Մատթէոս Զարիֆեան (1894-1924) Սիրոյ, Թախիծի Եւ Քնքշանքի Անմահ Քնարերգակը
16 յունուարի ծնունդ է հայ գրականութեան անմահներէն Մատթէոս Զարիֆեան, որ իր գողտրիկ եւ քնքուշ քնարերգութեամբ կը յուզէ ու կը գեղեցկացնէ ներաշխարհը բոլոր ժամանակներու ընթերցողին: Թախծոտ, այլեւ խորունկ սիրոյ դիւրահաղորդ երգիչն է արեւմտահայ քնարերգութեան արժանաւոր այս ներկայացուցիչը, որ սիրտէ բխող եւ սիրտերուն գաղտնիքը վերծանող խորաթափանց անմիջականութեամբ աշխարհին առջեւ բացաւ տանջահար իր հոգին, ինչպէս որ կը վկայէ, օրինակ, «Ան չէ՜» խորագրուած իր...















