Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Քուէյթ
Կաթողիկոսական Փոխանորդ Մասիս
Ծ. Վրդ. Զօպուեանի Հանդիպումները
* Յունուար 8-ին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մասիս ծ. վրդ. Զօպուեան, ընկերակցութեամբ գաղութի հոգեւոր հովիւ Արտակ քհնյ. Քէհեայեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Վարդան Նարինեանի եւ առաջնորդարանի յարաբերական յանձնախումբի ատենապետ Մարքօ Պապլանեանի, այցելեց Քուէյթի խորհրդարանի նախագահ շէյխ Մարզուք Ղանեմին, Քուէյթի խորհրդարանին մէջ: Հայր սուրբը անոր փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ողջիւնները, ապա անդրադարձաւ Քուէյթի մէջ ընդհանրապէս եկեղեցիներու ու մանաւանդ հայ եկեղեցւոյ ու համայնքի ներկայութեան` նշելով, որ անոնք աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր կ՛ապրին ու կը գործեն Քուէյթի մէջ` իրենց նպաստը բերելով երկրի զարգացման ու յառաջդիմութեան գործընթացին:
Ան ընդգծեց, որ երբ արաբական զանազան երկիրներու մէջ վտանգուած է իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութիւնը, դժուար այս հանգրուանին Քուէյթը ապահով պատսպարան կը համարուի քրիստոնեայ բոլոր համայնքներուն համար, որոնք կ՛ապրին ապահով միջավայրի մէջ, ուր համերաշխութիւն հաստատուած է եւ բոլոր կրօնները` յարգուած:
Խորհրդարանի նախագահը ողջունելով հայր սուրբն ու պատուիրակութիւնը` ինք եւս ընդգծեց հայ համայնքին դրական եւ շինարար ներկայութիւնը Քուէյթի մէջ` վստահեցնելով, որ Քուէյթը աւելի կայուն է եւ համերաշխութիւն կը տիրէ շնորհիւ քրիստոնեայ-իսլամ սերտ յարաբերութիւններուն եւ երկխօսութեան: Ան նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց օգտակար դառնալու քրիստոնեայ համայնքներուն, որոնք երկրի զաւակները կը համարուին:
Հանդիպումի աւարտին Մասիս Ծ. վրդ. Զօպուեան շէյխ Մարզուք Ղանեմին նուիրեց Արամ Ա. կաթողիկոսին «Իշուզ էնտ փրսփեքթիվզ» գիրքը:
* Յունուար 7-ին Քուէյթի Ազգային առաջնորդարան այցելեց Քուէյթի մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան միւֆթիի ներկայացուցիչ Հաժ Հասսան Ուաֆիք Հոհոն եւ հանդիպում ունեցաւ Մասիս ծ. վրդ. Զօպուեանին հետ: Ան եկած էր շնորհաւորելու հայր սուրբն ու համայնքի զաւակները` Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի ներկայ կացութեան եւ լիբանանցիներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Խօսուեցաւ նաեւ քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերու համերաշխութեան եւ երկխօսութեան կոչերուն մասին, որոնք կը նպաստեն երկրի կայունութեան եւ յառաջդիմութեան:
* Յունուար 7-ի երեկոյեան Մասիս ծ. վրդ. Զօպուեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ղպտի կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որոնք եկած էին շնորհաւորելու հայր սուրբը տօնական առիթներով:
* Յունուար 9-ին, Քուէյթի մէջ Լիբանանի դեսպանատան մէջ, ձեռամբ օրուան պատուոյ հիւր լիբանանցի հռչակաւոր երգչուհի Մաժիտա Ռումիի, բացումը կատարուեցաւ հիւպատոսարանի բաժնին: Ներկայ էին արաբական երկիրները ներկայացնող դեսպաններ, լիբանանցի քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր առաջնորդներ եւ Քուէյթ բնակութիւն հաստատած մեծ թիւով լիբանանցիներ: Բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Մասիս ծ. վրդ. Զօպուեանը եւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Րաֆֆի Յովսէփեանը, որոնք այս առթիւ բարի գալուստ մաղթեցին պատուոյ հիւրին եւ շնորհաւորեցին Քուէյթի մէջ Լիբանանի դեսպանը եւ դեսպանատան պաշտօնէութիւնը:
Նկարչուհի Մարօ Սարգիսեանի
Անհատական Ցուցահանդէսի Բացում
Դեկտեմբեր 22-ին Քուէյթի «Ահմատ Ատուանի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ անուանի նկարչուհի, Հայաստանի նկարիչներու միութեան եւ Փարիզի նկարիչներու ընկերակցութեան անդամ Մարօ Սարգիսեանի անհատական ցուցահանդէսի բացում:
Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց մշակութային համագործակցութեան խթանումն ու ընդլայնումը Հայաստանի եւ Քուէյթի միջեւ` ընդգծելով մշակոյթի անփոխարինելի դերը երկու ժողովուրդներու ժառանգութեան ճանաչման եւ բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին աւելի քան 40 բազմասեռ կտաւներ:
Մարօ Սարգիսեան անհատական ցուցահանդէսներով հանդէս եկած է Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ եւրոպական տարբեր մայրաքաղաքներու մէջ:
Նոր Ջուղա
Նիկոլ Դումանի Մահուան 100-Ամեակին
Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ
Նախաձեռնութեամբ «Թադէոս Թադէոսեան» պատանեկան միութեան, 11 դեկտեմբերին Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ` նուիրուած խիզախ մարտիկ, ազգային գործիչ եւ մտաւորական դաշնակցական Նիկոլ Դումանի մահուան 100-ամեակին:
«Թադէոս Թադէոսեան» պատանեկան միութեան վարչութեան անունով Էջմին Խաչիկեան նկատել տուաւ, որ պատանեկան միութիւնը վերջին տարիներուն, խոնարհ ու անձնազոհ հերոսներու նուիրուած ձեռնարկներ կազմակերպելով` կը նպատակադրէ իր յարգանքի տուրքը մատուցել անոնց անթառամ յիշատակին եւ ժողովուրդին ու յատկապէս` նոր սերունդին, առաւել եւս ծանօթացնելու անոնց գործունէութիւնը ու վեհ գաղափարները:
Օրուան հանդիսավար Նազելի Ղարիպեան խօսեցաւ Նիկոլ Դումանի մասին` հաստատելով, որ ան սնափառ չէր եւ կը սիրէր լուռ եւ գաղտնի գործել:
Օրուան բանախօսներն էին Արինէ Իսաղուլեան եւ Արմին Մինասեան, որոնք ներկայացուցին Դումանի կեանքի կարեւորագոյն դրուագները` շեշտելով, որ ան բարոյական սկզբունքներու տէր անձ մըն էր, քաջարի զինուոր ու հրամանատար եւ ազգային ու կուսակցական գործիչ:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ պատանեկան միութեան գործունէութեան մասին տեսերիզ մը:
Գեղարուեստական բաժնով ներկայացուեցաւ կենդանի պատկեր մը` Խանասորի արշաւանքէն, նաեւ Շանթ Թահմազեան մեկնաբանեց յեղափոխական երգերու փունջ մը:
Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Շահինշահրի հայ համայնքի հոգեւոր տեսուչ Անանիա վրդ. Գուճանեանը, որ բարձր գնահատեց երեկոյի նախաձեռնութիւնը` շեշտելով, որ նման նուիրական հերոսներ մեզի համար փառք ու պարծանք են: Ան նկատել տուաւ, որ ամեակները կու գան ու կ՛անցնին, բայց Նիկոլ Դումանի ու Նիկոլ Դումաններու գործերը մեր կեանքին մէջ պէտք է հնչեն եւ օրինակ դառնան:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած էին պատանիներուն աշխատանքները:
Հարկ է նշել, որ պատանեկան միութեան նախաձեռնութեամբ եւ Նոր Ջուղայի Հայ կանանց գթութեան մեկենասութեամբ հրատարակուած էր Նիկոլ Դումանի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած գրքոյկը, որ բաժնուեցաւ ներկաներուն:
Կիպրոս
Լուրեր Ազգային Առաջնորդարանէն
Ուրբաթ, 9 յունուար, առաւօտեան ժամը 11:30-ին, Կիպրոսի հայոց կաթողիկոսական փոխանորդ Նարեկ արք. Ալեմեզեան այցելեց ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Զաքարիասին: Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ երկու քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները Կիպրոսի միջեկեղեցական կեանքին մասին զրուցեն եւ իրենց գործակցութիւնը ամրապնդեն: Յայտնենք, թէ հայր Զաքարիաս, երկու հոգեւորականներու եւ ղպտի հաւատացեալներու ընկերակցութեամբ, երեքշաբթի, 6 յունուարին, ներկայ գտնուեցաւ Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Ծնունդի պատարագին:
* Դեկտեմբեր 23-ին Ազգային առաջնորդարանին մէջ Նարեկ արք. Ալեմեզեան ընդունեց Եւրոպայի Քրիստոնեայ կիներու միջեկեղեցական մարմինի Կիպրոսի մասնաճիւղի վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ Սառա Ոսկանեանի: Հանդիպման ընթացքին սրբազան հայրը կարեւոր նկատեց միջեկեղեցական շարժումին եկեղեցիները իրարու մերձեցնող եւ գործակցութիւն ապահովող դերը ու բարձրօրէն գնահատեց իգական սեռին գործօն մասնակցութիւնը միջեկեղեցական շարժումին մէջ:
* Դեկտեմբեր 25-ին Լառնաքայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով մատուցուեցաւ Ս. պատարագ,
որուն ընթացքին Նարեկ արք. Ալեմեզեան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը, որով Լառնաքայի եւ Լիմասոլի հոգեւոր հովիւ Մաշտոց քհնյ. Աշգարեան ծաղկեայ փիլոն կրելու արտօնութիւն ստացաւ:
Սրբազան հայրը օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրերով պատուեց` Սուրէն սրկ. Հիտիրեանը, Օննիկ սրկ. Ենովքեանը, Յակոբ սրկ. Պոհտճելեանը, երէցկին Նուէր Աշգարեանը, Ալիս Աւետիսեանը եւ Սիլվա Մագամեանը` անոնց երկար տարիներու եկեղեցանուէր ծառայութեան համար:
Յունաստան
Յունաց Տիեզերական Պարթոլոմէոս Պատրիարքը
Հրաւիրուեցաւ 2015-ի Միւռոնօրհնէքին
Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ, Յունաց Տիեզերական Պարթոլոմէոս պատրիարքին այցելեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ Պոլիս առաքուած պատուիրակութիւն մը` յանձնելու համար վեհափառին հրաւէրը` 28 սեպտեմբեր 2015-ին մասնակցելու միւռոնօրհնէքի արարողութեան:
Պարթոլոմէոս պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին համար` յայտնելով, որ այս նիւթը Սիւնոդի նկատողութեան պիտի յանձնէ եւ ապա պիտի պատասխանէ:
Վրաստան
Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Ընդառաջ
Ախալցխայի Մէջ Տեղի Ունեցան Ձեռնարկներ
Դեկտեմբեր 23-ին Ախալքալաքի եւ Նինոծմինդայի երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոններուն մէջ տեղի ունեցան Ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկներ: Ախալքալաքի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ Ցեղասպանութեան թեմայով դասախօսութիւն կարդաց կեդրոնի հայոց պատմութեան խմբակի ուսուցիչ Վաչագան Ռստակեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ «Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ» վերնագիրով տեսերիզի ցուցադրութիւնը:
Իսկ Նինոծմինդայի Երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ կայացաւ յուշ-ցերեկոյթ, որուն կարգախօսն էր` «Յիշում եւ պահանջում ենք»:
Ձեռնարկին մասնակցեցան կեդրոնին սաները, որոնք ներկայացան պարային կատարումներով:
Գերմանիա
Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Ընդառաջ`
150 Սօսի
Դեկտեմբեր 30-ին Գերմանիոյ հայ ակադեմականներու միութիւն -1860 գիտամշակութային կազմակերպութեան նախագահ Ազատ Օրդուխանեան յայտարարեց, թէ հայ-գերմանական բարեկամութիւնը ամրապնդելու համար Գերմանիոյ Պոխում քաղաքին մէջ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ պիտի տնկուի մօտաւորապէս 150 սօսի: Ան բացատրեց, թէ միութեան 150-ամեակին եւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով 150 սօսի պիտի տանին Հայաստանէն եւ պիտի տնկեն Պոխումի մէջ` ստեղծելով հայկական պուրակ մը, ուր հետագային պիտի կազմակերպուին ձեռնարկներ: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ Ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի մասին միջազգային հանրութեան պէտք է տեղեկացնել գիտութեան եւ գիրքի միջոցով: Առ այդ, կը նախատեսուի Պոխումի քաղաքապետարանի սրահներէն մէկուն դիմաց կանգնեցնել գիրքի յուշարձան, որուն հեղինակն է քանդակագործ Մարիէթա Արմենա: Քանդակը ժայռի մեջ ճեղքուած գիրքի տեսքով պիտի ըլլայ, որ կը խորհրդանշէ հայկական լեռնաշխարհը:
Միացեալ Նահանգներ
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց «Թեւանիկ»
Ժապաւէնի Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանը
Յունուար 2-ին Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ազգային առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Թեւանիկ» ժապաւէնի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանը: Հայրենի արուեստագէտին կ՛ընկերանար գաղութի ազգային կեանքին ծառայողներէն Արիք Գէորգեան: Հանդիպումին ներկայ եղաւ Ազգային վարչութեան անդամ դոկտ. Տիգրան Պապիկեան:
Ջիւան Աւետիսեան առաջնորդ սրբազանը հրաւիրեց իր պատրաստած «Թեւանիկ» ժապաւէնի լոսանճելըսեան ցուցադրութեան: Ան նաեւ հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ ժապաւէնին մասին, որ կը ներկայացնէ Արցախի ազատամարտի օրերէն դրուագներ, հիւսուած` երեք գիւղացի մանուկներու կեանքին վրայ, երբ անոնց երազները կը խորտակուին եւ սակայն կը պայքարին կառչած մնալու իրենց ծննդավայրին: Ան նաեւ յայտնեց, որ ժապաւէնը ցուցադրուած է եւրոպական, միջինարեւելեան երկիրներու, Ռուսիոյ ու Քանատայի մէջ եւ արժանացած է բարձր գնահատանքի եւ մրցանակներու:
Երիտասարդ բեմադրիչը կը ծրագրէ այս ժապաւէնէն իր ապահովելիք եկամուտը օգտագործել իր յաջորդ ժապաւէնին համար, որ պիտի ներկայացնէ Սումկայիթի ողբերգութեան զոհ հայերու դառն փորձառութիւնները, իսկ ժապաւէնին պատրաստութեան մէջ կը հետապնդէ քանի մը նպատակ` լուսարձակի տակ բերել Արցախը, հայկական շարժապատկերի արուեստը ծանօթացնել աշխարհասփիւռ հայութեան ու օտար հանդիսատեսին:
Առաջնորդ սրբազանը գնահատեց երիտասարդ արուեստագէտին աշխատանքն ու ազնիւ առաքելութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր յառաջիկայ աշխատանքներուն, մանաւանդ որ «Թեւանիկ»-ին ճամբորդութիւնը պիտի շարունակուի դէպի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ, Հարաւային Ամերիկա, Յունաստան, Ֆրանսա եւ Ծոցի արաբական երկիրներ: