Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակի Ոգեկոչման Խօսք

Ապրիլ 24, 2025
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս հանդիսաւոր առիթով Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդը կ՛ոգեկոչէ օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան  110-ամեակը:

Մենք կը խոնարհինք մեր նահատակներուն յիշատակին առջեւ եւ մեր խորին յարգանքի տուրքը կը մատուցենք անոնց` տղամարդոց, կիներուն եւ երեխաներուն, որոնց կեանքը բռնի խլուած է, տուներն ու համայնքները` աւերուած, եկեղեցիները, դպրոցները, ուսումնական եւ առողջապահական հաստատութիւնները` քանդուած, մշակութային ժառանգութիւնը` թալանուած ու հայրենիքը` պղծուած:

Մենք կը յիշենք մեր ժողովուրդին հասցուած ո՛չ միայն ֆիզիքական աղէտը, այլ նաեւ հոգեւոր, մշակութային, տնտեսական եւ սերնդային անթիւ կորուստները, որոնք կը շարունակեն մինչեւ օրս ազդել մեր ժողովուրդին վրայ:

110 տարի անց մենք կը վերահաստատենք մեր աննկուն յանձնառութիւնը յիշողութեան, արդարութեան, ամոքման եւ զարգացման նկատմամբ: Մենք կտրականապէս կը մերժենք ոճրագործներուն եւ անոնց իրաւայաջորդներուն բոլոր ջանքերը` ժխտելու, խեղաթիւրելու կամ վերանայելու Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, ընդհուպ` հայոց պատմութիւնը: Փաստերու ոչնչացումը, զոհերու մեղադրումը, սերունդներու եւ վերապրողներու ձայնը լռեցնելու փորձերը հիմք կը հանդիսանան լուրջ անարդարութիւններու եւ բարոյական ձախողութիւններու, որոնք կը խորացնեն պատմութեան վէրքերը:

Ցաւօք, աշխարհի լռութիւնն ու անտարբերութիւնը կը շարունակուին: Արցախի հայկական պատմական հողի` վերջերս իրականացուած բռնազաւթումը, անոր նախկին ղեկավարութեան ապօրինի ձերբակալութիւնները եւ կեղծ դատավարութիւնները, բնիկ ժողովուրդի բռնի տեղահանութիւնը,- այն ժողովուրդին, որ հազարամեակներ շարունակ հաւատարիմ մնացած է իր հայրենիքին,- կը մատնեն ցեղասպան մտայնութեան նորովի դրսեւորում: Միջազգային հանրութեան ձախողութիւնը` բարոյական ազնուութեամբ միջամուխ ըլլալու կամ խօսելու, կ’ընդգծէ լռութեան յարատեւ մեղսակցութիւնը:

Աւելի քան մէկ դար համաշխարհային տէրութիւնները, քաղաքական ուժերը եւ նոյնիսկ կրօնական, ակադեմական ու իրաւական կառոյցները յաճախ աչք փակած են ճշմարտութեան վրայ` առաջնորդուելով աւելի շատ նպատակայարմարութեամբ, քան արդարութեամբ:

Այս լռութիւնը ծանր հետեւանքներ ունեցած է մարդկութեան վրայ` ենթահող նախապատրաստելով հետագայ ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու համար: Ժամանակակից աշխարհին մէջ ցեղասպանութեան ժխտումը կը շարունակէ մնալ բարոյական քայքայման նենգագոյն դրսեւորումներէն մէկը: Հայկական պատմական իրողութիւններու, մշակոյթի եւ հողի խեղաթիւրման ամէն փորձ անկասկած պէտք է մերժուի քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ: Ի շարս այլոց` վերանայման քաղաքականութեան անընդունելի օրինակ է վերջերս Ազրպէյճանի կողմէ Հռոմի պապական Գրիգորեան համալսարանին մէջ կազմակերպուած համաժողովը, որ վարկաբեկում մըն է պատմագիտութեան եւ բարոյական պատասխանատուութեան:

