ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Վերջին շաբաթներուն հայ մամուլի եւ համացանցի լուսարձակները իր վրայ կեդրոնացուցած է Հասան Ճեմալ անունով թուրք մտաւորական մը, որ դեկտեմբերի աւարտին Երեւան այցելած էր եւ հրապարակային երկու ելոյթներ ունեցած էր, որոնք առիթ ծառայեցին բողոքի ու բանավէճի բուռն ալիքի մը շղթայազերծման:
Հասան Ճեմալի Երեւան այցելութեան շարժառիթը հիւրաբար անոր մասնակցութիւնն էր հայեւթուրք երկխօսութիւնը քաջալերող ու Եւրոպական Միութեան կողմէ հովանաւորուած հասարակական կեդրոնի մը կազմակերպած զոյգ հանդիպումներուն:
Առաջինը դէմ առ դէմ հրապարակային երկխօսութիւն մըն էր Հասան Ճեմալի եւ Մարիա Թիթիզեանի միջեւ, յատուկ լսարանի մը ներկայութեան:
Երկրորդը Երեւանի պետական համալսարանին մէջ կայացած հանդիպում-լսարան մը:
Հասան Ճեմալ թոռն է հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն` տխրահռչակ Ճեմալ փաշային, որ ատենին «հանրածանօթ» էր նաեւ իբրեւ «մսագործ» մարդասպանը արաբ ազատատենչ մտաւորականութեան:
Ի տարբերութիւն եւ հակադրութիւն ազգայնամոլ ու եղեռնագործ իր մեծ հօր` Հասան Ճեմալ ծանօթ է իբրեւ ազատախոհ թուրք մտաւորական գործիչ մը, որ տասնամեակներէ ի վեր թրքական մամուլի էջերուն ուշադրութիւն կը գրաւէ ի նպաստ ժողովրդավարական ազատութեանց ու քրտական շարժման պաշտպանութեան իր հրատարակած յօդուածներով, նաեւ` քաղաքական ելոյթներով:
Իսկ վերջին տարիներուն Հասան Ճեմալ յաճախ կը յայտնուի հայեւթուրք յարաբերութեանց այսպէս կոչուած «բնականոնացումը» քաջալերող ելոյթներու եւ նախաձեռնութեանց լուսարձակին տակ:
Կարեւորութեամբ պէտք է ընդգծել, որ Հասան Ճեմալ հեղինակն է «1915. Հայոց ցեղասպանութիւնը» խորագիրով 2012-ին լոյս տեսած թրքերէն գիրքին, որ Թուրքիոյ մէջ լայն ժողովրդականութիւն վայելող գործ մըն է: Պոլսոյ «Տինք հիմնադրամ»-ը արդէն լոյս ընծայած է գիրքին հայերէն թարգմանութիւնը, որ Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին հայ մտաւորականոթեան մօտ յառաջացուցած է զգալի հետաքրքրութիւն:
Յայտնապէս Հասան Ճեմալ կը պատկանի թուրք յառաջդիմական գործիչներու եւ մտաւորականներու հոսանքին: Իբրեւ ժողովրդավարական կարգերու ջերմ պաշտպան` ան 1970-ականներուն շուրջ չորս տարուան բանտարկութեան ենթարկուած է ատենի Թուրքիան ղեկավարող զինուորական իշխանութեանց կողմէ:
Հրանդ Տինքի անարգ սպանութենէն ետք, ինչպէս ինք կը խոստովանի, Հասան Ճեմալ ապրած է հիմնական շրջադարձ մը. Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրացողի իր անցեալի
դիրքորոշումէն հրաժարելով` ան վերջին ութ տարիներուն դարձած է հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած զանգուածային տեղահանութիւնն ու սպանդը «ցեղասպանութիւն» որակող թուրք համարձակախօս դէմքերէն մէկը:
Սեփական պատմութեան հետ առերեսումը անհրաժեշտ, անխուսափելի եւ ապագայի հաշտութեան նախապայման քայլ համարելով` Հասան Ճեմալ 2008-ին այցելած է Երեւան եւ ծաղկեպսակ զետեղած է Ծիծեռնակաբերդի մէջ: Այնուհետեւ, տարբեր առիթներով մասնակից դարձած է Պոլսոյ թէ Երեւանի մէջ, ինչպէս նաեւ սփիւռքի տարածքին, Հայոց ցեղասպանութեան ու հայեւթուրք յարաբերութեանց կնճռին նուիրուած խորհրդաժողովներու կամ ելոյթներու:
