Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Հրատարակութիւններ: «Իսլամն Ազրպէյճանում. Անցեալը Եւ Ներկան» – Արաքս Փաշայեան

Յունուար 17, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ

11715_Pashayan-cover2014 տարուան ընթացքին Երեւանի մէջ «Նորավանք գիտակրթական հիմնադրամ»-ը եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկը լոյս ընծայեցին արեւելագէտ, պատմական գիտութիւնների թեկնածու Արաքս Փաշայեանի «Իսլամն Ազրպէյճանում. անցեալը եւ եերկան» գիրքը, որի պատասխանատու խմբագիրն էր Վահրամ Տէր Մաթեւոսեանը:

196 էջերէ բաղկացած գրքի առաջին մասը կը կրէր «Իսլամը պատմութեան զիկզակներում (XIX-XX ԴԴ.)» վերնագիրը, որ կը բաժնուի երկու ենթագլուխներու. «Իսլամն արեւելեան Այսրկովկասում ռուսական կայսրութեան տիրապետութեան շրջանում»  եւ «Իսլամը Խորհրդային Ազրպէյճանում»:

Իսկ երկրորդ մասը, որ կը կրէր «Իսլամն Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ներքին քաղաքականութեան մէջե վերնագիրը, բաժնուած է հետեւեալ ենթավերնագրերու. ինչպէս` «Իսլամը յետխորհրդային շրջանում», «Նոր մօտեցումներ կրօնի հարցում», «Իսլամը Հայտար Ալիեւի կառավարման շրջանում», «Ազրպէյճանական իսլամը` ազգային նախագիծ», «Իլհամ Ալիեւի իշխանութեան շրջանը (2003-2013թթ.)», «Իսլամական գործօնի ակտիվացումը»,  «Պաշտօնական իսլամը», «Աշխարհիկ եւ կրօնական ընտրանիների համագործակցութիւնը», «Իսլամի ընկալումները եւ իսլամական վերածնունդն Ազրպէյճանում», «Արտաքին ազդեցութիւններն Ազրպէյճանում», «Իսլամը վերաձեւելու հարցում», «Սիւննիական Ապու Պաքր եւ շիայական Ճումա մզկիթների համայնքները», «Իսլամական արմատականութեան դրսեւորումներն Ազրպէյճանում», «Ժողովրդական իսլամը», եւ «սրբատեղիների երեւոյթն Ազրպէյճանում»:

Գիրքի երրորդ մասի վերնագիրն էր «Իսլամն Ազրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ», եւ ունէր երկու ենթավերնագրեր` «Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի քարոզչութեան իսլամական բաղադրիչը», եւ «Իսլամական գործօնը ղարաբաղեան պատերազմում. մուճահիտների մասնակցութիւնը»:

Սոյն գիրքին մէջ արեւելագէտ դոկտ. Արաքս Փաշայեան լուսաբանած է Ազրպէյճանի մէջ արտաքին ազդեցութիւնը իսլամութեան նկատմամբ, մանաւանդ` թուրքական, իրանական եւ արաբական, շեշտը դնելով «Իսլամական համագործակցութիւն կազմակերպութեան»  Ազրպէյճան-Ղարաբաղ հակամարտութեան հարցին մէջ աջակցութեան վրայ:

Հեղինակը քննարկման առարկայ դարձուցած է նաեւ Ազրպէյճանի ներքին թէ արտաքին քաղաքականութեան մէջ իսլամութեան խնդիրները:

Փաշայեան անդրադարձած է նաեւ «Ազրպէյճանական իսլամի» ձեւաւորումին, եւ իսլամի դերակատարութեան Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական եւ ընկերային կեանքէն ներս:

Գիրքին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ «ցարական իսլամի» եւ «խորհրդային իսլամի» առանձնայատկութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայտար Ալիեւի կառավարման ընթացքին իսլամութեան տրուած դերին` որպէս ազգային նախագիծ:

Փաշայեան կ՛եզրակացնէ, թէ Ազրպէյճանի դերը իսլամական աշխարհէն ներս զգալիօրէն աճած է` շեշտելով, որ Ազրպէյճանը մեծ նշանակութիւն տուաւ արտաքին քաղաքական իսլամական ուղղութեան` իրեն հռչակելով ումմայի անդամ եւ ամրապնդելով դիրքերն արաբական իսլամական աշխարհին մէջ: Փաշայեան կը գրէ. «Ազրպէյճանը սերտացրեց համագործակցութիւնն Իսլամական համագործակցութիւն կազմակերպութեան հետ` դառնալով կառոյցի ամենագործուն անդամներէն մէկը: Ազրպէյճանը միջազգային իսլամական համերաշխութեան շարժումը, ինչպէս նաեւ իսլամական աշխարհի քաղաքական, տնտեսական եւ ֆինանսական միջոցները լայնօրէն օգտագործեց ի շահ պետութեան, ինչպէս նաեւ` ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցում աջակցութիւն ձեռք բերելու հարցում»:

Փաշայեան գիրքին մէջ կ՛ապացուցէ, որ վերջին տարիներուն իսլամական գործօնը յարաճուն նշանակութիւն կ՛ունենայ Ազրպէյճանի հասարակական-քաղաքական եւ ընկերային գործընթացներուն մէջ` ընդգծելով, որ իսլամութիւնը կը շարունակէ վճռորոշ դեր ունենալ հետագայ զարգացումներուն մէջ եւ կարող է ձեւաւորել գաղափարախօսական հենք` դառնալով միաւորիչ գործօն:

Նախորդը

Արամ Հայկազի «Չորս Տարի Քիւրտիստանի Լեռներուն Մէջ» Գիրքը` Անգլերէնով

Յաջորդը

Մատթէոս Զարիֆեան (1894-1924) Սիրոյ, Թախիծի Եւ Քնքշանքի Անմահ Քնարերգակը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?