ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ
Երբ կը խօսինք նոր աշխարհին մասին, կ՛ակնարկենք ամբողջութեամբ տարբեր բանի մը, քան ինչ որ է նախկին աշխարհը: Կ՛ակնարկենք նոր կացութաձեւի, նոր համակարգի, ընկերային արդարութեամբ օժտուած նոր իրավիճակի մը, որ կամուրջները քանդած ըլլայ, գոյութիւն ունենալու իրաւունքը կորսնցուցած` հինցած կացութաձեւերուն եւ իրավիճակներուն հետ:
Այդքան ալ ճիշդ չէ այն մտածումը, որ նորը կարելի է ստեղծել հինին բարենորոգումին ընդմէջէն: Նորը կարելի է ստեղծել միայն ու միայն հինին այլընտրանքը գտնելու եւ զայն առաջադրելու ընդմէջէն, ինչ որ կ՛ենթադրէ բաւական ծանր մտաւոր ու ֆիզիքական աշխատանք, կեդրոնացում, սպառում: Կարելի է հին կացութաձեւերէն, համակարգէն պիտանի տարրեր առնել եւ անոնցմով պատուաստել նոր համակարգը, բայց հինին բարեփոխումով նոր համակարգին հասնիլ երբեք կարելի չէ, որովհետեւ զոյգ համակարգերը կը ներկայացնեն իրարմէ տարբեր, իրարու հակոտնեայ արժէքային հասկացողութիւններ, կը ներկայացնեն իրարմէ տարբեր, հակոտնեայ դասակարգերու, խաւերու, ընկերային հատուածներու շահերը:
Այսպէս, օրինակ, հին համակարգը շատ յաճախ ներկայացուցած է ընկերութեան, հասարակութեան մենաշնորհեալ խաւերուն` հարուստներուն, ընկերութեան մէջ հեղինակութեան մը տիրացած քաղքենիութեան, ընդհանրապէս ցած խաւերուն վերէն նայողներու շահերը: Հին համակարգը կը ներկայացնէ, շատ յաճախ, ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող ազգային պահպանողական եւ կղերական պահպանողական ուղղութիւններուն շահերը, գաղափարական ուղղութիւններ, որոնց կատարած վերլուծումը` ընկերութեան դիմագրաւած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն գծով, շատ յաճախ պակասաւոր է, միակողմանի հայեցակէտէ դիտուած, ոչ ամբողջական: Ազգային պահպանողական եւ կղերական պահպանողական ուղղութիւնները յաճախակիօրէն իրենք զիրենք կը գտնեն` դաշնակցած ազատական-դրամատիրական ուղղութեան հետեւորդներուն ու վերնախաւին հետ, մեկնելով շահերու համընկնումի սկզբունքէն: Պիտի չմտնենք այստեղ այն բանավէճին մէջ, որ քաղքենիները, դրամատէրերը եւ պահպանողականներն ալ լաւ մարդիկ կրնան ըլլալ, ընկերութեան մէջ կրնան կիրարկել լաւ ծրագիրներ ու քաղաքականութիւններ: Փաստը այն է սակայն, որ համաշխարհային մակարդակի վրայ անոնց գործադրած քաղաքականութիւնները շատ քիչ դրական ազդեցութիւն ունեցած են իրապէս կարօտեալ խաւերու վիճակին բարելաւման վրայ: Այս ուղղութիւններու ներկայացուցիչներուն մօտ կը տիրէ նախ եւ առաջ անհատական եւ դասակարգային նեղ շահերը հետապնդելու սկզբունքը:
Նոր կացութաձեւերը, համակարգը, ընկերութեան կազմակերպման ու մտածողութեան ձեւերը կ՛առաջադրեն բոլորովին արդիական եւ ստեղծագործական լուծումներ` հասարակութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Այդ լուծումներուն կամ սկզբունքներուն շարքին կարելի է յիշել մարդոց միջեւ իրերօգնութիւնը, տնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան զանազան մարզերուն կազմակերպումը համագործակցութեան սկզբունքին վրայ` աշխատանքին ծրագրաւորման մէջ մարդոց ժողովրդավարական մասնակցութեան հիմամբ, պետութեան եւ հասարակութեան արդիւնաւէտ միջամտութիւնը` մենաշնորհներու կանխարգիլման նպատակով, ըստ կարելւոյն ընկերային համերաշխութեան հաստատումը եւ ընկերային սուր բեւեռացումներուն բացառումը, ներկայացուցչական ժողովրդավարութեան կողքին առաջնահերթաբար սատարել նաեւ մասնակցողական ժողովրդավարութեան կառոյցներու ու փորձի կայացման` սկսելով արտադրական հիմնարկէն հասնելով մինչեւ համալսարանական հիմնարկ (ուր նոր սերունդին մտածողութիւնը պիտի կազմաւորուի), անցնելով ամէնէն յետին թաղէն մինչեւ քաղաքապետական խորհուրդ, գաւառապետութիւն եւ նահանգապետարան: Այս բոլորը` կարելի ամէնէն լայն ապակեդրոնացման եւ ինքնուրոյնութեան հիման վրայ, նուազագոյնին իջեցնելով կեդրոնական իշխանութեան միջամտութիւնները տեղական կառավարման եւ մարդոց ինքնակազմակերպման զանազան մակարդակներուն վրայ:
Այսուհանդերձ, անտարակոյս այլընտրանքները առաջադրելու առնչութեամբ զանգուածներուն մօտ գիտակցութեան մակարդակը բարձրացնելու համար շատ մեծ աշխատանք պէտք է տանիլ, որովհետեւ հին կացութաձեւերու ու համակարգերու փոխարինումը նորերով անկարելի է` առանց գիտակից զանգուածներու արդիւնաւէտ ներգրաւումին: Զանգուածներուն մօտ ընկերային-քաղաքական գիտակցութիւնը յառաջացնելու եւ այդ գիտակցութեան մակարդակը բարձրացնելու համար նախ եւ առաջ շեշտը պէտք է դրուի կրթական մարզին վրայ, որուն ծիրին մէջ համալսարաններն ու բարձրագոյն վարժարանները կը հանդիսանան այն միջավայրերը, ուր ուսանողները պարտին մարզուիլ քաղաքական աշխուժութեան ու յանձնառութեան հասկացողութիւններուն վրայ եւ զարգացնել վերլուծական միտք` զայն ծառայեցնելու համար հաւաքականութեան հարցերուն լուծման աշխատանքին: Կրթական մարզին մէջ վերլուծական միտքի զարգացումը ճիշդ հակառակ ուղղութիւնն է աշակերտին կամ ուսանողին պարզապէս տեղեկութիւններ փոխանցելուն, ինչ որ յատուկ է դրամատիրական եւ բռնատիրական համակարգերուն մէջ գործադրուած մեթոտներուն:
Գիտակից զանգուածներու յառաջացումը պայմանաւորուած է նաեւ մշակոյթի զանազան ձեւերու, գրականութեան, արուեստներու, մտաւորական արտադրանքի ժողովրդականացումով եւ զանգուածայնացումով: Որքան հաւաքականութիւնը տեղեկացուած ըլլայ, կարդացող, նորութիւններու հետամուտ, այնքան աւելի գիտակից կ՛ըլլայ իր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ վճռակամ` այդ մարտահրաւէրներուն լուծման գծով: Արդի արհեստագիտութեան զարգացումը խոչընդոտ չէ ընկերային-քաղաքական գիտակցութեան զարթնումին, այլ ընդհակառա՛կն, համացանցը արհեստագիտական զանազան միջոցները հսկայական կարելիութիւններ կը ստեղծեն կարելի եղածին չափ շատ մարդոց շատ տեղեկութիւններ հասցնելու եւ յեղափոխելու կեանքին ընթացքը:
Ընկերային-քաղաքական գիտակցութեան յառաջացման համար անփոխարինելի միջոցներ են նաեւ զանգուածային լրատուամիջոցները, մանաւանդ մամուլը` իր տպագիր եւ ելեկտրոնային տարբերակներով: Այս մարզին մէջ, դժբախտաբար, միջազգային մակարդակի վրայ կը տիրէ մենաշնորհի հասկացողութիւնը, ուր կարեւորագոյն լրատուամիջոցները կը ծառայեն իշխող խաւերու եւ դասակարգերու, անդրազգային ընկերութիւններու շահերուն: Այս մթնոլորտը կը պարտադրէ, որ միջազգային եւ ազգային մակարդակներու վրայ, մենաշնորհի ենթակայ լրատուամիջոցներուն կողքին յառաջանան նաեւ այլընտրանքային լրատուամիջոցները, որպէսզի երբ անկարելի ըլլայ «հռչակաւոր» լրատուամիջոցներուն միջոցով որոշ լրատուութիւններ կամ տեղեկութիւններ հաղորդել, մանաւանդ ժողովրդային եւ ընկերային շարժումներուն մասին, այդ բացը գայ գոցելու այլընտրանքային լրատուադաշտը: Ներկայիս այդպէս ալ տեղի կ՛ունենայ արդէն: Ելեկտրոնային պլոկներու աշխարհը անգնահատելի դերակատարութիւն կ՛ունենայ այլընտրանքային լրատուադաշտ ստեղծելու առումով: Կարեւոր վերջին կէտ մըն ալ: Անհրաժեշտութիւն կը ծագի մանաւանդ տպագիր լրատուամիջոցներու պարագային զուտ լրատուական բնոյթէն անցում կատարելու լրատուական-վերլուծականին, մեկնաբանական յօդուածներուն: Ասիկա յաւելեալ խթան կը հանդիսանայ զանգուածներուն մօտ գիտակցութեան յառաջացման, նաեւ միջոց է այդ զանգուածներուն կողմէ նոր, սպասուող աշխարհին կերտման:
Սպառողական և շուկայական հսկայ ալիքին դէմ պայքար է, ընտրելով այն միջոցները որոնք ամփոխին և մեծամասնութեան կողմէ քաջալերուած չէ։