Հասան Ճեմալի անցեալ շաբթուան Երեւան այցելութեան շարժառիթը հիւրաբար անոր մասնակցութիւնն էր հայեւթուրք երկխօսութիւնը քաջալերող ու Եւրոպական Միութեան կողմէ հովանաւորուած հասարակական կեդրոնի մը կազմակերպած զոյգ հանդիպումներուն:
Առաջինը դէմ առ դէմ հրապարակային երկխօսութիւն մըն էր Հասան Ճեմալի եւ Մարիա Թիթիզեանի միջեւ, յատուկ լսարանի մը ներկայութեան:
Երկրորդը Երեւանի պետական համալսարանին մէջ կայացած հանդիպում-լսարան մըն էր, որուն ընթացքին Հասան Ճեմալ պատասխանած է ներկաները յուզող հարցերուն:
Յատկանշականօրէն, Երեւանի մէջ իր ունեցած հրապարակային երկու ելոյթներուն ընթացքին Հասան Ճեմալ ըստ էութեան նոր բան չաւելցուց քանի մը տարիէ ի վեր մամուլով թէ բեմերէ իր առաջադրած տեսակէտներուն վրայ: Դարձեալ կրկնեց իր ծանօթ եւ բազմիցս բանաձեւուած տեսակէտները, թէ`
– Թուրքիա պէտք է նախ ընդունի, որ անցեալին ցեղասպանութիւն գործած է հայ ժողովուրդին դէմ եւ, ապա, պատրաստակամութիւն դրսեւորէ հատուցման հարցով երկխօսութեան նստելու Հայաստանի ու սփիւռքին հետ:
– Թուրքիոյ մէջ իշխող մեծամասնութիւնը դեռ պատրաստ չէ դիմելու այդ քայլին եւ, այդ պատճառով ալ, Հասան Ճեմալի պէս մտածողները իրենց այս մտածումներուն համար «Հայրենիքի դաւաճան» կը հռչակուին ազգայնական թուրքերու կողմէ:
– Հայերը կը դժուարացնեն թուրքերու հետ երկխօսութիւնը, երբ ատոր համար նախապայման կը դնեն, որ Թուրքիա նախ ճանչնայ հայ ժողովուրդին դէմ իր գործադրած ցեղասպանութիւնը:
– Հայ ազգայնականները պէտք է անդրադառնան, որ Թուրքիան ու թուրք ժողովուրդը կրնան բարեփոխուիլ. սխալ է եւ պէտք չէ արհամարհել Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստը անուղղակիօրէն ճանչնալու թուրք պետական ներկայացուցիչներուն նետած փոքր, բայց դրական քայլերը, ինչպիսին է (միշտ Հասան Ճեմալի կարծիքով) Էրտողանի անցեալ ապրիլ 24-ի «ցաւակցական» ելոյթը…
Կարելի է ընդլայնել ու խորանալ Ճեմալ փաշայի թոռան արտայայտած տեսակէտներու մեկնաբանութեան, նաեւ` անոնց ըստ էութեան քննադատութեան մէջ, որովհետեւ հոն տեղ գտած դրականի կողքին` բացասական եւ անընդունելի կէտեր շատ կան:
Բայց մեզ յուզող հարցը այսօր Հասան Ճեմալի մտածումներուն քննարկումը չէ այնքան, որքան` անոր երեւանեան ելոյթներուն առիթով բարձրացած բողոքի եւ դժգոհութեան ալիքը:
Հասան Ճեմալի երեւանեան ելոյթներուն դէմ ծաւալած դժգոհութեան ու բողոքի ալիքը նախ կը մեկնի այն իրողութենէն, որ հայեւթուրք երկխօսութիւնը խթանելու փոխարէն` առաջին ելոյթը առիթ չէ տուած լսարանին, որպէսզի հարցեր տրուին թուրք մտաւորականին, իսկ երկրորդ լսարանի ընթացքին Հասան Ճեմալ խուսափողական պատասխաններով ուզած է շրջանցել իրեն ուղղուած հարցերն ու հակադիր տեսակէտները:
Հասան Ճեմալի դէմ ուղղուող քննադատութեանց առանցքը գլխաւոր երեք դիտողութիւններ են.
Ա.) Պատմական ճշմարտութեանց հանդէպ անհրաժեշտ յարգանքը չի ցուցաբերեր Հասան Ճեմալ, երբ իր մեծ հօր` եղեռնագործ Ճեմալ փաշայի ահաբեկումը կը նկատէ «աւազակներ»-ու կողմէ գործուած սպանութիւն` խեղաթիւրելով «Հայկական Նեմեսիս»-ի խորհուրդն ու նշանակութիւնը արդարութեան եւ իրաւունքի նուաճման ճամբուն վրայ:
Բ.) Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին ու դատապարտումին կողմնակից ներկայանալով հանդերձ, Հասան Ճեմալ կը սկսի բառերը ծամծմելով խօսիլ հայ ժողովուրդի արդար հատուցման եւ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման պահանջներուն մասին:
Գ.) Թուրք հանրային կարծիքի ճնշող թեւին կողմէ «դաւաճան» նկատուելու գնով հայեւթուրք երկխօսութեան սատարելու պատրաստակամութիւն յայտնելով հանդերձ, Հասան Ճեմալ ամբողջապէս կ՛իւրացնէ Ղարաբաղի հարցով Ազրպէյճանի հակահայ քարոզչական կեղծիքը` ձայնակցելով ու արդարացնելով Հայաստանի շրջափակումը…
Աւելի քան հասկնալի է, որ պահանջատէր հայութիւնը չի կրնար անտարբեր անցնիլ նոյնիսկ հայեւթուրք երկխօսութեան ջատագով թուրք մտաւորականի մը կողմէ կատարուած նման խեղաթիւրումներու, անտեսումներու կամ պարզ վրիպումներու վրայէն:
Անշուշտ որ մեր նահատակներուն յիշատակը յարգող ամէն հայ իր ձայնը կը միացնէ (երեք ուղղութիւններով ալ) Հասան Ճեմալի տեսակէտներուն դէմ արտայայտուած բողոքի ելոյթներուն:
Հետեւաբար Հասան Ճեմալ ոչ մէկ պատճառ ունի, հայերու կողմէ հնչած տարակարծութեանց կամ դժգոհութեանց պատճառով, հարցականի տակ դնելու հայեւթուրք երկխօսութեան…նպատակայարմարութիւնը:
Ի վերջոյ տարակարծութիւնները, տեսակէտներու բախումները եւ մինչեւ իսկ բողոքի ելոյթները էական բաղադրիչներն են ժողովրդավարական երկխօսութեան:
Յատկապէս հայեւթուրք յարաբերութեանց արիւնալի ժառանգութեան պարագային, երկխօսութեան ամէն լուրջ փորձ հետամուտ պէտք է ըլլայ բացառապէս ժողովրդավարական եղանակով հասնելու հակադիր տեսակէտներու մերձեցման:
Մենք հաւատացողն ենք, որ պահանջատէր հայութիւնը անհրաժեշտ ճիգը պէտք է թափէ, որպէսզի ընդլայնուի շրջագիծը Հասան Ճեմալի օրինակով թուրք մտաւորականներուն եւ քաղաքական գործիչներուն, որպէսզի կողք-կողքի ապրելու դատապարտուած հայ եւ թուրք ժողովուրդները կարենան արդար հիմերը գտնել ու, հայկական իրաւունքներու վերականգնման խարիսխին վրայ, ամրապնդել իրենց ապագայ համակեցութիւնն ու բարի դրացիութիւնը:
Մենք ամէն պատճառ ունինք երկխօսութեան ազատ բեմ տալու Հասան Ճեմալներուն, որովհետեւ թուրք հասարակութեան մէջ այդպիսիք ուշ-ուշ կու գան եւ յաճախ շուտ-շուտ լռութեան կը դատապարտուին` թրքական պետութեան հակահայ ճնշումի եւ հալածանքի դաժան գլանին տակ:
Հայեւթուրք յարաբերութեանց կնճիռը լուծելու ճամբուն վրայ մենք պէտք ունինք Հասան Ճեմալի օրինակով «հանգոյց»-ները մէկ առ մէկ ու ժողովրդավարական երկխօսութեամբ քակելու եւ լուծելու հետեւողական աշխատանքին: