Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մասնաճիւղիս Հետ, Միութեանս Համար»

Յունուար 17, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_3778Ձիւնածածկ Լեռնալիբանանի ցուրտ եղանակին, սակայն ջերմ ու վառ մթնոլորտի մէջ, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդը 10-11 յունուար 2015-ին խորհուրդ-խմբապետութիւն երկօրեայ սեմինար մը կազմակերպեց: Սեմինարը տեղի ունեցաւ Պիքֆայայի «Նաաս» պանդոկի սեմինարներու բաժինին մէջ` մասնակցութեամբ 28 քոյրերու եւ եղբայրներու, ինչպէս նաեւ ներկայութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչին: Սեմինարին նպատակն էր հանգամանօրէն քննել ու վերլուծել մասնաճիւղին դիմագրաւած հարցերն ու դժուարութիւնները, համապատասխան լուծումներ որոնել, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջ. Սկաուտական խորհուրդի ու խմբապետութեան միամեայ ծրագիրին ու Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի վերջին Ընդհ. ժողովի որոշումներուն հիման վրայ մասնաճիւղի սկաուտական շարքերուն միամեայ ծրագիրը մշակել:

Սեմինարը սկիզբ առաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգի կատարումով: Ապա, ծանօթացման ժամանակակից խաղերով, նորանշանակ Սկ. խորհուրդի անդամներն ու խմբապետութիւնը  առիթ ունեցան իրար առաւե՛լ ճանչնալու: Սեմինարին նպատակը իրականացնելու, քննարկումներուն ենթահող պատրաստելու եւ վերյիշեցումներ կատարելու համար մասնակիցներուն ներկայացուեցան հետեւեալ նիւթերը` ՀՄԸՄ-ի սկաուտութեան նպատակ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանի ներքին կանոնագիրի համապատասխան յօդուածներու սերտողութիւն, ղեկավարութեան էութիւն, հանրային վարքագիծ, ինչպէս վարուիլ մանուկներուն հետ: Արդիական միջոցներով ներկայացուած բոլոր նիւթերուն յաջորդեց շինիչ հարցումներու եւ զրոյցի բաժին մը:

10392288_891492780882202_2438316202361490791_n-(1)1507211_420310841457695_553088536184657323_nԵրկրորդ հանգրուանով մասնակիցները մերթ խմբակային, մերթ հաւաքական դրութեամբ հանգամանօրէն քննեցին ու վերլուծեցին` մասնաճիւղին դիմագրաւած հարցերն ու խնդիրները, դրական ու բացասական կողմերը, ձեռքբերումներն ու բացթողումները, համապատասխան լուծումներ առաջարկեցին, ինչպէս նաեւ ապագայի հեռանկարներ ճշդեցին: Այս բոլորէն ետք մասնակիցները` նկատի ունենալով նախաբանին մէջ նշուած ուղեցոյցն ու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման եւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 80-ամեակի աշխատանքները, մշակեցին մասնաճիւղի սկաուտական շարքերուն 2015 թուականի միամեայ ծրագիրը:

Ծրագիրը` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջ. Սկաուտական խորհուրդին ու խմբապետութեան ճշդած միամեայ ծրագիրին ու վերոնշեալ 100 եւ 80 ամեակներու հետ կապուած աշխատանքներուն կողքին, կ՛ընդգրկէ ներքին սկաուտական, կազմակերպչական ու դաստիարակչական բնոյթի կէտեր, ծնողներու հետ համագործակցելու եղանակներ, հանրային ծառայութեան բաժիններ, ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու արդիւնաւէտ օգտագործման եւ արդիական ծրագիրներու մշակման պատկերացումներ, արտաքին ու հասութաբեր ձեռնարկներ:

Սեմինարի աւարտին մասնաճիւղի խմբապետութիւնը ստացաւ Սկ. խորհուրդին կողմէ պատրաստուած մասնակցութեան հաստատագիրներ:

Սկաուտական խորհուրդը կը հաւատայ, որ մշակուած միամեայ ծրագիրը իրականացնելու համար անհրաժեշտ են` անկոտրում կամք, միասնակամ ոգի, զոհողութիւն ու այս գործին առնչուած բոլոր կողմերուն հետ համագործակցութիւն:

Մասնաճիւղի հիմնադրութեան 80-ամեակի կարգախօսին` «Մասնաճիւղիս հետ, միութեանս համար»-էն առաջնորդուած, 2015-ին Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի սկաուտական շարքերը արժանավայել ձեւով պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքները:

ՀՄԸՄ-Ի ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

Նախորդը

Մօտ Ատենէն` 9 Միլիա՞ռ…

Յաջորդը

Արամ Հայկազի «Չորս Տարի Քիւրտիստանի Լեռներուն Մէջ» Գիրքը` Անգլերէնով

RelatedPosts

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
Ուսուցչաց Տօնին Առիթով.  Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք
Գաղութային

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք

Մարտ 9, 2023
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.  Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Յունուար 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In