Միաժամանակ մենք երախտագիտութեամբ կ՛ընդունինք ու կը յարգենք բոլոր այն երկիրները, կազմակերպութիւնները, եկեղեցիները եւ այլ կառոյցներ, որոնք պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կը շարունակեն նշանակալի դեր խաղալ անոր վէրքերուն սպիացման մէջ: Ճշմարտութեան եւ արդարութեան անոնց յանձնառութիւնը բարոյական խիզախութեան փարոս է աշխարհի մը մէջ, որ յաճախ կը բնութագրուի լռութեամբ, պատեհապաշտութեամբ ու ժխտողականութեամբ:

Այնուամենայնիւ, հակառակ մահուան եւ աւերներու, աքսորի եւ ցանուցիրութեան, հայ ժողովուրդը կը տոկայ: Մենք պատուադիր ենք աստուածապարգեւ տոկունութեան համար, որ թոյլ տուած է մեզի ոչ միայն գոյատեւելու, այլեւ բարգաւաճելու: Մենք շնորհակալ ենք  Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան հռչակման միջոցով մեր նախնիներու երազներուն իրականացման համար: Մենք կը գնահատենք տարբեր ցամաքամասերու վրայ բարգաւաճող հայկական սփիւռքի կենսունակութիւնը, ինչ որ մեր ժողովուրդին տոկուն ոգիին կենդանի վկայութիւնն է:

Հիմնուելով մեր քրիստոնէական հաւատքի սկզբունքներուն վրայ եւ ամրապնդուելով յարուցեալ Տիրոջ յաւերժակեաց ոգիով, մենք կոչ կ’ընենք բոլոր խղճամիտ մարդոց` կողմնապահ ըլլալու ճշմարտութեան, իրաւացիութեան եւ արդար խաղաղութեան:

Իրական հաշտեցումը պէտք է սկսի պատմական ճշմարտութեան ընդունումով, Ցեղասպանութեան յանցագործութեան եւ անոր ժխտման համար զղջում արտայայտելով, ինչպէս նաեւ յիշատակի յարգումով: Ցեղասպանութիւնը երբեք պէտք չէ ենթարկուի քաղաքական շահարկումներու, այլ պէտք է դիտարկուի բարոյական բարձրագոյն լրջութեամբ եւ ազնուութեամբ:

Թող 110-ամեակի այս ոգեկոչումը ըլլայ աւելի քան անցեալի յիշատակումը: Թող ան ծառայէ իբրեւ արդարութեան, մարդկային արժանապատուութեան  եւ կեանքի սրբազնութեան նորովի հաստատում: Թող սա կոչ ըլլայ համայն հայութեան` անսասան մնալու հաւատքի եւ տոկունութեան, միասնութեան եւ նուիրումի ոգիին, այլեւ  պետականաշինութեան իրենց շարունակական եռանդին մէջ, ինչպէս նաեւ կոչ միջազգային հանրութեան` խղճամտութեամբ մօտենալու պատմութեան եւ ներկայ ժամանակներու շարունակուող ցաւալի ցեղասպանութիւններու իրողութեան:

Թող մնանք մեր նահատակներուն ժառանգութեան հաւատարիմ պահապանները եւ անխոնջ աշխատինք յանուն արդար ու խաղաղ աշխարհի, ուր այլեւս երբեք պէտք չէ թոյլատրուի այդպիսի չարիքներու աճը:

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

Աղօթարար`
ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՓՈԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ
Նախագահ   

                                        ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Գործադիր տնօրէն

24 ապրիլ 2025

Նախորդը

«Կեանքը Այլեւս Անտանելի Բեռ Մը Դարձած Էր Վերապրողներուս Համար» (Յակոբ Մերտանեանի Տարագրութեան Յուշերէն-2)

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Այժմէական Մտորումներ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?