Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»-ի. «Բոլորս Շարլի Ենք»

January 15, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

11515La-marche-re-publicaine-a-Paris9Կարելի՞ է սպաննել երեխաներ հրէական դպրոցի մը առջեւ: Կարելի՞ է զգետնել լրագրողներ, որոնք խմբագրական ժողովի մէջ են: Կարելի չէ: Կատարելով անհաւատալին` իսլամական ֆաշականութեան զինեալ ձեռքեր մեզի կը մատուցեն հսկայ ծառայութիւն մը` ցոյց կու տան իրենց ճշմարիտ դիմագիծը:

Չսխալինք: Յուզումի արդար պահերէ ետք Ֆրանսա չի կրնար չկատարել այս ջարդին առարկայական քննարկումը ու անվերապահօրէն հարցադրման չենթարկել երկրին արտաքին քաղաքականութեան իր ներկայի ուղղութիւնները, ինչպէս նաեւ` ներքին քաղաքականութիւնը: Ժողովուրդին «լուսանցքայնացած» ու օրէ օր մեծցող հատուածին նկատմամբ իշխանութիւններուն անզօրութիւնը, «կանաչ ֆաշականութեան» եւ իսլամաազգայնապաշտութիւններու նկատմամբ հաճոյականութիւնը, բարեացակամութիւնը (գաղափարախօսութեան, թէ հաշիւներու պատճառներով)` ահաբեկիչ պետութիւններու նկատմամբ եւ անոնց հետ յարաբերութիւնները, բայց նաեւ երկու չափ երկու կշիռը, ըստ տուեալ պահու թելադրած շահերուն` ընտրովի ցասումը մարդկային ողբերգութիւններու նկատմամբ, Միջին Արեւելքի մէջ ապօրինի ռազմական միջամտութիւնները, որոշ վարչակարգերու ծրագրեալ ապակայունացումը… եւ մասամբ նորին: Կարճ խօսքով` նիւթեր, որոնց վրայ Շառպ եւ իր խմբակը ախորժակով պիտի նետուէին` առանց սպասելու «վշտակցութիւններ»-ու շրջանի աւարտին, զոր կը բոլորենք:

Այս պահուս «Շարլի Հեպտօ»-ի լրագրողներու ջարդը մեզ կը դնէ երկու քաղաքակրթութիւններու միջեւ ընտրութեան մը դիմաց` վախերու ընկերութեան մը եւ ազատութեան ընկերութեան մը: Հայ մամուլի սիւնակներուն մէջ մտաւորականներու եւ կամ լրագրողներու կանխամտածեալ սպանութիւնը, բնականաբար կը զգենու եզակի իմաստ: Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին ինչպէ՞ս ի խորոց սրտի չզգալ իր ամէնէն հարազատ, ինքնատիպ ձայներուն յանկարծակի կորստեան ամբողջ ազգի մը արժած գինը, եւ այդ` առանց որեւէ տեսակի դատի, այլ պարզապէս` զէնքերու շառաչիւնով: Շուրջ 100 տարի վերջ ինչպէ՞ս չմտաբերել 650 հայ մտաւորականներու ձերբակալութիւնը երիտթուրքերու կողմէ. ինչպէ՞ս չմտաբերել, թէ մշակոյթի մը կենսունակութիւնը կը չափուի իր պարսաւագիրներու, խմբագիրներու, բանաստեղծներու, վիպագիրներու, երգիծանկարիչներու ձիրքով:

Յունուար 7-ի ջարդին յայտարարութենէն անմիջապէս ետք ամբողջ երկիրը հակազդեց: Մինչ Ֆրանսայի մահմետականները յայտնեցին իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը երկրին մնացեալ համայնքին, միւս կողմէ` բոլոր քաղաքներու երիտասարդները եւ նուազ երիտասարդները լաւ ըրին ինքնաբուխ կերպով համախմբուելով ոճրափորձին երեկոյէն իսկ` առանց սպասելու քաղաքական դասուն շարժման, կիրակի, յունուար 11-ին:

Իրականութեան մէջ, ինչպէս որ պատահեր էր 2007 յունուարին, Թուրքիոյ մէջ Հրանդ Տինքի սպանութեան վաղորդայնին, «Շարլի»-ի խմբագրակազմին սպանութիւնն ալ գործեց բոլորովին հակառակ ազդեցութիւն, քան այն, ինչ որ կ՛ակնկալէին մարդասպանները: Կ՛ագուցէ, կը սթափեցնէ մեղկացած միլիոնաւոր գիտակցութիւններ, կը վերյիշեցնէ հիմնական արժէքներ: Ջարդին գիշերը «Չենք վախնար» կը պոռային երիտասարդ ֆրանսացիները, կամ ալ` «Շարլի ենք»: Լոզունգները, յուզումը, զօրաշարժը… բոլորը կը յիշեցնեն հարիւր հազարաւոր թուրք քաղաքացիներու Հրանդին կատարած մեծարանքը` անոր սպանութեան վաղորդայնին, երբ անոնք կը գոչէին` «Բոլորս հայ ենք»: Երկու պարագաներուն ալ` լրագրողները սպաննուեցան, որովհետեւ հարազատ էին իրենց անձին, եւ որովհետեւ պաշտպանեցին իրե՛նց ճշմարտութիւնը: Երկու պարագաներուն ալ` անոնք մերժեցին իրենց խօսքը սահմանափակել այն ամբողջատիրական շրջագիծով, զոր ծայրայեղականներ կ՛ուզէին պարտադրել սպառնալիքի տակ: Երկու պարագաներուն ալ` անոնց կորուստը, զանոնք լռեցնելէ աւելի, ծառայեց փլելու նոր պատնէշներ` հանրութիւնը համախմբելով անոնց համոզումներուն շուրջ, աւելի՛ քան` անոնց կենդանութեան օրով, մեր յիշողութիւններուն մէջ դարբնելով այդ լրագրողներուն յարումը` արտայայտութեան ազատութեան:

Չորեքշաբթի ապրուած անորակելի ցնցումէն ետք հարկ է չբաւարարուիլ արցունք թափելով անոնց ետեւէն, բայց նաեւ` շնորհակալ ըլլալ անոնց: Քանի, «շատ հեռու» երթալով, «ամէն ինչ»-ի մասին խնդալով, կարճ խօսքով, բոլոր վտանգները աչքի առած` նուիրականը ապանուիրականացնելով «Շարլի Էպտօ»-ի խմբակը համայն աշխարհին կատարեց փրկարար պատուաստ մը: Ինքնութենական եւ գաղափարախօսական կծկումներու այս ժամանակաշրջանին արտայայտութեան ազատութիւնը կ՛երաշխաւորէ մնացեալը: Քաղաքակրթութեան ա՛յդ ընտրութիւնն է, որ մեր հտպիտ եղբայրները` Վոլինսկի եւ Քապիւ, իրենց անզիջողութեան ընդմէջէն մեզի կ՛առաջարկեն, ինչպէս տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր վայրերու մէջ առաջարկեր էին Տինք կամ Փոլիթքովսքայա: Պիտի կարենա՞նք անոնց պահանջած ազատութեան բարձրութեան հասնիլ: Իսկ անոնց արիութեա՞ն: Իր անձին հարազա՛տ ըլլալու արիութեան:

Նախորդը

Ծաղրանկար, Լռութիւն, Զանգ, Սուգ

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.