ԳԷՈՐԳ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ
Հայոց ցեղասպանութիւնը մեր պատմութեան անմոռանալի, բայց միեւնոյն ժամանակ շատ ցաւալի էջերէն մէկն է: 1915-ի այդ սարսափելի տարիներուն մեր ժողովուրդը ենթարկուեցաւ անսահման տառապանքներու: Քաղաքացիական եւ մշակութային հսկայ կորուստներ կրեցինք: Միլիոնաւոր հայեր տեղահանուեցան, սպաննուեցան եւ արմատախիլ եղան իրենց հայրենիքէն: Այդ իրադարձութիւնները մերթ ընդ մերթ փորձուած է լռութեան մատնել, բայց հայ ժողովուրդը երբեք չմոռցաւ զանոնք: Մենք` իբրեւ երիտասարդ սերունդ, պարտաւոր ենք ոչ միայն յիշել այդ ողբերգութիւնը, այլ նաեւ` գործել, որպէսզի պատմական արդարութիւնը օր մը հաստատուի: Ցեղասպանութիւնը անցեալ չէ միայն. անիկա նաեւ ներկան է, քանի որ Թուրքիան մինչեւ այսօր կը շարունակէ ժխտել այդ սարսափելի յանցագործութիւնը:
Այս բեռը թերեւս ծանր է, բայց նաեւ պատուաբեր: Սփիւռքի մէջ ապրող հայ երիտասարդները շատ կարեւոր դեր ունին այս պայքարին մէջ: Օրինակ` Լիբանանի մէջ ապրողներս իրապէս կրնանք մեր ներկայութիւնը ճիշդ ձեւով օգտագործել եւ մեր ձայնը լսելի դարձնել: Մեր գոյութեամբ եւ գործով մենք կրնանք մեր ձայնը բարձրացնել: Կարեւոր է, որ իրաւունքով ապրինք մեր հայկականութիւնը եւ զայն իբրեւ ուժ եւ վստահութիւն` փոխանցենք նաեւ ուրիշներուն: Մենք կրնանք քաջալերել ու գնել լիբանանեան կամ հայկական արտադրութիւններ եւ միաժամանակ մերժել թրքական արտադրութիւնները: Այս քայլը միայն տնտեսական քայլ մը չէ, այլ նաեւ քաղաքական ու բարոյական դիրքորոշում մըն է: Անով ցոյց կու տանք, որ չենք կրնար ներել կամ լռութիւն ցուցաբերել անոնց նկատմամբ, որոնք մինչեւ այսօր կը ժխտեն Ցեղասպանութիւնը:
Բացի ատկէ` պէտք է շարունակենք զօրացնել մեր հայկական ինքնութիւնը: Այս ինքնութիւնը պէտք է մնայ ողջ ու կենսունակ` մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ:
Կրնանք մասնակցիլ` մշակութային ձեռնարկներու, համերգներու, ազգային տօներու կամ յիշատակի արարողութիւններու: Այս բոլորին նպատակն է ոչ միայն յիշել, այլ նաեւ` ապրիլ մեր հայկական ոգին: Կարեւոր է հայ երգեր լսել, հայկական ժապաւէններ դիտել, հայ գրականութեամբ ապրիլ: Լեզուն պահելն ու զօրացնելը կենսական է. անիկա մեր ինքնութեան ողնաշարն է:
Այսօր մենք ունինք նոր եւ հզօր միջոցներ, որոնք անցեալին գոյութիւն չունէին: Ընկերային ցանցերը հզօր զէնքեր են, եթէ ճիշդ ձեւով օգտագործենք զանոնք: Մենք կրնանք տարածել` տեսանիւթեր, յօդուածներ, վկայութիւններ կամ տեղեկատուական կրաֆիքներ, որոնք կը բացատրեն, թէ ի՛նչ պատահեցաւ 1915-ին եւ ինչո՛ւ մինչեւ հիմա ուշացած է արդարութիւնը: Այս միջոցով կը կարողանանք իրազեկել աշխարհի ժողովուրդները եւ հայկական զգացումը փոխանցել նաեւ ոչ հայերուն:
Վերջապէս, ժամանակն է, որ մեր ձայնը բարձրանայ: Մեր ձայնը` իբրեւ ճշմարտութեան ձայն, պէտք է միշտ հնչէ: Չենք կրնար լուռ մնալ, որովհետեւ լռութիւնը մոռնալու առաջին քայլն է: Իսկ մենք մոռնալ չենք կրնար, չենք ալ մոռնար: Մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ, խօսիլ, գրել եւ գործել, որպէսզի արդարութիւնը օր մը իր տեղը գտնէ: Այդ օրը պիտի գայ, երբ հայ երիտասարդը գիտակից է, հպարտ է եւ պատրաստ` իր պատմութիւնը պաշտպանելու, իր ոգին պահպանելու եւ իր ժողովուրդին պատմական իրաւունքները պահանջելու: