Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զաման». Էթիէն Մահճուփեան Թուրքիոյ Ազգային Ապահովութեան Սպառնալի՞ք Մըն Է

January 16, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

11615etyenԵուսթ Լակենտիյք «Թուտէյզ Զաման»-ի մէջ կը գրէ, որ անկախ Թուրքիոյ փափաքէն, 2015-ը պիտի ըլլայ այն տարին, երբ այս երկիրը` Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդը, դարձեալ պիտի դիմագրաւէ այժմ աւելի հրամայական դարձած այն հարցումը, թէ ինչպէ՞ս կը նայի 1915-ին օսմանցի հայերուն դէմ գործուած «վայրագ արարքներուն»:

Հայերը կը վայելեն աջակցութիւնը համաշխարհային հանրային կարծիքին, որոնք կը հաւատան, թէ Թուրքիա համոզիչ պատասխան մը տալու պատասխանատուութիւնը կը կրէ: Հարիւրամեայ ժխտումէ եւ հարցը վերասահմանելու փորձերու ձախողութենէն ետք, Թուրքիան առնուազն ցոյց պիտի տայ, որ կը ճանչնայ այս անլոյծ խնդիրը եւ անոր պիտի պատասխանէ շինիչ ձեւով եւ կարեկցանքով:

Շատեր կը յուսան, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ այն, ինչ որ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անցեալ տարի սկսաւ, երբ 1915-ին հայերու կորուստներուն համար ցաւակցութիւն յայտնեց: Անոր քայլը պատմական առաջին քայլ մըն էր եւ կը թուէր ցոյց տալ ներկայիս սառեցուած հայ-թրքական յարաբերութեանց մէջ եւ անցեալի վէճերուն վերաբերեալ նոր հանգրուանի մը նախաձեռնելու պատրաստակամութիւն մը:

Բազմաթիւ սպասումներ կան, որ Թուրքիոյ վարչապետի խորհրդական Էթիէն Մահճուփեան կրնայ այս հոլովոյթին մէջ դրական դերակատարութիւն մը ունենալ:

Այս զգուշաւոր լաւատեսութեան ենթահողին վրայ կարդացի յօդուած մը, որ կը վերաբերէր թրքական դպրոցական դասագիրքերու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին ներկայացման վերաբերեալ յօդուածի մը, որ սթափեցնող էր: Թաներ Աքչամի, թուրք պատմաբան մը, որ բազմաթիւ թուրքերու աչքերը բացաւ 1915-ի ահաւոր իրադարձութեանց դիմաց եւ այժմ կը բնակի Միացեալ Նահանգներ, եզրակացութիւնները ցնցիչ են ու տխրութիւն կը պատճառեն:

Աքչամ կը թուէ սխալներու եւ բացայայտ խեղաթիւրումներու բազմաթիւ օրինակներ, որոնք դասագիրքերու մէջ կ՛օգտագործուին հայերը իբրեւ նախայարձակ եւ թուրքերը իբրեւ անմեղ զոհեր ներկայացնելու համար: Անհաւատալի կերպով, այս հարցին վերաբերեալ բոլոր հրապարակումներէն ետք, պատմութիւնը տակաւին կը խեղաթիւրուի եւ կը խարդախուի տեղի ունեցած ջարդերը արդարացնելու համար: Աքչամի եզրակացութիւնը յստակ է. «Նոր Թուրքիոյ մէջ ոչինչ նոր է: Ամէն ինչ տասնամեակներէ ի վեր կատարուածին կրկնութիւնն է»:

Այս պատմական խեղաթիւրումներուն գլխաւորն ու ամէնէն անհանգստացնողը այն է, որ Թուրքիոյ եւ արտասահմանին մէջ գտնուող այսօրուան հայերը կը ներկայացուին իբրեւ Թուրքիոյ ապահովութեան մեծագոյն սպառնալիքներէն մէկը: Թրքական պատմութեան դասագիրքերը այն պատգամը կը փոխանցեն, որ իւրաքանչիւր հայ թշնամի է:

Որքա՞ն երկերես է երկիր մը, ուր աշակերտները հայերուն դէմ կը լարեն, սակայն նոյն ատեն Էթիէն Մահչուփեանը` այս ազգին ամէնէն աչքառու ներկայացուցիչը, Թուրքիոյ վարչապետին գլխաւոր խորհրդականներէն մէկն է:

Նախորդը

ՀՅԴ-ին Գնահատականներն Ու Առաջարկները` Սահմանադրական Բարեփոխումներու Հայեցակարգին Վերաբերեալ

Յաջորդը

Ճենկիզ Աքթար. «Արդեօք Պէ՞տք Է Ճանչնանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Թէ՞ Շարունակենք Խաբել Մենք Մեզ». «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Փոքր Ասիոյ Մեծագոյն Ողբերգութիւնն Է»

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Ա. Աղեքսանդրիոյ Հերոնէն Մինչեւ Սփութնիք

December 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

March 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.