Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծաղրանկար, Լռութիւն, Զանգ, Սուգ

Յունուար 15, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

11515_Protest-Charlie-HebdoՔիչ առաջ Ֆրանսայի տարածքին ամէն տեղ պաշտօնապէս մէկ վայրկեանի լռութիւն պահուեցաւ` ի յարգանս «Շարլի Էպտօ» երգիծական շաբաթաթերթի բացառիկ կարողութեան տէր տաղանդաւոր լրագրողներուն, ծաղրանկարիչներուն եւ պահակ ոստիկաններուն յիշատակին:

Ֆրանսայի ծերակոյտի նախագահը ըսաւ, որ` «այս վայրկեանին ես պէտք էր ծաղրանկարիչ Քապիւին հետ ըլլայի, իրեն հետ ժամադրութիւն ունէի խօսելու համար «Ամէն բանի մասին կարելի» է խնդալ» նիւթին մասին»:

Քապիւին ծաղրանկարները զիս կը զուարճացնէին կիրակի առաւօտները վայրաշարժին մէջ դէպի եկեղեցի ճամբորդութեանս ընթացքին: «ՇՂԹԱՅՈՒԱԾ ԲԱԴԻԿԸ» «Լէօ քանար անշենէ» երգիծական շաբաթաթերթին մէջ տուեալ կիրակի օրուան աւետարանական ընթերցման նիւթին մասին խորհրդածելու ատեն համեմատական մը կամ կապ մը կը փորձէի գտնել աւետարանական պատգամին կամ այդ օրուան թերթին մէջ ուշադրութիւնս գրաւած նիւթին հետ:

Այս պահուն կը յիշեմ, որ տասնհինգ տարի առաջ Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ գրասենեակիս մէջ կրօնական ծաղրանկարներու գրքոյկ մը ուշադրութիւնս գրաւեր էր, եւ անիկա օր մը ինծի որոշել տուաւ կիրակի օրուան թերթիկին մէջը տեղաւորել անոնցմէ մէկուն մանրակազմ նկարն ու հետը տրուած մեկնաբանութիւնը, այդ օրուան աստուածաշնչական ընթերցմանց կողքին, խորհելով, որ ատիկա վայրկեանի մը կամ օրուան մը համար հաւատացեալներուն մէջ զուարթ տրամադրութիւն մը պիտի ստեղծէր, որպէսզի անդրադառնային կրօնական շատ աւելի լուրջ եւ իմաստալից խորհրդածութեանց կարեւորութեան` մեր իրականութիւնը բարեկրթելու եւ բարելաւելու համար:

Մեր իրականութիւնը ըսելով` կ՛ուզեմ ըսել, որ մեր եկեղեցական կեանքն է, այնպէս` ինչպէս որ է: Գիտենք, որ մեզմէ ամէն մէկը տարբեր (յարգելի) նպատակով ու պատճառով եկեղեցի կ՛երթայ, անշուշտ կան անոնք, որոնք կ՛երթան Աստուծոյ աղօթելու, շնորհակալութիւն յայտնելու Անոր եւ Անկէ բաներ խնդրելու համար, առողջութիւն, գործի յաջողութիւն, փափաքներու իրականացում, կեանքի ընկեր, ընկերուհի, կամ` ընկերներ բարեկամներ տեսնելու, անոնց բարեւելու համար, կամ` մեր հագուած գեղեցիկ հագուստները եւ ոսկեղէնները ցուցադրելու համար, կամ` քարոզը մտիկ ընելու եւ արժեւորելու համար, քննադատելու կամ գովաբանելու համար օրուան պատարագիչին ձայնը կամ պատգամը: Ուրեմն, այդ գրքոյկին մէջի ծաղրանկարները նման երեւոյթներու մասին էին. անոնք ծիծաղելի կը դարձնէին բոլոր եկեղեցի յաճախողները, հոգեւոր հովիւը, եկեղեցւոյ հոգաբարձուները, հաւատացեալները, եկեղեցւոյ մէջ իրարու ականջին փսփսացող այրերն ու կիները: Մէկ խօսքով, բաներ, որոնք բոլոր եկեղեցիներուն մէջ անխտիր կը պատահին: Հետաքրքրուած էի գիտնալու, թէ այդ մանրանկար-ծաղրանկարները ի՛նչ տպաւորութիւն պիտի ձգէին թերթիկը կարդացողներուն վրան, հակառակ անոր որ զանոնք հրատարակելու նախօրեակին ամէնէն առաջ ես իմ վրաս կը խնդայի կուշտ ու կուռ եւ կը մտածէի, որ եթէ տուեալ ծաղրանկարը եկեղեցական մը ծիծաղելի կը դարձնէր, կամ հոգաբարձուներէն կամ հաւատացեալներէն այսինչը կամ այնինչը, որ կը պատկերացնէի եւ կը նմանցնէի նկարին մէջինին: Կը զարմանայի, որ ծաղրանկարներուն մասին մէկը բան մը չէր խօսեր ինծի:

Իրիկուն մը հոգաբարձական ժողովի մը ընթացքին հոգաբարձութեան ատենապետը ըսաւ.

– Տէ՛ր հայր, հաճիս, ասկէ ետքը այդ ծաղրանկարները թերթիկին մէջ մի՛ դներ:

– Չդնեմ, լա՛ւ, բայց ինչո՞ւ:

– Որովհետեւ, վիրաւորուողներ կան:

– Լա՛ւ, չեմ դներ,- եզրակացուցի:

Եւ ուրեմն եկեղեցական ծաղրանկար չդրի թերթիկին մէջ, բայց շատ ցաւեցայ եղածին համար, որովհետեւ վիրաւորուողը չէր ուզեր իր թերութիւնը տեսնել եւ գիտակցիլ, որ իրականին մէջ կարելի է` աւելի գեղեցիկ էր, քան երբ ինքզինք իր իսկ ընտրած հայելիին մէջը կը դիտէր: Կը մտածէի, որ եթէ ես ինքզինքիս վրայ կը խնդամ, ալ ո՛ւր է խնդիրը, եւ կը մտածէի, որ այդ վիրաւորուած անձը ուրկէ՞ գիտցաւ, որ այդ ծաղրանկարը իր հասցէին եղած դիտողութիւն մըն էր: Այդ ծաղրանկարներուն գրքոյկին հեղինակը հայ մը չէր, ամերիկացի քրիստոնեայ մըն էր, հրատարակիչն ալ եկեղեցական հաստատութիւն մըն էր, եւ հեղինակն ու հրատարակիչը ո՛չ զիս կը ճանչնային, ո՛չ ալ մեր այդ վիրաւորուած անձը, որ չէր փափաքեր մեր եկեղեցական թերթիկին մէջը կրօնական ծաղրանկար տեսնել:

* * *

Երէկ իրիկուն հանրակառքին մէջ ձայնասփիւռս բացի. «Շարլի Էպտօ»-ի քսան տարուան տնօրէնը, երբ կը խօսէր, իր արցունքները հազիւ զսպելով` կ՛ըսէր, թէ իր ընտանիքը մեռցուցին, այդ լրագրողները իր ընտանիքին անդամներն էին. բոլորն ալ շատ բարի, սքանչելի մարդիկ էին, մէկու մը վատութիւն ընել չէին ուզեր, ազնիւ գաղափարներ ունէին, ծիծաղելի եւ քննադատելի բաները կը նկատէին եւ զանոնք ընթերցողներուն կը ներկայացնէին` նպատակ ունենալով զանոնք խնդացնել, կամ պահ մը զուարճացնել, այնպէս ընել, որ ծաղրանկարին մէջ եղող հերոսը ինքզինք տեսնէ այդ նկարին մէջ, եւ եթէ կարելի է` ինքն իր վրան խնդայ, կամ անպայման ինքզինք սրբագրէ, եւ ահաւասիկ ճիշդ այս նպատակով էր, որ կը ստեղծագործէին երէկուան սպաննուած Ֆրանսայի լաւագոյն ծաղրանկարիչներն ու երգիծագիրները: Անոնք աշխարհին մէջ կատարուող սխալ, թերի եւ տարօրինակ նիւթերն ու երեւոյթները կը ներկայացնէին, այո՛, երբեմն ալ գրեթէ բոլորին ուշադրութենէն վրիպած կարեւոր եղելութիւններ երեւան կը հանէին ու կը հրապարակէին` լուսարձակի տակ առնելով, հոգ չէ թէ ո՜վ ըլլար գայթակղութիւն պատճառող անձը` հանրապետութեան նախագահ, վարչապետ, այսինչ կամ այնինչ նախարար կամ երեսփոխան, կամ Հռոմի պապ, կամ այսինչ կամ այնինչ կարտինալ, կամ այսինչ խախամ ու Րաբբի, կամ նոյնիսկ Յիսուսին պատգամը սխալ հասկցած ու գործադրած հաւատացեալ, կամ Ֆրանսայի առողջապահական օրէնքին դէմ բողոքող, գործադուլ ու ցոյց կատարող բժիշկ, ինչպէս` ՔԱՊԻՒին երէկուան «Լէօ քանար անշենէ»-ի մէջ հրատարակած վերջին ծաղրանկարներէն մէկը, ուր կ՛երեւէին ցուցատախտակներ շալկած բժիշկներ, որոնցմէ մէկը գրեր էր` «Պիտի հիւանդանաք նոյնիսկ ձեր մահանալէն ետքը», եւ իրաւ ալ այս երգիծագիր ծաղրանկարիչներուն սպանութիւններէն ետք մարդիկ հիւանդացան. ուրեմն ճիշդ չէ այն կարծիքը, որ անոնք միայն Մոհամետը եւ անոր հետեւող իսլամները կը քննադատէին եւ ծիծաղելի կը դարձնէին, այլ նաեւ` քրիստոնեաներն ու հրեաները, բոլոր ծիծաղելի բաները, ըլլան անոնք քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, գիտական կամ, ինչ որ կ՛ուզէք, իրենց ակնոցով ծիծաղելի թուացող բաները կը հրապարակէին:

Այս բոլորը կ՛ըսեմ, որպէսզի մեզմէ անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ երէկուան ահաբեկչութիւնն ու սպանութիւնները տեղի ունեցան այս ծաղրանկարիչ երգիծագիրներուն Մոհամետ մարգարէն ծաղրելուն եւ անարգելուն համար, աւելի ճիշդ պատկերացում ունենան այս ազնուահոգի մտաւորականներուն մասին: Իրենք չեն, որ դէպքերն ու երեւոյթները կը հեղինակեն, անոնց հեղինակները մենք ենք, մեր քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներն են, եւ ափսոս, որ իրենք պարզապէս զոհ գացին սխալ քաղաքականութիւն վարողներուն:

Ֆրանսացիները եւ լրագրողները այս ահաւոր ոճիրէն ետք կը յայտարարեն, թէ ամէն պարագայի տակ իրականութիւնը ներկայացնելով` մարդիկը խնդացնելն ու զուարճացնելը երգիծագիրներուն առաքելութիւնն ու իրաւունքն է, այս երկրին մէջ մամուլի ազատութիւն կայ, եւ աշխարհի ծուռ ու թիւր երեւոյթները հրապարակելը ազնիւ եւ կարեւոր գործ է. որովհետեւ անոնք կը ձգտին ղեկավարները եւ ղեկավարուողները աւելի մարդկայնացնել, որպէսզի աւելի արժանավայել ապրին, ապրինք: Բոլորը կ՛ըսեն, թէ «Շարլի Էպտօ» շաբաթաթերթին ընթերցողները անցեալ տարիներուն նուազած էին, թէ թերթը նիւթական վնասի մէջ էր, բայց, ո՞ր թերթը նիւթական վնաս չ՛ունենար, եթէ գովազդ չծախէ:

Այսօր արդէն թերթին ղեկավարութիւնը յայտարարեց, որ «Շարլի Էպտօ» շաբաթաթերթին յաջորդ թիւը լոյս պիտի տեսնէ յաջորդ չորեքշաբթի, եւ կարեւորը այն է, որ մարդ արարածը իր արժանապատուութիւնը եւ օրինաւոր ազատութիւնը չկորսնցնէ:

Այս գրութեան սկսայ մտքիս մէջ ունենալով կարեւոր կէտ մը, որ կապ ունէր քիչ առաջ ֆրանսացիներուն եւ իմ մէկ վայրկեանի լռութիւն պահելուն հետ, Փարիզի Նոթրը Տամ եկեղեցւոյ զանգերուն ղօղանջելուն հետ, երեք օրուան սուգ յայտարարուելուն հետ: Կ՛ըսեն, թէ ահաբեկիչները երկու եղբայրներ են, որոնցմէ մէկը Ժիհատի գացած էր տարիներ առաջ, Միջին Արեւելք… Անոնցմէ մէկուն անձնաթուղթը մնացած էր իրենց լքած ինքնաշարժին մէջ, եւ այս ձեւով անոնք քիչ առաջ նկատուած են ԷՆ նահանգին մէջ վառելանիւթ գնելու ատեն, մէկը զիրենք ճանչցած է, թէ անոնք ծանրօրէն զինուած են եւ վտանգաւոր են եւ այլն:

Ուրեմն, երբ այս գրութեան սկսայ, կ՛ուզէի ըսել, որ եթէ մեր այս յարգարժան երգիծագիրներուն համար մենք մէկ վայրկեան լռութիւն պահեցինք, Նոթրը Տամ եկեղեցւոյն զանգերը ղօղանջեցին, եւ երեք օրուան սուգ յայտարարուեցաւ, հապա քանի՞ վայրկեան, քանի՞ օր պիտի լուռ մնանք, եւ զանգակներ հնչեցնենք Միջին Արեւելքի մէջ մահացած հարիւր հազարաւոր անմեղներուն եւ տեղահանուածներուն համար:

Քանի՞ միլիառ վայրկեան պէտք է լռութիւն պահենք, եւ մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող սպանդին համար ո՞ր քաղաքական ոճրագործ ղեկավարը պիտի փնտռուի, ձերբակալուի եւ բանտարկուի:

Յարգա՛նք քաւութեան նոխազ ազնուահոգի լրագրողներուն յիշատակին:

Ծաղրանկար, լռութիւն, զանգ եւ սուգ:

 

Նիս, 8 յունուար 2015

 

Նախորդը

Ձեռային Աշխատանք. Դգալներու Կոթերով Պատրաստուած Զարդեղէններ

Յաջորդը

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»-ի. «Բոլորս Շարլի Ենք»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025
Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?