Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճենկիզ Աքթար. «Արդեօք Պէ՞տք Է Ճանչնանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Թէ՞ Շարունակենք Խաբել Մենք Մեզ». «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Փոքր Ասիոյ Մեծագոյն Ողբերգութիւնն Է»

Յունուար 16, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

11615Cengiz-AktarՅայտնի թուրք լրագրող եւ գրող Ճենկիզ Աքթար թրքական «Թարաֆ» եւ անգլիատառ «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթերուն մէջ լոյս տեսած «Մուտք գործելով 2015 թուական» յօդուածին մէջ անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան հարցին` կը գրէ.

«Ո՛վ գիտէ, թերեւս այն, որ չարը մեզ կը հետապնդէ, անվերջանալի զանգուածային սպանութիւնները եւ չարչարանքներէն ապաքինելու մեր անկարողութիւնը պայմանաւորուած է դարաւոր անէծքով ու սուտով: Դուք ի՞նչ կը կարծէք: Թերեւս ասիկա հայերու, երեխաներու, կիներու եւ տղամարդոց, առանց դագաղներու մահացած ժողովուրդի անէծքն է: Չի բացառուիր, որ մեր հոգիի փոթորիկներուն պատճառը ճիշդ այս է, ճիշդ այն տարաբախտ քաղաքացիները, որոնց շարքին էին նաեւ յոյները, ասորիները, ալեւիներն ու քիւրտերը:

Թերեւս ջարդերը, որոնց հաշուի չեն առներ` սկսած 1915 թուականէն, եւ այն «գինը», որ այդպէս ալ մնաց չվճարուած, այժմ կը վճարուի զայն իրականացնողներու թոռներուն կողմէ` տարբեր ճամբաներով: Գողցուած կեանքերը, թալանուած տուները, ոչնչացուած եկեղեցիները, բռնագրաւուած դպրոցներն ու շորթուած սեփականութիւնները… «Արդեօ՞ք Աստուած կրնայ ստիպել քեզի վճարել այդ բոլորին համար: Եւ արդեօ՞ք մենք կը վճարենք մինչեւ օրս կատարուած բոլոր անարդարութիւններուն համար»:

Հակառակ դարաւոր անէծքին` 2015 թուականին բանավէճ պիտի ըլլայ. «Արդեօ՞ք ատիկա ցեղասպանութիւն էր», հարցում մը, որուն պատասխանը տակաւին չէ տրուած: Մենք պիտի տեսնենք, թէ ինչպէս պետութեան վարձկանները հսկայական ջանքեր կը գործադրեն ամօթը ծածկելու եւ ատոր հետ առերեսուելու ուղղուած բոլոր քայլերը յետաձգելու համար: Եթէ անոնք կարելիութիւն ունենային, պարզապէս պիտի խուսափէին 2015 թուականէն: Պիտի կազմակերպուին հանդիպումներ, գիտաժողովներ, քննարկումներ, որոնց մէջ պիտի յայտարարենք, որ հայերը մեզ սպաննած են, եւ այդպէս պիտի շարունակենք պարել սեփական մեղեդիի վրայ:

«Որքա՞ն ժամանակ պէտք է անէծքը իր գործը կատարէ, մինչեւ մենք մեզի հարցնենք.

– Հաշուի նստի՞լ ազգը արեան միջոցով շէնացնելու մեր քայլերուն հետ:

– Իմանա՞լ եւ յիշե՞լ, թէ ինչպէ՛ս անվնաս, աշխատասէր, արդիւնաւէտ, տաղանդաւոր ու խաղաղասէր ժողովուրդը ոչնչացուեցաւ Փոքր Ասիոյ մէջ եւ ցաւակցի՞լ անոնց թոռներուն:

– Զգա՞լ այն բարբարոսութեան իմաստը, որ հայ ժողովուրդին ստիպեց գոռալ` «Ո՞ւր էիր Աստուած», 1915 թուականի ամառը, որ մռայլ ու ցուրտ էր, ինչպէս մահը:

– Գիտակցի՞լ, որ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին մէջ բնակող միլիոնաւոր հայերը այսօր չկան: Մնացած հայերուն մէկ մասը ստիպուած էր թաքցնել իր ինքնութիւնը, կամ ալ ընդունիլ իսլամութիւնը: Արդեօ՞ք պէտք է «Ատիկա ցեղասպանութի՞ւն էր, թէ՞ ոչ», կամ` «Ո՞վ որո՛ւ սպաննեց» հարցումներուն պատասխանելու ընթացքին փորձենք անկեղծ ըլլալ ու լսել մեր խղճին:

– Գիտակցի՞լ, որ Թուրքիոյ մեծագոյն կորուստը եղած է սպանդը ոչ իսլամ ժողովուրդներու, որոնք այլեւս չկան այս երկրին մէջ:

Շատ են այն հարցումները, որոնք պիտի տանք մենք մեզի:

«Հայոց ցեղասպանութիւնը Փոքր Ասիոյ մեծագոյն ողբերգութիւնն է: Անէծքը պիտի շարունակուի իր գործը ընել, եւ ատիկա կրնանք կանգնեցնել միայն այն ժամանակ, երբ սկսինք խօսիլ այդ մասին, ընդունինք իրողութիւնը, հասկնանք ու հաշուի նստինք կատարուածին հետ», կը գրէ Աքթար:

 

Նախորդը

«Զաման». Էթիէն Մահճուփեան Թուրքիոյ Ազգային Ապահովութեան Սպառնալի՞ք Մըն Է

Յաջորդը

«Քաղաքական Աշխատանքներու Մեր Կիզակէտը Վերջին Տարիներուն Կը Հանդիսանայ Հատուցման Հանգրուանը». «Հորիզոն»-ին Հարցազրոյցը ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեանի Հետ

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?