Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յիշելով Դառնալ Վահան, Պատնէշ Եւ Խրամատ

Ապրիլ 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

Քանի մը օր է  կը հետեւիմ Ամերիկայի Արեւմտեան ափի բնութենէն արծիւներու ընտանիքի մը  առօրեային. 24-ժամեայ ուղիղ հեռարձակում է  բարձունքի մը գագաթին  50 մեթր բարձրութեամբ  ծառի վրայ իրենց  բոյնէն:

Առօրեան իր հմայքը ունի, վուայէօրիզմի պահ  մը կայ նաեւ. կերակրել, մաքրել, ձագերը տաք պահել եւ այլն: Այս բոլորին կողքին, գիտելիքի փոխանցում` մայր կամ հայր արծիւներուն կողմէ յաջորդ սերունդին: Ձագերը ընդմիշտ անօթի են.  ուրախ չէ. մէկը անդադար կտուցով մօրը կը հարուածէ, բայց համբերատար մայրը` հաւատարիմ իր առաքելութեան կամ բնազդին, կը շարունակէ դաստիարակել, կը փորձէ ձագը ծանօթացնել փայտիկ ճիւղին, կը սորվեցնէ ճիւղիկին հետ ինչպէ՛ս վարուիլ, կտուցով բռնել,  հաւասարակշռել, ուրիշ ճիւղի հետ շարել, քանդել,  կրկին շինել:

Այս յարաբերութեան մէջ կայ զիս անհանգստացնող տարօրինակ բան մը:  Չեմ կրնար զգացումներս անմիջապէս բառերու վերածել, բայց ինքնաքննադատութիւն  յիշեցնող անախորժ զգացում մը կ՛արթննայ մէջս, ձախողութեան զգացում մըն է, եւ սա անձնական ձախողութեան մասին է… Հաւաքական գիտելիքները նոր սերունդին փոխանցելու իմ անձնական ձախողած ըլլալու զգացումս ճնշիչ է:

Հոն, ուր մայր արծիւը կը յաջողի, ես ձախողած եմ: Տարիներու կրթութիւնս, դաստիարակութիւնս, ապա իմ կարգիս նորերը կրթելու աշխատանքս այսօր կարծես չգոյ է, գոլորշիացած է:

Տարիներով իմ մանդրան եղած է` «Այլեւս երբեք»-ը.

Այլեւս երբեք թոյլ չեմ տալու, որ  զիս/ մեզ ցեղասպանեն. Never again!

Այլեւս երբեքի իմաստն ու կարեւորութիւնը չկրցայ իմ կեանքով եւ օրինակով փոխանցել նոր սերունդին. ձախողած ըլլալու  այս իրականութիւնը նուաստացուցիչ է, անընդունելի, անմարսելի: Փոխարէնը` 2020-ական թուականներուն ունեցանք երկրորդ ցեղասպանութիւն մը. Արցախի կորուստը այն  մխացող ցաւն է, որ կը բարձրանայ խորերէս, մարմնիս բոլոր բջիջներէն:

Եւ ահա այդ ցաւի բազմապատկումը`  հայաստանեան այսօրուան իշխանութիւններու խօսոյթէն ծորող թոյնը, Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը դրժելու ու յարաբերականցնելու այս ամօթալի շքերթը, որ կը լսուի հայ մարդու բերնով, կը վկայէ մէկ բանի մասին` ձախողած եմ, ձախողած ես, ձախողած ենք:

Բայց ուղիղ պէտք է նայիլ ձախողութեան ճակտին, նուաստանալով սորվիլ:

Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի օրերուն բազմաթիւ հարցադրումներ կան մտքիս մէջ.

Պայքարը շարունակե՞լ. ինչո՞ւ. ո՞վ պայքարի ջահը պիտի ստանձնէ:

Ամէն անգամ որ պայքարի մասին կը բարձրաձայնեմ, «զոհի հոգեբանութենէ կը տառապիս», կը շշնջան շնագայլերը:

Բայց ես եւ իմ սերունդս վաղուց զոհի հոգեբանութիւնը թօթափած, նոր թեւերով ճախրել կը փորձէինք. վկայ` 80-ականներու եւ 90-ականներու հայկական կեանքը իր ամբողջ երեւոյթներով, իրագործումներով, քաղաքական եւ այլ յաջողութիւններով:

Մարմինը ամէն ինչ կը յիշէ:

Սերունդէ սերունդ, կաթիլ առ կաթիլ այդ յիշողութիւնը հասած է ինծի: Այդ յիշողութիւնը գիտելիքներու հսկայ շտեմարան մըն է: Հոն կան ե՛ւ հեծանիւ քշելու իմ գիտելիքս, ե՛ւ մեծ մօրս կաթնապուրի բաղադրատոմսը, հոն է դպրոցի գրասեղանիս վրայ  նախորդ դասարանի աշակերտներու կողմէ փորագրուած անուններն ու հայերէնի ուսուցչին  պաղատանքը` չմոռնալու:

Չմոռնա՜լ, չես մոռնար, ուրեմն կաս:

Իմ երազներս, որոնք սահմաններ չէին ճանչնար  հիմա ականապատուած են, բառերը չեմ ծամծմեր:

Մեր երազները պատեր կը քանդէին, հիմա փշրուած են, երազները, որոնք իմ մէջս կեանք կը ներարկէին, զիս ձգեր են ամուլ, անկենդան:

Գիշերները  աներազ են, օրերը` առանց իրադարձութիւններու:

Ահա մեր անգոյն կեանքը այսօր:

Չեմ գիտեր` անյուսութեան այս  փոսը որքա՛ն խոր է:

Չեմ գիտեր` ի՛նչ բանի կառչիմ, որպէսզի այս անկումը կասեցնեմ:

Բայց ես կ՛երազեմ այն օրուան մասին, երբ նորէն կը սկսիմ երազել. օր, երբ իմ երազանքները  յախուռն կրկին  գլուխ կը բարձրացնեն դժբախտութիններու ընդմէջէն:

Այս ապրիլին որոշեր եմ ուշադրութիւն չդարձնել ասպատակներուն, հրոսակներուն:

Դուն ինծի մոռացութիւն կու տաս, ես քեզի յիշողութիւն: Սա վերապրողի մը` Կարպիսին պատգամն է, զոր կ՛ուզեմ բաժնել բոլոր հայերու հետ:

Ոչ մէկ ժողովուրդ այսքան ուշադիր եղած է իր յիշողութեան նկատմամբ. թէ՛ հաւաքական եւ թէ՛ անհատական մեր յիշողութեան առանցքը կը կազմէ Ցեղասպանութիւնը, եւ այնքան ծանր է այս յիշողութիւնը, որ անիկա  կը գունաւորէ` իմ աշխարհս, քու աշխարհդ, մեր հաւաքական եսը: Ամէն ինչ  կը տեսնեմ ու պիտի շարունակեմ տեսնել Ցեղասպանութեան ոսպնեակով: Սա մեր հաւաքական ապահովութեան, մեր գոյութեան պահպանման, մեր զգօնութեան բանալին է:

Այս սեւեռուածութեան հիմքը վախն է, վախը` վերջնականապէս անհետանալու ոչ թէ իբրեւ անհատ, այլ` իբրեւ հաւաքականութիւն, ազգ:  Մեռնիլէն կամ ֆիզիքապէս ոչնչանալէն աւելի վատը յիշողութեան կորուստն է, աւելի վատ բան չկայ: Մարող յիշողութիւնը մեծագոյն  ձախողութիւնն  է մարդուն համար:

Անհետանալու, անյայտանալու այս վախին դէմ   մարդը կը պայքարի բառերով ու պատկերներով:

Կը մտաբերեմ Մահմուտ Տարուիշի այս բառերը` ազատ թարգմանութեամբ.

«Կ՛ուզեմ մեր տան սուրճի հոտը առնել, սուրճի բոյրը կ՛ուզեմ:

Սուրճի հոտը, որպէսզի կարենամ ինքզինքս պահել, ոտքի մնալ, սողունէն վերածուիլ մարդու, որպէսզի կարողանանք միասին քալել…

«Ինչպէ՞ս կրնամ սուրճին բոյրը տարածել իմ սենեակս, երբ ռումբերը կը թափին ու խոհանոցին մէջ կը տարածուին վառօդի հոտն ու ոչնչացման  համը: Կը վախնամ մահէն, կը վախնամ, որ մեռնիմ եւ յիշողութիւնս հետս տանիմ` ընդմիշտ մարած…  դառն սուրճը կը յուշէ դառն  իրականութիւնը»:

Մարդու ստեղծագործութիւնը մոռացութեան դէմ յաւերժ  եւ «սուրբ» պատերազմի մասին է.  կեանքը միշտ եղած  է յիշողութեան համար պայքարի, մարդու յիշուելու իրաւունքի մասին:  Այն վախը, որ մեր մտքերն ու գործերը կրնան վերանալ առանց հետքի, բացարձակ շարժիչ ուժ է:

Պատկերել, հասկնալ եւ պահպանել, պայքարիլ մոռացութեան ուժերու դէմ, մարդուն համար, եւ յատկապէս ինծի համար` իբրեւ պատմողի,  սուրբ խնդիր է. խնդիրը` Համլեթի բառերով, լինել թէ չլինելու մասին է:

Այս ապրիլին կանգնած եմ կրկին ընտրութեան առաջ. ցաւոտ եւ թշուառ է հայ մարդու կեանքը, եւ  երբեմն կը թուի, որ մահանալը` վերանալը հեշտագոյն լուծումն է (այս վերջերս որքան շատ կը խօսինք մեր հաւաքական ինքնասպանութեան մասին) սակայն կը վարանինք, կը վախնանք գալիքէն.

Պատմողները հիմա կ՛ուզեն մոռնալ: Փրկուածները կ՛ուզեն մոռնալ:

Իսկ ես կը վախնամ մահէն ետք գալիքէն:

Ես պինդ կառչած կը մնամ  յիշողութեան.  սեփական յոյզերս հեռացնելով, աւելորդ ամէն ինչ  մաքրելով` կ՛ուզեմ հասնիլ միջուկին.  մաքրագործման այդ գործողութիւնը ինքնին կը դառնայ յիշելու գործողութիւն, յուշարձան` ընդդէմ մոռացութեան.

Ես կողմնորոշուած եմ` ընտրեր եմ լինելը:

Ընտրեր եմ դառնալ անկոտրում յուշարձան:

Այս ապրիլին մեր հիմնական գործողութիւնը պիտի ըլլայ յիշել եւ յիշելով դառնալ վահան, պատնէշ եւ խրամատ:

 

 

 

 

Նախորդը

Մեծ Եղեռնը Եւ Մեծ Հայրերս

Յաջորդը

Բա՛ւ Է Խօսինք. Աշխատանքը Կը Սպասէ Բոլորիս

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?