճիրները խլեցին անկէ ապրելու ամենադոյզն փափաքը:
Մարին խելակորոյսի նման իր կուրծքը կը հարուածէր, մատները կը խածնէր, երբ ականատես կը դառնար սպանդի ու բռնաբարութեան գարշելի երեւոյթներուն: Կը բռնաբարուէին պատանի տղաք, ամէն տարիքի կիներ, նոյնիսկ կը բռնաբարուէին անշնչացած կիներու դիակները:
– Խանը՛մ, թաղէ զիս. մարմինս աւազին երեսը չձգես, մարմինս ճիւաղներուն ձեռքը չձգես:
Մարիին մարմինը փայտացած էր, նոյնիսկ անապատի արեւին տակ անոր դէմքը տմոյն էր, աչքերը սառած, բերանը` կիսաբաց… հոգեվարքը ստոյգ էր:
Խանըմ իր միամեայ երեխան` Դաւիթը, գետին դրաւ ու մատներով սկսաւ փորել աւազը: Աղի արցունքները կը խանձէին Խանըմին աչքերը, իսկ մօր թախանձագին աղաչանքը ծաւալելով եւ աղմուկի վերածուելով` կը թնդացնէր անոր ականջներուն խորքը:
Խանըմին օգնութեան հասան իր ամուսինը` Արթինը, եւ կողքէն դիտող «գթառատ» ձեռքերը …
Աւազի թեթեւ ծածկոյթով մը միայն կրցան պատել Մարիին մարմինը, որուն կրծքավանդակը տակաւին մերթ ընդ մերթ կ՛ընդլայնէր ու կը կծկուէր:
Խանըմը սեւ լռութեան մէջ թաղեց իր հոգետանջ կսկիծը… եւ միայն իր խոր ծերութեան` մահուան մահիճին մէջ, բացայայտեց զինք կրծող գաղտնիքը` իր «շնչող» մայրը թաղելու դառն պարտականութիւնը:
Խանըմ ակամայ ամրացաւ ու իր ետին ձգեց հօրենական մեծ ընտանիքին սուգը, Այնթապի փառքը, Տէր Զօրի մրմռացնող աւազները… Արթին նոյնպէս պարտադրաբար կարծրացաւ: Ան միակ փրկուողն էր իր բազմանդամ ընտանիքէն ու ականատեսը` իր եօթը եղբայրներուն չարաչար սպանութեան:
Խանըմ եւ Արթին` երկու վիրաւոր ու սգակիր հոգիներ, շալկեցին իրենց մէկ հատիկ Դաւիթն ու բազմաչարչար պայմաններ յաղթահարելէ ետք, ժամանակաւոր ապաստան գտան Հալէպի մէջ, ապա հաստատուեցան Լիբանանի Պեքա շրջանը:
Քէօշկերեան ամոլը` Խանըմ եւ Արթին, իրենց անդրանիկ որդւոյն Դաւիթին հետ ապրեցան Պեքայի զանազան գիւղերուն մէջ` Ֆրզոլ, Պէյթ Շեմա, Պաալպեք, Զահլէ: Անոնք ստացան լիբանանեան անձնաթուղթ (սըժըլի թիւ` 10) եւ Լիբանանի պետութեան կողմէ ընդունուեցան որպէս լիարժէք քաղաքացիներ: Ամոլը իր կեանքը վերիմաստաւորելու մղումով ու իրենց կորսնցուցած բազմանդամ ընտանիքները վերակազմելու յոյսով լոյս աշխարհ բերին հինգ մանչ ու երկու դուստր:

Խանըմ եւ Արթին ժրաջան մեղուի նման աշխատեցան եւ իրենց ութ զաւակներուն համար ապահովեցին բարեկեցիկ կեանքի պայմաններ` սնունդ, ուսում, երդիք… Արթին Այնթապի մէջ գորգագործութեամբ կը զբաղէր, բայց Լիբանանի գիւղերուն մէջ ճանչցուեցաւ իր հիւսած գեղեցիկ կարպետներով: Արթին թէեւ կայուն եկամուտ ունէր, բայց կը մերժէր Լիբանանի մէջ կալուած մը գնելու գաղափարը: Ան կը հաւատար, որ օր մը իր ընտանիքով անպայման Այնթապ պիտի վերադառնար, ուր կրկին իր «փշուրները» պիտի միաւորուին, ծննդավայրին երկնակամարին տակ սիրտը պիտի հրճուէր, ու թուլացած հոգին ամրանար:
Արթին յաճախ կը կրկնէր. «Աղջի՛կս, տղա՛ս, ան, որ իր հագուստէն դուրս կ՛ելլէ, մարմինը կը մսի, ան, որ իր հողէն կը հեռանայ, հոգին կը մսի»: Արթին Քէօշկերեան Լիբանանի հողին վրայ ապրեցաւ մինչեւ եօթանասունեօթ տարեկան (1888- 1965), բայց անոր հոգին երբեք «չտաքցաւ»:

Զրուցակիցս Մարի Քէօշկէրեանն է` Խանըմին թոռնիկը, Ժոզեֆին դուստրը: Մարին այնպիսի մանրամասնութեամբ ու ճշգրտութեամբ պատմեց Նալպանտեան եւ Քէօշկէրեան ընտանիքներուն ոդիսականը` Այնթապէն մինչեւ Զահլէ, որ պահ մը ինքզինքս ականատեսի դերին մէջ զգացի, եւ տէրզօրեան աւազը ապակեայ փշուրներու նման քերծեց մարմինս ու ցասումի ժայթք մը պատեց ամբողջ էութիւնս:
Ճակատէս պաղ խոնաւութիւնը կը սրբեմ, խորունկ շունչ մը կ՛առնեմ ու Մարիէն կը խնդրեմ նկարագրել յետ Տէր Զօրի Խանըմը` բազմանդամ ընտանիքի մայրը, անոր արտաքինը, խորշոմները, շարժուձեւերը, ապրելաոճը, կենցաղը… Կ՛ուզեմ զինք տեսնել` որպէս ապրող կերպար մը:
Մարիին աչքերուն մէջ կը տեսնեմ սիրոյ ու կարօտի ցոլքեր, երբ ան կը պատմէ իր մեծ մօր հետ կապուած յիշողութիւնները:
– Մեծ մայրս` Խանըմը, նոյնիսկ իր ծերացած տարիքին գեղեցիկ կին էր, կը յատկանշուէր իր կապոյտ աչքերով ու ճերմակ մաշկով: Ունէր առատ մազեր, զորս կ՛ամփոփէր երկու հիւսքերով: Գլխուն անպայման լաչակ մը կը կապէր, իսկ մէջքին` սեւ գոգնոց մը, որուն գրպանիկներուն մէջ կ՛ըլլար չամիչ, չոր ծիրան, ընկոյզ եւ նուշ: Երբ իր թոռնիկներէն մէկը տեսնէր, ժպիտով կը դիմաւորէր եւ իր գրպանին պարունակութենէն ափ մը «սէր» անոր կ՛երկարէր:
Աշխատասէր ու ճարպիկ կին էր. յոգնիլ բնաւ չէր գիտեր: Լարուած սլաքի նման արեւածագէն մինչեւ ուշ գիշեր կ՛աշխատէր: Ամէնօրեայ դրութեամբ մեծաքանակ ճաշ կ՛եփէր, ձմրան համար առատ պաշար կ՛ամբարէր, այլազան պտուղներու անուշներ, հիւթեր եւ չիրեր պահեստ կը դնէր, կը կարէր, կը հիւսէր, կը լուար, կ՛արդուկէր… Առաւել եւս իր ամուսինին կ՛օգնէր: Այլազան գոյներով բրդեայ թելեր կը ներկէր, որպէսզի մեծ հայրս կարպետներ հիւսէր:
– Սիրելի՛ Մարի, պահ մը մեծ մայրս յիշեցի… Այսպիսի նուիրում, զոհաբերում, տոկունութիւն եւ աշխատասիրութիւն` յատկանիշներն են մեր վերապրող սերունդին: Անոնք որբ ըլլալով եւ գուրգուրանքէ զուրկ մնալով հանդերձ, բազմազաւակ ընտանիքի ծնողներ դարձան, սէր ու գորով բաշխեցին:
– Մեծ մայրս` Խանըմը, թրքախօս էր, իրեն հայերէն սորվիլ չէր վիճակուած: Կ՛ըսէր, որ Այնթապի մէջ խիստ բրտութեան կ՛ենթարկուէին հայերէն խօսողները, մինչեւ անգամ անոնց լեզուները կը կտրէին: Մեծ մայրս հաւատացեալ կին էր, թէեւ ան հազուադէպ եկեղեցի կ՛երթար, բայց յաճախ կ՛աղօթէր: Անոր աղօթքը օրհնութեամբ եւ յաջողութեամբ կ՛արդիւնաւորուէր: Երբ որեւէ գործի մը պիտի ձեռնարկէի, իրմէ աղօթք կը խնդրէի: Զարմանալիօրէն գործս կը յաջողէր, եւ անպայման նուէրով մը կ՛ուրախացնէի զինք:
– Մարի՛, ըսիր, որ մեծ մայրդ միայն իր խոր ծերութեան բացայայտեց իր մօր` Մարիին թաղումը… Արդեօք ան վատ երազներ կամ մղձաւանջներ կ՛ունենա՞ր:
– Սիլվա՛, պատահեցաւ դէպք մը, որուն մեծ մայրս տարօրինակ ձեւով հակազդեց: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին մենք ընտանեօք` ծնողքս, մեծ մայրս, ես եւ երկու քոյրերս, ապաստանեցանք Զահլէի մէջ: Ելեկտրականութեան չգոյութեան պատճառով մոմի լոյսը, լուցկին ու հրահանը մեր առօրեային համար խիստ անհրաժեշտութիւններ էին:
Գիշեր մը մեր դրացին` Նեժիպը, մեր տան դուռը ծեծեց, որպէսզի իր աւրուած հրահանին փոխարէն` նոր մը հայթայթենք:
Մեծ մայրս դրան հարուածները լսելով` արթնցաւ եւ սկսաւ սարսափահար վիճակով դողդղալ ու պոռալ.
«Ժոզե՛ֆ, ղըզլար ներտէ՞, ղըզլարը սախլա՛…,¬ Ժոզե՛ֆ, աղջիկները ուր են, աղջիկները պահէ), Մարի, Սօսի, Լենա,պահուըտեցէ՛ք»:
– Մա՛յրս, հանդարտէ. ինչո՞ւ կը պոռաս, որմէ՞ պահեմ աղջիկները. դրացի Նեժիպն է դուռը ծեծողը:
– Ժոզե՛ֆ, եաւրըմ, յանցանք մի՛ սեպեր. իմ գլխէս քիչ բաներ չեն անցած…
Հոս արդէն ես անհամբեր կը դառնամ եւ անզուսպ հետաքրքրութեամբ մը կը հարցնեմ. «Մարի՛, արդեօք իմացա՞ք մեծ մօրդ սարսափին պատճառը»:
– Այո՛, Սիլվա, մեծ մայրս իր երիտասարդութեան շատ գեղեցիկ եւ աչքառու օրիորդ եղած է: Մեծահարուստ հայրը` գորգավաճառ Նալպանտեանը, տեղեակ ըլլալով թուրք երիտասարդներու ախորժակներէն, շրջանին մէջ կատարուած առեւանգումներէն, հայ աղջիկներուն ենթարկուած կեղեքումներէն… կ՛արգիլէ Խանըմին առանց ծածկուելու եւ կամ առանձինը տունէն դուրս ելլելը: Հակառակ Անոր ծայրայեղ զգուշութեան, օր մը տան դուռը կը ծեծուի, եւ թուրք մը տան օրիորդին դուրս գալը կը պահանջէ: Հայրը կը ստէ` ըսելով. «Ես տանս մէջ աղջիկ չունիմ. իմ աղջիկներս ամուսնացած ու հեռացած են»: Խանըմին հայրը ենթադրելով, որ նման պատահար մը կրնայ կրկնուիլ, անոր կը պատուիրէ, որ եթէ անսպասելիօրէն տան դուռը ծեծուի, անմիջապէս մառան իջնէ, դէմքը սեւ մուրով պատէ, մազերը խառնէ, վրան փնթի լաթ մը քաշէ ու խենթ ձեւանայ: Խեղճ Խանըմը, երբ անսպասելիօրէն դուռը կը ծեծուէր, սարսափ կ՛ապրէր, նկուղ կ՛իջնէր, կը ծպտուէր ու «կը խենթանար»:
– Մարի՛, կը պատկերացնեմ մեծ մօրդ ապրած սարսափին տարողութիւնը եւ` «Ժոզէֆ ղըզլարը սախլա» պոռալուն դրդապատճառը…: Այսօրուան հոգեբանները լրջութեամբ եւ յատուկ խնամքով կը մօտենան ցնցումներէ ետք յառաջացած հոգեկան խանգարումներուն (post traumatic stress disorder), մինչ մեր վերապրող սերունդը, որ Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրեցաւ, անոր յաջորդող բազմաթիւ զրկանքներն ու տառապանքները կրեց` քաղց, որբութիւն, համաճարակ, տեղաշարժ…,իր օրին «բարի ախտաճանաչման» մը չարժանացաւ:
Շնորհակալ եմ, Մարի՛, որ ուշադրութեանս յանձնեցիր յարգանքի ու յիշատակութեան արժանի մեծ մօրդ իննսունինամեայ ոդիսականը (1888-1987): Կը խոնարհիմ անոր տոկունութեան դիմաց, որ կրցած է` Տէր Զօրի աւազները թօթափել իր քղանցքներէն, յաղթահարել տեղահանութեան տաժանքը, յարմարիլ նոր միջավայրերու պայմաններուն, ըլլալ նուիրեալ կողակից, հոգատար մայր…
Այսօր կ՛իմանամ, որ Խանըմ եւ Արթին Քէօշկէրեանին ընտանեկան ծառը կ՛ընդգրկէ ութ զաւակներ, երեսունմէկ թոռներ, հարիւր երեսունհինգ ծոռներ եւ տակաւին դալար ոստեր կ՛արձակէ: