Յօդուածներ

Երազ Մնացիր Իմ Երկիր

Երազ Մնացիր Իմ Երկիր

ԱԼԻՆ ԱՅԱՆԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ Սուգը յաւերժ է, երբ պայքար չկայ: Ահա 110 տարի անցաւ Հայոց ցեղասպանութենէն: Պէտք է մեր աչքերը լաւ բանանք եւ հասկնանք ներկայիս իրավիճակը: Պէտք է զգացականութիւնը մէկ կողմ դնենք եւ քաղաքական հասկացողութեամբ քննենք բոլոր արարքները: Եթէ կը կարծենք, որ ներկայիս իրավիճակը 50 տարի առաջուան պէս է, երբ սփիւռքահայուն ու հայաստանցիին նպատակը մէկ էր` վերատիրանալ մեր...

Վարաններ

Վարաններ

ՄԵՂՐԻ ՍԱԼՊԱՇԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղ Վարաններ, կարծես վայրկեանները սառի նման կը հալին ու կ՛անհետանան: Ափսո՜ս... Այս վայրկեանները անիմաստ, տժգոյն եւ անարժէք են քու բացակայութեանդ: Առանց քու աննման բոյրիդ` յոգնած եմ պայքարելէ: Յոգնած եմ քեզ երազելէ, յոգնած եմ քեզ տեսնելէ ամէն տեղ ու ամէն ժամ: Եւ ամէն անգամ որ քեզ կը տեսնեմ, խենթ մը կը ծնի մէջս, կը նմանիս անկարելի...

Թրքականը Մերժելը` Գիտակից Ընտրութեան Հարց

Թրքականը Մերժելը` Գիտակից Ընտրութեան Հարց

ՎԱՐԱՆԴ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ Աշխարհին մէջ կան վէրքեր, որոնք ժամանակին հետ չեն սպիանար: Հայ ժողովուրդին համար այդ վէրքերէն ամէնէն խորն ու ցաւալին 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնն է: Ամբողջ ազգ մը կորսնցուց իր հայրենիքը, տունն ու ընտանիքը, եւ մինչեւ այսօր այդ ճակատագրական էջը կը մնայ ոչ միայն անարդարօրէն փակուած, այլեւ` շարունակաբար ժխտուող ու անտեսուող: Այսօր, աւելի քան երբեք, մենք կը...

Մենք` Հայերս, Կանք Եւ Պիտի Մնանք

Մենք` Հայերս, Կանք Եւ Պիտի Մնանք

ԼՈՐԻ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ «Շատ կոտորուեցանք, բայց մենք չմեռանք, Շատ հալածուեցանք, բայց մենք չկորանք, Թող համայն աշխարհ մեզ լաւ իմանայ` Մենք` հայերս, կանք եւ պիտի մնանք» Հայ դատը հայ ազգի արդար պայքարն է` պատմական ու ազգային իրաւունքներու վերականգնման, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման, ինչպէս նաեւ Արցախի ինքնորոշման ու հայ ժողովուրդի անվտանգ ապագայի ապահովման համար: Համահայկական այս...

Հաղորդագրութիւն.  Մէկ Դար Եւ Սերունդներու Ազգային Դաստիարակութեան Հիմնասիւնը Հանդիսացող Կառոյցը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը

Մեր Խօսքը. Դաշնակցական Պատանին Հայ Դատի Վաղուան Զինուորն Է

Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յիշատակի հաւաքները, գրութիւնները եւ բազմատեսակ նախաձեռնութիւնները ինքնանպատակ չեն, այլ առիթներ` մտածելու անցնող տարիներու գործունէութեան մասին, վերանորոգելու գործը շարունակելու կամքը եւ հաւաքաբար յարգանք մատուցել զոհերուն համար: Այս շրջագիծին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները չեն կրնար անմասն մնալ այս աշխատանքներէն եւ իրենց կարելիութիւններու ու կարողականութիւններու սահմաններուն մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ պիտի բերեն պահանջատիրական աշխատանքներուն: Ազգովի մտահոգիչ եւ խառն...

Թուրքը Մեր Դարաւոր Թշնամին Է

Թուրքը Մեր Դարաւոր Թշնամին Է

ՍԱՐԻՆ ՊԷՔԱՐԵԱՆ ՀՅԴ «Ռոստոմ» ՊՄ Ահաւասիկ 110 տարիներ անցան 1915 ապրիլ 24-ի Մեծ եղեռնէն, սակայն ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ այդ արիւնալի աղէտը, որ թուրք ոսոխը կատարեց մեր պապերուն: Մէկուկէս միլիոն զոհերուն վրէժը պէ՛տք չէ երբեք դադրի, մեր պայքարն ու պահանջը պէտք չէ հատնին: Ապրիլ 24-ի ջահը անմար է: Մենք` պատանիներս, իբրեւ պատմութիւն` պէտք չէ լսենք ու անցնինք դէպքերուն վրայէն, այլ...

Նամակ` Մեր Նահատակներուն

Նամակ` Մեր Նահատակներուն

ԱՐԵՒԻԿ ԹԱՇՃԵԱՆ ՀՅԴ «Յառաջ» ՊՄ 110 տարուան բաժանումէն` ձեր նահատակութեան տխուր թուականէն ետք, կը գրեմ ձեզի նամակ մը` պատմելու համար թէ ի՛նչ դէպքեր պատահեցան մեր առօրեային ընթացքին: Շարունակուեցան ջարդերը, մեր ժողովուրդը ցիրուցան դարձաւ, շատեր գացին ձեզի պէս, ոմանք սգակիրներ ալ չունեցան իրենց մահը ողբալու, որովհետեւ ամբողջ գերդաստանով ուղղուեցան դէպի անապատներ եւ դաժան ճակատագիրի մը զոհը գացին: Այո՛, տխրութիւնը իր թեւերը...

Մէկուկէս Միլիոն Սուրբերուն

Մէկուկէս Միլիոն Սուրբերուն

ՄԵՂԵԴԻ ՔԷՐՄԷՆԵԱՆ ՀՅԴ «Յառաջ» ՊՄ Դուք` մէկուկէս միլիոն հայ ժողովուրդի սուրբեր, Մենք այսօր կանգնած ենք ձեր յիշատակը ոգեկոչելու, երբ անցած են 110 տարիներ, բայց ձեր յիշատակը կը շարունակէ ապրիլ մեր սիրտերուն, պատմութեան, հաստատութիւններուն, դպրոցներուն, եկեղեցիներուն ու ակումբներուն մէջ: Համոզուած ենք, որ ձեր տառապանքն ու զոհաբերութիւնը անշէջ կը մնայ: Դուք` հայրեր, մայրեր, երեխաներ ու ծերեր, արուեստի, արհեստի, մտաւորականի եւ ընդհանրապէս ստեղծագործ...

Ապրիլ 24-ը` Խորհրդանիշ Վերածնունդի Եւ Պայքարի

Ապրիլ 24-ը` Խորհրդանիշ Վերածնունդի Եւ Պայքարի

ԳԼԱՐԻԹԱ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ ՀՅԴ «Հրայր Դժոխք» ՊՄ Ապրիլ 24-ը սգոյ օր մը ըլլալէ անդին` այսուհետեւ խորհրդանիշ է տոկունութեան, վերածնունդի ու պայքարի: Այսօր մեր սրտերը կը միանան ի յիշատակ մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու, որոնք նահատակուեցան, բայց չմոռցուեցան: Անոնց արեան ձայնը պիտի չլռէ, մինչեւ որ արդարութիւնը իր տեղը գտնէ: Այո՛, ապրիլ 24-ը մեր անմեղ նահատակներուն յիշատակը արժանավայել կերպով յարգելու օրն է: 1915-ի Մեծ...

Պիտի Հասնինք Մեր Նպատակին

Պիտի Հասնինք Մեր Նպատակին

ԱՐԷՆ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ Հայոց ցեղասպանութեան յարգելի մէկուկէս միլիոն զոհեր, 1915-ին բռնի ուժով տեղահանուեցաք` ձեր ետին ձգելով հայրենի հողը, ամիսներով առանց ուտեստեղէնի մնացիք Տէր Զօրի անապատներուն մէջ, ձեզմէ շատեր սպաննուեցան, իսկ ոմանք ալ ցրուեցան աշխարհի տարածքին` հաւատարիմ մնալով իրենց կրօնին ու ազգութեան: Ահա այսօր անցած է 110 տարի ողբերգական եղեռնէն: Մենք` եղեռնէն վերապրողներուն զաւակները, կ՛ապրինք իբրեւ հայ ու պիտի...

Հաղորդագրութիւն.  Մէկ Դար Եւ Սերունդներու Ազգային Դաստիարակութեան Հիմնասիւնը Հանդիսացող Կառոյցը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը

Սրբացած Նահատակներուն

ՑՈԼԵՐ ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՀՅԴ «Ազատամարտ» ՊՄ 24 ապրիլ 2025: Արդէն 110 տարիներ անցած են մարդկութեան դէմ ամենաահաւոր ոճրագործութենէն, որուն զոհ գացին մէկուկէս միլիոն անմեղ հայորդիներ: Ի՞նչ էր ձեր յանցանքը, եթէ ոչ` միայն այն, որ ծնած էիք հայ: Ձեր տառապանքը մեծ էր` աքսոր, բռնագաղթ, տանջանք ու հալածանք, եւ այս բոլորը տեղի ունեցան ամբողջ մարդկութեան աչքերուն առջեւ: Աշխարհը մնաց լուռ այս անարդարութեան դիմաց,...

Չենք Կրնար Լուռ Մնալ

Չենք Կրնար Լուռ Մնալ

ՅՈՎԻԿ ՉԻՉԵԱՆ ՀՅԴ «Ռոստոմ» ՊՄ Ապրիլ 24-ը պարզ թուական մը չէ: Ան կը մնայ խոր վէրք մը մեր ժողովուրդի համար, ցաւալի իրականութիւն մը եւ ուխտ մը, որ երբեք պէտք չէ մոռցուի: Այս օրը մենք կը յիշենք 1.500.000 անմեղ հայերը, որոնք 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ սպաննուեցան, իրենց տուներէն վտարուեցան եւ անապատներ աքսորուեցան: Անմեղ մարդիկ` կիներ, ծերունիներ եւ երեխաներ,  բռնի տեղահանուեցան, հալածուեցան...

Ես Այստեղ Եմ` Պայքարելու, Յիշեցնելու Եւ Պահանջելու

Ես Այստեղ Եմ` Պայքարելու, Յիշեցնելու Եւ Պահանջելու

ՏԻԵԿՕ ՍՖԷՅՐ ՀՅԴ «Հրայր Դժոխք» ՊՄ Հայոց ցեղասպանութիւնը մեր ազգին դէմ գործուած ամենադաժան ոճիրը եղաւ: Թուրքը ուզեց մեզ բնաջնջել, մեր հայրենի հողերէն հեռացնել, բայց չկրցաւ: Մենք` նոր սերունդը` Դաշնակցութեան զաւակները, մեր պապերու արիւնը կը կրենք եւ ուխտած ենք երբեք չմոռնալ: Իմ մեծ հայրս իր աչքով տեսած է աքսորն ու ջարդը, իր ընտանիքը կորսնցուցած է, բայց երբեք ծունկի չէ եկած: Մենք...

Նահատակներուն Պատգամով

Նահատակներուն Պատգամով

ԵՂԻԿ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ ՀՅԴ «Յառաջ» ՊՄ Յարգա՛նք ձեզի, մեր սուրբ նահատակներ: Նամակի տողերս կը սկսիմ վերյիշելով ապրիլ 24-ի տխրութիւնն ու ցաւը: Բայց յատկանշական այս օրը կը յիշեցնէ նաեւ ցեղասպան թուրքին կատարած տմարդի վերաբերումը անմեղ ժողովուրդի նկատմամբ` զանգուածային ձերբակալութիւն, արտաքսում, ջարդ... Այս օրը կը նշուի` որպէս պայքարի վերաշխուժացման թուական: Յիշելով անցեալը, շօշափելով վնասները` մարդկային, հողային թէ նիւթական, ապրիլ 24-ը կը դառնայ մեզ...

Հաղորդագրութիւն.  Մէկ Դար Եւ Սերունդներու Ազգային Դաստիարակութեան Հիմնասիւնը Հանդիսացող Կառոյցը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը

Արդարութեան Համար

ԼԻՄ ԼԻՊԱՐԵԱՆ ՀՅԴ «Աղբալեան» ՊՄ Հայոց ցեղասպանութիւնը` 1915-1923 թուականներուն, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած նախճիրն էր, որուն ընթացքին մէկուկէս միլիոն հայեր կոտորուեցան, տեղահանուեցան ու բռնագաղթի ենթարկուեցան անապատներու մէջ: 24 ապրիլ 1915-ին օսմանեան իշխանութիւնները ձերբակալեցին ու սպաննեցին հայ մտաւորականներ, գրողներ ու քաղաքական առաջնորդներ` այսպիսով սկսելով ծրագրաւորուած ցեղասպանութիւնը: Հազարաւոր ընտանիքներ արմատախիլ եղան իրենց պապենական հողերէն, մինչ բիւրաւոր մարդիկ նահատակուեցան սովի, ջարդերու ու բռնի...

Հաղորդագրութիւն.  Մէկ Դար Եւ Սերունդներու Ազգային Դաստիարակութեան Հիմնասիւնը Հանդիսացող Կառոյցը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը

Շարունակե՛նք Մեր Սուրբ Գործը

ԱՐԱԶ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ՀՅԴ «Աղբալեան» ՊՄ Օսմանեան կայսրութեան անմարդկային արարքներուն զոհ գացին մեր նահատակները, որոնք ոչ մէկ ատեն հրաժարեցան իրենց հայկականութենէն ու արժէքներէն, երբ այսօր բազմաթիւ հայեր նոյնիսկ կասկածի տակ սկսած են առնել Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Թուրքերը գրաւեցին մեր հողերը` Մուշը, Վանն ու Սասունը, եւ այսօր ալ մասնակից դարձան Արցախի գրաւման, բայց այսօր կան հայեր, որոնց համար Արցախը մերը չէ, եւ...

Չենք Մոռնար

Չենք Մոռնար

ԱՐԱԶ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՀՅԴ «Ազատամարտ» ՊՄ Ո՞վ կրնայ մոռնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ո՞վ կրնայ չյիշել հայուն տառապանքը, ցաւը, վիշտը եւ զոհերը: Բայց ու՞ր էր աշխարհը, ու՞ր էր մարդկութիւնը: Դժբախտաբար անոնք բարբարոս թուրքէն սարսափած էին եւ կամ ալ մարդկութենէ հեռու էին: Արդեօք մենք ալ պէտք էր մոռնայի՞նք, լու՞ռ մնայինք, անշուշտ ո՛չ: Արդեօք հայը իրաւունք ունի՞ ուրանալու Ցեղասպանութիւնը: Անկասկած ո՛չ: Մենք կորսնցուցինք զոհրապներ, վարուժաններ,...

Մեր Խօսքը

Մեր Խօսքը

110 տարի ետք երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնը կրկին «արդարութիւն» կը գոչեն:  110 տարի ետք հայը վերահաստատուած է սփիւռքի մէջ, սակայն այդ ցաւը տակաւին կ՛այրէ զինք, անշուշտ պիտի այրէ, երբ Հայոց ցեղասպանութիւնը հարցական նիւթի կը վերածուի, երբ թշնամին կը ներուի, երբ պատմութիւն մը կ՛անտեսուի: Անցեալն ու ներկան կը միանան, եւ մենք կրկին կ՛ապրինք  նոր ցեղասպանութիւն մը` Արցախի ժողովուրդը սովամահութեան ենթարկելը եւ յետոյ...

Վերադարձի Պահը Հասած Է

Վերադարձի Պահը Հասած Է

ՍԱՐԳԻՍ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Հայ ժողովուրդը, դարեր շարունակ դիմակայելով զանազան բռնաճնշումներ, 20-րդ եւ 21-րդ դարերուն դարձաւ ցեղասպանական քաղաքականութեան թիրախ: 1915-ին Օսմանեան կայսրութիւնը գործադրեց ծրագրուած ցեղասպանութիւն մը` հայ ազգը բնաջնջելու եւ զայն իր պատմական հայրենիքէն վերացնելու նպատակով: Հետեւանքը եղաւ` 1,5 միլիոն զոհ, Արեւմտեան Հայաստանի հայաթափում եւ հայկական մշակոյթի հսկայական կորուստ: Դար մը անց, 2020-2023-ի իրադարձութիւնները յստակօրէն ցոյց տուին, որ նոյն ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, այս...

Պայքարով Կերտուած Կեանք Մը

Պայքարով Կերտուած Կեանք Մը

ՄԱՐԻԷԼԼԱ ՃԷՀԻԶԵԱՆ         Կարեւոր է, որ իւրաքանչիւր հայ ճանչնայ իր նախնիներուն պատմութիւնը, որովհետեւ անիկա իր ինքնութեան մէկ մասն է: Մենք ժառանգորդներն ենք այդ պատմութեան, զոր պիտի փոխանցենք մեր զաւակներուն եւ թոռներուն: Մեծ հօրս մեծ հայրը` Յովհաննէս եւ զաւակը` Ստեփանոս, ծնած եւ ապրած են Մարաշ: Յովհաննէս որբ մնացած ըլլալուն պատճառով կը մեծնայ Մարաշի որբանոցին մէջ: Մանկութեան տարիներուն կ՛աշխատի օժիտի վաճառականի մը մօտ...

Page 112 of 1110 1 … 111 112 113 … 1,110

Արխիւներ