Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քաղաքական Աշխատանքներու Մեր Կիզակէտը Վերջին Տարիներուն Կը Հանդիսանայ Հատուցման Հանգրուանը». «Հորիզոն»-ին Հարցազրոյցը ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեանի Հետ

Յունուար 16, 2015
| Գիտութիւն, Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter
Րաֆֆի Տօնապետեան, նախարար Ճէյսըն Քենի եւ Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ Հարըլտ Ալպրեխթ
Րաֆֆի Տօնապետեան, նախարար Ճէյսըն Քենի եւ Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ Հարըլտ Ալպրեխթ

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Հորիզոն»-ին կատարած հարցազրոյցը ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեանի հետ.

«ՀՈՐԻԶՈՆ».- 2014-ի համագաղութային գլխաւոր իրագործումներէն մէկը հանդիսացաւ Վանքուվըրի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանի զետեղումը: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս աշխատանքը:

ՐԱՖՖԻ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ.- Նախ ըսեմ, որ ընդհանրապէս 2014-ը ինքնին իրագործումներով եւ յաջողութիւններով լեցուն տարի մը եղաւ, նոյնիսկ` ակնկալուածէն աւելի: Տարուան վերջին ամիսները յատկապէս աշխուժ աշխատանքով եւ այցելութիւններով յագեցած էին:

Գալով Վանքուվըրի մէջ զետեղուած յուշարձանին` ըսենք, թէ անիկա երկու-երեք տարուան կեանք ունեցող նախաձեռնութիւն մըն էր, որ յաջողութեամբ պսակուեցաւ: Տեղւոյն գաղութը եւ յատկապէս Հայ դատի յանձնախումբի անդամները տարիներ առաջ այս աշխատանքին լծուած էին, սակայն որոշ ժամանակ առաւ անոր իրականացումը: Յուշարձանի բացման արարողութիւնը բաւական խորհրդանշական եւ տպաւորիչ էր, ներկայ էին` քաղաքական անձնաւորութիւններ, նահանգային ու դաշնակցային ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը, հայկական պատկան մարմիններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ, նշանաւոր արուեստագէտներ եւ խուռներամ բազմութիւն մը: Այս նախաձեռնութիւնը իսկապէս յաջողութիւն մըն էր` Լավալի յուշարձանին յաջորդող: Նման նախաձեռնութիւններ պիտի ըլլան շարունակական, եւ հետամուտ պիտի ըլլանք յուշակոթողներ կանգնեցնելու քանատական այն շրջաններուն մէջ, ուր հայկական գաղութ կայ:

2014-ի աշխատանքներու ծիրին մէջ կ՛արժէ հակիրճ կերպով անդրադառնալ նաեւ Ուինիփեկի մէջ Մարդկային իրաւանց թանգարանի բացման, որուն ուղղութեամբ եւս տարիներէ ի վեր աշխատանք կը տարուէր, մեր ջանքերով անոր մասնակցեցան նաեւ գաղութին միւս հատուածները. այս ծիրին մէջ թանգարանի պատասխանատուները օրին այցելութիւն տուին Թորոնթօ, Մոնրէալ, ուր հանդիպում ունեցան տեղւոյն գաղութներու ներկայացուցիչներուն հետ: Թանգարանի բացման արարողութեան, որուն ներկայութիւնը պաշտօնական հիւրերու նախատեսուած էր, մասնակցեցան նաեւ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին ներկայացուցիչն ու Քանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը: Թէեւ այդ աշխատանքը 2014-ին կատարուեցաւ, սակայն տակաւին մեզի համար անիկա ամբողջացած չէ, որովհետեւ հայկական բաժանմունքին վերջնական դասաւորումը ընթացքի մէջ է, ինչպէս նաեւ թանգարանի պատասխանատուներուն հետ բանակցութեան մէջ ենք` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով յատուկ ծրագիր մը իրականացնելու նպատակով: Ըսեմ նաեւ, որ մենք կամուրջը կը հանդիսանանք թանգարանի պատասխանատուներուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբին միջեւ, որպէսզի համադրաբար այդ ծրագիրը իրականանայ:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով 2012-ին սկսած աշխատանքները` հայութեան զանազան հատուածները, հայկական կազմակերպութիւնները քով-քովի բերելու եւ միասնական գործունէութիւն ծաւալելու, 2013-ին նախապատրաստական բնոյթ ստացան, իսկ 2014-ին այս նպատակով կազմուած յանձնախումբը իր ծրագիրները բաւական բիւրեղացուց, իր լրումին հասցուց եւ լծուեցաւ գործադրութեան աշխատանքին: Արդէն իսկ այս առնչութեամբ հանգանակութիւն տեղի ունեցաւ. հարկ է նշել, թէ 100-ամեակի յանձնախումբը ինքնին լաւ օրինակ է համագործակցութեան, միասնականութեան, եւ որպէս արդիւնք` կ՛ակնկալենք, որ այս աշխատանքները 2015-ին իրենց գագաթնակէտին հասնին: Բնականաբար, իբրեւ քաղաքական կազմակերպութիւն, մեր կեդրոնացումը աւելի քաղաքական բաժինին եւ այնտեղ տարուելիք յաջողութիւններուն վրայ եղած է, որպէսզի սերտենք, որ 2015-ին ի՛նչ աշխատանքներ կրնանք գլուխ հանել: Նախապատրաստական բաժինով արդէն աշխատանք տարինք, որպէսզի քանատական քաղաքական կարեւոր դէմքեր սկսին Հայաստան այցելելու. արդարեւ, 2013-14 մեզի ծանօթ քաղաքական դէմքեր Հայաստան այցելեցին: Քանատայի խորհրդարանի անդամ Ճիմ Քարիճիանիսը այցելեց ո՛չ միայն Հայաստան, այլ նաեւ` Լեռնային Ղարաբաղ. ասիկա առաջին անգամն էր, որ քանատական խորհրդարանի անդամ մը Արցախ կ՛այցելէր: Ապա Երեւան եւ Ստեփանակերտ այցելեց նաեւ Ազատական կուսակցութեան կարեւոր եւ ծանօթ դէմքերէն Սթեֆան Տիոնը. այցելողներուն կարգին էր Քանատայի աշխատանքի եւ բազմամշակութային հարցերու նախարար Ճէյսըն Քենին, որ, վարչապետին կողքին, Քանատայի կառավարութեան ամէնէն կարեւոր, ամէնէն ծանօթ դէմքերէն է: Վերջին 14 տարիներուն հաւանաբար այսքան բարձր մակարդակի քանատական քաղաքական անձնաւորութիւն չէր այցելած Հայաստան, ինչ որ կը յուշէ այս այցելութեան կարեւորութիւնը:

«ՀՈՐԻԶՈՆ».- 2014-ին քաղաքական ի՞նչ աշխատանքներ կատարուեցան Քանատայի տարածքին:

ՐԱՖՖԻ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ.- Քաղաքական աշխատանքներու մեր կիզակէտը վերջին տարիներուն, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հանգրուանէն ետք, կը հանդիսանայ հատուցման հանգրուանը:

Նշեմ, որ 2014-ին շարունակուեցան Հայ դատի ի նպաստ նուիրահաւաքները, զորս սկսած էինք Քեպեքի մէջ: Նուիրահաւաքները շարունակեցինք Հարաւային Օնթարիոյի մէջ, ուր յաջողութեամբ պսակուեցան հանգանակութիւնները: 2015-ի սկիզբը ծրագիր կայ Վանքուվըրի մէջ եւս նոյնանման հանգանակութիւն իրականացնելու: Կան նաեւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին վերաբերող հանգանակութիւնները, որոնք սկսած են եւ պիտի շարունակուին: Օժանդակեցինք նաեւ Հայաստանի դեսպանատան ի նպաստ հանգանակութիւններուն:

«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Երեք տարիէ ի վեր Քանատայի մէջ կը գործէ Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինը, ո՞ւր հասած են այդ մարմինին աշխատանքները: 2014-ին այս ծիրին մէջ յատկանշական էր նաեւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի Քանատա այցելութիւնը:

ՐԱՖՖԻ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ.- Աշնան, մինչ 100-ամեակի աշխատանքներ կը ծրագրուէին, հանգանակութիւն տեղի կ՛ունենար, Քանատա կ՛այցելէր Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարը, Քանատա այցելեց նաեւ Բերիոյ թեմի առաջնորդը` Հիւսիսային Ամերիկա կատարած այցելութեան ծիրին մէջ: Ան անցաւ Լավալէն, Մոնրէալէն, Թորոնթոյէն եւ Քեմպրիճէն:

Ըսեմ, որ Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինին աշխատանքները կը շարունակուին եւ լաւ ընթացքի մէջ են, կայ միացեալ յանձնախումբ մը, որուն կողքին կը կատարուին այլազան նախաձեռնութիւններ` սուրիահայութեան օժանդակելու համար:

Շահան սրբազանին այցելութեան նպատակը Սուրիոյ ազգային մեր վարժարաններու ցանցին օժանդակութիւն ապահովելն էր: Այս բոլորը համադրելը թէեւ դիւրին չէր, սակայն կրցանք զայն իրագործել: Քանատան կը շարունակէ մեծ ներդրում ունենալ` նիւթապէս օժանդակելով մեր սուրիահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Միեւնոյն ատեն քաղաքական գետնի վրայ կը շարունակենք մեր աշխատանքները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Հալէպի ու Քեսապի մէջ տեղի ունեցած դժբախտ դէպքերուն եւ պարզուած ահաւոր կացութեանց: Քեսապի մէջ տեղի ունեցած դաւադիր դէպքին ժամանակաշրջանին Հայ դատին աշխատանքները թափ առին, եւ գաղութն ալ արձագանգեց: Թէեւ մենք այս բոլորին դիմաց, բնականաբար, ոչինչ կ՛ակնկալենք, սակայն յատկանշական է հետեւեալ դէպքը. Քեսապի ազատագրումէն ետք ստացանք գրութիւն մը Քեսապի հայութեան կողմէ, որով անոնք շնորհակալութիւն կը յայտնէին Հայ դատի յանձնախումբին տարած աշխատանքին համար:

«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Երրորդ տարին ըլլալով` 2014-ին ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական միութիւնը կազմակերպեց Վանաձորի ճամբարը: Նման ճամբար կազմակերպելով` ի՞նչ ներդրումներ կ՛ունենայ երիտասարդականը Հայաստանի առօրեայ կեանքին մէջ, ճամբարի մասնակից երեխաներուն ու պատանիներուն անմիջական կեանքին մէջ ի՞նչ դրական անդրադարձ կ՛ունենան այս աշխատանքները:

ՐԱՖՖԻ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ.- Այս բնոյթի ծրագիրները, զորս Քանատայի երիտասարդականը, ինչպէս նաեւ զանազան երիտասարդական կառոյցներ` Եւրոպայէն, Միջին Արեւելքէն, Հիւսիսային Ամերիկայէն կը կատարեն Հայաստանի զանազան շրջաններուն մէջ, շատ նպաստաւոր են երկու իմաստով: Նախ անդրադառնամ քանատահայ երիտասարդութեան համար անոնց ունեցած կարեւորութեան. նման ծրագիրներ առիթ կու տան, որ քանատահայ երիտասարդներ Հայաստան երթան ու Երեւանէն դուրս ելլեն, ինչ որ շատ կարեւոր է, անձամբ տեսնեն շրջաններուն վիճակը, կապ հաստատեն ժողովուրդին հետ, մօտէն լսեն ու գիտնան հեռաւոր շրջանի բնակիչներու դժուարութիւններուն եւ մտահոգութիւններուն մասին: Արդարեւ, երբ մեր տղաքը հոն երթան, անոնք կապի մէջ կ՛ըլլան ո՛չ միայն երեխաներուն հետ, այլ նաեւ` անոնց ծնողներուն, իրենց գտնուած շրջանի բնակիչներուն հետ: Այդ յարաբերութեան զարգացումը կ՛օգնէ մեզի իբրեւ գաղութ, որովհետեւ այդ երիտասարդները կը վերադառնան աւելի ոգեւորուած, աւելի կազմաւորուած, պատրաստուած, հարցերը աւելի լաւ ըմբռնած, ուստի անոնք աւելի դրական եւ աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալեն քանատահայ կեանքին մէջ: Որպէս ապագայի ղեկավար` անոնց կազմաւորման մէջ նման ծրագիրներ շատ կարեւոր են եւ մեծ դեր կը խաղան:

Կայ նաեւ Հայաստանի մէջ նման ծրագիրներու ճամբով երիտասարդութեան ունեցած ներդրումը: Երեւանէն դուրս, յատկապէս հեռակայ շրջաններուն մէջ դպրոցական տարեշրջանի աւարտէն ետք երեխաներուն համար ամառնային աշխատանք կամ յատուկ ծրագիրներ չեն նախատեսուիր ընդհանրապէս: Մեր երիտասարդներուն կազմակերպած ճամբարները այդ իմաստով մեծ կարեւորութիւն ունին, որովհետեւ անոնք տեղւոյն երեխաներուն համար կը վերածուին հաւաքատեղիի, ազգային դաստիարակութիւն ստանալու վայրի, համակարգիչի նորութիւններու ծանօթանալու առիթի:

Նախորդը

Ճենկիզ Աքթար. «Արդեօք Պէ՞տք Է Ճանչնանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Թէ՞ Շարունակենք Խաբել Մենք Մեզ». «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Փոքր Ասիոյ Մեծագոյն Ողբերգութիւնն Է»

Յաջորդը

Ակնարկ. Հայեւթուրք Երկխօսութեան Կնճիռը Ու Հասան Ճեմալի «Հանգոյցը»

RelatedPosts

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ
Հարցազրոյց

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ

Յուլիս 29, 2025
«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?