ՄԱՇՏՈՑ Թ.Ծ.Վ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ
Պատրիարքական Փոխանորդ
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան
եւ Մեծաւոր Զմմառու Վանքի
Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը յուսադրիչ նախաքայլով սկիզբ առաւ` Հայ դատի միջազգային ճանաչման գործընթացը ճիշդ ուղիով ընթանալու առումով: Արդ, առաջին ամէնէն ազդու արձագանգը հնչեց Հռոմի սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոսին կողմէ, եւ 28 մարտ 2025-ին ստորագրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան դաժան օրերուն նահատակուած, Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբան երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման հրամանագիրը:
Կաթողիկէ աշխարհի պետին կողմէ յայտարարուած առաջին հայ երանելիի սրբադասման շարժառիթը Հայոց ցեղասպանութեան զարհուրելի եւ սահմռկեցուցիչ օրերուն նահատակուիլն է:
Մալոյեան իր անմեղ արիւնը թափեց` յանուն հաւատի, յանուն Քրիստոսի եւ յանուն ազգի: Պատմական այս մեծ իրադարձութիւնը մեզ կը մղէ նոր թափով, նոր աւիւնով շարունակելու պահանջատիրութեան ազգանուէր եւ հայրենանուէր գործը, իսկ կարեւորագոյնը` նոյնիսկ 110 տարիներու հեռաւորութիւնը չյուսալքէ եւ չյուսահատեցնէ մեզ: Սեւեռենք մեր աչքերը մեր Տիրոջ` վստահելով Անոր արդարութեան, քանզի ճշմարտութիւնը վաղ թէ ուշ կը յայտնուի, ինչպէս կ՛ըսէ մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս, թէ` «Չկայ ծածուկ բան, որ չբացայայտուի», ուրեմն, ուր մնաց արդարացի ժողովուրդի մը իրաւունքներու ոտնահարումն ու իր պապենական հողերէն բռնի տեղահանումը, իսկ ամենաողբերգականը` քրիստոնէական հոգեւոր արժէքներու սրբապղծումը:
Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ Մալոյեանի սրբադասումը մեզի` հայերուս, Աստուծոյ կողմէ ուղղուած ազդանշան մըն է, որ Ան մեզ երբեք չի լքեր եւ հայը պիտի հասցնէ խաղաղ նաւահանգիստ` վերատիրանալու իր երբեմնի ամբողջական Հայաստանին:
Թող երանելի Մալոյեանի բարեխօսութեամբ սոյն տեսլականը իրականանայ եւ մեր պատմական հայրենիքին մէջ կանգնեցնենք այժմու երանելի եւ հետագայի սուրբի յիշատակին նուիրուած կոթողներ եւ եկեղեցիներ, որոնց կամարներուն ներքոյ փառաբանենք զԱստուած հայցելով սուրբին բարեխօսութիւնը` ի բարօրութիւն մեր ազգին եւ հաւաքական կեանքին: