Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած «Հայ դատի լսարան» ձեռնարկի դասախօսութիւնները կը շարունակուին:
Հինգշաբթի, 18 դեկտեմբեր 2014-ի յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին Ա. Մ. Ժ. Տ. «Անի» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ դատի լսարան»-ի չորրորդ նիստը` «Արեւմտահայերէնն ու Արեւմտահայաստանը» խորագրով: Օրուան զեկուցաբերներն էին Ֆիմի Տէր Յակոբեանն ու Լեւոն Շառոյեանը:
Ներկայ էին Բերիոյ թեմի առաջնորդի ներկայացուցիչ Զարեհ քհնյ. Շաքարեան, ազգայիններ, պատուոյ հիւրեր, հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ անհատ ունկնդիրներ:
Հանդիսավար Վարդենի Խուտէցեան, բացման խօսքէն ու պատուոյ հիւրերու ներկայացումէն ետք, հրաւիրեց նիստի առաջին զեկուցաբեր Ֆիմի Տէր Յակոբեանը` ներկայացնելու իր զեկուցումը:
Զեկուցաբերը առաջին հերթին նշեց, թէ հայ լեզուն ծնունդ առած է հայ ժողովուրդի ծագման հետ, դիտել տալով, որ գիտական կարգ մը տեսութիւններու համաձայն, հայ գիր ու գրականութիւն գոյութիւն ունեցած են նախքան գիրերու գիւտը, սակայն 405 թուականի գիրերու գիւտով հայ լեզուն ունեցած է ազգային ինքնութիւն, իսկ հայ ժողովուրդը ազգերու հաւաքականութեան մէջ ինքնուրոյն տեղ նուաճած է: Պատմական ակնարկով մը զեկուցաբերը յայտնեց, թէ հայ գիրի եւ գրականութեան ստեղծումէն մինչեւ 18-րդ դար մեր գրական լեզուն եղած է գրաբարը, սակայն կիլիկեան թագաւորութեան շրջանին հրապարակ եկած է ժողովրդական լեզուի տարբերակ մը, որ կոչուած է միջին հայերէն, գոյութիւն ունեցած է նաեւ կիլիկեան հայերէն, ապա` 19-րդ դարու սկիզբը գրաբար-աշխարհաբարի պայքարով գրաբարը տեղի տուած է աշխարհաբարին դիմաց: Զինք ծնող երկրին նման, աշխարհաբարը բաժնուած է երկու ճիւղի` արեւմտահայերէն, հիմնուած Պոլսոյ բարբառին վրայ եւ արեւելահայերէն հիմնուած արարատեան բարբառներուն վրայ, սակայն Մեծ եղեռնին իր ժողովուրդին ճակատագրին ենթարկուելով, արեւմտահայերէնը տեղահանուած է իր հողերէն` իրեն հետ տանելով հայրենի բնաշխարհը, ժողովուրդին հոգեվիճակին արձագանգը, մտահորիզոնը եւ մտածելակերպը: Ան տեղահանուելով իր բնաշխարհէն` զրկուած է նաեւ իր գաւառաբարբառներէն:
Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ արեւմտահայերէնի իրավիճակին` Ֆիմի Տէր Յակոբեան նշեց, թէ Մեծ եղեռնէն ետք, առաջին կէս դարու ընթացքին, մեր վարժարաններէն ներս հայալեզու գիտութիւն ջամբելու հնարաւորութիւնը ստեղծուած էր, սակայն նոյնը չէր պատկերը երկրորդ կէս դարուն: 20-րդ դարու 60-ական թուականներուն սկիզբը արդէն որոշ կրճատումներ արձանագրուած էին հայերէնով դասաւանդուող նիւթերուն մէջ` իրենց տեղը զիջելով տեղական լեզուով դասաւանդութեան, 1963-1964 տարեշրջանին հայոց լեզուն կը դասաւանդուէր շաբաթական չորս պահով միայն, իսկ կրօնի դասաւանդութիւնը` շաբաթական երկուքէն երեք պահով, հետեւաբար հայերէն լեզուամտածողութիւնը սկսած էր ծանր հարուածներ կրել:
Ֆիմի Տէր Յակոբեան իր զեկուցումով լուսարձակի տակ առաւ արեւմտահայերէնի դասաւանդման ուղղութեամբ յատկապէս Հալէպ գաղութի տարած աշխատանքը: Ան թուեց կարգ մը հայերէն դասագիրքերու անուններ, որոնք ներքին եւ տեղական ուժերով պատրաստուած են Հալէպի մէջ, ինչպէս` «Շողական», «Քերականութիւն»` Մինաս Թէօլէօլեան, «Հայերէն դասագիրքս»` Յակոբ Չոլաքեան, «Տիր»` Ա. Աթթարեան, ապա անդրադարձաւ 1996-ին Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի հիմնադրութեան, որուն նպատակն էր մեր վարժարաններուն համար հայերէնաւանդ ուսուցիչներ, մամուլի աշխատակիցներ, իսկ մեր միութիւններուն համար մարդուժ պատրաստել:
Որպէս վերջաբան` զեկուցաբերը թուեց այսօրուան երիտասարդ սերունդին մէջ նկատուած լեզուական կարգ մը դժուարութիւնները, ինչպէս` արտայայտութեան դժուարութիւն, օտար բառերու օգտագործում, քերականական սխալներ եւ նախադասութեան կառոյցի խանգարում, մեր բոլորին ուշադրութիւնը հրաւիրելով արեւմտահայերէնին սպառնացող վտանգին, դիտել տալով, որ անոր պահպանութեան գործընթացը կը կարօտի նոր ծրագիրներու ու աշխատանքի առաւել հսկայ քայլերու, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ անկախ իր գրական, պատմական, մշակութային աւանդէն` արեւմտահայերէնը կը հանդիսանայ դասական, մեսրոպեան կամ աւանդական ուղղագրութեան պահապանը: Հետեւաբար ան կը դառնայ մեր պահանջատիրութեան ու պայքարի անբաժան մէկ մասը:
Նիստի երկրորդ զեկուցաբեր Լեւոն Շառոյեան իր զեկուցումը սկսաւ հետաքրքրական օրինակով մը: Ան պահ մը մեր ուշադրութեան յանձնեց 1920-ական թուականներու Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպը. «Կը նահանջէ լեզուն… Մեղա՛յ Արարատին» ու այդ օրինակով բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս Շահնուր մօտաւորապէս ինիսուն տարի առաջ կրցած էր պատկերացնել սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի նահանջը: Թէ ինչպէս «սերունդները տակաւ առ տակաւ պիտի փրթին իրենց ազգային եւ տոհմիկ ապրումներէն, խառն ամուսնութիւններու ճամբով պիտի հալին օտար միջավայրերու մէջ, իսկ հայ լեզուն պիտի չկարենայ երկար դիմանալ եւ դիմադրել ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի հզօր եւ ճնշող ալիքին»:
Լեւոն Շառոյեան իր զեկուցումով նկատել տուաւ, թէ Մեծ եղեռնի 100-ամեակի սեմին կարելի չէ անտեսել այն իրողութիւնը, որ արեւմտահայերէնը կը գտնուի կորուստի ճամբուն վրայ: Արեւմտահայաստանը կորսուած է իբրեւ հող, կորսուած է նաեւ հողին վրայ գտնուող նիւթական ժառանգութիւնը: Սակայն կորսուած Արեւմտահայաստանէն այսօր մեզի հասած միակ հարստութիւնն ու աւանդը արեւմտահայերէնն է: «Կրցա՞ծ ենք մենք այդ արեւմտահայերէնը պահել իր մաքուր եւ անեղծ վիճակին մէջ: Կրցա՞ծ ենք ստեղծել այն պայմանները, որոնք անոր ապահովութիւնը կ՛երաշխաւորեն», հարց տուաւ Շառոյեան, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին լեզուի պահպանման մարտահրաւէրին կարեւորութիւնը նշելով:
Այնուհետեւ ան ներկայացուց հայ լեզուի պատկերը այսօր` սփիւռքի գլխաւոր գաղութներու, յատկապէս Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ, անդրադառնալով նշեալ գաղութներու հայ մամուլին եւ գրականութեան պարզած վիճակին: Ապա ըսաւ, թէ Լիբանանը սկիզբէն ի վեր սփիւռքի սիրտը նկատուած է, սակայն ներկայիս կորսնցուցած է սփիւռքին մարդուժ մատակարարելու իր կարողականութիւնը: Հալէպի գլխաւոր հարստութիւնը կը համարուին անոր դպրոցները, սակայն հալէպահայ վարժարանները ներկայիս սուր տագնապ կ՛ապրին: Պոլիս ներկայիս 80 տոկոսով թրքախօս համայնք է: Ֆրանսահայ գաղութը մեծամասնութեամբ ֆրանսախօս է: Նոյնն է պատկերը Կիպրոսի, Լոնտոնի, Վենետիկի, Վիեննայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Հարաւային Ամերիկայի գաղութներուն:
Իր զեկուցումի աւարտին Շառոյեան յայտնեց, թէ լեզուն մշակոյթին մայր երակն է, եւ լեզուի նահանջին անպայման պիտի հետեւի հոգեկան ուծացումը: Ապա շեշտեց, թէ պէտք չէ ըլլալ յուսահատ եւ յոռետես` յայտնելով, որ թէպէտ արեւմտահայերէնը կ՛ապրի իր վերջալոյսը, սակայն քիչ մը ջանք թափելով` կրնանք գտնել միջոցներ զայն վերակենդանացնելու եւ վերաշխուժացնելու համար: Մեր ժողովուրդը հրաշքներ կրնայ գործել, եթէ ճիգ եւ քրտինք չխնայէ: Հայ ժողովուրդը հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր անդունդներու եզերքէն կը քալէ, ուրեմն կարեւորը այն է, որ գտնուին անդունդէն փրկուողներ եւ նոր երթ ստեղծողներ:
Աւարտին ներկաները կարծիքներ փոխանակեցին: