Աշխատանքի Եւ Շահագործումի Գաղափարները` Քրիստոնէական-Ընկերվարութեան Ոսպնեակով
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Վաղնջական ժամանակներէն մարդ անհատի մտահոգութեան հիմնական առանցք դարձած է մարդկային կեանքի նպատակը: Մարդիկ հարց տուած են, թէ ինչո՞ւ կ՛ապրին այս աշխարհիս վրայ: Արդեօք ի՞նչ է մարդուն նպատակը, առաքելութիւնը: Սա գոյութենական հարցադրում մը եղած է: Անշուշտ իւրաքանչիւր մարդ անհատ ունի եւ պէտք է ունենայ նպատակ, առաքելութիւն: Եւ ուրիշ այլազան բաներու կողքին, այս առանձնայատկութիւնն է, որ մարդը կը տարբերէ միւս...



















