Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. 100-Ամեակ Մը Ընդդէմ 100-Ամեակի

January 15, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

11415_vahoԹրքական «Չանաքքալէ» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Չանաքքալէ քաղաքի երիտասարդական միութիւնը Չանաքքալէի (Կալիփոլի) ճակատամարտի 100-ամեակին առիթով քաղաքին մէջ պիտի կազմակերպէ «Խաղաղութիւն-2015» խորագիրով նախաձեռնութիւն մը, որուն պիտի մասնակցին 9 երկիրներէ, ներառեալ` Հայաստանէն երիտասարդներ: Կը հաղորդուի, որ նախագիծի 36 մասնակիցները պիտի խօսին մարդկային իրաւանց, ժողովրդավարութեան, մշակութային բազմազանութեան նիւթերու շուրջ, պիտի զարգացնեն ընկերային ցանցի օգտագործման հմտութիւնները եւ պիտի աշխատին ամբողջ տարին շարունակ համացանցային «Խաղաղութիւն 2015» արշաւի ծրագրաւորման համար: Աւելի՛ն, ընկերային ցանցի միջոցով արշաւի ծիրին մէջ պիտի քարոզուի խաղաղութեան գաղափարը:

Նախ եւ առաջ նշենք, որ Հայաստան մասնակից չէր 25 ապրիլ 1915-էն 9 յունուար 1916 երկարած Չանաքքալէի ճակատամարտին, սակայն նախագիծին մէջ ներառուած է: Երկրորդ` Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կողքին նախագիծին մէջ ներառուած են Յունաստանը, Պուլկարիան, Իտալիան, Մակեդոնիան, Սպանիան, Հունգարիան եւ Ռումանիան, որոնց մեծամասնութիւնը Թուրքիոյ դրացի երկիրներ են: Երրորդ` կը բացակային այդ ճակատամարտին առնչակից գլխաւոր դերակատարները` Բրիտանիան, Աւստրալիան, Ֆրանսան, Գերմանիան ու Աւստրիան: Վերոյիշեալները կը վկայեն ծրագիրին ետին քաղաքական նպատակներու գոյութեան մասին:

Հայաստանը նշեալ նախաձեռնութեան մէջ ներառելով թրքական կողմը դրացիներու հետ յարաբերութիւններու բարելաւման ընդհանուր նպատակին կողքին նաեւ կը հետապնդէ յատուկ նպատակ մը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի քարոզչական ճակատամարտին մէջ  հայկական կողմի նախաձեռնութիւններու հակակշռումը:

Ճակատամարտի մը 100-ամեակը կ՛օգտագործուի խաղաղութիւն ջատագովելու համար, ինչ որ ազնիւ նպատակի մը երեւոյթը ունի, սակայն նենգամիտ հնարք մըն է, որուն իսկական նպատակը «լուսամիտ», «յառաջադէմ» ու «լայնախոհ» հայեր այս ծրագիրին մէջ ներգրաւելով` հայ-թրքական հաշտութեան մը պատրանքը ստեղծելն է, ինչպէս նաեւ փարիզեան իրադարձութիւններէն ետք` ծայրայեղականութեան դէմ յաւելեալ թափ ստացող պայքարի լոյսին տակ` միջազգային հասարակական կարծիքին մօտ չափաւորական հայու եւ ծայրայեղական հայու կարծրատիպերու ստեղծումն է: Համամարդկային ու միջազգային արժէքներէ եւ արժէչափերէ շլացած հայեր դիւրութեամբ կրնան իյնալ իրենց համար լարուած թակարդը: Անոնք պէտք է գիտակցին, թէ թրքական կողմը հետաքրքրողը հայ մասնակիցներու թիւն է եւ ոչ թէ անոնց կարծիքն ու տեսակէտը: Թրքական կողմը այդ թիւը պիտի օգտագործէ քարոզչական նպատակներով շահագործման եւ վերոնշեալ կարծրատիպերու ստեղծման համար:

Հայոց ցեղասպանութեան հարցը խաղաղութիւն-պատերազմ երկճիւղութեան առնչակից չէ, այլ` իրաւունք-անիրաւութեան, ճշմարտութիւն-սուտի եւ ճանաչում-ժխտումի: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը կարելի չէ Չանաքքալէի ճակատամարտի 100-ամեակով հակակշռել: Այդ մէկը «լաւագոյն» պարագային շատ սահմանափակ եւ ժամանակաւոր արդիւնք կրնայ տալ: Թրքական կողմը ի վերջոյ պէտք է հասկնայ, որ փրկութիւնը հնարքներուն մէջ չէ, այլ` ճշմարտութեան ու արդարութեան:

Նախորդը

Շահէ Եպս. Փանոսեան Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Յաջորդը

Ըստ «Տը Թայմզ»-ի Մէկ Տակառ Քարիւղի Գինը Կրնայ Նուազիլ Քսան Տոլարէն Ալ Ցած

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Պատերազմը Խաղաղութեան Միջոց Չէ

February 25, 2026
Բաց Նամակ.  «Մէկ Ընտանիքի Պէս Ապրում Ենք Այստեղ» Յօդուաշարքին Առիթով
Անդրադարձ

Բաց Նամակ. «Մէկ Ընտանիքի Պէս Ապրում Ենք Այստեղ» Յօդուաշարքին Առիթով

February 25, 2026
Հանգիստ` Տաթեւ Սրբազանի Հոգիին
Անդրադարձ

Հանգիստ` Տաթեւ Սրբազանի Հոգիին

February 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.